Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԱՇԽԱՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ռ. Զարդարեան Ֆիլիպէէն Պոլիս վերադարձէն ետք սկսած է աշխատակցիլ Քասիմի (Միսաք Գօչունեան) նոր հիմնուած Ժամանակ օրաթերթին։ Զարդարեանի գրած յօդուածները միշտ դրուած են թերթին առաջնորդող սիւնակներուն մէջ ( Ժամանակ, Քառասնամեայ յիշատակարան (1908-1948), պատրաստեց՝ Թորոս Ազատեան, Պոլիս, 1948, էջ 110)։

Դժբախտաբար մեզի համար անկարելի եղաւ ձեռք անցընել Ժամանակի Ա. տարուան հաւաքածոն։ Զարդարեանի աշխատակցութիւնը սկսած է 1 Դեկտ. 1908-ին . 16-էն սկսեալ) եւ շարունակուած է մինչեւ Ազատամարտի հիմնադրումը (10 Յունիս, 1909)։

Ժամանակ ի 40-ամեայ յիշատակարանը ունի թանկագին վկայութիւն մը, զոր կը մէջբերենք. «Զարդարեան մինչեւ Ազատամարտի հրատարակումը, կանոնաւոր կերպով իր աշխատակցութիւնը կը բերէ, նիւթ ունենալով օրուան ամէնէն հրատապ եւ այժմէական հարցերը։ Միշտ խմբագրականի սիւնակներուն մէջ, ան գրի առած է 34 շահեկան յօդուածներ, որոնցմէ մէկ քանիին խորագիրներն են՝

Տիրապետութեան ոգին,

Իրաւունքի պայքար,

Համալսարաններու անհրաժեշտութիւնը,

Ողջո՜յն Օսմ. Խորհրդարանին,

Մտաւորական կեանքը գաւառներու մէջ,

Բնակարանի անձեռնմխելիութիւն,

Ռուս դիւանագիտական խաղերը,

Լահէյի վեհաժողովը« (էջ 129)։