Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Յովհաննէս Պետրոսեանի գործը կը գերազանցէ վերոյիշեալ երկասիրութիւնները, անկախ իր ծաւալէն, նաեւ իր մօտեցումի ձեւով։ Որդեգրած է այն մեթոտը, որ սովորաբար կը գործածուի գիտական հրատարակութեանց մէջ։ Նախ տալ թերթին անունը, ենթավերնագիրը (ինչ սեռի մամուլի պատկանիլը), հրատարակութեան վայրը, տպարանը, հրատարակչատունը, տարեթիւը, ծաւալը, չափը, բաժնեգինը, արտօնատէրը եւ խմբագիրը։ Երբ ձեռքի տակ ունեցած է խնդրոյ առարկայ թերթին առաջին թիւը, մէջբերումներ կատարած է անոր ուղղութիւնն ու ծրագիրը պարզելու համար։

Ամէնէն ետք թերթին ցանկ նիւթոցը։ Ի պատիւ կազմողին՝ պէտք է յայտարարել, որ հայ մամուլի պատմութեան նուիրուած մատենագիտական առաջին գործն է, որ տեղ տուած է հայ պարբերականներու բովանդակութեան։ Կարեւոր հրատարակութեանց գրեթէ ամբողջական նիւթերու ցանկն է, որ տրուած է, ինչպէս է պարագան Բազմավէպի (72 էջ), Հանդէս ամսօրեայի (45 էջ), Անահիտի (27 էջ)։

Ուրիշ պարբերականներէ, քանի մը թիւերու բովանդակութիւնը. իսկ շատերէն ալ միայն թերթին անունը, իր յարակից անհրաժեշտ տեղեկութիւններով։

Թերթերու բովանդակութեան ցուցակագրումի ընթացքին մոռացութեան տրուած են, կամ զանց առնուած են թերթեր, տարեգիրքեր, որոնք ծանրակշիռ արժէք ունին մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ. օրինակի համար Պոսթընի Հայրենիք ամսագիրը (1922-էն մինչեւ հիմա), որ իր բազմատեսակ բովանդակութեամբ հայ բանասէրին, մտաւորականին, գրագէտին, բոլորին ալ օգտակար կրնայ հանդիսանալ։ Շատերէն կը յիշենք միայն մէկը։

Վերոյիշեալ բացատրութիւններէն ի յայտ կու գայ թէ դիւրին չէ հայ մամուլի ցուցակը կազմել։ Հայ ժողովուրդը ցրուած է ի սփիւռս աշխարհի եւ ամէն տեղ ալ մամուլով զբաղած, թերթ հրատարակած։ Հայ թերթը աստանդական կեանք մը ապրած է։ Շատ անգամ անուն, վայր, ծաւալ, տպարան, խմբագիր եւ տէր փոխած։ Այս ամբողջ հոլովոյթին տեղեակ ըլլալու համար, պէտք է թերթերու բոլոր հաւաքածոներն ալ աչքի առջեւ եւ ձեռքի տակ ունենալ։ Հայ թերթերը երբեմն սովորութիւն ունին արտօնատիրոջ եւ խմբագիրին անունները չդնել, ինչ որ կը դժուարացնէ հայ մամուլին պատմութիւնը ուսումնասիրողին գործը։

Խօսինք օրինակով, որպէսզի դիւրահասկնալի ըլլայ։ Առնենք Մանուկ Ասլանեանի Ազդարարի պարագան։ Պետրոսեան տեղեակ է, որ Մ. Ասլանեան Պոլսոյ մէջ հրատարակած է Ազդարար օրաթերթը (1927-1931)։ Բայց անտեղեակ է, որ Ասլանեան կեանքի բերումով Պէյրութ փոխադրուած է եւ 1939-41 խմբագիր եղած է Ազդակ օրաթերթին, իսկ 1942-ին հիմը դրած է Ազդարար շաբաթաթերթին, որ տասնամեակէ մը աւելի լոյս տեսնելէ ետք, 1952ին դարձաւ օրաթերթ։

Ասիկա մէկ հոգիի եւ մէկ թերթի պարագան է. նկատի ունեցէք, որ 2500 թերթէն աւելի լոյս տեսած է, ու հաշուեցէք այն դժուարութիւնները, որոնք կը ծագին հայ մամուլի ցուցակագրութեամբ պարապողներուն համար։

Դժուարութիւն կը ծագի նաեւ երբ թերթի մը առաջին թիւը ձեռքի տակ չըլլայ։ Մեծ զգուշութիւն պէտք է անոր հրատարակութեան սկզբնաւորութեան թուականը ճշդելու համար։ Այդպիսի սխալներ սպրդած են Պետրոսեանի զոյգ գործերուն մէջ։ Մաս մը սրբագրած ենք, մեր ձեռքին տակ եղող առաջին թիւերուն հետ բաղդատելով։

Կը բաւականանանք մի քանի օրինակով։

 

 

սխալ

ուղիղ

Նոր աւետաբեր (Հալէպ)

1928

1927

 

(Նոյ. 5)

 

Ժողովուրդ (Պէյրութ)

1931

1932

Անուշապուր (Պոլիս)

1927

1926

 

(Դեկտ. 16)

 

 

Յովհաննէս Պետրոսեան իրաւացիօրէն կը գանգատի որ «ոչ մի տեղ գրադարաններում չի կարելի գտնել հայ պարբերականների բոլոր անունները եւ լրիւ կոմպլեկտները» (հաւաքածոներ Ա. Տ. Խ. Կազմողը պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծէր արտասահման ճամբորդելու, պետական ծախսով, եւ այցելելու Վենետիկի, Վիեննայի, Երուսաղէմի եւ Անթիլիասի մատենադարանները, ուր բաւական նիւթ կայ հաւաքուած։ Ճամբորդութենէն զատ կարելի էր թղթակցութեամբ հաղորդակցութեան մէջ մտնել վերոյիշեալ հաստատութեանց պատասխանատուներուն հետ եւ թերթերու ցուցակները խնդրելով, կարելի էր ձեռքի տակ չեղող թերթերուն մասին տեղեկութիւն հաւաքել։ Բայց ինչպէս Պետրոսեան կը խոստովանի, այդ հնարաւոր չէ եղած։

Պետրոսեան հնարաւորութիւն չէ ունեցած նաեւ տեսնելու հայ մամուլի եւ գիրքերու էջերուն մէջ տպուած յօդուածներ, որոնք կապ ունին հայ մամուլի պատմութեան հետ։ Բաղդատութիւն մը մեզ բերաւ այդ համոզման։ Յօդուածներ, որոնք կապ ունին հայ մամուլի ցուցակագրութեան հետ, կը յիշատակենք մեր այս գործին մէջ երբ տեղը հասնինք։

Հայ մամուլի լիակատար ցուցակը ունենալու համար պէտք է որ պատրաստուի իւրաքանչիւր գաղութի հայ մամուլի ցանկը, տեղական ձեռնհաս ուժերու կողմէ։ Նման փորձ մը Եգիպտոսի գաղութին համար կատարած է Վահան Զարդարեան «Հայ լրագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ (1865-1933)», Տես Յիշատակարան, Ա. հատոր, 1933, էջ 320։ Գաբրիէլ Լազեան եւ Կարօ Գէորգեան արտայայտուած են յունահայ մամուլին մասին։ Մենք առանձնապէս զբաղած ենք Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլով եւ Պետրոսեանի ներկայացուցած 40-50 թերթերուն տեղ, գտած ենք 170-ի մօտ թերթեր։

Երբ այս մասնակի աշխատանքները կատարուին, իրարու միացումով, պիտի կազմուի հայ մամուլի իսկապէս լիակատար պատմութիւնը։ Այլապէս կատարուած բոլոր ճիգերն ալ պիտի մնան թերի։

Ասկէ առաջ առիթը ունեցած ենք անդրադառնալու Պետրոսեանի գործին։ Ակօս ամսաթերթին մէջ տպուած գրութեամբ մը (ԺԵ. տարի, թ. 10-12, 1959, էջ 137-142) գրախօսականի մը սահմաններուն մէջ մնացած ենք։ Այս առիթով աւելի հանգամանօրէն կ՚անդրադառնանք գործին եւ որ ամէնէն կարեւորն է՝ կը ներկայացնենք մեր կատարած ճշդումներն ու յաւելումները։

Տեղին է նշել, որ թերիներու մատնանշման մէջ պատուաբեր աշխատանք կատարած է պուլկարահայ Ներսէս Գասապեան։ Ըստ երեւոյթին նիւթին մասնագէտ մըն է։ Իր դիտողութիւնները լոյս ընծայած է ընդարձակ յօդուածով մը Երեւանի մէջ լոյս տեսնող Պատմաբանասիրական հանդէսի, 1961 տարուան թ. 3-4 միացեալ թիւին մէջ, էջ 307-330։ Թանկարժէք աշխատանք մը։

Ներսէս Գասապեանի կատարած աշխատանքին մէջ ալ կան թերիներ, պակասներ։ Մեր ծանօթութեան ներած չափով սրբագրած ենք զանոնք եւ առանձնապէս կը յիշատակենք այս աշխատասիրութեան վերջաւորութեան։ Չմոռնանք յիշել, որ մեր լրացումներն ալ ամբողջական եւ վերջնական չեն. ուրիշներ հաւանաբար որոշ սխալներ գտնեն։

Մեր մատնանշումները վերջնական տեղեկութիւն չեն հաղորդեր տուեալ թերթին մասին. կը դառնան ուղեցոյց, առնուազն փաստ նման թերթի մը գոյութեան, որպէսզի հայ մամուլի մասնագէտները մղուին անհրաժեշտ լրացուցիչ տեղեկութիւնները հաւաքելու տուեալ թերթին մասին։ Անշուշտ որ վաւերական տեղեկութիւնը այն տեղեկութիւնն է, որ քաղուած է ձեռքի տակ գտնուող թերթէն, որուն փաստը անուրանալի է։ Քանի որ ձեռքի տակ չունինք տուեալ թերթը, քովնտի տեղեկութիւններ պիտի բաւարարեն մեզ։

Հոս առանձնապէս կ՚ուզենք անդրադառնալ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին վերաբերեալ ճշդումներուն եւ լրացումներուն։

Ասոնք առնուած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին նուիրուած մեր անտիպ աշխատասիրութենէն, եւ կարելի է ըսել, որ վաւերական տեղեկութիւններ են, որովհետեւ քաղուած են թերթերէն, խմբագիրներէն եւ հրատարակող անձերէն։ Մեր այդ աշխատասիրութեան մէջ հարկաւոր տեղեկութիւնները, իրենց մանրամասնութեան մէջ տրուած են։ Հոս գոհացած ենք հպանցիկ ակնարկներով։

Հայ մամուլի մատենագիտութեան համար օգտակար են հայ կուսակցութեանց մամուլի պատմութեան, Սփիւռքի զանազան գաղութներուն նուիրուած աշխատանքները. հայ հանրային գործիչներու նուիրուած կենսագրական ակնարկները, հայ մամուլի ստացանքի բաժինները։ Հայ կուսակցութիւններու եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներու հայ մամուլին նուիրուած գրութիւնները, որոնց հանդիպած ենք մեր պրպտումներու ընթացքին եւ որոնք օգտագործուած են մեր այս աշխատասիրութեան մէջ, յարմար կը դատենք յիշատակել հոս, հայ մամուլի մատենագիտութեամբ եւ պատմութեամբ պարապողներուն օգտակար ըլլալու համար։ Կու տանք գրողներուն անունները այբուբենական կարգով։

Գալուստեան տոքթ. Գ. Օ. «Իզմիրի թերթեր», Յունահայ տարեգիրք, Աթէնք, Բ. տարի, 1928, էջ 349-351։

Գանգրունի Հրանդ, «Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան մամուլը 134 թերթ՝ 41 երկիրներու մէջ», Արարատ գրական, Պէյրութ, Գ. տարի, թ. 8-10, 1960, էջ 391-398։

Գէորգեան Կարօ, «Յունահայ մամուլը», Ամէնուն տարեգիրքը, Պէյրութ, Դ. տարի, 1957, էջ 232-244։

«Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած հայերէն թերթերը», Ամէնուն տարեգիրքը, Պէյրութ, Զ. տարի, 1959, էջ 279-282, 317-318։

Զարդարեան Վահան, «Հայ գաղութը եւ մամուլը Եգիպտոսի մէջ» Յիշատակարան, Գահիրէ, 1935-1939, Ա. մաս, էջ 3-20։

«Հայ լրագրութիւնը Կովկասի մէջ», նոյն, Բ. մաս, էջ 1-16։

«Թրքահայ լրագրութիւն եւ մամուլ», նոյն, Դ. մաս, էջ 1-52։

«Հայ գաղութը եւ մամուլը Եւրոպայի մէջ», նոյն, Թ. մաս, էջ 117։

Ընդարձակ տարեցոյց Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, «Ռումանահայ մամուլը», Պոլիս, նոր շրջան, Գ. տարի, 1927, էջ 353-354։

Ընդարձակ տարեցոյց Ազգային հիւանդանոցի, «Հայ մամուլը», Պոլիս, 1930, էջ 170։

Իսրայէլեան Արիս, «Ամերիկահայ մամուլը եւ գրականութիւնը», Ոստան, Պոլիս, Ա. տարի, 1911, թ. 2, էջ 426-431։

Լազեան Գաբրիէլ, «Հայ մամուլը Յունաստանի մէջ», Յուսաբեր, բացառիկ թիւ, նուիրուած հայ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ հայ լրագրութեան հիմնադրութեան 160-ամեակին. Գահիրէ, Շաբաթ, 18 Դեկտեմբեր 1954, էջ 49-50։

Հնչակեան մատեան, հրատ. Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի պրօպականտի դիւանի, պրակ Դ., Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան պրօպականտ-քարոզչական գործունէութիւնը. աշխատասիրեց Միհրան Մ. Սէֆէրեան, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1954 Յունուար։

Մօզեան Լեւոն, «Ֆրանսահայ մամուլը», Ամենուն հասցէն, Փարիզ, Բ. տարի, 1932, էջ 200։

Սուրիահայ տարեցոյց, «Մեծ պատերազմի զինադադարէն վերջ այլ եւ այլ գաղութներու մէջ լոյս տեսած օրաթերթեր եւ պարբերաթերթեր», Հալէպ, Ա. տարի, 1924, էջ 270։

Տէր Գէորգեան Արտաշէս, «Մեր մամուլը» (ռամկավար), Զարթօնք բացառիկ, նուիրուած՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան քառասնամեակին եւ Զարթօնք օրաթերթի քսանհինգամեակին, Պէյրութ, տպ. Ատլաս, 1962, էջ 17-18։

Տէր Թովմասեան Սահակ եւ Վրացեան Սիմոն, «Հ. Յ. Դ. մամուլ եւ հրատարակութիւններ», Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան (1890-1950), հրատ. Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի, Բոստոն, Հայրենիք տպարան, 1950, էջ 562-579։

Տէր Խաչատուրեան Արտաշէս, «Սուրիահայ մամուլը», Արեւելք օրաթերթ, 1960 (ամառ)։

Տէր Խաչատուրեան Արտաշէս «Լիբանանահայ մամուլը» Ազդակ օրաթերթ, ԼԴ. տարի, թ. 174, 24 Սեպտեմբեր 1960, էջ 2. թ. 175, 26 Սեպտեմբեր 1960, էջ

  Տէր Խաչատուրեան Արտաշէս «Հայ մամուլի ցուցահանդէս», (1794-1961), Պէյրութ, տպ. Ատլաս, էջ 1-21։

Փափազեան Դ., «Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեայ մամուլը», Յուսաբեր, բացառիկ թիւ, Գահիրէ, Շաբաթ, 18 Դեկտեմբեր 1954, էջ 55-56։