Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա. ՊԱՏԵՐԱԶՄ

1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը նոր զարկ կու տայ հայ լրագրութեան։ Կուսակցական եւ անհատական նախաձեռնութեամբ՝ սունկի նման կը բուսնին թերթեր ու կ՚ողողեն ե՛ւ Պոլսոյ, ե՛ւ ներքին գաւառներու կեդրոնները։ Ձեռագիր, խմորատիպ, տպագիր թերթեր եւ պարբերականներ կը շրջին ձեռքէ-ձեռք։ Գաւառային նոյն քաղաքին մէջ երբեմն քանի մը թերթ լոյս կը տեսնէ։

Թերթերէն ոմանք ասուպային կեանք ունեցան։ Երբեմն 1-2 թիւի լոյս ընծայումէն ետք շիջեցան, իրենց հետ տանելով «արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն»։

Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայ մամուլը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը՝ 1911- Աշխատանք, շաբաթաթերթ (Իզմիր). Բիւթանիա, շաբ. (Նիկոմիդիա կամ Իզմիտ). Դաշինք, օրաթ. (Իզմիր). Երկիր, շաբ. (Ատաբազար). Եփրատ, երկշ. (Խարբերդ). Յառաջ, շաբաթը երկու անգամ (Կարին). Նոր այգ, ամս. (Մարզուան). Պարտիզակ, վեցամսեայ (Պարտիզակ). Փարոս, ամս. (Պարտիզակ). Փեթակ, կիս. (Կիրասոն). Անդրանիկ, շաբ. (Սեբաստիա)։ (Սահակ-Մեսրոպ, Գաւառին տարեցոյցը, Ա. տարի, 1911, էջ 235-36)։

Արշակ Ալպօյաճեան բաւական ամբողջական պատկեր մը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ ներքին գաւառներու (Պոլիսէն եւ Իզմիրէն դուրս) մեր մամուլին, 1908 Յուլիս 23 - 1914 Օգոստոս Կը նշէ 60 միաւոր մամուլ - ձեռագիր, խմորատիպ, վիմատիպ եւ տպագիր (Les Arméniens et l’Imprimerie, Constantinople, 1920, pp. 61-66)։

1915-ի Եղեռնի նախօրեակին ունէինք շուրջ 50 անուն մամուլ (26 թերթ եւ 8 տարեգիրք՝ Պոլիս եւ Իզմիր, 16` գաւառ) [1] ։ Պոլսոյ եւ Իզմիրի թերթերէն շատեր պիտի դադրին պետական արգելքի կամ աննոց տէրերուն, խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն ձերբակալման պատճառով։ Արեւմտահայաստանի ամբողջ մամուլը պիտի գերեզմանուի ընդմիշտ։ Պոլսոյ մէջ պիտի շարունակուին լոյս տեսնել 6 թերթ Բիւզանդիոն, Ժամանակ, Վերջին լուր, Ճերիտէի շարգիէ, Տաճար եւ Մօտա ։

1918-1921 թուականները խանդավառութեան եւ աճումի տարիներ պիտի ըլլան հայ մամուլին համար։ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը (Մայիս) եւ Զինադադարի կնքումը (Հոկտեմբեր 1918) ոսկի թուականներ են մեր մամուլին համար։ 1918-1919 տարիներուն, Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ կը հիմնուին 32 թերթ եւ 5 տարեգիրք։ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, 1918-1921 Փետրուար, կը հիմնուի Երեւանի մէջ՝ 33 անուն, Ալեքսանդրապոլի մէջ՝ 12 անուն, Թիֆլիսի մէջ՝ 42 եւ Պաքուի մէջ՝ 8 անուն նոր մամուլ։

Գումար՝ 95։ Այս գումարէն դուրս են Կովկասեան հանրապետութեանց այլ շրջաններուն մէջ լոյս ընծայուելու սկսած, նաեւ նոյն շրջաններուն եւ վերոյիշեալ կեդրոնական քաղաքներուն մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող եւ շարունակուող թերթերը։

Հայաստանի խորհրդայնացումը եւ Թուրքիոյ մէջ Քեմալական շարժման յաղթանակը պատճառ պիտի ըլլան, որ բազմաթիւ թերթեր դադրին եւ անոնց խմբագիրները ապաստանին Արտասահման, ուր պիտի հիմնեն թերթեր կամ խմբագիր դառնան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող թերթերու։



[1]            Այս թիւին մէջ նկատի առնուած են տպագիր, լայն շրջաբերութիւն ունեցող թերթերը։ Այլապէս՝ 60-ի շուրջ է անոնց թիւը, ինչպէս կը հաստատէ Ա. Ալպօյաճեան։