Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ. ՊՈԼՍՈՅ
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՐԱԺԱՐՈՒՄ

Առաջին յօդուածի առաջին հատուածին համաձայն Պատրիարքը բոլոր Ազգային Ժողովներու նախագահն է, կը վարէ գործադիր իշխանութիւնը եւ մասնաւոր պարագաներու մէջ տէրութեան հրամաններու գործադրութեան միջնորդն է:

1860ի խմբագրութեան մէջ չկայ «մասնաւոր պարագաներու մէջ՝ տէրութեան հրամանաց գործադրութեան միջնորդն է» պարբերութիւնը։

Յունականին մէջ չկայ առանձին յօդուած Պատրիարքին պաշտօնը ճշդող. բայց աւելի բացորոշապէս, եւ իր պատճառաբանութիւն պատրիարքական ընտրելիի յատկութիւններու այդ պարագան կրկնուած է զանազան յօդուածներու մէջ: Այսպէս Բ. գլուխ երրորդ յօդուածը կըսէ:

«Պատրիարք եղող անձը՝ Արեւելեան Եկեղեցիի մեծ մէկ Գլուխն ըլլալէ զատ, Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէմմէտի կողմէ շնորհուած եւ ուրիշ մեծազօր կայսրերու եւ Նորին Վեհափառութիւն օգոստափառ Սուլթանի կողմէ հաստատուած արտօնութիւնները վայելող եւ Պէրաթի մէջ յիշատակուած բոլոր խնդիրներու գործադրութեան պաշտօնը ունեցող բարձրագոյն անձնաւորութիւն մըն է…»։

Առաջին գլուխի 8րդ յօդուածը. -

«Պատրիարքութեան կոչուելիք անձը ըստ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ ըլլալով հանդերձ, իր Պատրիարքութեան շրջանակին մէջ գտնուող քրիստոնեաներու շարք մը քաղաքական խնդիրներու համար ալ Օսմ. Պետութեան հրամաններու գործադրութեան միջնորդ է…»։

Այս վերջինը գրեթէ նոյնն է ինչ որ Հայկականը:

Իսկ Հրէականի առաջին յօդուածը կ’ըսէ.

«Խախամապետութեան կոչուելիք անձը Օսմ. Կայսրութեան մէջ գտնուող բոլոր Հրէաներու գլուխը եւ կայսերական կառավարութեան հրամաններու գործադրութեան միջնորդը պիտի ըլլայ…»:

«Տերութեան հրամաններու գործադրութեան միջնորդ» ըլլալու յաւելումը համապատասխան եւ հետեւանք է պետութեան եւ ազգին միջեւ՝ Պատրիարքին պետութեան կողմէ միջնորդ ճանչցուելու հիմնակէտին, որ յիշուած է խմբագրիչ Յանձնաժողովի յայտագրին մէջ եւ որու մասին արդէն յայտնեցի կարծիքս:

Այդ չէ՛ կարեւորը:

Կարեւորը Պատրիարքի Գործադիր իշխանութիւնը վարող ըլլալն է:

Օրէնքի բոլոր տրամադրութիւնները ցոյց կուտան որ Գործադիր Իշխանութիւնը մարմնացնողը Վարչութիւնն է: Պատրիարքը իբրեւ Գործադիր Մարմնին նախագահը, սահմանափակ իրաւունքներ միայն ունի:

Անոր նախագահական սահմանափակ իրաւունքները պայմանաւորուած են այսպէս (Յօդ. 8, 9, 10, 11)

1. Իրեն եկած գործերը պատկան ժողովներուն կը յանձնէ:

2. Պատրիարքի ոչ մէկ թագրիրը կամ ո՛ եւ է պաշտօնագիրը վաւերական եւ գործադրելի չի կրնար ըլլալ, եթէ պատկան Ժ. ժողովին կողմէ չէ՛ որոշուած եւ ստորագրուած:

3. Միայն բացառիկ պարագաներու մէջ, այսինքն մինչեւ վարչական ժողովի գումարումը, ստիպողական գործի համար թէեւ Պատրիարքը, կամ որ նոյնն է, նախագահը կրնայ իր պատասխանատուութեամբը անմիջական կարգադրութիւն ընել, բայց պարտաւոր է անյապաղ պատկան ժողովի վաւերացումին ենթարկել:

4. Պատրիարքը չի կրնար անգործադրելի թողուլ իրաւասու ժողովներու որոշումները: Միայն այն պարագային երբ իր բացակայութեան որոշումը տրուած ըլլայ, կրնայ վերաքննութեան ենթարկել տալ որոշող մարմինին: Վերաքննութենէն յետոյ տրուած որոշումները ստորագրելու պարտաւոր է, եթէ օրէնքի հակառակ չեն:

5. Պատրիարքը չի կրնար պաշտօնանկ ընել ո՛ եւ է եկեղեցական եւ աշխարհական ազգային պաշտօնեայ. Միայն կրնայ առաջարկել ձեռնհաս մարմնին:

