Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԱՐԻՒՆԸ

Հրամանատարը բազմութիւնը ցրուելու հրամանը տուած էր։

Յանկարծ փողոցը կռուոյ դաշտ դարձաւ. մերինները դիմադրել սկսած էին, զօրքերը իրենց հրացանները կը գործածէին եւ մերինները իրենց ատրճանակները։ Երկուքին մէջ սոսկալի կռիւ մը սկսած էր. մերիններն այդ ատեն սկսան կատաղի կերպով զօրքերուն վրայ կրակել երբ տեսան որ ՎԱնեցի Մանուկ Նալպանտեան զօրքերու սուիններուն տակ անկենդան գետին փռուեցաւ։ Մերիններն առաջին Հայ նահատակը եւ Հայ արեան վազելը տեսնելով փրփրած աջ ու ձախ սկսան զօրքերուն վրայ կրակել։

Զինուորները կը հետապնդէին ատրճանակ արձակողները ձերբակալել։

Երբ մերինները Սեբաստացի Յովհաննէս Ղումրիկեան տասնապետին ըրած դիմադրութեան պատճառաւ սպանուիլը տեսան, սկսեցին խմբովին զօրքերուն վրայ յարձակիլ եւ անոնցմէ մէկ քանիները վիրաւորիլ։

Օգնական զօրք հասնելու պատճառաւ կրակը դադրած էր այլեւս։ Փողոցին մէջ երկու Հայ նահատակներ փռուած էին, ինչպէս նաեւ 6-7 հատ ծանր կերպով վիրաւորուած զօրքեր։ Թէեւ զօրքերէն 10 հատի չափ ալ վիրաւորուած կային, բայց վէրքերնին այնչափ ծանր չէր։ Կառքեր բերուեցան մեր երկու ընկերներուն դիակները եւ ծանր վէրք ունեցող զօրքերը անոնց մէջ լեցնելով տարին։

Պատուհանէն տեսայ ոստիկան Ասորի կարապետը ծպտեալ վիճակի մէջ ձեռքը ատրճանակ բռնած, անշուշտ Հայերը հետապնդելու համար։ Զօրքերը զինքը Հայ կարծելով իսկոյն վրան յարձակեցան եւ սկսան սուինահար ընել, առանց կարեւորութիւն տալու իր «Ոստիկան եմ, ոստիկան եմ» ըսելուն։

Զօրքերը հրացանի բուներով Կարապետը դէպ ի մեր նստած տունը կը քշէին։ Կարապետ զիս տեսնելով վազեց պատուհանիս քովը եկաւ. արդէն սրտէն եւ ծոծրակէն արիւն կը վազէր, պաղատական ձեւով մը ըսաւ.

Ամա՜ն, զիս ազատէ ասոնց ձեռքէն։

Ըրած անթիւ վատութիւններուդ վարձքն է ատիկա, ըսի, կը յիշե՞ս որ …ին թելադրութեամբ կ՚ուզէիր զիս ծուղակը ձգել, եւ շատ դժուարաւ օձիքս ազատեցի, հիմա տեսար որ ամէն ինչ ժամանակին իմացած եմ, վատերու վախճանն այս է, գիտցած եղիր։

Կարապետ յանկարծակիի եկաւ, կարծելով թէ ես իր լարած թակարդները չէի կռահած։ Կարապետ գլխիկոր հեռացաւ եւ արդէն այնչափ խորունկ էին վէրքերը որ պաղատային բերանը հասնելուն պէս գետին փռուեցաւ անկենդան։

Տէրվիշ եւ հրամանատար փաշաները վերադարձան եւ գրեթէ սպառնական ձեւով մը Աշըգեանը կ՚ստիպէին անպատճառ գտնել ճառ կարդացողը, ու կ՚ըսէին.

 

Ճառ կարդացողը նիհար, երկայնահասակ, սրածայր մօրուքով երիտասարդ մ՚է, անպատճառ պէտք է գտնել այդ մարդը, որովհետեւ Թուղրան եւ Սուլթանին պատկերը կոտրողն եւ իր ոտքովը կոխոտողն ալ այդ մարդն է եղեր։

Աշըգեանը նորէն կրկնեց թէ ինքը չի ճանչնար, բայց ի հարկէ կառավարութիւնը պիտի գտնէ այդ մարդը ըսաւ։

Քիչ ետքը եկաւ Յ. Արշարունի Վարդ. եւ քովս նստեցաւ եւ չաքէթիս թեւը վար քաշեց ձեռքիս վրայի վէրքը ծածկելու համար։ Հրշէջները վրաս յարձակելու ատեն ուզեցին ատրճանակը ձեռքէս առնելու, շատ ընդդիմացայ չտալու. վերջապէս ձեռքս բաւական վիրաւորելէ վերջ առին։

Պալատական թիկնապահ մը եկաւ եւ յայտնեց թէ՝ ինքը մասնաւորապէս Կայսեր կողմէ ղրկուած է Աշըգեանի որպիսութիւնը հարցնելու եւ տեղեկանալու թէ Աշըգեան վնասուած եւ վիրաւորուա՞ծ է։

Աշըգեան ոտքի ելաւ եւ ըսաւ.

