Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՀԱՏՈՐ. ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ

Կրկնութիւններէ խուսափելու համար ըսենք, որ այս սրբագրութիւնները կապ ունին Յովհաննէս Պետրոսեանի երկրորդ հատորին հետ, որ կ՚ընդգրկէ 1900-1956 երկարաձգուող հայ մամուլին ցուցակագրումը։ Կը մատնանշենք էջը եւ թերթին անունը, յետոյ կատարելու համար մեր ճշդումներն ու յաւելումները։ Եթէ սխալ տրուած տեղեկութիւններ կան, կամ փոփոխելի կէտեր գտնուին, կը յիշատակենք զանոնք, յետոյ տալով սրբագրութիւնները, այլապէս տրուածը ընդունելով՝ յաւելումներ կը կատարենք։

5. Շաւիղ.... Խմբ. ՝ Հ. Ս. Փափազեան։ Ճշդել. նաեւ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան։

8. Pro Armenia. սկսած է 1900-ի Նոյեմբերին։ Խմբ. ՝ Փիէր Քիյեար։ Խմբ. անդամներ՝ Անաթոլ Ֆրանս, Քլէմանսօ, Դընի Կոշէն, Պրէսանսէ եւ Ժան Ժոռէս։ Թերթին քարտուղար՝ Ժան Լոնգէն։

8. Ազատ խօսք. լոյս տեսած է 1901-1906 Փարիզ, իսկ 1906-1908

Աղեքսանդրիա։ Վահան Զարդարեան Երուանդ Օտեանի կողքին կը յիշատակէ Գ. Նազարէթեանը որպէս թերթին պատասխանատու՝ Աղեքսանդրիա հրատարակուած շրջանին։

20. Ֆոնոկրաֆ... 1901։ Ճշդել. Ա. թիւը լոյս տեսած է 1901 Մարտ 1-ին։ Հրատարակիչ՝ Կարապետ Պիպէրեան։

25. Քաղաքացի. խմբագիր-տնօրէն՝ Հայկ Էկինեան։

26. Ազատ բեմ. Վ. Զարդարեան կու տայ հետեւեալ տեղեկութիւնները - 1903-ին Ազատ բեմ կը հրատարակուի Աղեքսանդրիոյ մէջ, որպէս ութօրեայ ազգային, գրական, քաղաքական թերթ։ Քիչ ետք Գահիրէ փոխադրուած է եւ յանձնուած Բարսեղ Օհանեանի եւ Օննիկ Թաշճեանի։ Արտօնատէրն էր Զարեհ Գոչեան եւ աշխատակցած են Լեւոն Լարենց, Մարի Պէյլէրեան եւ միջոց մըն ալ Ե. Օտեան։

29. Երիտասարդ Հայաստան. խմբագիր՝ Ս. Սապահ-Գիւլեան, յետոյ՝ Ե. Սաֆօ (Եդուարդ Սաֆրաստեան), ապա՝ Ե. Սիրվարդ (Եղիա Գրիգորեան)։ Միհրան Սէֆէրեան կու տայ խմբագիրներու շարքը, ինչ որ յարմար կը դատենք հոս յիշատակել։ Խմբագիրներ (իրենց հերթին)՝ Գրիգոր Եղիկեան . Անդրէասեան, Վ. Թուրեան, Բ. Մարգարեան, Վ. Վասակունի, Գ. Աստղունի), Ալէքսանդր Տէր Վարդանեան . Շահումեան), Բ. Վարազդատ (Յակոբ Թիւրապեան), Սոկրատ Խան Գելոֆեանց։

1922-1923. տոքթ. Ստեփան Տէր Պաղտասարեան, Մարգար Ձագիկեան, Աւետիս Նազարբէկ, Պետրոս Պոնտացի, Վարդան Տիրատ։

1924-1954. Սեդրակ Շահէն, Սարգիս Սիմոնեան, Արշաւիր Շամլեան։

Զանազան շրջաններու՝ Երիտասարդ Հայաստանի խմբագրութեան եւ վարչութեան մաս կազմած են Ասատուր Միլիտոնեան, Յակոբ Բարիջանեան, տոքթ. Արշաւիր Իգնատիոսեան, Վահան Չուգասըզեան, Ջրվէժ (Մկր. Գասպարեան), Ա. Միրիճանեան, Զ. Հաճեան (Արդարունի), Մ. Թառայեան, Ս. Սարգիսեան, եւլն. ։

Երիտասարդ Հայաստան՝ իր յիսնամեակին առիթով, լոյս ընծայած է յիշատակի հատոր մը 1937-ին, խմբագրութեամբ Ե. Սիրվարդի։

30. Ժողովուրդ. Տէր եւ տնօրէն՝ Աւետիս Պալեան։ 1904-ին կիսամեայ հանդէսի վերածուած։

31. Լրաբեր... 1903. Տէր եւ տնօրէն Գրիգոր Սաֆարեան։ Ճշդել. Զարդարեան կու տայ 1900. խմորատիպ։ Տէր եւ տնօրէն՝ Գրիգոր Սարաֆեան։

35. Փեթակ. լոյս տեսած է 7 թիւ։

37. Գրասէր. լոյս տեսած է 12 թիւ։ Խմորատիպ։

37. Լուսաբեր... Գահիրէ, 1904-1908. Խմբագիր՝ Վահան Քիւրքճեան։ Ճշդել. սկսած է 1904 Դեկտեմբեր 1-ին, որպէս երկօրեայ։

Կիպրոսի փոքրիկ տպարանէն, որ խնամակալութեան հրահանգով փոխադրուած   էր   Գահիրէ   («Ինքնակենսագրութիւն Վահան Քիւրքճեանի», Զարթօնք բացառիկ, Պէյրութ, 1962, էջ 236)։ 1905-ին՝ երբ Գահիրէի Ազգային Գալուստեան վարժարանի տնօրէն կը նշանակուի, Լուսաբերի խմբագրութեան գործը կը յանձնուի Արփիար Արփիարեանի, որ Վենետիկէն հրաւիրուած էր։ 1907 Նոյեմբեր 22-ին Քիւրքճեան Ամերիկա փոխադրուելով (նոյն, էջ 237), ուրեմն թերթը խմբագրած կրնայ ըլլալ առաւելագոյնը մէկ տարի։

Արփիարեանի խմբագրութիւնը տեւած է մինչեւ իր եղերական մահը - 11 Փետրուար, 1908։ 1908 Դեկտեմբեր 31-ին Լուսաբեր միացաւ Արեւ-ի եւ սկսաւ լոյս տեսնել Լուսաբեր-Արեւ անունով մինչեւ 1913 թուականը։

38. Վիպաթերթ. Չի յիշատակեր խմբագիրը, որ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանն է։

49. Յառաջ. խմբագիր՝ Ս. Սահակեան։ Ճշդել. լոյս տեսած է 5 թիւ։ Խմբագիր՝ Աւետիս Սահակեան (Հայր Աբրահամ)։

49. Հերիք է. խմբ. տնօրէն՝ Իշխան Բնինիկ։ Ճշդել. խմբ. -տնօրէն՝ Տ. Բենիկ։

50. Վահան Թէքէեանի գործերու յիշատակութեան մէջ մոռցուած է Հայերգութիւնը, լոյս տեսած 1943ին՝ Գահիրէ։ Թէքէեանի խմբագրած թերթերու կարգին մոռցուած է Պէյրութի Զարթօնքը։

57. Օրէնք. Լոյս տեսած է 13 թիւ։

66. Թերթիկ. առաջին թիւը կը կրէ Չորեքշաբթի, 11 Յուլիս, 1906։

73. Կրակ. Սկսած է 1906 Սեպտեմբեր ամսուն - թ. 3-ը կը կրէ Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 1906 թուականը։ Հատը 1 ղրուշ։ Լոյս տեսած է 5-6 թիւ (ըստ Զարդարեանի)։

73. Յառաջ. Օրգան Հ. Յ. Դ. Ար. Բիւրոյի։ Ա. թիւը կը կրէ 17 Յունուար, 1906 թուականը։ Լոյս տեսած է 76 թիւ, որմէ ետք կը շարունակուի հրատարակուիլ մինչեւ 1909, զանազան անուններով, խմբագրական մարմինի կողմէ։ Խմբագրութեան մաս կազմած են Աւետիս Ահարոնեան, Յոնան Դաւթեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գարեգին Խաժակ, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս Իւսուֆեան եւ Միքայէլ Վարանդեան։

Երեք տարուան ընթացքին ունեցած է մօտ 15 անուանափոխութիւն, որովհետեւ իր «վնասակար ուղղութեան» պատճառով կառավարութեան կողմէ խափանուած է։ Կրած անուանափոխումներն են

