Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ [1]
ՊՈԼՍՈՅ «ԱԶԴԱԿ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐԱԾ ԱՐԲՇՌԱՆՔԸ

1908 Յուլիս 23-ին (հին տոմարով՝ Յուլիս 10) Օսմանեան Սահմանադրութիւնը հռչակուեցաւ։ Ասիկա իր հետ բերաւ արտասահմանէն, մանաւանդ Կովկասէն [2] վերադարձող կամ նոր եկող իրաւ եւ սուտ հերոսներու, հայրենասէրներու եւ բախտախնդիրներու խմբակներ։ Պոլիսը տօնահանդէսի մէջ էր։ Ճառախօսութիւնը օրուան նորոյթը։ Կղպուած բերանները կը բացուին։ Որքա՜ն դաժան եղած էր համիտեան բռնակալութիւնը, նոյն ուժգնութեամբ ալ տեղի կ՚ունենային խանդավառութիւնը, պոռթկումը, վարար գետի մը նման իրենց յորձանքին մէջ քանդելով բոլոր տեսակի թումբերը։ Եւ իմաստալից ու անիմաստ դասախօսութիւններ, միթինկներ, բանախօսութիւններ զիրար կը հրմշտկեն։ Ասպարէզը ճարպիկներուն է։

Ամբոխավարութիւնը օրուան հրամայականն է կարծէք։ Ժողովուրդը, ազատութեան յայտարարութեան ծարաւի եւ գինովցած, ներկայ է բոլորին։ [3]

Դասախօսութիւններու եւ միթինկներու կողքին՝ կը դիմուի աւելի լայն տարողութիւն, շրջագիծ եւ ազդեցութիւն ունեցող մամուլին։ Կուսակցական եւ անհատական նախաձեռնութեամբ՝ սունկի նման կը բուսնին թերթեր ու կ՚ողողեն ե՛ւ Պոլսոյ, ե՛ւ ներքին գաւառներու կեդրոնները։ Ձեռագիր, խմորատիպ, տպագիր թերթեր եւ պարբերականներ կը շրջին ձեռքէ ձեռք։ Թերթերէն ոմանք ասուպային կեանք ունեցան։ Երբեմն՝ 1-2 թիւի լոյս ընծայումէն ետք շիջեցան, իրենց հետ տանելով «արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն» [4] ։

Սահմանադրութեան հռչակումը կը գուժէր կարգ մը հին թերթերու գերեզմանումը։ Կը դադրէր Կարապետ Իւթիւճեանի Մասիսը (1852-1908), որ վերջին շրջանին՝ Ենովք Արմէնի խմբագրապետութեամբ՝ շատ բան կորսնցուցած էր իր նախկին փառքէն եւ գաղջ գրականութեան մը, ոսկեզօծ եւ կանացի բառերու հանդիսարան մը դարձած էր։ Միսաք Մեծարենցի դէմ անոր անարդար խաչակրութիւնը եւ գործածած անպատշաճ բառերը՝ ամօթ մըն են Ե. Արմէնին եւ մեր գրականութեան։

Կը դադրէին Ա. Անտոնեանի խմբագրած Լոյսը, Հ. Ստեփան Խ. Իւթիւճեանի Բիւրակն ը եւ Արմէն Լուսինեանի Հանրագիտակ ը։

Հաւանաբար իրենց երկարատեւ վազքը եւ Սահմանադրութեան բերած նոր պայմաններն ու պահանջները վեր էին իրենց ուժերէն։

Կ՚երթային իրենց յաւիտենական հանգիստը գտնել։

Սահմանադրութեան բերած ազատութիւնը եւ համիտեան խիստ գրաքննութեան վերացումը՝ շատերը կը դարձնէ ոչ-աչալուրջ։ Դաւաճանութեամբ կամ հին վարչաձեւին որպէս գործակալ կ՚ամբաստանուին հին խմբագիրներ, գրողներ, եկեղեցականներ (չի՛ խնայուիր նոյնիսկ Օրմանեան Պատրիարքին), եւն. ։ Խառնարան մըն է Պոլիսը, ուր՝ ամէն ոք, իր գիտցած ձեւով կը փորձէ պղտոր ջուրին մէջ իր ձուկը որսալ։

Պէտք է ձեւաւորումի յստակացման ենթարկուէր այս շփոթ, նոյնիսկ կարելի է ըսել քաոսային վիճակը։ Եւ Դաշնակցութիւնը լծուեցաւ այս դժուար գործին։ Եթէ նախասահմանադրական շրջանին՝ առաջնորդողի դեր կատարած էր սուլթանական կամայական եւ բռնատիրական իշխանութեան դէմ յեղափոխութեան դրօշը պարզելով, հիմա, խաղաղ պայմաններու մէջ, պէտք է ջանար շարունակել իր պատմական եւ հրամայական դերը հայ ժողովուրդին առօրեայ հարցերուն բարւոք լուծումը։

