Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐԸ

Նախ՝ հակիրճ ակնարկ մը խմբագիրներուն վրայ։

Գեղամ Բարսեղեան, ծնած Պոլիս, 1883-ին։ 16 տարեկանին կը մտնէ գրական եւ լրագրական ասպարէզ։ 1900-1908 Սուրհանդակ օրաթերթի խմբ. կազմի անդամ, 1908-ին՝ Մանզումէ Էֆքեարի, իսկ 1909-ին՝ Բիւզանդիոնի։

1907-ին կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքերը։ [1] 1909-ի աշունէն 1915 մինչեւ իր նահատակութիւնը, Ազատամարտ օրաթերթի ներքին խմբագիր։ Իր հրապարակագրական եւ խմբագրական աշխատանքներուն մասին կը կարդանք. «Ո՛չ միայն կը խմբագրէ ներքին լուրեր, այլ շատ անգամ հրապարակագրական յօդուածներ կը ստորագրէ... այժմէական խնդիրներու շուրջ, երբեմն ա՛յնքան բուռն, որոնք իր նկարագրին հետ խոտոր կը համեմատին, տրուած ըլլալով որ ի բնէ չափազանց զգուշաւոր, շրջահայեաց եւ վերապահ էր»։ [2]

Գրական շնորհ ունեցող արձակագիր մըն էր ան։ Իր Ամբողջական գործը վկայութիւն մը կու տայ այդ շնորհին մասին։

Ազդակի մէջ անկախ իր բուն անունէն, օգտագործած է Գ., Գեղօ եւ Նետ ծածկանունները։

Տիկ. Զապէլ Եսայեան, ծնած 1878-ին, Պոլիս։ Գրական նախափորձերը կատարած էր 1895-ին՝ Չօպանեանի Ծաղիկին մէջ։ 1908-ին արդէն գրական վաստակ եւ ճանաչում ունեցող գրագիտուհի էր։ Լայն աշխատակցութիւն բերած էր պոլսահայ մամուլին, սակայն, խմբագրական փորձառութիւն չունէր հայ կեանքէն ներս։ 1905ին՝ Փարիզի մէջ մաս կազմած էր Ecrits pour l’Art գրական ամսաթերթին խմբագրութեան եւ հոն լոյս ընծայած գրական կտորներ՝ ֆրանսերէնով։ [3]

Ազդակի խմբագրական կազմին մէջ, սակայն, անուն է աւելի, քան գործօն ներկայութիւն։ [4] 41 թիւի մէջ ստորագրած է միայն հինգ յօդուած «Իսկական գործունէութիւնը» (էջ 9-10). «Պառաւին յոյսը» (էջ 179-181). «Առաջին զոհը» (էջ 260-261). «Նոր կացութիւնը» (էջ 291). «Հուրրիյէթ» (էջ 419-422)։

Վահրամ Թաթուլ ծնած է 1887-ի Պոլիս։ Գրական նախափորձերը կատարեց Իզմիրի Արեւելեան մամուլին, Պոլսոյ Լոյս եւ Մասիս թերթերուն մէջ՝ լոյս ընծայելով առաւելաբար քերթուածներ։ Մ. Մեծարենցի մտերիմներէն էր եւ անոր գրական ազդեցութեան տակ։ Չկրցաւ տալ իրմէ սպասուածը։ Ազդակի մէջ մշտակայ ներկայութիւն մըն է, Վ. Թ. եւ Վահրամ Թաթուլ անուններով լոյս ընծայելով քերթուածներ, թարգմանութիւններ եւ մա՛նաւանդ գրախօսականներ։

Կազմին կրտսերագոյնը՝ 21-22 տարեկան։

Երկար ատեն ապրեցաւ Փարիզ եւ իր կեանքի մայրամուտին (մեռաւ 1943-ին) լոյս ընծայեց երկու քերթողագիրք Հին եւ նոր տաղեր (1940) եւ Երիտասարդական քերթուածներ (1941)։

Շաւարշ Միսաքեան, ծնած է 1884-ին, Պոլիս։ 16 տարեկանին մաս կազմած է Պոլսոյ Սուրհանդակ օրաթերթի խմբ. կազմին։

1906-ին՝ քանի մը շաբաթ Միքայէլ Շամտանճեանի Մասիս կիսամսեային առաքումներով զբաղելէ ետք՝ կ՚անցնի Տիգրան Ճիվէլէկեանի Սուրհանդակին, որպէս հաշուապահ, նամակագիր, եւլն. ։

Հոն է Գեղամ Բարսեղեան, որուն կը մտերմանայ։ Հետզհետէ կը սկսի ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ լուրեր թարգմանել։ Ապա ճլտորելով՝ կը սկսի նիշեր, հանգանակներ եւ տոմսեր լոյս ընծայել։ Գրական փորձեր կը կատարէ Իզմիրի Արեւելեան մամուլին մէջ (1907-1908)։ [5]