Ալիք, Զանգ, Երկիր, Ժամանակ մինչեւ 1907-ի վերջը։ Փայլակ, Ժայռ, Խարիսխ, Կովկասեան առաւօտ, Նոր ալիք եւ Վտակ՝ 1908-ին։

Այնուհետեւ՝ Զանգ եւ Գործ։

86. Պիծակ։ Գահիրէ։ Զարդարեան հրատարակութեան վայր կու տայ Աղեքսանդրիա։

86. Ռահվիրա։ Ամսաթերթ։ Շումլա, 1906. Ֆիլիպպէ, 1907։ Լոյս է տեսել 1-8 համար։ Ճշդել. Ռահվիրայ, օրկան Պուլկարիոյ Հայ Ուսուցչական Միութեան։ Շումլա, 1906 Սեպտեմբեր։ Տպագրութիւն Յ. Աւետարանեան։ 8 էջ (27. 5 x 20 սմ. Խմբ. մարմին՝ Ս. Ապազայեան, Գորգինայ (օրիորդ մը), Կռան (Վարդավառ Տագէսեան, Կեդրոնականէն շրջանաւարտ), Ստեփան Հինտլեան, Մ. Յ. Գուլագսըզեան, Կարապետ Պիօնեան (դաշնակցական, կեդրոնականցի)։

Թիւ 7-էն սկսեալ փոխադրուած է Ֆիլիպպէ, խմբագրուած Մատթէոս Երէցեանի (Խելօք Դաւիթ) կողմէ։ Տպագրութիւն «Ռազմիկ»ի։

Մատթէոս Երէցեանի քով տեսած ենք 1-10 թիւերը (Սեպտ. 1906 Յունիս 1907)։ Ըստ Երէցեանի, տարի մը եւս շարունակուած է։

102. Ապագայ. արտօնատէր՝ Ա. Տէր Աբրահամեան։

102. Արեւ. Երուանդ Օտեան հիմնադիրն է Արեւ թերթին։ Լոյս ընծայած է 1907-1908, 150 թիւ։ Իր ճամբորդելէն ետք թերթը միացած է Լուսաբերի եւ լոյս տեսած Լուսաբեր-Արեւ անունով, արտօնատիրութեամբ Paul Barbey-ի։ Հաւանաբար 1913-ին այս երկուքը կը բաժնուին եւ Լուսաբեր կ՚անցնի Արմենակ Մէօթէմէտեանի ձեռքը, որ թերթին անունը փոխելով կը սկսի լոյս ընծայել Յուսաբերը։ Իսկ Եգիպտոսի Սահմ. Ռամկավար կուսակցութիւնը ուզելով թերթ մը հրատարակել, կը վերանորոգէ Ե. Օտեանի Արեւ թերթին արտօնագիրը եւ 1915 Մայիս 11-ին կը սկսի թերթին նոր շրջանը Աղեքսանդրիոյ մէջ, ապա կը փոխադրուի Գահիրէ։ Արտօնատէրներ՝ Լեւոն Մկրտիչեան, Յակոբ Փափազեան եւ Տիգրան Հաճընլեան։ Իսկ խմբագրապետներ՝ Վահան Թէքէեան, Միքայէլ Կիւրճեան, փրոֆ. Յ. Յակոբեան, Յովհաննէս Սէքսէնեան, Օննիկ Մահտեսեան, Յակոբ Փափազեան, Յովհաննէս Պօղոսեան եւլն. ։ Ներկայ խմբագիրն է Էտմոն Կոտալազեան։

119. Ասպարէզ. Սկիզբը շաբաթաթերթ, 1923-24-էն երկօրեայ, իսկ 1948-էն սկսեալ եռօրեայ։ Յաջորդական խմբագիրներ՝ Սէքլէմեան, Յ. Գապատայեան, Ա. Միքայէլեան, Մ. Օզանեան, Յ. Ամատունի, Մ. Վերածին, Մ. Համբարձումեան, Ա. Խտըրեան, Մելիք Շահ, եւայլն։

119. Արձագանգ. Արտաշէս Տէր Գէորգեան կու տայ Սուրէն Պարթեւեանի անունը որպէս խմբագիր՝ Վահան Թոշիկեանի կողքին։

129. Լուսաբեր-Արեւ։ 1908-1912. խմբագիր-արտօնատէր՝ Վահան Քիւրքճեան։ Ճշդել. Վահան Քիւրքճեան 1907 Նոյեմբերին Ամերիկա փոխադրուած ըլլալով չէր կրնար խմբագիր-արտօնատէր ըլլալ։

Սխալը կա՛մ թերթը լոյս ընծայողներէն է, որոնք պէտք է գրէին արտօնատէր եւ ոչ թէ խմբագիր-արտօնատէր, եւ կա՛մ Յովհաննէս Պետրոսեանէն։

131. Կավռօշ... ըստ Թորոս Ազատեանի առաջին խմբագիրը եղած է Գրիգոր Թորոսեան (1908-1910), ապա 1910-էն սկսեալ Երուանդ Թօլայեան։

149. Ազատամարտ... 1909-1934։ Հիմնուել է 1909 թ. Յունուար 10-ին։ Ճշդել եւ աւելցնել. 1909-1914։ Հիմնուած է 1909 Յունիս 10/23-ին։

Կը խմբագրուէր խմբագրական մարմինի կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Ռուբէն Զարդարեանի։ Խմբագիրներն ու աշխատակիցները եղած են Սիմոն Զաւարեան, Է. Ակնունի, Ա. Վռամեան, Յ. Շահրիկեան, Գարեգին Խաժակ, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեւոնեան), Ռուբէն Դարբինեան, Գեղամ Բարսեղեան, Հ. Համբարձումեան, Ն. Փափազեան, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Գ. Զօհրապ, Միքայէլ Վարանդեան, Աւետիս Ահարոնեան, Աւետիք Իսահակեան, Վ. Փափազեան, Զ. Եսայեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Մելքոն Կիւրճեան, Բարսեղ Շահպազ, Մար, Շ. Միսաքեան, Ս. Վրացեան, Կ. Փաշայեան, եւլն. ։

Մինչեւ 1912 հրատարակուելէ ետք կառավարական արգելքի պատճառաւ փակուած եւ անուանափոխութեամբ սկսած է լոյս տեսնել - Առաջամարտ, Բագին, Բիւթանիա, կրկին Առաջամարտ, Բիւթանիա, Ազդակ, Մեղու, Շանթ, Ճակատամարտ։ Վերջին թիւը (1815) լոյս տեսած է 1914 Ապրիլ 11/24-ին։ 1910-11-ին Ազատամարտ ունեցած է գրական գիտական շաբաթաթերթ յաւելուածը։

1918-ի զինադադարէն ետք, իբրեւ շարունակութիւն Ազատամարտ-ի հրատարակուեցան Ճակատամարտ, Արիամարտ, Արդարամարտ՝ խմբագրութեամբ Յ. Ճ. Սիրունիի, Շաւարշ Միսաքեանի եւ Մանուկ Ասլանեանի։

163. Յառաջ. եռօրեայ։ Ա. թիւը լոյս տեսած է 1909 Մայիս 31-ին։ Յաջորդական խմբագիրներ՝ Ե. Թոփչեան, Ս. Վրացեան (1910-1911), Շ. Միսաքեան, Փիլոս։

163. Հորիզոն. Հ. Յ. Դ. եան դէմ՝ ռուս կառավարութեան յարուցած հալածանքներուն հետեւանքով՝ 1909-ին, Հ. Յ. Դ. Արեւելեան Բիւրոյի պաշտօնաթերթի հրատարակութիւնը դադրեցաւ։ Անոր փոխարէն 1909-ի վերջերը, սկսաւ լոյս տեսնել Հորիզոնը, որպէս անկուսակցական օրաթերթ, արտօնատիրութեամբ Համբարձում Մելիքեանի, որուն սեփականութիւնը դարձաւ թերթը։ Խմբագիր կամ խմբագրութեան մաս կազմած են՝ Նիկոլ Աղբալեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս Թումանեան, Վալատ Վալատեան, Արշակ Ջամալեան, Աւետիք Շահխաթունեան, Միքայէլ Վարանդեան, Սիմոն Վրացեան (1917-1918), Վահան Նաւասարդեան, եւայլն։

