Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Դ.
ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Յօդ. 94. Առաջնորդը Գաւառական ժողովոց նախագահն է, եւ անոնց գործադիր իշխանութիւնը կը վարէ։

Իր պարտաւորութիւնն է գաւառին մէջ Ազգային Սահմանադրութեան գործադրութեանը հսկել։

Յօդ. 95. Առաջնորդը չպիտի կարենայ վանքերու մէջ բնակութիւն հաստատելով՝ պաշտօնին տեղէն հեռանալ, այլ գաւառին գլխաւոր քաղաքին մէջ Ազգային Առաջնորդարանը պիտի բնակի, ուր կը գումարուին եւ Գաւառական Ժողովները։

Երբ Առաջնորդ մը միանգամայն եւ վանահայր ըլլայ, եթէ վանքը մէկ օրուան ճամբայ հեռի է Առաջնորդանիստ քաղաքէն՝ կրնայ երկու պաշտօնն ալ մէկտեղ վարել, երբեմն երբեմն վանքին այցելութիւն ընելով։ Բայց եթէ հեռաւորութիւնը օրուան մը ճանապարհէ աւելի ըլլայ, պէտք է որ վանքին մէջ իրեն փոխանորդ կարգելով, ինք քաղաքը բնակիլ։ Սակայն հարկ եղած ժամանակը իր վիճակին ամէն կողմը այցելութեան կրնայ երթալ։

Յօդ. 96. Կոստանդնուպոլսոյ  մէջ եղածին նման՝ գաւառներուն մէջ ալ ամէն թաղ պիտի ունենայ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ մը, ԹԱՂԱԿԱՆ ՍՆՏՈՒԿ մը, եւ ԹԱՂԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱՏՈՒՆ մը։

Նմանապէս Առաջնորդանիստ քաղաքին մէջ պիտի հաստատուին ԿՐՕՆԱԿԱՆ եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎներ։ Եւ Քաղաքական Ժողովին տնօրէնութեան տակ՝ ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ՍՆՏՈՒԿ մը։

Նաեւ Առաջնորդարանի մէջ ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱՏՈՒՆ մը հաստատուելով, առաջնորդական վիճակին բոլոր ժողովրդոց թաղական ազգահամարի տումարները հո՛ն պիտի ժողվուին, եւ Գաւառական ընդհանուր ազգահամար պիտի կազմուին։

Յօդ. 97. Առաջնորդի ընտրութիւնը նոյն եւ նման Պատրիարքի ընտրութեան, Գաւառական Ընդհանուր ժողովով կ՚ըլլայ, եւ ընտրութեան տեղեկագիրը տեղւոյն Խառն Ժողովոյն միջոցաւ Պատրիարքին կ՚ուղարկուի։ Պատրիարքը Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովոյ համահաճութեամբը կ՚անուանէ զԱռաջնորդը, եւ Բարձրագոյն Դրան իմաց տալով պաշտօնական հրամանագիրը կ՚ընդունի։

Յօդ. 98. Գաւառական Ժողովները Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն վերաբերեալ տրամադրութեանց համեմատ պիտի կազմուին, եւ պաշտօննին ու պարտաւորութիւննին նոյն եւ նման են։

Բայց Գաւառական Ժողովներուն անդամոց թիւը՝ իւրաքանչիւր վիճակի համար միանգամ պիտի սահմանուի, ամէն մէկ գաւառի բնակչավ թուոյն համեմատութեամբ։

Մինչեւ որ ազգային տուրքը գաւառներուն մէջ օրինաւոր կերպիւ հաստատուի, տէրութեան առաջին եւ երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի տուրք տուող անձի՛նք միայն պիտի ընտրեն  Գաւառական Ընդհանուր ժողովոց անդամները։ Եւ այս ժողովներուն կազմութեան կերպը՝ իւրաքանչիւր վիճակի բնակչաց թուոյն նայելով, Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի որոշէ, Առաջնորդաց հետ խորհրդակցելով։