Կը խնդրեմ իմ կողմէ Նորին Վեհափառութեան քղանցքն համբուրեցէք եւ սրտագին երախտագիտութիւնս յայտնեցէք թէ շնորհիւ Վեհափառին ո եւ է վտանգէ զերծ եմ։

Թիկնապահը շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցաւ դէպ ի Եըլտըզ։

Աշըգեանը պալատէն հեռագիր մը ստացաւ, հեռագիրը թարգմանել տալէ վերջ իսկոյն գունատուեցաւ եւ բարապաններուն հրամայեց որ շուտով Քաղ. Ժողովին անդամներն կանչեն։ Մինչեւ Տէրվիշ փաշայի վերադառնալը, կառավարական քանի մը պաշտօնեաներ ալ եկած էին, ինչպէս նաեւ Ոստիկանութեան նախարար Քեամիլ պէյ։

Տէրվիշ եւ հրամանատար փաշաները քով քովի նստած էին, խօսքը Աշըգեանին ուղղելով ըսին.

Դուք տեղեկութիւն ունէի՞ք որ այսօր այս ցոյցը պիտի ըլլար։

Չորեքշաբթի օր լսեցի որ ցոյց մը պիտի ըլլար, բայց չէի գիտեր որ այսօր պիտի ըլլայ։

Երբ Չորեքշաբթի լսեցինք, ինչո՞ւ կառավարութեան լուր չտուիք։

Ի՞նչպէս լուր չտուի, անմիջապէս Քեամիլ պէյին (Ոստիկանութեան նախարարը ցոյց տալով) գացի ու տեղեկացուցի։

Անշուշտ դուք գիտէիք թէ ցոյց ընողներ որոնք էին։

Չէ, չէի գիտեր։

Տէրվիշ փաշա խօսքը Քեամիլ պէյին ուղղելով.

Բաթրիգ էֆէնտին ձեզի լուր տուա՞ւ։

Այո՛ լուր տուաւ, բայց ես կարեւորութիւն չտուի, որովհետեւ Հայոցմէ այս տեսակ յանդգնութիւն մը չէի սպասեր։

Եւ խօսքն Աշըգեանին ուղղելով. հպատակ ազգերը (ինչպէս վերջինն է Պուլկարիա) երբ կը հարստահարուին, կը չարչարուին եւ կը տանջուին, երբ կառավարութեան կողմէ այդ տեսակ բողոքներուն կարեւորութիւն չի տրուիր եւ իրենց դժոխային կեանքին մէջ կը մնան, վերջէն այդ ազգերը կ՚ըմբոստանան եւ կ՚ստիպուին ապստամբութեան դիմել, կա՜մ այն է կ՚ազատուինք եւ կամ կ՚ոչնչանանք ըսելով։ Բաթրիգ էֆէնտի, քանի մը տարի է որ դուք հայերդ ալ այդ վիճակն ունէիք. ձերինները պէտք էր ուրիշներու օրինակին հետեւէին. անոնց նման գաւառներէն եւ դուրսէն սկսէին, ոչ թէ Մայրաքաղաքէն որուն նմանը տեսնուած չէ, եւ ան ալ այսպէս նուիրական օր մը։ Ուստի ես այս մտածումով էր որ կարեւորութիւն չտուի։

Տէրվիշ փաշա՝ հրամանատար փաշան հետն առնելով վերի սենեակը ելաւ։

Քեամիլ պէյ իր բոլոր խօսքերը լուրջ եւ պաղարիւն կերպով արտասանած էր։ Նոյնիմաստ խօսքեր նորէն կը կրկնէր Աշըգեանին, անշուշտ առանց կասկածելու եւ կարծելու թէ վերը սենեակին մէջ Տէրվիշը եւ հրամանատարը ի՛նչպէս կը դաւեն եւ իրեն համար ինչե՜ր կը պատրաստեն։ Ի՞նչ փոյթ իրեն եթէ այդպէս ալ ըլլար, չէ՞ որ իր խօսքերը իր ազնուութեան, արդարադատութեան եւ ազատամտութեան ապացոյցներն էին, եւ իր ըսածները կատարեալ իրողութիւններ եւ ճշմարտութիւններ էին։

Վերի սենեակէն պահարան մը վար տարուեցաւ եւ հեծեալ զօրքի մը յանձնուեցաւ, քանի մը վայրկեան վերջը պահարան մը եկաւ վեր տարուեցաւ. ինչպէս կ՚երեւէր ղրկուածին պատասխանն էր, անշուշտ հեռագիր էր եկածը։

Տան դրան առջեւ կառք մը պատրաստուեցաւ եւ վերէն պալատական մը եկաւ եւ Քեամիլ պէյին ըսաւ.

Պալատէն ձեզ կ՚ուզեն, Իրատէ կայ։

Քեամիլ պէյը դրան առջեւ կեցող կառքին մէջ դրին եւ քովը պալատական մը ու հեծեալ երկու զօրքեր կառքին ետեւէն մեկնեցան։

Խեղճ հայասէր Քեամիլ պէյը իր արդարասիրութեան ու ազատամտութեան զոհ կ՚երթար…։