188. Շեփոր. լոյս տեսած է 1-2 թիւ։

198. Աստղիկ. Խմբ. ՝ հայր Մկրտիչ վրդ. Պոտուրեան։

204. Լուսարձակ... Պատ. տնօրէն՝ Կ. Գալփաքճեան։ Ճշդել. Արտաշէս Գալփաքճեան։

204. Լրաբեր... Լոյս տեսած Արեւելք-ի փոխարէն, 1 թիւ։

204. Կայծ. Միհրան Մ. Սէֆէրեան որպէս արտօնատէր կը յիշատակէ Երուանդ Ամատունին, իսկ որպէս խմբագիրներ՝ Գեղամ Վանիկեանը, Արսէն Կիտուրը, Վահան Զէյթունցեանը եւ Հայկ Գալճեանը։

215. Մալէշ. Խմբ. ՝ Գրիգոր Համբիկեան (Ռաուլ Բօնշօն)։

218. Շանթ. կրած է փոփոխութիւններ, որոնց մասին խմբագրութիւնը կը գրէ. «Մօտաւորապէս տասը ամիս կ՚ընէ որ Շանթ իր 59-րդ թիւով (1/14

 

Յուլիս 1914) դադրեցաւ կիսամսեայ ըլլալէ՝ յաջորդաբար ըլլալու համար օրաթերթ՝ թիւ 60 (12/15 Սեպտ. 1914) - 123 (14/27 Նոյ. 1914) եւ շաբաթական լրագիր (թիւ 124 (23/6 Դեկտ. 1914) - 138 (22/7 Մարտ 1915)։

«Ահաւասիկ այսօրուընէ կը սկսինք հրատարակել իբրեւ շաբաթաթերթ, կիսամսեայ Շանթին ուղղութիւնով եւ ծաւալով . տարի, թ. 139, 11/24 Ապրիլ, 1915, էջ 183)»։

Պատ. տնօրէն՝ Ն. Եազըճեան։

Լոյս տեսած է նաեւ զինադադարէն ետք։ Խմբ. ՝ Մերուժան Պարսամեան։

234. Ռահվիրայ... օրաթերթ, 1911-1912։ Ճշդել եւ աւելցնել. լոյս տեսած է 1912 Փետրուար 19-ին, Բիւզանդիոն թերթին տեղ։ Ա. թիւին մէջ հետեւեալ լուսաբանութիւնը կը տրուի. «Դադարեալ Բիւզանդիոնի տնօրէնութեան հետ եղած կարգադրութեան մը համեմատ, մինչեւ որ յիշեալ լրագրին վերերեւումը արտօնուի, իր բաժանորդներուն պիտի ղրկուի Ռահվիրայ օրաթերթը» (Ժամանակ, Քառասնամեայ Յիշատակարան (1908-1948), էջ 36)։ Տէր եւ տնօրէն Արշակ Ալպօյաճեան։

242. Հեռաձայն... 1912-1913։ Ճշդել եւ աւելցնել։ 1913 Յունուար 22-ին Օսմանեան Մամլոյ Վերատեսչութեան կողմէ կը դադրեցուի Ժամանակ թերթը, որուն տեղ՝ Յունուար 24-ին լոյս կը տեսնէ Հեռաձայն օրաթերթը՝ արտօնատիրութեամբ Սարգիս Գօչունեանի, Հեռաձայն լոյս կը տեսնէ 1-23 թիւ (Ժամանակի թիւով 1347-1369)։

1913 Մարտ 1-ին Ժամանակ վերհրատարակութեան արտօնութիւն կը ստանայ, բայց Յունիս 25-ին նորէն կը դադրեցուի, որուն տեղ կը վերհրատարակուի Հեռաձայնը, որ լոյս կը տեսնէ Յունիս 27-ին։ Լոյս կը տեսնէ 19 օր, թ. 25-43։

Յուլիս 16-ին կը վերհրատարակուէր Ժամանակ, սակայն Օգոստոս 29-ին նորէն դադարման կը դատապարտուէր։ Սեպտ. 2-ին երրորդ անգամ ըլլալով կը հրատարակուէր Հեռաձայն-ը 43 օր . 4482)։ Այս երրորդ շրջանին պատ. տնօրէնն էր Հրանդ Սամուէլեան, իսկ արտօնատէրը՝ Սարգիս Գօչունեան։

245. Յուսաբեր. Նախապէս եռօրեայ։ Յաջորդական խմբագիրներ՝ Ս. Պարթեւեան, Ս. Եսայեան, Ա. Հանըմեան, Վ. Նաւասարդեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Բենիամին Թաշեան, Սարգիս Զէյթլեան, եւայլն։

 

246. Մեղու. Շաբաթաթերթ։ Նախ խմորատիպ, ապա տպագիր։ Խմբագիրներ՝ Յակոբ Չալըգեան, Տ. Ծամհուր եւ Ս. Սրենց։

246. Միութիւն. 258. Յուշարար. Այս երկու թերթերուն մասին ալ թերի տեղեկութիւններ տրուած են։ Յուշարար թերթի 50-ամեակին առիթով լոյս ընծայուած թիւով տրուած են տեղեկութիւններ, զորս անհրաժեշտ կը նկատենք հոս մէջբերել։ Յուշարարի առաջին թիւը լոյս տեսած է 1914-ի Յունիսին, Պոսթըն գումարուող Հ. Բ. Ը. Միութեան Ամերիկայի մասնաճիւղերու երկրորդ խորհրդակցական համաժողովին որոշումով, Նիւ Եորքի տպարան Կոչնակէն, իբր պաշտօնաթերթը Միութեան Ամերիկայի Շրջանակին։ ... Յուշարար զանազան ծաւալ ու ձեւ փոխելէ ետք, - քառամսեայ, միամսեայ, շաբաթաթերթ, կիսամսեայ - 1925-ի Հոկտեմբերին Պոսթընէն փոխադըրուած է Նիւ Եորք, ուր կը մնայ մինչեւ այսօր, եւ 1926-ի Հոկտեմբերի թիւէն սկսեալ անիկա վերածուած է ամսօրեայ պաշտօնաթերթի»։

Նոյն թիւին խմբագրականին մէջ Միութիւն թերթին մասին գրուած է. «Հ. Բ. Ը. Միութեան պաշտօնաթերթը, Միութիւն, լոյս տեսած է Գահիրէի մէջ, 1912-ի Յունուարին։ ... Միութիւնի հրատարակութիւնը դադրած է 1940-ի Ապրիլին, Փարիզի գրաւումին հետեւանքով, եւ վերհրատարակուած՝ 1947-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Յուշարարին հետ բաժնելով նոյն կողքը, աւելորդ աշխատանք եւ նիւթական խնայելու իմաստուն տնտեսավարութեամբ։ 1963-ի Յունուարէն սկսեալ, Յուշարար-Միութիւն միանալով՝ Հ. Բ. Ը. Միութեան պաշտօնաթերթը, իսկ անգլերէն Յուշարարը, որ տասնամեակէ մը աւելի առանձինն կը տպուէր՝ նորահաս սերունդին ծանօթացնելու Միութեան կեանքն ու գործը, կը մնայ որպէս Միութեան Ամերիկայի Շրջանակին պաշտօնաթերթը։ Ամէն ամսուան 1-ին լոյս կը տեսնէ անգլերէն թերթը, 9000 տպաքանակով, իսկ ամսուան 15-ին՝ հայերէն թերթը, 10, 200 տպաքանակով» («Կէ՜ս դար», Ա. Լ. Փ., Յուշարար-Միութիւն, 51-րդ տարի, թ. 12, Յունիս 15, 1964. Միութիւն, թ. 457, էջ 3-4)։

253. Գալուստեան Միութիւն. լոյս տեսած է մէկ թիւ։

260. Նոր հոսանք. Խմբագիր՝ բժիշկ Արշակ Ղազարեան եւ Նիկոլ Աղբալեան։

267. Ալիք... Վերջին թիւը կը կրէ 19 Յուլիս, 1914 թուականը։

271. Հորիզոն. 1914-1918։ Ճշդել. 1914-1915։

277. Ռամկավար. Խմբ. ՝ Ս. Տուչկերեան։ Ճշդել. խմբ. ՝ Ս. Տուլկերեան։

277. Սաւառնակ. 1914-1956 (կը շարունակուի)։ Արտ. ՝ Եր. Մարլեան։ Ճշդել. Զարդարեան սկսած կը նկատէ 1919-ին։ Արտ. ՝ Երուանդ Մսրլեան։

280. Բանբեր. Սէֆէրեան կը յիշատակէ Էմիլը (Գէորգ քհնյ. Մկրտումեան) նաեւ որպէս խմբագիր։

280. Խարաշո։ 1915։ Ճշդել. 1914։ Լոյս տեսած է 3 թիւ։ Խառաշօ. հրատարակողներ՝ Ա. Մսրլեան, Ե. Քերեսթեճեան եւ Գրիգոր Համբիկեան։

