Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱՐԱՐԻ ԼԵԶՈՒՆ

Գրաբար է, սակայն ոչ-զերծ խորթութիւններէ։ Շմաւոնեան քահանան եւ իր օգնականները չէին տիրապետեր հայերէնին։ Ամսաթերթին աշխատակիցները քահանայ հայրեր, պաշտօնեայ անձեր, վաճառականներ, հայկական դպրոցի բարձր դասարանի աշակերտներ հանդէս կու գան անկատար հայերէնով, գրաբարի եւ բարբառի խառնուրդով։

Չկայ ուղղագրական միօրինակութիւն։ Յատուկ անունները զանազան տեղեր զանազան ձեւերով կը ներկայանան։ Շմաւոնեան քահանան իր մականունը կը գրէ օ ով՝ Շմաւօնեան։ Շիրա զեցի բառը՝ Շիրա զցի ։

Վրիպակներ շատ կան։ Առաջին թիւին վրիպակներուն մէկ անկատար ցանկը կը ներկայացնէ Ուրախակից Բարեկամը երկրորդ թիւին մէջ (1794, էջ 77)։

  Ծնունդ բառը ընդհանրապէս տպուած է ճիշդ։ Սակայն տեղ մը (նոյն էջին վրայ), երկու անգամ տպուած է ծ նն ունդ (1795, էջ 314)։ Անուշադրութեան արդիւնք է։ Հետեւեալ բառը՝ յ ետեւեալ (1796, էջ 73)։