Պոլիս ժամանող դաշնակցական առաջին մտաւորականներն ու գործիչները կ՚ըլլային՝ Սիմոն Զաւարեան (Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամ), Է. Ակնունի, Ռուբէն Զարդարեան (Պուլկարիայէն), Յարութիւն Շահրիկեան, Վահագն Տաթեւեան եւ Թադէոս Խաշմանեան։ Դաշնակցութիւնն ալ կը մղուէր օրուան պահանջին դասախօսութեանց եւ միթինկներու։ Հռետորական բնատուր ձիրքով օժտուած Ակնունին (Խաչատուր Մալումեան) կը դառնայ բեմերուն զարդը։

Պուլկարիայէն վերադարձող Ռուբէն Զարդարեանը, որ խմբագրական փորձառութիւն ձեռք ձգած էր՝ խմբագրելով կուսակցական օրկան Ֆիլիպպէի Ռազմիկը (1905-1908), երբ Պոլիս կը ժամանէ 1908ին, կը սկսի աշխատակցիլ Քասիմի (Միսաք Գօչունեան) Ժամանակ օրաթերթին, որ նոր հիմնուած էր։ Զարդարեանի աշխատակցութիւնը սկսած է 1 Դեկտեմբեր 1908-ին եւ շարունակուած՝ մինչեւ Ազատամարտ օրաթերթի հիմնադրումը (10 Յունիս, 1909)։ Պաշտօնապէս խմբագիր չէ եղած Ժամանակի, սակայն, իր յօդուածները միշտ դրուած են թերթին առաջնորդող սիւնակներուն մէջ։ [5]

Դաշնակցութիւնը տակաւին իր օրկանը չունէր Պոլսոյ մէջ, այլ՝ կ՚օգտագործէր Արեւելք, Մանզումէ եւ Ժամանակ օրաթերթերը իր տեսակէտները պարզելու համար։ Գաւառը կը դառնար իր ուշադրութեան առարկան։ Իր ստացած տեղեկագիրները լոյս կ՚ընծայէր օրուան մամուլին մէջ։

Ամէնէն կարեւորը, գիտակից մամուլի դերին, կ՚ուզէր կարգի դնել Պոլսոյ մեր առօրեայ մամուլը, հիմնելով միութիւն մը, վերջ դնելու համար մամուլի աղտոտ պայքարին։ Բայց՝ կարճ կեանք ունեցաւ այդ միութիւնը։ [6]

Պոլսոյ մամուլը, իր հիմնադրութենէն ի վեր յատկանշուած էր անձնական քինախնդրութեամբ։ Եւ Սահմանադրութեան հռչակումը լայն ասպարէզ կու տար յագեցնելու համար այդ մոլուցքը։

Անբնական երեւոյթ չէր եւ չէ ասիկա։ Մարդ անհատը բնազդական մղումով պայքարի սահմանուած է։ Բնազդաբար՝ հակառակորդ տարրեր կը գտնէ, նոյնիսկ եթէ ատոնք չկան՝ կը ստեղծէ՝ ինքզինք կենսունակ պահելու, իր գերակայութեան ախորժակներուն յագուրդ տալու համար։ Արեւմտահայ մամուլը, իմա՛ մտաւորականութիւնը, երբ չէր կրնար օսմանեան պետութեան մէջ հակառակորդ մը տեսնել եւ անոր դէմ պայքարիլ, կամ հարեւան ժողովուրդներուն, բնական կը գտնէր իր քննադատութեան թիրախն ու զոհը դարձնել իր արենակից եղբայրները, ըլլային անոնք եկեղեցական թէ աշխարհական։ Առաւելաբար դիմացինին գաղափարները, տեսակէտներն ու մտածումները չէին, որ կենցաղավարական, քաղաքավարական ընդունուած կանոններուն համաձայն կը քննդատուէին, այլ՝ անձը, անպատշաճ, կճան եւ կծան որակումներով։ Կը բաւէ յիշատակել թէ Ենովք Արմէն եւ Փայլակ (Ժագ Սայապալեան) Մեծարենցի Նոր տաղերը՝ փսխուք, իսկ «Խուլը» եւ «Կաղը» քերթուածները՝ կղկղանք կոչած են։ [7]

Այս նախաբանը անհրաժեշտ էր Ազդակ ի հրատարակումէն առաջ տիրող մթնոլորտին ծանօթանալու համար։ Կ՚անցնինք Ազդակին։

Ազդակ, [8] շաբաթաթերթ գրական, հասարակական, քաղաքական։ Համակրողներ՝ Է. Ակնունի, Աւետիս Ահարոնեան, Ատոմ Եարճանեան (Սիամանթօ), Ռուբէն Զարդարեան, Սիմոն Զաւարեան, Յովհաննէս Շահրիկեան եւ Բիեռ Քիյար։ Խմբագիրներ՝ Գեղամ Բարսեղեան, տիկին Զապէլ Եսայեան, Վահրամ Թաթուլ եւ Շաւարշ Միսաքեան։

Արտօնատէր՝ Ալէքսան Միսաքեան, տպագրութիւն՝ Ռ. Սագայեան, թ. 5-էն սկսեալ՝ Արշակ Կ. Կարօեան։