283. Պրիսմակ... 1915։ Ճշդել. 1917. հրատարակիչ՝ Բագրատունի։

Լոյս տեսած է 1 թիւ։

285. Անապատի յուշարձանը... Խմբ. Կարօ Պալեան։ Մեր ունեցած թիւերը խմբագիր ցոյց կու տան Սուրէն Պարթեւեանը։

  287. Գաղափար։ Խմբագիրներ՝ Վահան Մարսեան, Տք. Տաշիր (Սիմէոն Հովիւեան), Լազօ (Յկ. Ղազարեան)։

287. Լուսաւորիչ... 1916-1919։ Ճշդել. լոյս տեսած է աւելի երկար։

Ձեռքի տակ ունինք Դ. տարուան, թ. 1-2 միացեալ թիւը (1920, Յունուար 30)։

295. Զանգ. Երկօրեայ։ Խմբագիրներ՝ Փ. Յակոբեան, Ս. Թորոսեան, Սիմոն Վրացեան։

299. Ռազմիկ. Խմբ. ՝ Նիկոլ Աղբալեան։

299. Սոցիալ-Դեմոկրատ. Խմբագիրներ՝ Վ. Մարսեան եւ Լազօ։

299. Վերածնունդ... 1917-1919։ Ճշդել. 1917 Յուլիս 17-1921։ Լոյս տեսած տոքթ. Լեւոն Համբարձումեանի խմբագրութեամբ եւ սկիզբները չէզոք ուղղութեամբ, իսկ 1920-էն սկսեալ դաշնակցական խմբագրական կազմով - տոքթ. Ա. Սալբի, Ռաֆայէլ Շիշմանեան, Ս. Սասունի եւ տոքթ. Հ. Համբարձումեան։

303. Ազգային խամաճիկներ... 1918։ Ճշդել. շաբաթաթերթ (՞), 1919 . թիւը կը կրէ Մարտ 23, 1919 թուականը), տպ. Ֆէյհա, վիմատիպ, 1 էջով (34. 5 x 23. 5 սմ. Գին 40 փարա։ Խմբ. ՝ Արմենակ Տէր Յակոբեան։

304. Ժողովուրդ... 1918-1920։ Ճշդել եւ աւելցնել։ Լոյս տեսած է 1918 Նոյեմբեր 3-ին։ Տնօրէն խմբ. ՝ Տիգրան Զաւէն։ Արտ. ՝ Մ. Սանճագեան։ 58 թիւ լոյս տեսնելէ ետք, կոչուած է Ժողովուրդի ձայնը (քաղաքական եւ հասարակական օրաթերթ)։ Խմբ. ՝ Յովհաննէս Յակոբեան։ 1919-ին անուանափոխուելով կը կոչուի Ժողովուրդի արձագանգը, իսկ 1920-ի Յուլիս 15-ին Ժողովուրդի ձայնը անունով կը միանայ Ժամանակի (Ժամանակ, Քառասնամեայ յիշատակարան, էջ 182)։

312. Տարագիր... 1918։ Ճշդել. օրաթերթ. 1918-1919. խմբ. ՝ Բենիամին Միլտոնեան։

320. Երկիր... Պոլիս, 1919-1922։ Ճշդել. 1919-1923։ Արտ. ՝ Օ. Ճենազեան։ Խմբագիրներ՝ Վահան Զէյթունցեան, Հրանդ Գալիկեան, Եդուարդ Չոփուրեան, Ժիրայր Միրզախանեան, տոքթ. Հայկ Գալճեան, Պետրոս Պոնտացի, Տ. Զաւէն, Զարեհ Նեմցէ, Մ. Օշին (Միհրան Ուզունեան), Լեւոն Կանտ, Վահան Թոթովենց, եւլն. ։

320. Լոյս. Խմբագրական մարմինին մաս կազմած է Գեղամ Տէր Ստեփանեան, ծնած 1898-ին Սարիղամիշ եւ սպաննուած Փետըրուարեան ապստամբութեան շրջանին՝ Ղամարլուի ճակատի կռիւներուն մէջ։

324. Հայ կին... 1919-1925։ Ճշդել. լոյս տեսած է աւելի երկար։

Ձեռքի տակ ունինք ԺԴ. տարուան թիւ 1-ը (1933 Յունուար)։ Եղած է նաեւ ամսագիր։

329. Յառաջ. Երեւան։ Աւելցնել. յաջորդական խմբագիրներ՝ Ս. Վրացեան (1919-1920), Արտաշէս Չիլինգարեան եւ Վ. Նաւասարդեան։

330. Մոծակ... Լոյս տեսած 1-2 թիւ իբր շարունակութիւն Տրապիզոնի Մոծակին։

332. Շիրակի Աշխատաւոր. խմբագիրներ՝ Հ. Սարգիսեան եւ Հ. Չոլագեան։

335. Արարա... Պատ. տնօրէն՝ Հայկ Մարտիրոսեան։ Ճշդել. Հայկ Մաստիկեան։

339. Դիտարանը եւ... Պէյրութ, 1920-30. էջ 359-ի վրայ կրկնուած է այս թերթը, որպէս հրատարակութեան վայր ցոյց տրուած Պրուկլին։ Այս անունով թերթ լոյս չէ տեսած Պէյրութի մէջ։ Հաւանաբար Պէյրութ եւ Պրուկլին անունները շփոթուած են։

340. Դիրքերում. Շաբաթաթերթ, զինուորներու համար։ Խմբ. ՝ Սիմոն Վրացեան եւ Արշակ Աւագեան։

354. Ժողովուրդի ձայնը Ժամանակ... 1920-1922։ Ճշդել եւ աւելցնել. Յուլիս 15 - 1924-ի վերջերը։ Արտ. ՝ Արամ Ինճիճեան։ Պատ. տնօրէն՝ Շաւարշ Յակոբեան։ Վարչական տնօրէն՝ Սարգիս Գօչունեան։ Խմբ. մարմին՝ տոքթ. Յակոբ Թօփճեան, Ա. Մուպահեաճեան, Սիմոն Չէօմլէքճեան (Շիրակացի), Վահան Միրագենց եւ Լեւոն Միհրանեան։

Քանի մը ամիս ետք խմբագրապետութեան կը հրաւիրուի Վահան Թէքէեան, որ մինչեւ իր մեկնումը Պոլսէն, 1922-ի վերջերը, կը վարէ այդ պաշտօնը։ Անոր մեկնումէն ետք, միջոց մը, խմբագրապետ կ՚ըլլայ Հրաչ Երուանդ։

356. Մասիս. Խմբ. ՝ հայր Մկրտիչ վրդ. Պոտուրեան։

356. Նոր աշխարհ. Խմբ. ՝ Մատթէոս Երէցեան։

356. Շաւիղ-Իգնատ աղա. Խմբագիրներ՝ Լեւոն Շաթրեան եւ Երուանդ Օտեան։

356. Ռազմիկ... 1920։ Ճշդել. սկսած է 1921 Մարտ 10-ին։

357. Օշական. Խմբ. ՝ Արտաշէս Յովհաննէսեան։ Ըստ Հրանդ Բալուեանի լոյս տեսած է 7 թիւ (անձնապէս ունինք առաջին վեց թիւերը)։ Յովհաննէսեան մեռած է թունաւորումէ, Փարիզ, 1939 Յունուար 26-ին (տես Զուարթնոց ամս., թ. 8, 1 Ապրիլ, 1939, էջ 7)։

358. Ազատ Հայաստան. Խմբագիրներ՝ Արտաշէս Չիլինգարեան եւ Մ. Օզանեան։

Սկսած է 1919 Փետրուար 19-ին եւ լոյս տեսած է 36 համար։ Մարտ 18-ին թրքերէնով՝ Ազատ Էրմէնիստան թերթը, իսկ Մարտ 22-ին՝ ռուսերէնով։

359. Ապագայ. 1921-1934։ Ճշդել. 1921-1949։

364. Հայ պատանի... 1921-1922։ Ճշդել. սկսած է 1920-ին։

364. Մարտիկ աղա. արտ., պատ. տնօրէն՝ Վ. Զարդարեան։

Ճշդել. Վահան Չաքարեան։

365. Շարժում. աւելցնել. խմորատիպ. խմբ. ՝ Վահրիճ Կէօքճէեան։

366. Պայքար. Խմբագիրներ՝ Հրաչ Երուանդ, Ա. Ն. Նազար, Անդրանիկ Անդրէասեան եւ ուրիշներ։

