Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Գ.
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ

Յօդ. 90. Ամէն ազգային անհատ որ չափահաս է եւ վաստակ ու շահու տէր, պարտական է տրօք մասնակից ըլլալ Ազգային ծախուց։

Այս տուրքը տարեկան է. Եւ բաշխման հիմը կը բռնուի իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը։

Յօդ. 91. Ազգային տուրքը երկու տեսակ է. մէկը ընդհանուր՝ որ ընդհանուր ծախուց յատկացեալ է, եւ կը հաւաքուի Պատրիարքարանին կողմէն, Ազգ. կեդրոնական սնտուկին համար, եւ միւսը մասնաւոր՝ որ իւրաքանչիւր թաղի մասնաւոր ծախուց յատկացեալ է, եւ կը հաւաքուի Թաղական Խորհրդոյ կողմէն, Թաղական սնտուկներուն համար։

Յօդ. 92. Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ընդհանուր տուրքի բաշխման եւ հաւաքման եղանակը՝ Քաղաքական Ժողովին մէջ կ՚որոշուի, եւ Ընդհանուր Ժողովով կը հաստատուի։ Իսկ մասնաւոր տուրքը՝ ամէն թաղ իր Խորհրդոց մէջ կ՚որոշէ եւ կը հաստատէ։

Սոյնպէս կը տնօրինուին նաեւ գաւառներուն մէջ Գաւառական ընդհանուր տուրքն ու Թաղական մասնաւոր տուրքը։

Յօդ. 93. Գաւառներուն կողմէն Ազգային Պատրիարքարանի Սնտուկին տրուելու մինչեւ ցարդ սովորութիւն եղած տուրքին բաշխման եւ հաւաքման եղանակը՝ Ընդհանուր Ժողո՛վը պիտի որոշէ, եւ բարձրագոյն Դրան հաճութեամբը պիտի գործադրուի։