Լոյս տեսած է 41 թիւ (1908 Դեկտեմբեր 29 - 1909 Հոկտեմբեր 16)։ 16 էջնոց փոքրածաւալ (29 x 20 սմ. ) շաբաթաթերթ։ Անկախ թերթ մը, որ սակայն, դաշնակցական ընկերներու կամ համակիրներու կողմէ խմբագրուած, կրնար դաշնակցական գաղափարաբանութեան մէկ աղօտ պատկերը փոխանցել զանգուածներուն։ Գրական խմոր ունեցող մարդիկ էին, սակայն, «նախ քաղաքացի, ապա՝ պոէտ» նշանաբանին հետեւելով, օրուան պահանջին անսալով՝ աւելի ընկերային հարցերով կը զբաղին իրենց թերթին մէջ։

Թէեւ տարուան մը կեանք չունեցաւ Ազդակը, սակայն արեւմտահայ դաշնակցական մամուլին երախայրիքը ըլլալով՝ այստեղ կ՚արժանանայ մասնաւոր ուշադրութեան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ հոն ծեծուած նիւթերը եւ առաջարկուած լուծումները, իրագործումները, առաւել կամ նուազ չափով՝ մէկ մանրանկարը կը ներկայացնեն արեւմտահայ դաշնակցական հետագայ մամուլին՝ մինչեւ 1915-ի եղեռնը։



[1]            Հետագայ ուսումնասիրութիւնը մաս կը կազմէ պատրաստութեան մէջ եղող ընդարձակ գործի մը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 90-ամեայ մամուլը։ Հասկ հայագիտականի մէջ լոյս ընծայուելու համար հիմնական վերամշակման եւ ընդարձակման ենթարկուած է։

[2]            Թէ՛ կովկասեան գործիչներ եւ թէ՛ Կովկաս ապաստանած արեւմտահայ մտաւորականներ, փախչելով 1909-ի ցարական հալածանքներէն շունչ կ՚առնեն Պոլիս՝ ողջունելու համար ազատութեան արշալոյսը։

[3]            Սահմանադրութեան առաջին օրերուն մասին՝ ականատեսի, ականջալուրի եւ գործողի թանկագին յիշատակարան մըն է Յակոբ Ճ. Սիրունիի (Ճօլօլեան) «Ազատամարտի սերունդը» յուշերուն Գ. գլուխը (Հայրենիք ամսագիր, Բ. տարի, թ. 7 [Մայիս, 1924], էջ 73-79)։ Լաւ պատկերացում մը կու տայ նաեւ Գառնիկ Ստեփանեան, իր՝ «Պոլիսը Սահմանադրութեան մէջ» ակնարկով (Ուրուագիծ արեւմտահայ թատրոնի պատմութեան, Գ. հատոր [Երեւան, 1980], Յառաջաբան)։

[4]            Յիշատակենք անոնցմէ ոմանք՝ Քնար հայկական (3 թիւ), Օգգապազ (3 թիւ), Դրախտ (՛8 թիւ), Լիլա (5 թիւ), Ձայն կրթութեան (1 թիւ) եւլն. ։ Բոլորն ալ լոյս տեսած են Պոլիս։

[5]            Այդ յօդուածներէն ոմանց տեղեակ ենք եղած եւ ցանկը լոյս ընծայած մեր՝ Մատենագիտութիւն Ռ. Զարդարեանի (Անթիլիաս, 1977), գործին մէջ (էջ 414)։

[6]            Յ. Ճ. Սիրունի, նշ. աշխ., Հայրենիք ամս., Բ. տարի, թիւ 7 (Մայիս, 1924), էջ 80։

[7]            «Քապօթէնները», Մասիս շաբաթաթերթ, 56րդ տարի, նոր շրջան, Բ. տարի, թ. 14-15 (1 Մարտ, 1908), էջ 278, 280։

[8]            Թերթին մասին շահեկան տեղեկութիւններ կը հաղորդէ խմբ. կազմի անդամներէն Շաւարշ Միսաքեան, իր՝ «Շրջան մը իր յոյզերով եւ տենդերով» («Ազդակ» երիտասարդ շաբաթաթերթ) յօդուածին, նախապէս լոյս տեսած Հրանդ Բալուեանի խմբագրած Զուարթնոց տարեգիրքի Բ. հատորին մէջ (Փարիզ, 1944, էջ 75-80), ապա՝ ներմուծուած՝ իր Օրեր եւ ժամեր հատորին մէջ (Փարիզ, տպ. «Յառաջ»ի, 1958, էջ 286-293)։ Մէջբերումները կը կատարենք Միսաքեանի այս հատորէն։

              Երբ թերթ մը կ՚ունենայ մէկէ աւելի հիմնադիր կամ խմբագիր, թերթին անունին շուրջ վէճը անպակաս կ՚ըլլայ։ Ինչպէս պատահած էր Ֆրէզնոյի Ասպարէզի պարագային, հոս ալ կը վիճին թերթին անունին, խմբագրութեան եւ ուղղութեան շուրջ։ Միսաքեան կը գրէ. «Ազդակ»ը Գեղամին գիւտն էր, - բառ մը զոր չէի սիրած, իմաստն ալ աղէկ չհասկնալով։ Ի վերջոյ համաձայնեցանք» (անդ, էջ 286)։