Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՔԱՆԱԿԸ


Արդեօք մինչեւ մեր օրերը քանի՞ հայկական թերթեր լոյս տեսած են։ Կու տանք նիւթին մասնագէտներուն կարծիքները։

Գարեգին Լեւոնեան տարիներով մեր մէջ նիւթին մասնագէտը մնացած է։ 1894-ին, հայ լրագրութեան հարիւրամեակին առթիւ, իր հրատարակած Հայոց պարբերական մամուլ ը աշխատասիրութեան մէջ, անոնց թիւը կու տայ 173, առաւել 17 հայատառ թրքերէն

  թերթ։ Գիրքին վերջաւորութեան հետեւեալ միամիտ կարծիքը կ՚արտայայտէր. «Ներկայիս ընթերցանութեան ծաւալումը կարծել է տալիս, որ հարիւր տարի յետոյ՝ 1994 թուականին, հայ լրագրութեան թիւը կը կրկնապատկուի» (էջ 556)։ Ան 1934-ին, հայ պարբերական մամուլի նոր ցանկ մը պիտի պատրաստէր եւ պիտի տեսնէր, թէ տակաւին 1904-ը չեկած, հայ թերթերուն թիւը գլած անցած էր իր նախատեսութիւնը, ութ անգամով։ Ան կը ցուցակագրէր 1607 թերթ։

Սուրիահայ տարեցոյց ի առաջին տարուան (1924) մէջ տպուած ցուցակ մը (էջ 270), մինչեւ 1924 հայերէն տպուած թերթերուն թիւը կու տայ 650։ Ո՞վ է կազմողը եւ ուրկէ՞ քաղած է այս տեղեկութիւնը, մեզի համար անյայտ է։

Հայր Մկրտիչ Պոտուրեան իր Հայ հանրագիտակ ի (1938) յառաջաբանին մէջ, ակնարկելով Գարեգին Լեւոնեանի տուած վերոյիշեալ թիւին, զայն կը բարձրացնէր 2600-ի։ Ասիկա պարզ գրիչի խա՞ղ է, թէ ոչ վիճակագրութեան վրայ կատարուած հաշիւ, մեզի համար կը մնայ անլոյծ։

Արտաշէս Կարինեան 1956-ին կը հաստատէր, թէ « Իր ծագման օրից մինչեւ այսօր հրատարակուած Հայ Պարբերականների թիւը չորս հազարից աւելի է » (էջ 12)։ Այս վերջին գումարը քիչ մը առասպելական է։

Յովհաննէս Պետրոսեան, որ եռահատոր ցուցակ մը պատրաստած է (1954-1957), կրցած է 2000-ի շուրջ թերթեր ձեռքի տակ ունենալ։

Ամալիա Կիրակոսեանի աշխատասիրութիւնը (1970) կը ցուցակագրէ 3264 թերթ։ Այս գործը թերիներով լեցուն է։ Կան կրկնուած թերթի անուններ։ Թերթի բացառիկներ առանձին թուահամար կրած են, մինչդեռ պէտք է նշուէին մայր հրատարակութեան տակ։

Կան հրատարակութիւններ, որոնք մամուլի սահմանումէն դուրս են, սակայն իբրեւ թերթ նշուած են։ Ճիշդ է, որ իրեն անծանօթ մնացած թերթեր ալ կան։ 1970-ին պէտք է ունենայինք շուրջ 3000 թերթ։

Ժ. Դանիէլեան իր աշխատասիրութեան մէջ արձանագրած է շուրջ 300 նոր թերթ, 1967-1981-ի 15-ամեակին լոյս ընծայուած։ Գիրքին նախաբանին մէջ կը գրէ. « Նորագոյն տուեալներով, հայ պարբերական մամուլի ընդհանուր գումարը հեշտութեամբ կը հասնի չորս հազարի » (էջ 15)։

 

1961-ին, հայ մամուլի մեր ցուցահանդէսին առիթով լոյս ընծայուած գրքոյկին մէջ կը գրէինք. « Մօտաւորապէս 2500-2600 թերթ պէտք է ունեցած ըլլանք » (էջ 7)։ Այսօրուան մեր հաշուարկումով, հայ մամուլի ընդհանուր քանակը, 1794-1987, պէտք է ըլլայ շուրջ 3500-3600։

Հայ մամուլի լիակատար ցուցակ մը անհրաժեշտ է։ Անհրաժեշտ է որ Հայաստան եւ Արտասահման գործակցին, նախ մէկտեղելու հայ մամուլի բոլոր հաւաքածոները, ապա անոնց ցուցակը կազմելու համար։ Անկարելի է հայ մամուլի ճշգրիտ քանակը տալ, եթէ չկատարուի թերթերը մէկտեղելու այս նախապատրաստական աշխատանքը։