Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ

Հին Սփիւռքին ժամանակաշրջանը կ՚երկարի մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ (1914-1918)։ Այդ Սփիւռքը ունեցած է իր մամուլը, որ ծառայած է թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արտաքին (Ցարական Ռուսաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան իր արենակիցներուն) կարիքներուն։

Հայկական նոր Սփիւռքը մեծ մասամբ կազմուած է 1915-1922-ի միջեւ, գլխաւորաբար Երիտասարդ թուրքերու ջարդարար քաղաքականութեան եւ փոքր չափով՝ Հայաստանի խորհրդայնացման պատճառով։ Այս երկու երեւոյթները հիմնական փոփոխութիւններ կը յառաջացնէին հայ կեանքին եւ անոր հայելին եղող մեր մամուլին մէջ։

Հայաստանի խորհրդայնացումով կը հաստատուէր համայնավար կուսակցութեան բացարձակ տիրապետութիւնը։ Ըլլալով ամբողջատիրական կուսակցութիւն, իր մականին տակ կ՚առնէր իր

  հպատակ ժողովուրդին բոլոր տեսակի գործունէութիւնները, որոնց կարգին մամուլը, որ ազդու միջոց մըն է մարդկային միտքն ու հոգին կաղապարելու համար։ Կը դադրէին հին թերթերը եւ նորեր լոյս կ՚ընծայուէին, որոնք կը շեփորէին տիրող կուսակցութեան գաղափարաբանութիւնն ու կենսիմացութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, անգրագիտութեան վերացումով, աճում կ՚արձանագրէր ընթերցողներու թիւը, որուն անմիջական արդիւնք՝ կ՚աճէին նաեւ խորհրդահայ մամուլին թիւն ու տպաքանակը։ Այսօր կարելի է ըսել, որ շուրջ 100 թերթ (հանրապետական եւ շրջանային) լոյս կը տեսնէ Խ. Հայաստանի մէջ։

Հակառակ տիրող բռնապետութեան, հայ ստեղծագործ միտքը կրցած է երբեմն-երբեմն փայլատակումներ իրագործել։ Տեղը չի ներեր խորանալու։

Գալով Սփիւռքին, կը գոհանանք ընդհանուր հաստատումներ կատարելով։

1) Կը կրէ կուսակցական, համայնքային, միութենական բնոյթ ։ Կուսակցութիւնները, որոնք մասամբ կը գործէին արդէն 1915-էն առաջ, նոր Սփիւռքին կազմութենէն ետք, հայութեան ստուարացումով պարտաւորուեցան պաշտօնական, կիսապաշտօնական կամ անպաշտօն օրկաններ հիմնել։ Եկեղեցին իր երեք համայնքներով նոյնը ըրաւ։ Մշակութային միութիւններ, մանաւա՛նդ սունկի պէս բուսնող հայրենակցական միութիւնները հիմնեցին իրենց պաշտօնաթերթերը, մեծ մասամբ Ամերիկայի մէջ, վերջերս անոնցմէ ոմանք տպելով Լիբանանի մէջ։

Անհատական նախաձեռնութեամբ լոյս տեսան թերթեր, բաղդատմամբ պաշտօնականներուն աւելի նուազ թիւով եւ աւելի կարճ տեւողութեամբ։ Նոյնիսկ այդ անհատական նախաձեռնութեամբ լոյս տեսնող թերթերը անուղղակիօրէն պաշտպանութիւնը ունէին կուսակցութեան մը, որուն շարքայիններէն էին խմբագիրները։

Անհատական թերթերէն Հայ բոյժ (Շաւարշ Նարդունի), Նայիրի ամս. եւ շաբ. (Անդրանիկ Ծառուկեան), Այգ (Տիգան Թոսպատ), Նոր Գիր (Բենիամին Նուրիկեան), եւայլն։

2) Ոչ-մասնագիտական բնոյթ ։ Հայ թերթը Սփիւռքի մէջ քիչ մը   ամէն բան կը պարունակէ։ Կը բովանդակէ ազգային, քաղաքական, ընկերային, գրական, բժշկական նիւթեր, անիկա ըլլայ օրաթերթ, ամսաթերթ, թէ տարեգիրք։

Զուտ մասնագիտական բնոյթ ունեցող մատի վրայ կարելի է համրել օր՝ Հանդէս ամսօրեան (Վիեննա - հայագիտական), բժշկական թերթերը Հայ բոյժ (Փարիզ, խմբ. ՝ Շ. Նարդունի) եւ Բժիշկ (Պէյրութ)։

