Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

70. ՄԿՐՏԻՉ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ (ԹԱՒԱԴԵԱՆ).



Ծնած է Նուխի (Կովկաս) 8 Փետր. 1864ին։ Նխն. կրթութիւնը հոն ստանալէ յետոյ կ’ընդգրկէ առեւտր. ասպարէզը։ Կանուխէն կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքին մէջ եւ իբր կռուող կը գործէ «Թաւադեան» ծածկանունին տակ։ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն՝ իբր յեղափոխական հալածուելով կ’անցնի Պարսկաստան եւ կը հաստատուի Էնզէլի։ Պրսկ. քաղաքականութիւնը կը փոխուի, Մէհմէտ Ալի Շահ գահընկէց կ’ըլլայ այդ զ֊ործին մէջ Հայերն իրենց մասնակցութիւնը ցոյց կուտան Եփրեմի ղեկավարութեամբ. Ձարը կ’ուզէ Շահը վերահաստատել, եւ ահա կ’սկսի հայ կուսակցականներու հալածանքը։ Ստեփանեան կ’ստիպուի Թուրքիա ապաստանիլ եւ 1911ին Պօլիս գալով՝ հիմնադիրներէն մին կ’ըլլայ Շիշլիի Նեպտիւն ռուս. լիմօնատի գործարանին ուր աշխատութեան կը կոչուին կուսակցական անգործ բանւորներ։