Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐ

Մեր գնահատանքի խօսքը ունինք հայ խմբագիրներուն, որոնք իրենց խմբագրութեան համեստ սեղաններէն՝ սերունդներ դաստիարակած են եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց սրբազան գործը։ Հայ լրագրութենէն անբաժան են անունները առաջին խմբագիր, հրատարակիչ Տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի, Ստ. Նազարեանցի, Կարապետ Իւթիւճեանի, Գրիգոր Արծրունիի, Սվաճեանի, Արփիար Արփիարեանի, Արշակ Չոպանեանի, Շաւարշ Միսաքեանի

  եւ տակաւին շարանը մեծ ու փոքր միտքի աշխատաւորներու, որոնք ամէն զրկանք կրելով լոյս կ՚ընծայեն հայ թերթը։