1907 Յունուար 27 Դեկտեմբեր 29 թղթակցութիւններ կը ղրկէ Հ. Յ. Դ. Պալքանեան Կոմիտէի Ռազմիկ եռօրեային՝ «Ձայներ Պոլսէն» ընդհանուր խորագիրին տակ՝ Ըմբոստ եւ Բարբարոս ծածկանուններով։ Երբ կը դադրի Սուրհանդակը (1908 Փետրուար), Ճէնթըլմէն ստորագրութեամբ՝ անգլերէն թերթերէ գրական-գրախօսական քրոնիկներ կը կազմէ եւ լոյս կ՚ընծայէ Բիւզանդիոնի մէջ՝ ուր որպէս խմբագիր կը գործէր Գ. Բարսեղեան։ [6]

Շ. Միսաքեան մշտակայ եւ գործօն ներկայութիւն մըն է Ազդակի մէջ։ Նոյն թիւին մէջ՝ երբեմն մէկէ աւելի գրութիւններով կը ձաղկէ ընկերային եւ ազգային երեւոյթներ։ Երիտասարդական աւիւնը եւ ազատութեան բերած արբշռանքը՝ ճախրասլաց, հարթող ոճ մը կու տան իրեն՝ ոչ-փայփայիչ որակական ածականներու առատութեամբ մը յատկանշուած։ Ստորագրած է Շ. Միսաքեան, Ըմբոստ, Բարբարոս, Շ. եւ Ը. ։

1907 թ. Մայիսին կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքերը (Նշ. աշխ., էջ 317)։

Շ. Միսաքեան եւ Գ. Բարսեղեան, որոնք խմբագրական փորձառութիւն ունեցող գրիչներ էին, մշտակայ ներկայութիւն մըն են Ազդակի էջերուն մէջ եւ իրենց դրոշմը դրած անոր վրայ։

Թերթին ուղղութի՞ւնը։ Մէջբերենք հատուած մը Ա. թիւին խմբագրականէն. «Յեղափոխութիւնը մեր ետին, եւ Յեղափոխութիւնը մեր առջեւ։

«Այո՛, դէպի Աշխատանք, դէպի իսկական Վերածնունդ։

«... Առանց յաւակնութիւնն ունենալու՝ գերազանց յանձնառութիւններու գործադրումին, «Ազդակ» պիտի ըլլայ մէկ շեշտը նոյնազգաց, նոյնախոհ Երիտասարդութեան մը, օրկան մը, որ պիտի ուզէ Նոր Օրերու մուտքին առջեւ լսուող ձայներու եւ աղմուկներու զանազանութեան մէջ՝ Երիտասարդ Խօսքը հնչեցնել»։ [7]

Խմբագրութեան խօսքին անմիջապէս կը յաջորդէ ընկերվարական յայտնի դէմք, Pro Armenia թերթի խմբագրապետ, Արեւելքի ժողովուրդներուն հարցերուն քաջածանօթ՝ Բիէռ Քիյեարի գրութիւնը, որ կարելի է ըսել՝ կերպով մը նախաբանն է երիտասարդ թերթի մը (խմբագրութիւնը կ՚ընդունի այս հաստատումը)։

Բ. Քիյեար փորձառու մարդու խօսք է որ կ՚ուղղէ «Հայ երիտասարդութեան» եւ կ՚ընդգծէ անոր ապագան. «... Դարմանել վերջնագոյն տարիներու աղէտները, վերահաստատել ոյժերը արիւնաքամ ժողովուրդի մը, համբերատարօրէն պատրաստել ապագան»։ [8]

Հայ երիտասարդութիւնը կրկնակ աշխատանք ունի։ Ներքին ճակատի վրայ՝ պէտք է հայ ժողովուրդը խելամուտ դարձնել՝ որդեգրելու գիտական եւ քննադատական լաւ մեթոտները, անոր մատչելի դարձնել՝ ժամանակակից գիտուններու եւ խորհողներու մեծ յղացումները, անոր սիրցնել արուեստները՝ որոնք կը գեղեցկացնեն կեանքը։

Արտաքին ճակատի վրայ. «Միեւնոյն ատեն պիտի նպաստեն անհրաժեշտ համերաշխութիւնը հաստատելու Օսմանեան կայսրութեան մտաւորական բոլոր տարրերուն միջեւ։ Տարբեր երեւոյթներու տակ, եւ տարբեր լեզուներով արտայայտուած, գիտութիւնը, տրամաբանութիւնն ու գեղեցկութիւնը մի են։ Անոնց մէջ եւ անոնցմով, հայ երիտասարդները ի վեր պիտի հանեն այն խորին յատկութիւնները, որ զիրենք կը միացնեն բոլոր մարդոց, եւ որ զիրենք կը միացնեն տակաւին աւելի ուղղակի կերպով եւ աւելի սերտիւ իրենց թուրք հայրենակիցներուն՝ զաւակները նոյն հողին»։ [9]