3) Հայ մամուլին գոյութիւնը եթէ չէ եղած նիւթական կռուան մը հայ գրագէտին, մտաւորականին, բանասէրին, կարճ խօսքով՝ մշակոյթի մարդուն, եղած է սակայն այն անհրաժեշտ խթանը, որ մշակոյթի մարդը չծուլանայ եւ արտադրէ։ Եղած է այն բեմը, ուրկէ իր խօսքը ուղղած է իր ժողովուրդին՝ կազմաւորուած գրողը. նաեւ այն աւազանը, որուն մէջ՝ սկսնակ գրողը, իր գրական մկրտութիւնը ստացած է։ Հոնկէ մեկնելով՝ առանձին գրքոյկով ներկայացած է իր ժողովուրդին։

4) Եղեռնէն ճողոպրած սերունդին համար, որուն զլացուեցաւ տարրական կրթութեան մը բարիքը, մամուլը եղաւ դպրոց մը, որ առօրեայ ընթերցանութեան նիւթ հայթայթեց եւ իր բազմազան ու դիւրամատչելի նիւթերով, սատարեց ընդհանուր զարգացում մը ապահովելու։

5) Հայ մամուլը՝ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին կողքին գլխաւոր ազդակներէն մէկն է, որ ազգապահպանման մեծ դեր կը կատարէ։

Եթէ մեր անցեալի եւ ներկայի ծանօթութիւններու ստացումն է, այսինքն՝ հաղորդ ըլլալը անոնց, որ կը զօրացնէ հաւաքական ոգին, այս պարագային՝ մամուլը, մանաւա՛նդ օրաթերթն է, որ իր ամէնօրեայ լրատուութեամբ մեզ հաղորդակից կը պահէ ե՛ւ մեր տեղական, ե՛ւ մեր հայրենական եւ այլ գաղութներու անցուդարձերուն։

6) Սփիւռքի պատմութեան հանքն է ան։ Այդ մամուլը արձագանգած է մեր ազգային կեանքին եւ մշակութային իրագործումներուն։ Գաղութներու զանազան հարցերով զբաղելու պարտականութիւնը վերցնող ներկայ եւ ապագայ ուսումնասիրողները անհրաժեշտօրէն ստիպուած են պեղել այդ հանքը, իմա՛ մամուլի հաւաքածոները, գտնելու համար իրենց անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։

7) Քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով՝ երբ որոշ գաղութներ նօսրացան, այդ գաղութներուն մամուլի թիւն ալ անկում կրեց։ Հայ նոր սերունդներուն օտար մշակոյթի հետ շփման գալով եւ զայն իւրացնելով, նաեւ հին ընթերցասէր սերունդին մահացումով, որոշ թերթեր դադրեցան. ինչպէս՝ Հայրենիք ամսագիրը (19221970) Հայաստանի կոչնակ ը (1900-1968), եւայլն։

8) Վերջին քառորդ դարուն, Սփիւռքի նոր տեղաշարժին (գաղթ) պատճառով, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն եւ Լիբանանէն դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա, այս վերջին վայրերուն մէջ մեր մամուլը թուական աճ արձանագրեց։

Այդ աճը նշմարելի է նաեւ, ընդհանուր առմամբ, Սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներուն մէջ։ Պատճա՞ռ։ Յեղափոխականացման շունչը եւ իր արմատները որոնելու ճիգը, որոնք կը տիրեն մեր ներկայ երիտասարդութեան մէջ։ Այդ աճին նաեւ իր նպաստը կը բերեն մեքենագրութեան եւ բազմագրութեան դիւրութիւնները։ Ժ. Դանիէլեան շուրջ 300 նոր թերթի ցանկ մը կը ներկայացնէ մեզի 1967-1981, 15 տարուան շրջանին լոյս ընծայուած։ Այս թերթերէն շատ քիչեր վերապրեցան։ Ինչո՞ւ։ Չի բաւեր հիմնադիրներուն նուիրուածութիւնն ու յամառութիւնը։ Թերթը անկուշտ որկոր մըն է, զոր միշտ պէտք է կշտացնել։ Նիւթական կռուանը անհրաժեշտ է թերթի մը գոյատեւման համար։ Շատերուն պակսեցաւ այդ կռուանը։