Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԼՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Նախ կ՚անդրադառնանք առաջին հատորին, որ կ՚ընդգրկէ 1794-1900 լոյս տեսած թերթերը։ Այս հատորը բաղդատմամբ երկրորդին, աւելի ամբողջական կը ներկայանայ, որովհետեւ Պետրոսեանէն առաջ ուրիշներ արդէն բաւական աշխատանք կատարած են ԺԹ. դարու հայ լրագրութեան ցուցակագրումին ճամբով։ Երկրորդ հատորին մէջ թերիները անհամեմատօրէն առատ են, որոնց համար Պետրոսեան պախարակելի չէ։ Նոյնիսկ գնահատելի է, որ այս դժուարին աշխատանքին լծուած է. իր գործը մեզի համար ուղեցոյց է, որպէսզի սրբագրումներ կատարենք։ Եթէ Վենետիկի, Վիեննայի, Երուսաղէմի եւ Անթիլիասի մատենադարաններուն պատասխանատուները անհրաժեշտ բծախնդրութեամբ մօտենան Պետրոսեանի եռահատոր աշխատասիրութեան եւ կատարեն սրբագրումներ, այն ատեն կ՚ունենանք ամբողջականութեան մօտեցող հայ մամուլի ցուցակ մը։

Ճշդումներն ու լրացումները կատարելու համար օգտագործած ենք մեր անձնական հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ հայ մամուլին մէջ մեր հանդիպած գրութիւնները, որոնց օգտագործումը կը նկատենք մեր իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը միաժամանակ։

Ճշդումները կատարած ենք էջ առ էջ։ Տրուած թիւերը կը ներկայացնեն հատորին էջը։ Երբ նոյն էջին վրայ, նոյն անունը կրող թերթեր կան, յիշատակած ենք վայրը որպէսզի շփոթ չըլլայ, այլապէս զանց առած ենք։ Պակսող կամ չյիշատակուած թերթերը առանձին տուած ենք՝ թերթի մը տեղեկութեան վերջաւորութեան, փակագիծի մէջ տուած ենք այդ թերթին այն թիւը զոր մեր ձեռքին տակ ունեցած ենք անհրաժեշտ ճշդումը կատարելու համար։

Կ՚անցնինք ճշդումի եւ լրացումի աշխատանքին։