Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

83. ԲԱՐԹՈՂ ԶՕՐԵԱՆ (ԺԻՐԱՅՐ).



Ծն. Թամզարա 1 Յնվր. 1879ին եւ հոն ստացած նխն. կրթութիւնը զոր շարունակած է Երզնկայի մէջ։ 18 տարեկանին Ֆիլիպէ անցնելով հետեւած է մասնաւոր դասերու։ Դաշնակցական։ Երբ Ռ. Զարդարեան կ’սկսի «Ռազմիկ»ը հրատարակել հոն, Բարթող կը ստանձնէ թերթին վարչական գործերը։ Սահմ. հռչակումին Պօլիս գալով՝ 0ննիկ Սրապեանի հետ կը հիմնէ Լուսաղբիւր հրատարակչական տունը (Օննիկ-Ժիրայր), լոյս ընծայելով «Մեղրագետ»ներու շարքը, «Երկրագործին բարեկամը» եւլն. ։ Ազգ. երեսփոխան ընտրուած Շ. Գարահիսարէն։