Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՏՐԱՍԻ ԳԱՂՈՒԹԸ

Մատրասի հայկական գաղութին սկզբնաւորութեան մասին ծանօթութիւններ կը պակսին մեզի։ Աշոտ Աբրահամեան անկասկած կը համարէ հայ առեւտրականներու գոյութիւնը՝ Սեւելկեան եւ Արտաշիսեան հարստութեանց շրջանին . Ք. Բ. դար)։ Յ. Ք., Ը. դարուն կը նշուի Մար Թովմաս Կանա հայ վաճառականի մը անունը։

Անձերու մասին կատարուած ակնարկութիւններ կան, սակայն ո՛չ՝ գաղութի մը ներկայութեան մասին։

ԺԶ. դարու կիսուն, աւելի ճիշդը՝ 1547-ին, Մատրաս քաղաքէն քիչ մը հեռու, Ս. Թովմայի բլրակին վրայ կառուցուած է հայ եկեղեցի մը, ինչ որ ենթադրել կու տայ բաւարար թիւով հայոց ներկայութիւնը՝ առնուազն այդ թուականէն քանի մը տարի կամ քանի մը տասնամեակ առաջ։ Գաղութը աւելի բազմամարդ դարձած է ԺԸ. դարուն եւ հիմնականօրէն տեղաւորուած` նոր քաղաքին կեդրոնական մասին մէջ, անոր գլխաւոր մայրուղիին վրայ, որ կոչուած է Armenian Street եւ ցարդ կը պահէ իր այս անունը։

ԺԶ. -ԺԷ. դարերուն, Հնդկաստան դարձած էր թատերաբեմ` եւրոպական գաղութատիրական պայքարներու։ Այս մրցակցութենէն՝ սկիզբը հայերը կ՚օգտուին եւ նիւթական հարստութիւն կը դիզեն։ Անգլիոյ վերջնական յաղթանակով՝ հայոց տնտեսական ուժն ու դերը կը սկսին նուազում արձանագրել։ Առաւելաբար Մատրասի գաղութը այս վերիվայրումներուն ոսպնեակը կը հանդիսանայ։

Հոն ունեցած ենք առեւտրականներ, որոնք իրենց ձեռքին մէջ կեդրոնացուցած են թանկագին քարերու, համեմներու, հնդկական կերպասներու եւ այլ ապրանքներու առեւտուրը։ Այս գաղութին կորիզը կը կազմեն ջուղահայերը, որոնք 1604-ին բռնի տեղափոխուած էին Պարսկաստան, եւ Հնդկաստանի առեւտրական բարգաւաճ վիճակէն հմայուած՝ գաղթած էին Մատրաս։