6. Եւ վերջապէս Պատրիարքը չի կրնար լուծել ո՛ եւ է ժողով եւ խորհուրդ, մարմին: Պատասխանատու ընթացքի մէջ գտնուող մարմնի դիւանէն պարտաւոր է առաջին անգամի համար բացատրութիւն պահանջել, երկրորդ անգամի համար ի կարգ հրաւիրող ազդարարութիւն ընել, իսկ երրորդ անգամի համար պատասխանատուն ամբաստանել եւ լուծումը պահանջել այն մարմնին որու ենթակայ է ամբաստանեալը, Վարչութիւնը Ընդհ. Ժողովին եւ Խորհուրդները՝ Քաղ. Ժողովին:

Պատրիարքի իրաւասութեան սահմանը գծող 8, 9, 10, 11 յօդուածները ամբողջովին համապատասխան են 1860ի, բնագրին 15, 16, 17, 18 յօդուածներուն: Տարբերութիւնը միայն խմբագրական աննշան փոփոխութեան եւ տեղափոխութեան մէջն է:

Այս օրինակ տրամադրութիւնները բացայայտ ցոյց կուտան որ արդարեւ Պատրիարքը նախագահական պարտականութենէ դուրս ինքնուրոյն ոչ մէկ վարչական հեղինակութիւն, իշխանութիւն չունի, եւ հետեւաբար Ա. յօդուածի Գործադիր իշխանութիւնը կը վարէ (Գուվվէի իճրաիյէսինի հաիզ) նախադասութիւնը միայն անուանական ու անզօր տեղ է գրաւած:

Աւելին կայ:

Օրէնքի 1869 թուականին կատարուած վերաքննութեան մէկ նախագիծը ունիմ աչքի առջեւ, ուր համաձայն Բ. Յօդուածի, Պատրիարքին վարչական ժողովներու նախագահութիւնն ալ պատուակալ վիճակի է վերածուած:

* * *

11րդ յօդուածը կը գծէ ուրիշ կարեւոր ու հիմնական տրամադրութիւն մը. Մարմիններու իրարու հանդէպ ունեցած յարաբերական աստիճանները, որ բնական, հետեւողական կարգն է ընտրական դրութեան:

Վարչութիւնը ընտրուած ըլլալով Ընդհանուր Ժողովէն, բնականօրէն համարատու է նոյն Ընդհ. Ժողովին: Սա է միայն դատապարտութեան, պատժի եւ կամ վարձատրութեան իրաւասուն:

Այս միակ յօդուածը կը փոխարինէ 1860ի բնագրին 1-7 յօդուածները, որոնց բովանդակութեան ամփոփումը սեղմուած է այս մէկ յօդուածին մէջ, առանց նուազեցնելու օրէնքին մեքենականութիւնը, ուժը, պատասխանատուութեանց շղթայումը, համաձայն 1860ի բնագրին:

Այս տարբերութիւնը չէ որ վնասած է օրէնքի կատարելութեանը, ինչպէս շատեր կարծած են, առանց ցաւին խորը թափանցելու:

Պակսածը՝ երկու բնագրերուն մէջ ալ, մեքենայի, մարմիններու կազմական յօրինուածքին շարժիչ ազդակն է, որուն պիտի անդրադառնանք շուտով:

Չպիտի կանգ առնեմ Պատրիարքի ընտրութեան, ամբաստանութեան եւն. ի վերաբերող յօդուածներու վրայ:

Գիտենք որ Պատրիարքը կ’ընտրուի, կ’ամբաստանուի Ընդհ. Ժողովէն:

Այդ ընտրութեան եւ ամաստանութեան եղանակները քննադատելի դառնալու չափ կարեւորութիւն չունին:

Ես կ’ուզէի շեշտել ուրիշ պարագայ մը:

Այդ Պատրիարքներու տրուած Պէրաթն է:

Քանի դեռ օրէնքը գոյութիւն չունէր, քանի դեռ Պատրիարքներու պաշտօնը շրջափոխութեան փուլի մէջ էր, անոնց իրաւասութիւնները վերջնականապէս ճշդուած չէին եւ կեանքի զարգացման հետ կը փոփոխուէին. կ’ընդարձակուէին, հասկնալի եւ բնական էր որ իւրաքանչիւր Պատրիարքի ընտրութեան պարագային պէրաթներ ձեռք բերուէին, ուր մէկ-մէկ ճշդուած կ’ըլլային իրաւասութիւնները, կամ ինչպէս կ’ըսեն՝ արտօնութիւնները:

Օրէնքի հրատարակումէն յետոյ, պէրաթները բացարձակապէս աւելորդ եւ մանաւանդ վնասակար են իրենց ներկայ ձեւովը: Աւելորդ են, որովհետեւ օրէնքով ճշտուածիրաւունքները Պէրաթով կրկնելու եւ վաւերացնելու պէտք չկայ։ Այդ իրաւունքները՝ որ ազգի, ժողովուրդի բնական իրաւունքներն են, պէրաթներով չեն շնորհուիր այլ եւս, եւ պէրաթներով չեն հաստատուիր:

Եթէ պէրաթներու մէջ կան դեռ եւս իրաւունքներ՝ որոնք օրէնքի մէջ չեն անցած, երբէ՛ք դժուար չէ, հիմնուելով պէրաթին վրայ, օրէնքի թերին լրացնել նոր յաւելուածով, մանաւանդ որ օրէնքով չնուիրագործուածը միայն պէրաթով չի կրնար իրագործուիլ: Արդէն մեր ազգային մշակոյթի կեանքին մէջ չունինք այնպիսի իրաւասութեան խնդիր մը որ յայտնի ըլլար պէրաթով եւ որմէ օգտուէինք:

Եւ եթէ չկայ իրաւասութեան այնպիսի խնդիր մը, որ մաս չի կազմեր օրէնքին բայց կը յիշուի պէրաթով, պէրաթներ ստանալու արդի ձեւը անկասկած կը թուլացնէ օրէնքին ուժը եւ միշտ, ամէն անգամ պէրաթներ ստացած ատեն, խնդիրներ կը ծագին պակսած կամ փոփոխուած բովանդակութեան, իրաւասութիւններու մասին:

Ամէն ժամանակ իր պահանջներն ու պայմաններն ունի:

Անցած է պէրաթներու շրջանը: Այժմ օրէնքներու վրայ է որ կրնանք յենուլ եւ պաշտպանուիլ՝ եւ ո՛չ պէրաթներու:

Մենք չենք կրնար յունական հոգեբանութեամբ տոգորուիլ: Յոյնը պէտք չունի հիմնաւորելու, զարգացնելու այն ինչ որ իր էութիւնը կը կազմէ, եւ կրնայ թերեւս անվտանգ օգտագործել եկեղեցական իշխանապետութիւնը, մինչդեռ անոր հետեւելու ձգտումը կը խախտէ մեր ազգային հիմերը, ինչպէս կը հաստատեն փաստերը:   

Պէտք է լրացնել սկսած սրբագրութիւնը:

Սակայն պէրաթներէն օգտուելու համար կայ ուրիշ պարագայ մը, կամ աւելի ճիշդը, պէրաթները պէտք է հիմնուին ուրիշ, զուտ կրօնա-նուիրապետական իրաւունքի մը վրայ:

Որովհետեւ կատարուած շրջափոխութեան շնորհիւ ազգային իրաւունքները օրէնքով կազմեր են զուտ մեր ներքին մշակոյթի ինքնավարութիւնը, օրէնքի տրամադրութիւններուն մաս չի կազմեր Պատրիարքին մէկ ուրիշ իրաւասութիւնը, որ զուտ կրօնական նուիրապետութեան կը վերաբերի, այսինքն միաժամանակ իբրեւ Պոլսոյ թեմի եկեղեցիներու եպիսկոպոսը եւ իբրեւ Թուրքիոյ թեմերու կաթողիկոսական փոխանորդը ունեցած իրաւասութիւնը, որ մինչեւ հիմա ուշադրութեան չէ առնուած:

Այս պարագան, սակայն, նկատի առնուած է օրէնքը խմբագրողներուն կողմէ:

11րդ յօդուածով, ուր Պատրիարքին իրաւունք կը տրուի, իբրեւ նախագահ Ազգ. Ժողովներու եւ Մարմիններու, պատասխանատուութեան, ամբաստանութեան ենթարկելիներու մասին բացատրութիւն պահանջելու, ազդարարելու եւ ձեռնահաս մարմիններու ներկայացնելու ամբաստանութիւնը, ամբաստանելիներու շարքին մէջ չի յիշատակուիր բնաւ եկեղեցիներու պաշտօնէութիւնը:

Անվիճելի է որ օրէնքով նախատեսուած Ազգ. Ժողովներու վարչական ու խորհուրդներու, Հոգաբարձութիւններուն մաս չեն կազմեր զուտ եկեղեցիի պաշտօնեաները դպիր, սարկաւագ, քահանայ, եւն:

Եկեղեցական պաշտօնէութիւնը դուրս թողուած է օրէնքի շրջանակէն, մինչդեռ Պէրաթներու մէջ անոնց մասին կան տրամադրութիւններ՝ որոնք Պատրիարքի իրաւասութիւններն են, ինչպէս եւ Առաջնորդներու, բայց ո՛չ իբրեւ Պատրիարքին եւ Առաջնորդի, այլ իբրեւ եպիսկոպոսի, իբրեւ Կաթողիկոսի փոխանորդեալի:

Ներքին մշակոյթի ինքնավարական օրէնքը լուռ մնալով այդ մասին, արդէն հիմը դրած կ’ըլլայ ազգային մշակոյթի վարչութեան եւ եկեղեցական վարչութեան բաժանումին:

Այս պարագան է որ պէտք է կարգադրել պէրաթով ու առանձին օրէնքով: