Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

Այս աշխատութեան նշանակութիւնը բովանդակութեան ծանօթանալէ յետոյ միայն կը յայտնուի:

Եւ ինծի կը թուի թէ նոր է իր տեսակին մէջ:

Պատրիարք, Պատրիարքարան, Ազգային իշխանութիւն, Սահմանադրութիւն իրենց ծագումովն ու պատմութիւնովը դեռ եւս մութի ու խորհրդաւորութեան մէջ մնացած գաղափարներ են, նոյն իսկ մտաւորական ստուար մեծամասնութեան համար:

Սահմանադրութեան կամ հայ ներքին ինքնավարութեան օրէնքի ծագման մասին քիչ ու շատ պատմական ուսումնասիրութիւններ կան, բայց ատոնք աւելի դէպքերու պարզ շարայարութիւն, պատմութիւններ են, եւ ոչ քննադատական ուսումնասիրութիւն:

Ազգային օրէնքի հաստատութեան եւ պետութենէ վաւերացման թուականներէն, 1860-63էն ի վեր յաճախ է յուզուած թերութիւններու ու վերաքննութեան հարցը: Քանիցս թէ՛ վերաքննութեան որոշումն է տրուած եւ թէ՛ բարեփոխութեան նախագծեր են առաջարկուած. բայց գրեթէ չկայ, կամ գէթ յայտնի չէ՛ ոչ մէկի հիմնական քննադատութիւնն ու պատճառաբանութիւնը:

Եթէ իմ այս աշխատութիւնը լրիւ գործ մը չէ, գէթ իբրեւ առաջին փորձ, վերլուծաբար լոյս աշխարհ կը բերէ Սահմանադրութեան կամ Օրէնքի խմբագիրներու հետեւած ու պաշտպանած ուղղութիւնն ու սկզբունքները, Պոլսական Պատրիարքական իշխանութեան ազգային ու եկեղեցական աւանդութիւններու եւ բարքերու հակասութիւնը, բռնազբօսիկ ներմուծումն ու վնասակարութիւնը, հայ հոգեւորականութեան կողմէ սիսդեմադիկ կերպով լատինական բարքերու եւ օրէնքներու ներմուծումը:

Ցանկալի էր այս առաջին փորձը գրգիռ ըլլար պատմութեան մասնագիտաբար հետեւողներուն՝ առանձնապէս կանգ առնելու այս երեւոյթներուն վրայ եւ մասնաւոր աշխատասիրութեամբ ու բազմաթիւ փաստերով հրապարակ դրուէին պատմական դառն իրողութիւնները:

Այս ցանկութիւնը՝ կրօնական կամ եկեղեցական խնդիրներ ստեղծելու, արծարծելու համար չէ՛: Ընդհակառակը: Միակ մխիթարութիւնը որ արդէն ունինք, այն է որ այլ եւս կրօնական-դաւանական խնդիրներու, վէճերու շրջանը փակուած պիտի համարենք մեր ազգին համար:

Բայց անհրաժեշտ է որ ազգային գոյութեան պաշտպանութեան համար հոգեւորականութեան ունեցած դերի մասին նախապաշարումները փշրուին ու դառն իրականութիւնները մերկացուին: Անհրաժեշտ է որ Հայաստանեայց Եկեղեցիի անունով կուրծք ծեծողներուն՝ հոգեւորականութեան ու անոնց պաշտպաններուն կեղծիքը մերկացուելով, ժողովրդական բոլոր խաւերն ալ համոզուին թէ հոգեւորականութիւնը ի՜նչ դաւադրական դեր է կատարած Հայ Եկեղեցիին դէմ:

Անհրաժեշտ է որ առանձնապէս քննուին պատմական փաստերը, պարզելու համար անժխտելի իրականութիւնը թէ վերջին դարերուն, երբ Պարսկական տիրապետութեան տակ Էջմիածնական-Կաթողիկոսական աթոռը, Թրքական տիրապետութեան տակ Պոլսի պատրիարքութեան ու Սսի Կաթողիկոսութեան աթոռները իրարու ձեռքէ կը յափշտակէին, հայրենիքի մէջ անտէր թողուած ժողովուրդը խմբովին մահմետականութիւնը ընդունելով կը ստիպուէր կրօնափոխութեամբ իր գլուխն ազատել: Անհրաժեշտ է պարզել որ այսօր Հայաստանի մէջ մահմետական Հայերը թուով կրկնապէս աւելի շա՛տ են քան քրիստոնեայ հայերը, եւ հետեւաբար ազգային մեծամասնութիւնը աւելի մահմետականութեան մէջ է՝ քան քրիստոնեայ եկեղեցիի, ուստի եւ այդ մեծամասնութիւնը ազգային տեսակէտով վերջնական կորուստէ ազատելու համար միակ դարմանն է բաժնել ազգութիւնը կրօնէն, քանդել այն առասպելը կամ նախապաշարումը թէ եկեղեցին է որ պահեր է ազգութիւնը:

Իմ նիւթէս դուրս էին այդ հարցերը: Ես զանոնք շօշափեցի այն չափով որ համոզում գոյանայ. թէ Գում-Գաբուի Պատրիարքարանը ազգի մեծամասնութեան հիմնարկութիւնը չէ՛, թէ Սահմանադրութիւն կոչուած օրէնքը կրօնական կամ եկեղեցական առանձնաշնորհում  մը չէ՛, այլ զուտ ներքին ինքնավարութեան բնական իրաւունք, թէ այդ իրաւունքը ո՛չ 1860ին եւ ո՛չ 1863ին է հաստատուած՝ այլ երեք դարերու ժողովրդական պայքարով ժառանգուածն է որ օրէնքի ձեւ է ստացեր, թէ այդ իրաւունքը ազգային ըլլալու համար եկեղեցիի ու եկեղեցականի վարագոյրը վար առնելով՝ առանց դաւանական խտրութեան, ազգի բոլոր հատուածները զուտ ներքին մշակոյթի (culture) եւ լարակից հիմնարկութիւններու շուրջ բոլորելը հրամայական անհրաժեշտութիւն մըն է, թէ այդ անհրաժեշտութիւնը մեր նախորդ սերունդները աւելի լաւ էին զգացած ու գաղափարը նուիրագործելով, միութեան իրագործումը մեզի ձգած էին իբրեւ ժառանգութիւն:

Ժամանակ է որ այս հարցերը լուրջ ու բազմակողմանի ուսումնասիրութեամբ հրապարակ դրուին ու ընդհանուր ժողովրդական համոզում, սեփականութիւն դառնան:

Երկու տարի առաջ լոյս տեսաւ Կովկասեցի Պ. Ա. Սարուխանեանցի մէկ աշխատութիւնը՝ որ պատմական հաւաքոյթ մըն է Հայկական Հարցի եւ որուն կցուած է նաեւ Ազգ. Սահմանադրութիւնը: Իբրեւ դիւանագիտական իրադարձութիւններու հաւաքոյթ մը, այդ աշխատութիւնը իր արժէքն ունենալով հանդերձ. ինծի կը թուի թէ մեծագոյն սխալն է այդ պատմութիւնը կապել Սահմանադրութեան՝ Թուրքիոյ ազգային ինքնավարութեան օրէնքի եւ հիմնարկութիւններուն հետ, ինչպէս չպիտի կրնայինք կցել Կովկասի Հայոց ազգային ինքնավարութեան օրէնքը՝ Պօլօժէնիան:

Եթէ Հայկական Հարցը ծնունդ է քաղաքացիական-քաղաքական տարրական իրաւունքներու, ազգային գոյութեան, այդ իրաւունքներու գոյութեան պաշտպանութեանը եւ նուաճման ուժը պէտք է փնտռել քաղաքական հիմնարկութիւններու, կազմակերպութիւններու մէջ եւ ո՛չ թէ կուլտուրական հաստատութիւններու մէջ: Այս տեսակէտէն առաջնորդուելով, Պ. Սարուխանեանցի աշխատութիւնը չի ներկայացներ պատմական-գիտական արժանիքներ:

Իմ քննդատական տեսութիւններու ընթացքին, կրկնած եմ որ այս աշխատութեան մէջ յայտնուած մտքերը ո՛չ իմ ամբողջական համոզումներն եւ ձգտումները կը ներկայացնեն, եւ ո՛չ ալ պատկանած կուսակցութեանս, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հայեացքները: Իմ տեսութիւններս սահմանաւորուած են այն չափով՝ ինչ չափով որ կ’ենթադրեմ թէ հայկական մշակոյթի ընդհանուր մակարդակն ու մտայնութիւնը կրնան թոյլատրել:

Կուսակցութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ ազգային մշակոյթի հանդէպ: Այդ կեանքին հանդէպ կուսակցութեան դիրքը երկու տեսակ պարտականութիւն կը թելադրէ: Մէկ կողմէ ազդել բնաշրջութեան ընթացքին վրայ, հարթել ներքին զարգացման ճանապարհը համապատասխան հիմնարկութիւններու վերակազմութիւնովը, ազգային միութեան իրագործումին առաջնորդելով, եւ միւս կողմէ այդ հիմնարկութիւններուն մէջ գործօն մասնակցութիւններէն խոյս տալով՝ հիմնել իր իսկ նախաձեռնութեամբ իր սեփական կրթական հիմնարկութիւնները, անկախ ազգային պաշտօնական հաստատութիւններէն:

Այս ալ առանձինն նիւթ է կուսակցական գրականութեան համար, որ կարօտ է մշակուելու, վերջնականապէս որոշելու համար Կուսակցութեան դիրքի սահմանները դէպի ազգային հիմնարկութիւնները եւ ստեղծելու համար ուրոյն կրթական ծրագիր ու հաստատութիւններ:

Այս ցանկութիւնը, սակայն չեն խանգարեր իմ այս աշխատանքիս հրատարակութիւնը, որ նուիրուած է անխտիր բոլոր ողջամիտ հայ մտաւորականութեան դասերուն, եւ նկատի ունի միայն օրուայ անմիջական անհրաժեշտութիւնները:

ԱՏՈՄ

Կ. Պոլիս, 5 Ապրիլ 1914