368. Սոցիալիստ Հայաստան. Խմբ. ՝ Ս. Սապահ-Գիւլեան։

378. Երկունք. Օրաթերթ։ Ճշդել. երկօրեայ կամ շաբաթաթերթ։

Լոյս տեսած 7-8 ամիս (1922-1923)։ Հնչակեան ուղղութիւն ունեցող։

Խմբ. ՝ Յարութիւն Գասպարեան (Արտէմիս)։ Հրատարակիչներ՝ Արիս Կ. Գալֆայեան եւ Իգնատիոս Ս. Սուքիասեան։ Լոյս տեսած է 51 թիւ։

379. Հայաստանի ձայն։ Խմբ. ՝ Սիմոն Վրացեան, Աւետիս Ահարոնեան եւ տոքթ. Նեւրուզ։ Արտ. ՝ Georges Amiard։

380. Ալիք. աւելցնել. 1923 Փետրուար - 1927 Նոյեմբեր 1927-ի սկիզբը Սելանիկէն փոխադրուած է Աթէնք եւ հոն լոյս տեսած է։

Խմբագիրներ՝ Լեւոն Մոզեան (1923-1925 ամառ), ապա Կարօ Գէորգեան (1925 ամառուընէ մինչեւ 1927 Նոյեմբեր)։ Արտ. ՝ Գէորգ Փափազեան։ Օրգան Հ. Յ. Դ. Մեկուսի Կոմիտէի։

381. Լիբանան... 1923-1934։ Ճշդել. 1924-1935։ Արտ. ՝ նախ Մանուէլ, ապա Ժոզէֆ Աճէմեան եղբարք։ Այս թերթը ընդհանրապէս կառավարուած է Հնչակեան խմբագիրներով Միհրան Նաճարեան (1924-25), Մ. Սէֆէրեան (1926, 1929, 1932), Յր. Պալեան (1929), Միհրան Աղազարեան (1930), Բագարատ Սիւնիք, Սամուէլ Թումաճանեան։

381. Լրատու։ Եռամեայ հանդէս։ Աւետարանական Ընկերութեան։ 1923։ Ճշդել. 1923-1944... ։ 1944 Մայիսի թիւին մէջ տրուած են որոշ լուսաբանութիւններ, զորս անհրաժեշտ կը նկատենք հոս մէջբերել. «Լրատուն տարիներ առաջ եռամսեայ հրատարակութիւն մըն էր։ Ապա, տնտեսական անձուկ պայմաններ անհրաժեշտ դարձուցին տպագրական խնայողութիւն։ Ուստի միայն պարբերաբար սկսաւ հրատարակուիլ ան, միջին հաշուով՝ տարեկան երկու թիւ. գլխաւորաբար, հաւատարիմ հրատարակութեան անուան եւ նպատակին, արտասահմանեան դաշտերէն եկած լուրերու եւ տեղեկութիւններու տեղ տալու համար։

«Դժբախտաբար, վերջին երկու տարուան մէջ կարելի չեղաւ նոյնիսկ սոսկական մէկ թիւ մը հրատարակել»։

Թերթին ենթախորագիրն է՝ Լրատու Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ամերիկայի։

381. Գիտական շարժում. Ամսաթերթ։ 1923-1924։ Ճշդել. Ամսաթերթ։ Գիտական,   տնտեսական, ընկերաբանական,   գրական, բժշկական, կրթական եւ գիւղատնտեսական։ Հալէպ, 1923 ՅունիսՆոյեմբեր (թէեւ վերջին թիւին կողքին վրայ տպուած է Յունուար 22, 1924)։ Տպ. Սուրիական Մամուլի։ 16 էջ։ (29 x 21 սմ. Լոյս տեսած է 6 թիւ, 96 էջ։ Խմբ. ՝ Վարդ-Մեխակ (Վարդիվառ Գարանֆիլեան)։

381. Հայրենիք. Խմբ. ՝ Ռուբէն Դարբինեան։

382. Մեղու. Խմբ. ՝ Լեւոն Շաթրեան։

389. Նոր օր... 1923-1930։ Ճշդել. 1923 Մարտ 25-1944 Սեպտեմբեր։

Հրատարակութիւն Նոր օր հրատարակչական ընկերութեան։ Հիմնադիրներ՝ Գաբրիէլ Լազեան, Անտոն Կազէլ, Արամ Շիրինեան եւ Պօղոս Սվաճեան։ Խմբ. ՝ Անտոն Կազէլ։ Սկիզբը շաբաթաթերթ, քանի մը ամիս ետք երկօրեայ, իսկ 1924 Յունուար 1-էն սկսեալ օրաթերթ։ Լոյս տեսած է Փարասքեւա Լէոնիսի տպարանէն (Աթէնք, Բերիքլէս փողոց)։

Գաբրիէլ Լազեան հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ Նոր օրի մասին։ «Հազիւ քանի մը թիւ հրատարակուած՝ Սվաճեան կը մեկնի Գանատա, աւելի ետք Շիրինեան եւս կը մեկնի Աղեքսանդրիա։ Նոր օր կը վերածուի եռօրեայի, ապա երկօրեայի, ի վերջոյ շուտով օրաթերթի։ Մինչեւ 1940 առանց ընդհատումի, 17 տարի լոյս կը տեսնէ պատասխանատու տնօրէնութեամբ Գաբրիէլ Լազեանի եւ խմբագրութեամբ Անտոն Կազէլի եւ Գաբրիէլ Լազեանի, իբրեւ օրգան Հ. Յ. Դ. Կ. Կոմիտէի։

Բ. Համաշխարհային պատերազմին, Մետաքսասի կառավարութեան օրով, կը դադրեցուին բոլոր օտար թերթերը, նաեւ Նոր օրը։

Գերմանական գրաւման շրջանին, Ա. Կազէլ իր անձնական պատասխանատուութեամբ մինչեւ Սեպտեմբեր 1944 կը վերհրատարակէ Նոր օրը, երկու էջով եւ փոքրադիր։

Վերհրատարակուած է 25 Փետրուար 1945-ին Ազատ օր անունով։

1927-ին Նոր օր լոյս ընծայած է գրական երկու տետրակներ։

392. Կայծ. 1924։ Ճշդել. 1924-1925. սկսած է Հոկտեմբեր 1-ին եւ դադրած առնուազն 5 թիւ լոյս ընծայուելէ ետք։

394. Նոր լուր. արտ. ՝ Վ. Թովմասեան։

395. Նոր Փիւնիկ. 1924-1926։ Ճշդել. 1925-1927 Փետրուար։ Խմբ. ՝ Խոսրով Թիւթիւնճեան։

396. Փիւնիկ. Եռօրեայ։ Խմբ. ՝ Ա. Արշակունի (Արշակ Յովհաննէսեան)։ Այս թերթին յաջորդած է Նոր Փիւնիկը։

396. Ֆօրթի ֆօր։ Լոյս տեսած է մէկ տարի։ Արտ. ՝ Գաբրիէլ Լազեան. խմբ. ՝ Միքայէլ Բարթիկեան։

397. Բանբեր... 1925-1932։ Ճշդել. ցարդ կը շարունակուի։ Ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւններ կրած է. տասնամեակէ մը աւելի է որ լոյս կ՚ընծայուի որպէս պաշտօնաթերթ ֆրանսահայ Աւետարանական Միութեան։ Պատասխանատու խմբ. ՝ վեր. Սամուէլ Պագգալեան, իսկ խմբ. մարմին՝ վերք. Գ. Գ. Խայիկեան, Յ. Ն. Ղազարոսեան, Վ. Սահակեան, Մ. Վէքիլեան, Յ. Հէլվաճեան։ Առաջին շրջանի արտ. ն է՝ Mr. le Pasteur Kaltenbach. իսկ տասնամեակէ մը ի վեր՝ վեր. Յ. Ն. Ղազարոսեան։

Ունեցած է հայատառ թրքերէնով բաժին։

397. Դրօշակ. 1925-1930։ Ճշդել. 1925 Յուլիս - 1933 Յունուար։

Խմբ. ՝ Սիմոն Վրացեան (1927-1933) եւ Արշակ Ջամալեան։

398. Զանգ. Արտ. ՝ Գէորգ Գույումճեան. խմբ. ՝ Յարութիւն Պօղոսեան։

400. Հայկական սինեմա. Զարդարեան կը յիշատակէ Ալեքսանդր Սարուխանն ու Վարդան Չաքարեանը որպէս պատասխանատուներ։

400. Յառաջ սկսած է լոյս տեսնել 1925-ի Օգոստոսին իբրեւ երկօրեայ եւ 1926-էն ասդին՝ իբրեւ օրաթերթ։ Ֆրանսայի գերմանական գրաւումէն ետք, 9 Յունիս 1940-ին դադրած է եւ վերհրատարակուած է 8 Ապրիլ 1945-ին։ Շաւարշ Միսաքեանի մահէն ետք թերթը վարած են Արփիկ Միսաքեան, Հրանդ Սամուէլ. օգնական խմբագիր եղած են Արմենակ Պիլէզիկճեան եւ Ալէմշահ։

401. Մարմարա. տէր եւ տնօրէն՝ Ս. Մուամմէր. խմբ. ՝ Մանուկ Ասլանեան։

401. Մեղու. Խմբ. ՝ Սիմոն Խորէն։

401. Նոր Արաբկիր... 1925-1949։ Ճշդել. լոյս տեսած է աւելի երկար։ Ձեռքի տակ ունինք 1952 տարուան Դեկտեմբերի թիւը (ԻԸ. տարի, թ. 39)։

402. Ովասիս... 1925-1928։ Ճշդել. 1925 Մարտ - 1926 Փետրուար, 12 թիւ։ Արտ. -պատասխանատու տնօրէն՝ Նազարէթ Կէրկէրեան։ Խմբ. ՝ Վարդան Գէորգեան։ Թերթին վերակենդանացումը տեղի ունեցաւ 1964-ին երբ սկսաւ Ովասիս-ի նոր շրջանը։

403. Սֆինքս. Արտ. եւ խմբագրապետ՝ Յարութիւն Ասլանեան։ Խմբագիրներ՝ Արամ Ստեփանեան եւ Աղեքսանդր Ասլանեան։ Թերթը երկու տարի Աղեքսանդրիոյ մէջ լոյս տեսնելէ ետք, 1928-ին փոխադրուած   է Գահիրէ, ուր Յարութիւն Ասլանեան 6-7 թիւ հրատարակելէ ետք դադրած է։

403. Տաթեւ... 1925-1929. Տնօրէն՝ Բ. Հ. Թոփալեան։ Ճշդել. 19251930, վեց տարի։ Բիւզանդ Թոփալեան տպարանատէրն է եւ ո՛չ թէ տնօրէնը։

413. Բուժանք... 1926-1929։ Ճշդել. 1926 Յուլիս - 1930 Մայիս-Յունիս . 47-48). կրնայ նաեւ շարունակուած ըլլալ։ Տպարան de Navarre։ Խմբ. մարմին՝ տոքթ. Վահրամ Յ. Թորգոմեան, տոքթ. Պօղոս Քօլօլեան, պր. Կարապետ Յ. Բասմաջեան, տոքթ. Ե. Մինասեան եւ տոքթ. Լեւոն Գրիգորեան։ Հիմնադիր տնօրէն եւ արտ. ՝ բժ. Լեւոն Գրիգորեան։

418. ՀՕԿ. հազիւ 3 թիւ լոյս տեսած։

419 Մարանաթա. 1926-1929։ Ճշդել. 1925 Յունիս 1-էն մինչեւ հիմա։ Արտ. ՝ Աբրահամ Գ. Սէֆէրեան։ Պատ. տնօրէն՝ Մ. Պոզոքլեան (տրուած է Պոզաքլեան)։

420. Նոր երկիր... 1926-1936։ Ճշդել. ըստ Սէֆէրեանի 1927-1938։

Խմբ. ՝ Բ. Վարազդատ։

421. Նոր քնար. Գրական պարբերաթերթ։ Լոյս տեսած է քանի մը թիւ։ Խմբագիրներ՝ Ն. Հովարտեան, Մ. Մանուկեան եւ Գ. Չէքիճեան։

422. Օլիմպոս. Խմբ. ՝ Դոքտ. Մաղաքեան։ Ճշդել. տոքթ. Մ. Կ. Մալաքեան։

422. Ազդակ. Սկսած է լոյս տեսնել 1927 Մարտ 6-ին որպէս եռօրեայ. 1930-ին կը դառնայ երկօրեայ, իսկ 1932 Մարտ 1-ին՝ միօրեայ, ցարդ պահելով այդ վիճակը։ Տէր եւ տնօրէն՝ Հայկ Պալեան։ Ազդակ կարելի է համարել անմիջական յաջորդը 1927-ի Փետըրուարին դադրած Նոր Փիւնիկ երկօրեայ թերթին։ Ազդակ թէեւ անհատական թերթ, սակայն եղած է կիսապաշտօնական օրկան Լիբանանի Հ. Յ. Դ. եան։ 1965-ի Յունիսին պաշտօնապէս դարձաւ կուսակցութեան սեփականութիւն եւ օրկան։ Ազդակ իր 25-ամեակին եւ 38-ամեակին՝ լոյս ընծայած է բացառիկներ։ Ա. ը 1952-ին, իր 6000-րդ թիւը, 133 մեծածաւալ էջերով, ուր լայն տեղեկութիւններ կը տրուին թերթին եւ լիբանանահայ գաղութին մասին. Բ. ը՝ 1965-ի Մայիսին (100 էջ)։ Ազդակ օրաթերթէն զատ լոյս տեսած է Ազդակ շաբաթօրեակն ու Ազդակ մարզականը, որոնց կ՚անդրադառնանք առանձին։

424. Լուսարձակ. Խմբագիրներ՝ Ազարիկ Գոլոյեան, Անուշաւան Սահակեան, Մ. Պալայեան, Մ. Պէյլէրեան։

424. Ծիածան. Անկախ շաբաթաթերթ։ Պէյրութ, 1927։ Ճշդել. այս անունով թերթ չէ հրատարակուած 1927-ին՝ Պէյրութ։ Ծիածան անունով ամսաթերթ մը լոյս տեսած է 1939-1949, որուն կ՚անդրադառնանք։

425. Կիլիկիա. Խմբ. ՝ Զօրավար Թորգոմ։

425. Հաճըն... Արտ. ՝ Է. Տարտավարեան (Մարսէյլ եղած շրջանին)։

431. Եփրատ. 1928-1933։ Ճշդել. սկսած է 1927 Յուլիս 6-ին եւ տեւած մինչեւ 1947։ 1927-1936 եռօրեայ, 1936-1937 երկօրեայ, 1937-1939 շաբաթաթերթ, 1939-1947 օրաթերթ։

Խմբագրութիւնը վարած են՝ 20 տարուան ընթացքին, քսանի չափ խմբագիրներ։

432. Հորիզոն. 1928-1937։ Ճշդել։ 1927 Հոկտեմբեր 16 - 1937 Սեպտեմբեր Առաւօտեան օրաթերթ։ Հիմնուած եւ խմբագրուած Կարօ Գէորգեանի կողմէ։ Վերջին թիւ՝ 3025։ Ըստ Լազեանի միացած Նոր օրի։

432. Նոր աւետաբեր... 1928-1931։ Ճշդել. 1927 (Նոյեմբեր 5) - 1934-ի ամառը։ Արտ. ՝ վերապատուելի Կարապետ Յարութիւնեան։ Պատ. տնօրէն՝ Տիգրան Ճ. Խրլոբեան։ Թերթը դադրած է արտօնատիրոջ մահուան պատճառով։

432. Շեփոր. Խմբ. ՝ Ս. Շամլեան։

432. Շիրակ. 1928. Ճշդել. 1929. երկօրեայ։ Խմբ. ՝ Ն. Աղանեան. արտ. ՝ Ա. Ժամկոչեան։

433. Սահակ-Մեսրոպ... 1928։ Ճշդել. 1928-1931, 1933-1934։

435. Հայ գիր. Խմբ. ՝ Մ. Թաշճեան։

435. Հնչակեան մամուլ. Ըստ Սէֆէրեանի 1929-1930։ Հրատարակիչներէն եղած է Պետրոս Պըյըգլեան։

436. Սիհուն. 1929-1930։ Ճշդել. 1929 Յունուար 4 - 1930 Յունիս։

Սկսած է որպէս շաբաթաթերթ, դարձած երկշաբաթաթերթ, ապա ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է 12 թիւ, ընդամէնը 112 էջ։ Տէր եւ տնօրէն՝ Կիրակոս Տօնիկեան։ Խմբ. ՝ Բ. Ժիրայր։

437. Արեւելք. 1930։ Ճշդել. լոյս տեսած է 1930 Մարտին եւ ժամանակաւոր ընդհատումներով՝ 7-8 տարուան կեանք ունեցած է։ Սկիզբը դաշնակցական, յետոյ փոխուած, հրատարակիչներուն վտարման պատճառով։ Հրատարակիչներ՝ Վ. Գ. Բագրեւանդեան, Կ. Գազանճեան, տոքթ. Մ. Մալաքեան, Ա. Յ. Մակարեան եւ Ա. Պոյնիկեան։ Արտ. ՝ բժ. Մ. Կ. Մալաքեան։

