Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
(ՀԱՄԱՌՕՏ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ)

Լրագրութիւնը հիմնուած է տպագրութեան գիւտէն շատ առաջ։

Կը պակսին մեզի ծանօթութիւններ հաստատող լրագրութեան գործը Փոքր Ասիոյ տիրապետողներուն եւ յունաց մէջ։ Բայց հաստատ գիտենք, որ հռոմէացիք ունէին պարբերական հրատարակութիւն մը, որ իր ժամանակին կը լրացնէր լրագրի մը բոլոր տուեալները։

Հռոմի նախնական շրջանէն սկսեալ, Մեծ Քրմապետը հասարակաց յիշատակները պահելու համար, կը հաւաքէր տարուան բոլոր դէպքերը եւ ծեփեալ տախտակներու վրայ գրելով կը կախէր իր տան մէջ, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ կարդալ։ Անշուշտ որ ասոնք ներկայ ըմբռնումով լրագիր չենք կրնար համարել. կը նմանին պետական արխիւներու, սակայն կը տարբերին անոնցմէ իրենց ժողովրդային ազատ ընթերցման հանգամանքով։ Տարեգրութեանց պարունակութիւնը եւ ժողովրդային հանգամանքները նկատի առնելով կրնանք զանոնք դասել լրագիրներու կարգին։

Սոյն տարեգրութիւնները կրնային բաւարարել հռոմէացի ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը իր նախնական շրջանին, բայց երբ իր տիրապետութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի վրայ, քաղաքական կեանքն եւս զարգացաւ, այն ատեն զգացուեցաւ պէտքը աւելի մեծ ու մշտական ձեռնարկի մը հիմնարկութեան։ Այս ատեն սկսաւ հրատարակուիլ Օրական գործ անունով լրագիր մը, որ պարբերաբար լոյս կը տեսնէր։ Կը կարծուի, որ սոյն լրագրի հրատարակութիւնը ամէնօրեայ դարձաւ Յուլիոս Կեսարի ժամանակ։

Սկզբնական շրջանին Օրական գործի հրատարակութիւնը խիստ սահմանափակ էր, որովհետեւ հարուստ քաղաքացիներ՝ ունէին գերիներ, որոնց գործն էր այս լրագիրները ընդօրինակել իրենց տէրերուն համար։ Սակայն հետզհետէ տարածուեցան եւ նոյնիսկ սկսան ղրկուիլ կայսրութեան ենթակայ զանազան երկիրները։

Սոյն լրագիրները ունէին քաղաքական նկարագիր։ Անոնց մէջ կ՚արձանագրուէին քաղաքական կարեւոր անցուդարձեր, ինչպէս նաեւ օրուան նորութիւնները։ Զանազան յեղաշրջումներով շարունակուեցան   այս լրագիրները մինչեւ Հռոմի կայսրութեան անկումը, 476 Յ. Ք., երբ բարբարոս արշաւախումբեր եկան եւ բաժան-բաժան ըրին զայն, բնաջնջելով քաղաքակրթութեան ամէն հետք։

Հռոմէացիներէ յետոյ լրագրութեան հիմը դրին չինացիք, 366 թուին հրատարակելով «Նոր լուրեր» անունով հրատարակութիւն մը, Փեքին քաղաքին մէջ, որ կը շարունակուի ցարդ։

Հռոմի կայսրութեան անկումէն ետք, ինչպէս գիտենք կանգ կ՚առնէ քաղաքակրթութեան անիւը։ Ամբողջ Միջին Դարուն չենք կարող գտնել որեւէ լրագրի հետք, եւ պէտք է բարձրանալ մինչեւ ԺԶ. դար այս անուան արժանի հրատարակութիւն մը գտնելու համար։ Բայց այսուամենայնիւ չենք կարող ժխտել ձեռագիր-լրագիրներու գոյութիւնը զանազան երկիրներու մէջ, տպագրուած լրագիրներէն առաջ։

ՁԵՌԱԳԻՐ ԼՐԱԳԻՐՆԵՐ

Ձեռագիր լրագիրներու առաջին օրինակները կը տեսնենք Վենետիկի եւ Ֆրանքֆորտի մէջ։ Վենետիկեան հանրապետութեան ծագումէն սկսեալ ծերակոյտը պետութեան եւ քաղաքին մէջ յառաջ եկած իրողութիւնները խմբագրել կու տար եւ կը ղրկէր իր դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն զանոնք տեղեակ պահելու միջազգային անցուդարձերու շուրջ։ Այս տեղեկագիրները կոչուեցան փոքրիկ տետրեր, ծանուցագիրներ։ Ժամանակ մը թոյլատրուեցաւ զանոնք ընդօրինակել քանի մը մեծ անձնաւորութեանց համար, եւ սկսան ծախուիլ ժողովուրդին։