Ի՞նչ նիւթերով կը ներկայանայ ան մեզի։ Խմբագրութիւնը արդէն դիւրացուցած է մեր գործը՝ յայտնելով իր թերթին բովանդակութիւնը. «Ազդակ, որ ջանադիր է ներկայանալ, տէրն ըլլալով իր որոշ սկզբունքներուն՝ իբրեւ թերթ Պայքարի եւ Գրականութեան, շաբաթաթերթի մը հանգամանքներուն համապատասխանող ձեւի մը ներքեւ, կը հրատարակէ, Ընկերային, Քաղաքական եւ Մտաւորական հարցերու շուրջ Տեսութիւններ, Ուսումնասիրութիւններ եւ Քննադատութիւններ, Հրապարակագրական Յօդուածներ, Գրական Էջեր, Բանաստեղծութիւններ, Թատերախաղեր, Պատմուածքներ, Թարգմանութիւններ, եւ այլն, ինչպէս նաեւ ամէն համարին մէջ կանոնաւորապէս կու տայ Եօթնօրեակի բաժին մը, ցարդ անտեսուած կամ անփութօրէն գործադրուած Պոլսահայ Մամուլին մէջ»։

Եւ այս ծրագիրը, առաւել կամ նուազ չափով, գործադրուած կը գտնենք Ազդակի մէջ։

Քաղաքական տեսութիւններու մէջ կը ձաղկէ սուլթանական հին ռեժիմը եւ թելադրանքներ կու տայ նոր վարչաձեւին։ Կծու քննադատութիւն ունի ցարական Ռուսիոյ դէմ։ Չի խնայեր ցարական Ռուսիոյ։

Նիքոլա Բ. ցարի իշխանութեան մէջ կը տեսնէ «կատաղած դիկտատորութիւն, փրփրացող սպառնալիք, անդաստան եւ կախաղանի ռեժիմ մը»։ [10]

Ըմբոստ, որ կը ստորագրէ այս յօդուածը, կը մարգարէանայ ցարականութեան վախճանը. «Յեղափոխական   գործունէութեան վերսկսումը կ՚ունենայ շա՛տ աւելի անդիմադրելի համեմատութիւն, քան այն որ պայթեցաւ 1905ին եւ իր յորձանքին մէջ անհետ կը քանդէ նոր ժամանակներու ամէնէն անարգ, ամէնէն անորակելի բռնակալութիւնը»։ [11]

Պարսկաստանն ալ եռացող կաթսայ մըն էր։ Յեղափոխական խմորումներ տեղի կ՚ունենային։ Եփրեմ խան իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր այդ շարժման։ Ըմբոստ անդրադառնալով Պարսկաստանին՝ կը գրէ. «Շահին Շահերու բռնակալութեան քամակը կոտրած է արդէն, եւ շատ չ՚անցնիր երբ մենք կ՚աւետենք Իրանի մեր ռազմիկներուն վճռական յաղթանակը»։ [12]

Յեղափոխական զայրոյթը, դարաւոր ճնշումի եւ կեղեքումի պատճառաւ խտացած, երբ իր ազատութիւնը կը գտնէ, կը դառնայ անսանձ իր լեզուական արտայայտութիւններուն մէջ, մա՛նաւանդ երբ վերցուած նիւթերը քաղաքական են։ Վերոյիշեալ յօդուածէն հրամցնենք ծաղկաքաղ մը պաշտօնական սրիկայութիւն, պոռնկացած դիւանագիտութիւն, անորակելի լրբութիւն (էջ 47), շողիքոտ հաստատումներ, անփառունակ քծնում, եւլն. (էջ 48)։



[1]            Գ. Բարսեղեան, Ամբողջական գործը, Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ, թ. 4 (Փարիզ, 1931, էջ 11)։

[2]            Նոյն, էջ 10-11։

[3]            Լեւոն Քերիշճեան, «Հայ գրագիտուհին ֆրանսական գրականութեան մէջ», Մասիս շաբ., 54-րդ տարի, թ. 17 (18 Յունիս, 1905), էջ 261։

[4]            Միսաքեան կը գրէ. «Զ. Եսայեանը առաջարկեցինք իբրեւ ծանօթ գրագիտուհի, թէեւ մեր սերունդին չէր պատկաներ ո՛չ դաւանանքով, ո՛չ ալ խառնուածքով» (նշ. աշխ., էջ 287)։

[5]            Անդ, էջ 305-315։

[6]            Անդ, էջ 337։

[7]            Թ. 1 (29 Դեկտեմբեր 1908), էջ

[8]            Անդ, էջ

[9]            Անդ, էջ

[10]          Ա. տարի, թ. 3 (11 Յունուար, 1909), էջ 47։

[11]          Անդ։

[12]          Անդ։