439. Զանգ. 1930-1933։ Ըստ Սէֆէրեանի 1934-1935։ Խմբ. ՝ Վ. Կէօքճէեան։

444. Լպուտ. Ըստ Զարդարեանի լոյս տեսած է 1 թիւ։

444. Կեանք. 1930, 4 էջ։ Ճշդել. 1929 Օգոստոս - 1936 Մարտ։ Խմորատիպ։ Լոյս տեսած է 1-38 թիւ։ Սովորաբար 16 էջ, երբեմն՝ 20 էջ։

444. Հայ արի... Տնօրէն՝ Գուրգէն Մեծատուրեան։

445. Հայ սկաուտ... Պատկերազարդ կիսամսեայ թերթ։ Արտ. ՝ Վազգէն Անդրէասեան։

445. Միացեալ անկախ Հայաստան. Խմբագիրներ՝ Վահան Չուգասըզեան եւ Յարութիւն Մէարիֆեան։

445. Նոր Արաքս։ Օրգան Հ. Յ. Դ. Պալքանի Կ. Կ. ի։ Խմբագիրներ՝ Օննիկ Մխիթարեան եւ Արամ Յակոբեան։

445. Նոր շարժում. արտ. ՝ Փիրոս Էքոնոմիտու։

448. Արմենիա... 1931-1934։ Ճշդել. սկսած է 1931-ին եւ ցարդ կը շարունակուի։ Եռօրեայ։ Օրգան Հարաւային Ամերիկայի Հ. Յ. Դ. Մեկուսի Կոմիտէի։ Հիմնադիրներ՝ Յ. Թախթաճեան, Արամ Երկան- եան, Յ. Միրաքեան եւ Ս. Թոփչեան։ Երկար ատեն խմբագրուած է Վարդան Գէորգեանի կողմէ։

449. Գոյամարտ. Խմբ. ՝ Բենիամին Միլտոնեան։

449. Ժողովուրդ. Օրաթերթ։ Պէյրութ, 1931. արտ. ՝ Միքայէլ Կապրաշ։ Ճշդել. քաղաքական, հասարակական անկախ օրաթերթ։ Պէյրութ, 1932 Մարտ 3 - Յուլիս 16։ Տպ. Ազատ, 4 էջ (61. 5 x 46. 5 սմ.

Արտ. եւ պատ. տնօրէն՝ Մկրտիչ Կապրաշ։ Խմբ. ՝ Խաչիկ Աղազարեան։ Օգն. խմբ. ՝ Քարտաշ (Վէմեան)։ Լոյս տեսած է 63 թիւ։

452. Նայիրի աշխարհ... ամսաթերթ։ 1931։ Ճշդել. լոյս տեսած է նաեւ որպէս երկշաբաթաթերթ։ 1931-1933... ։ Արտ. ՝ Համբարձումեան . տարի, թ. 3(8), Օգոստոս 1, 1933)։

454. Այգեստան. ըստ Գ. Լազեանի լոյս տեսած է 1 թիւ։ Խմբ. ՝ Անտոն Կազէլ։

454. Le Foyer... 1931։ Ճշդել. 1928-1932։ Գաղթական հայերու օրկան։ Խմբ. Լեւոն Բաշալեան։

455. Արեւելք-Արձան... 1932-1933։ Ճշդել. սկսած է լոյս տեսնել 1933-ի Մարտին՝ որպէս միացումը երկու անջատ թերթերու, Արեւելք եւ Արձան, գրականութեան եւ արուեստի նուիրուած՝ հանդէսներուն։

455. Արեւելք... Օրաթերթ։ 1932-1934։ Խմբ. ՝ Խորէն Ճամճայեան։

Ճշդել. տէր եւ տնօրէն՝ Խորէն Ճամճեան։ Խմբ. ՝ Թորոս Ազատեան։

Թ. Ազատեան սկսած կը նկատէ 1931-ին։

457. Մամուլ... Խմբ. ՝ Գ. Հրանտ։ Ճշդել. արտ. խմբ. ՝ Գ. Հրանտ։

Հրտ. տնօրէն՝ Ե. Ա. Տամկաճի։

456. Երիտասարդ հայուհի... 1932-1933։ Ճշդել. լոյս տեսած է 1932

Հոկտ. -1934 Փետր., 17 թիւ։ Վերհրատարակուած է 1947 Յունիսին եւ ցարդ կը շարունակուի։ Երկու շրջանին ալ տէրն ու խմբագրապետուհին եղած է Սիրան Սեզա (Զարիֆեան)։

456. Խռովք։ Լոյս տեսած 1932-ի Նոյեմբերին։ Տպ. Ռահվիրայ, 64 էջ, բաժ. 120 լեվ. ։

457. Մարտկոց. լոյս տեսած խմբագրութեամբ Վազգէն Շուշանեանի եւ Մեսրոպ Գույումճեանի։

458. Ուսումնարան... 1932-1934։ Ճշդել. տեւած է աւելի երկար։

Ձեռքի տակ ունինք Թ. տարուան թ. 3-4 (99-100), Մարտ-Ապրիլ, 1940։

458. Վէմ... 1932-1934։ Ճշդել. լոյս տեսած է 1932-1938, 24 թիւ կամ հատոր։

458. Վերելք. Խմբագիրներ՝ Արմենակ Տ. Յակոբեան, Միքայէլ Բարթիկեան եւ Սարգիս Գըյըճեան։

459. Աւետիք... 1933։ Ճշդել. ամսաթերթ. սկսած է 1932 Մարտին եւ ցարդ կը շարունակուի։

462. Էքոնոմիա. Խմբ. ՝ Գէորգ Սազճեան։

465. Սեւան... 1933-1934։ Խմբ. ՝ Ս. Կ. Ժամկոչեան։ Ճշդել. 19331935։ Խմբ. Ա. Կ. Ժամկոչեան։

465. Փունջ... 1933։ Ճշդել. Բիրէա-Գոքինիա, 1933-1934... . տարի, թ. 3, Մայիս, 1934)։

467. Հայ բոյժ... 1934-1936։ Ճշդել. 1934-ի Նոյ. ին սկսած, սակայն 1939-ին դադրած՝ Ֆրանսայի գերմանական գրաւման շրջանին. վերսկսած 1945-ի Դեկտեմբերին. կը շարունակուի։ Վերջին տարիներուն՝ անկանոն հրատարակուած, նոյնիսկ վեց ամսուանը մէկ հատորի

  մէջ մէկտեղուած։ Խմբ. եւ տէր՝ Շաւարշ Նարդունի (Այվազեան)։

473. Հորիզոն... Խմբ. ՝ Հ. Ադեմեան։ Ճշդել. արտ. ՝ Ժոզէֆ Աճէմեան (տակաւին կ՚ապրի)։ Խմբ. ՝ Վահան Տօնապետեան եւ Միհրան Նաճարեան։ Այս թերթը շարունակութիւնն է Լիբանան՝ պետական հրամանագրով դադրած թերթին։ Ունեցած է ֆրանսերէնով լոյս տեսնող մաս։

476. Նայիրի... 1936։ Ճշդել. 1936-1937։ Խմբագիրներ՝ Վահան Դագէսեան, Նշան Պլիկեան։ Վարիչ՝ Կր. Պետրոսեան։ Էջ 494-ի վրայ կրկնուած է այս թերթը, կարծելով, թէ տարբեր թերթ է. մինչդեռ նոյնն է։

478. Նոր գիր... 1936-1951։ Ճշդել. 1936-1954։

490. Արարատ. սկսած է 1937 Նոյեմբեր 7-ին եւ ցարդ կը շարունակուի։ Դադրած է 1941-1942-ին։ Արտ. ՝ Գրիգոր Հաճընլեան (19371960)։ Պատ. տնօրէն՝ Օննիկ Ճամպուլեան 1949-էն սկսեալ։ Ունեցած է բազմաթիւ խմբագիրներ։

Արարատ ժամանակի ընթացքին ծնունդ տուած է զանազան հրատարակութիւններու։

Արարատ շաբաթօրեակ. 1949 Նոյեմբեր 13-1954 Սեպտեմբեր

Լոյս տեսած Կիրակի օրերը, 8 էջով։ Պատասխանատուներ՝ Օննիկ Ճամպուլեան եւ Յակոբ Պարսումեան։