Նոյն ժամանակներուն այսպիսի շարժում մը կը նշմարուի Գերմանիա։ Ֆիւկկէրները, որոնց վաճառականութիւնը այն ատենուան աշխարհին վրայ կը տարածուէր, ԺԶ. դարուն երկրորդ կիսուն Աւկսպուրկի մէջ սկսան հրատարակել վաճառականական նամակներ եւ հաղորդակցութիւններ։ Նոյն դարուն վերջաւորութեան սոյն նամակներն ու հաղորդակցութիւնները ծաւալեցան եւ սկսան տեղ տալ նաեւ քաղաքական դէպքերու։

 

ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԴԱՐՈՒՆ

Ամէն ժամանակներու մէջ գտնուած են մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած են աշխարհի լուրերով։ Այս պէտքը աւելի զգացուեցաւ Միջին Դարուն, երբ քաղաքական պատերազմներն ու կրօնական պայքարները հասարակաց շահերով կը մօտեցնէին ժողովուրդները։ Այս ժամանակ է որ կը տեսնենք երեւումը քաղաքագէտներու, լրաբերներու եւ ձեռագիր լրագիրներու։ Լրատուութիւնը իր սկզբնական շրջանին գործն էր հետաքրքիրներու եւ դատարկապորտ մարդոց. շատ վերջ է որ դէպքերու բերումով դարձաւ արհեստ մը։ Զոր օրինակ Ֆրանսայի մէջ մեծ անձնաւորութիւիւններ իրենց այլ պաշտօնեաներու կարգին ունէին իրենց լրաբերները, որոնք գաւառէ գաւառ պտտելով տեղեակ կը պահէին իրենց տէրերը այդ գաւառաց անցուդարձերուն։ Սակայն ամէն մարդ չէր կարող այդ հաճոյքը վայելել։ Ուստի լուրերը ստանալու համար հիմնուեցան Փարիզի մէջ զանազան կէտերու վրայ լրատուութեան կեդրոններ, որոնք ժողովուրդը տեղեակ կը պահէին ներքին եւ արտաքին անցուդարձերուն։ Այս կեդրոններէն կը յիշուին Լիւքսեմպուրկի պալատը, որ երկար ժամանակ լրատուութեան գլխաւոր կեդրոնը եղաւ եւ գրական լրաբերներու հաւաքման կէտը։ Թիւյլըրի պարտէզը ուր կը տեսնուէին լրաբերներու ստորին դասակարգը. Արքայական պալատի պարտէզը, լրաբերներու խումբին սովորական մենաստանը. Նաւարանը, Օգոստինեանց մենաստանը եւ Կղեստինեանց վանքը, ուր կը տեսնուէին աբբաներ։ Լրաբերները կը հաւաքուէին նաեւ սրճարաններու մէջ, ուր հետաքրքիրներ կ՚երթային խմբովին լսելու օրուան լուրերը։

Սկզբնական շրջանին լրատուութիւնը պատմողական էր, այսինքն լրաբերներ իրարու հաղորդելէ ետք լուրերը, քաղաքին մէջ կը տարածէին բերանացի պատմելով։ Սակայն հետզհետէ երեւցան ձեռագիր թերթեր, որոնց ձեռագրի ընդօրինակութիւնը ազատօրէն շրջաբերուեցաւ քաղաքին մէջ։ Սոյն լրագիրները կոչուեցան Ձեռքի լուրեր։ Հաստատուեցան խմբագրութեան եւ ընդօրինակութեան գրասենեակներ։ Գտնուեցան գաւառական թղթակիցներ եւ բաժանորդներ։ Լրագիրները իրենց պարունակութեան նայելով բաժնուեցան երեքի, կազէդ, լրագիր եւ մերգիւր։ Կազէդ անուամբ բնորոշուեցան այն լրագիրները, որոնք կը հրատարակուէին շաբթուան մէջ որեւէ օր, բովանդակելով զանազան երկրի լուրեր։ Լրագիր անուամբ այն թերթերը, որոնք կը տպագրուէին ամէն ամիս պարունակելով դպրութեանց վերաբերեալ նիւթեր։ Իսկ մերգիւր անուամբ նշանակուեցան ներկայի մեր հանդէսները։

Սոյն լրագիրները իրենց գոյութիւնը պահեցին մինչեւ տպագըրուած լրագիրներու հրատարակութիւնը։

ԿԱԶԷԴ ԲԱՌԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ

Մարդիկ երկար վիճած են կազէդ բառի ծագման շուրջ։ Ոմանք եբրայական ծագում, իսկ ուրիշներ հնդկական ծագում վերագրած են անոր։ Իսկ կարգ մը մարդիկ ալ կազդա, կաչաղակ, շաղակրատ թռչունի մը անունէն կը հետեւցնեն։ Սակայն ընդունուած կարծիքը այն թէ ան կու գայ իտալերէն կազզեդա բառէն, որ կը վճարուէր մեր վերը յիշած վենետիկեան ծանուցագիրներուն ընթերցման համար։

ՏՊԱԳՐՈՒԱԾ ԼՐԱԳԻՐՆԵՐ

Տպագրութեան գիւտէն 123 տարի յետոյ է որ երեւան կ՚ելլէ առաջին տպագրուած լրագիրը։ Իտալիոյ Ֆլորէնս քաղաքին մէջ 1563-ին, հիմը կը դրուէր առաջին տպագրուած լրագրին, Notizies Scritte անունով։ Այնուհետեւ տպագրուած լրագիրներու գործը կը տարածուի ամբողջ Եւրոպայի մէջ։ Իտալիոյ օրինակին կը հետեւի Ֆրանսան, 1605-ին հրատարակելով իր առաջին թերթը։

Երրորդ տեղը կը գրաւէ Զուիցերիան, որ 1609 թուականէն սկսեալ Սթրազպուրկի մէջ սկսաւ հրատարակել իր առաջին լրագիրը, իսկ Աւստրիա՝ 1610-ին։

Գերմանիա 1612-15 թուականներուն լոյս ընծայեց իր առաջին լրագիրը։ Գերմանիայէն յետոյ Անգլիան է որ սկսաւ 1622-ին հրատարակել իր առաջին թերթը, British Press անունով, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Այնուհետեւ լրագրութիւնը անցաւ Սպանիա՝ 1626-ին, Շուէտ՝ 1644-ին եւ Ռուսիա՝ 1703-ին։

Տասներորդ տեղը կը գրաւենք հայերս։ 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմը կը դրուէր առաջին հայ լրագրին Ազդարար ամսագիր անունով, տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի կողմէ։ Հազիւ պիտի կարողանար երկու տարի հրատարակուիլ եւ 1796-ի Փետրուարին պիտի փակուէր նիւթական պատճառներով։

Ինչպէս մշակութային այլ մարզերու, նոյնպէս նաեւ լրագրութեան մէջ, հայ Ստեղծագործ միտքը կը գրաւէր պատուաւոր տեղ մը։ Հայ Մամուլը պէտք էր որ հայ լրագրութեան 150-ամեակին առթիւ անդրադառնար հայ լրագրութեան կատարած դերին շուրջ։ Այլ առիթով աւելի լայն կը խօսինք հայ առաջին լրագրին մասին։

Հայերէ յետոյ լրագրութեան գործը անցաւ Ամերիկա, ուր 1804ին է որ հրատարակուեցաւ Պոսթըն քաղաքին մէջ Boston News անունով թերթը։ Թուրքիա՝ 1825-ին, Ռումանիա՝ 1828-ին, իսկ Եուկոսլաւիա՝ 1841-ին։

1850-էն սկսեալ կը սկսի լրագրութեան վերելքի նոր շրջանը։

Արագատիպ մեքենաներու ստեղծումով կը ծաւալի լրագրութիւնը, այնպէս որ 1894-ին անոնց թիւը հինգ աշխարհներու մէջ կը հասնէր 53 հազարի։ Միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հրատարակուէին 17 հազար լրագիրներ, որոնց 1000-ը ամէնօրեայ։

Այս լրագիրներու տպաքանակին վրայ եւս գաղափար մը կազմելու համար յառաջ կը բերենք մէկը. Ֆրանսայի մէջ 1890-ական թուականներուն կը հրատարակուէր Petit Journal անունով թերթ մը 1, 000, 000 օրինակով եւ տարեկան կ՚ապահովէր մօտաւորապէս հինգ միլիոն ֆրանքի շահ մը։

Լրագրութեան զարգացումով ստեղծուեցան նաեւ մուրացիկներու եւ կոյրերու յատուկ լրագիրներ։ Փարիզի մէջ ամէն օր կը հրատարակուէր թերթ մը, որ մուրացիկներուն կը հաղորդէր այդ օր կատարուող զանազան հանդիսութիւնները, ուր դիմելով կարենային աւելի դրամ ձեռք ձգել։ 1883-ին Փարիզի մէջ սկսան հրատարակուիլ երկու թերթեր կոյրերու համար խմբագրութեամբ պր. Մօրիս տը Լա Սիգրան կոյրին կողմէ։ Առաջինը կը տպուէր սովորական տառերով, ֆրանսացի կոյրերու ուսուցիչներուն եւ հոգատարներուն համար։

Իսկ երկրորդը, ուռուցիկ տառերով նոյնինքն կոյրերու համար։

Անհամեմատ աւելի զարգացած է ներկայիս լրագրութիւնը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։ Չկայ այսօր ազգ մը որ չունենայ իր մամուլը։ Հայերու մէջ միայն կան հարիւրեակ մը լրագիրներ։ Բաղդատմամբ 1984-ի լրագիրներուն, այսօր կրկնապատկուած է համաշխարհային լրագիրներու թիւը, որոնք օրէ օր մարդկութիւնը տեղեակ կը պահեն աշխարհի անցուդարձերուն շուրջ։

  Լրագրութիւնը, մօտաւորապէս իր չորս դարու շրջանին մէջ (1563-1950), կատարած է մեծ դեր մը մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ, որուն համար արժանի է ամէն գնահատանքի։