Արարատ-մարզական - Շաբաթաթերթ։ Պէյրութ։ 1956 Դեկտեմբեր 17-1958 Յուլիս Տպ. Արարատ, 4 էջ։ Հատը՝ 25 լիբ. դահեկան։

Խմբ. ՝ Գէորգ Տարօնի։ Լոյս տեսած է 69 թիւ։ Հաւանաբար դադրած 1958-ի Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով։

490. Ժողովուրդի ձայնը... 1937-1938։ Ճշդել. վերնագիրն է Ժողովուրդի ձայն, առանց ը-ի։ Այս անունով երեք հրատարակութիւններ եղած են ժամանակի ընթացքին։

Ժողովուրդի ձայն - շաբաթաթերթ, 1937-1939։ Օրաթերթ, 19421948։ Խմբ. ՝ Յովհաննէս Աղպաշեան։ Օրաթերթը փակուած լիբանանեան կառավարութեան կողմէ։ Ամսաթերթ, 1943 Յունուարէն Ապրիլ-Մայիս, 4-5 թիւ։ Հասարակագիտական, գրական ամսաթերթ։ Պէյրութ։ Խմբ. ՝ Յովհաննէս Աղպաշեան։

491. Հերկ... լոյս տեսած է առնուազն 5 թիւ, իւրաքանչիւրը 16 էջով։

497. Հայ գիր... 1938-1944։ Ճշդել. 1939 Ապրիլ - 1944 Դեկտեմբեր։

Ընդամէնը 63 թիւ։

499. Ջանասէր. 1938-1957։ Ճշդել. սկսած է 1937-ի աշնան եւ ցարդ կը շարունակուի։ Պատ. խմբ. ՝ Մանասէ Յ. Շնորհօքեան։ Ներկայիս խմբագրական մարմինով մը կը ղեկավարուի։

500. Ծիածան... 1939-1946։ Ճշդել. 1939-1949։ 1947-ի 1-6 թիւերը միացուելով լոյս տեսած է որպէս տարեգիրք։ 1948-ին՝ 2 թիւ, 1949-ին՝ 2 թիւ (Յունուար-Փետրուար)։ Ընդամէնը 39 թիւ։

Արտ. ՝ Սիսակ Վարժապետեան։ Ունեցած է խմբագրական մարմին։

Յովհաննէս Պետրոսեան էջ 424-ի վրայ կը յիշատակէ Ծիածան անունով շաբաթաթերթ մը, որ լոյս տեսած ըլլայ Պէյրութ, 1927-ին։

Ինչպէս անդրադարձանք, նման թերթ մը անծանօթ է մեզի այդ թուականին։ Հաւանաբար վրիպումի արդիւնք է եղածը։

507. Հայ Կ. Խաչ... 1939-40, Պրիւքսել։ Ճշդել. սկսած է 1939 Յունուարին։ 1946 Յունուարին . տարի, թ. 2 (26) անուանափոխուելով կոչուած է Հայ Օգնութեան Միութիւն, իսկ 1956 Յունուարին կոչուած է Հայ սիրտ։ Ցարդ կը շարունակուի։ Կը հրատարակուի Պոսթըն։

508. Արծուի Վասպուրական... 1940-1957 (շարունակւում է)։

Ճշդել. Ֆրէզնօ, 1925-1944, 1951-1957... ։ Նոր շրջանի խմբագիրներէն է՝ վեր. Արշակ Պ. Հիւսեան։

510. Կայծ... Հ. Մ. Մ. պաշտօնաթերթ։ 1942-1947։ Ճշդել. Հ. Մ. Մ. ի պաշտօնաթերթ։ 1943 Մարտ - 1947 Դեկտեմբեր։ Լոյս տեսած է 38 թիւ, 922 էջ։

Խմբ., ապա տնօրէն խմբ. ՝ Նազարէթ Ղարիպեան (Արմէն Ղարիպ)։ Խմբ. ՝ Յովսէփ Ճիռեան (1944 Մայիս - 1945 Փետրուար)։ Օգն. խմբ. ՝ Հրանդ Գանգրունի (1947 Յունուար-Դեկտեմբեր)։

512. Ակօս... 1943-1949։ Ճշդել. երկամսեայ։ Ձեռնարկ Հայ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան։ Պէյրութ, 1944 Ապրիլ - 1960

Դեկտեմբեր։ Տպ. Յոյս, 128 էջ (23 x 15 սմ. Հատը 3 լիբ. ոսկի։ Արտ. ՝ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան (1943-1960)։ Խմբ. ՝ Գառնիկ Բանեան։ 1953 Յունուարին՝ Յ. Գեղարդի (տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան) խմբագրութեան օրով՝ թերթը դարձած է ամսագիր։ Լոյս տեսած է 16 տարի։ Վերջին տարին (1960) 1-12 թիւերը միացեալ։ Այս թիւը լոյս ընծայուած է որպէսզի թերթին արտօնագիրը չվտանգուի։ Ակօսի դադրելով սկսաւ լոյս տեսնել Բագինը։   Ակօս երկու առիթով պատրաստած է իր նիւթերուն ցանկը։ Ա-Ժ. . տարի, 1954, թ. 11-12, էջ 120-163, պատրաստեց՝ Յ. Գեղարդ) եւ ԺԱ. - ԺԵ. (ԺԵ. տարի, 1959, թ. 10-12, էջ 151-181), որոնք կարեւոր ուղեցոյց են բանասիրութեան համար։

512. Լոյս... Ամսագիր։ Խմբ. ՝ Տաճատ Պօղոսեան, Հ. Գրիգորեան։

519. Շարժում... 1944-1947։ Ճշդել. 1937-1954։ Խմբագիր՝ Տաճատ Գնդունի, ապա՝ Աբրահամ Էօլմէսէկեան։

520. Յուսաբեր... 1945-1946։ Ճշդել. 1944-1948։ Յաւելուած Յուսաբեր օրաթերթի։ Խմբ. ՝ Գուրգէն Մխիթարեան։

521. Նայիրի... 1945-1957։ Ճշդել. 1942-ին սկսած է Հալէպ. որպէս ամսագիր լոյս տեսած է Հալէպ 1942-1949, իսկ 1951-ին՝ Պէյրութ։

Որպէս ամսագիր վեց տարի։ 1952-էն սկսեալ դարձած է շաբաթաթերթ։ Ա. տարին 4 էջով, օրաթերթի ծաւալով։ Բ. տարիէն սկսեալ սովորաբար լոյս կը տեսնէ 8 էջով, երբեմն 16 էջով։ Պատ. տնօրէն՝ Մարք Տօնիկեան։ 1950-ին լոյս չէ տեսած։

527. Ազատ օր... 1946-1957։ Ճշդել. սկսած է 1945 Փետրուար 25-ին եւ ցարդ կը շարունակուի։ Նախ երկօրեայ, ապա օրաթերթ։ Շարունակութիւն Նոր օրի։ Սեփականութիւն Հ. Յ. Դ. եան։ Խմբագիրներ՝ Սեդրակ Գոհարունի, Անտոն Կազէլ եւ Վազգէն Եսայեան։ Առաջին երկուքին մահէն ետք, 1954-ին՝ թերթը կը խմբագրուէր Վազգէն Եսայեանի եւ Ահարոն Ստեփանեանի կողմէ։

527. Արեւելք... 1946-1957։ Ճշդել. 1946 Յունիս 23-էն մինչեւ 1963, Մարտ 7, դադրած սուրիական պետական հարուածներէն մէկուն պատճառով։ Արտ. եւ պատ. տնօրէն՝ Հրաչ Փափազեան (1946-1960), ապա տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեան, պատասխանատու տնօրէն՝ Ներսէս Պարսումեան (1957-1963)։ Ունեցած է տասնեակ մը խմբագիրներ, որոնցմէ ամէնէն երկարը խմբագրած է Մինաս Թէօլէօլեան։

528. Երուսաղէմ... 1946։ Ճշդել. 1946-1948 Մարտ-Ապրիլ... ։ Տէր՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Փոխանորդութիւն (Armenian Catholic

Patr. Vicariate)։ Խմբ. ՝ հայր Յ. Կիրակոսեան։ Տպ. Ֆրանչիսկեան։

529. Հայրենասէր պատանի... 1946-1947։ Ճշդել. 1946-1958։ Լոյս տեսած է 8 պրակ, 213 էջ։

530. Վերելք... Փարիզ, 1946-1956։ Ճշդել. Հայ քրիստոնեայ երիտասարդին ամսաթերթը։ Մարսէյլ։ Սկսած է 1947 Յունուարին։

Արտ. ՝ Գ. Սիսլեան . տարի, թ. 1-2, Յունուար-Փետրուար, 1947)։