Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱԿ, Հ. Յ. Դ. ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱ

Ազդակ դաշնակցական կիսապաշտօնական օրկանի դեր կը կատարէր։ Գ. Բարսեղեանի եւ Շ. Միսաքեանի կուսակցական հանգամանքը, եւ համակրողներու անուանացանկին զետեղումը թերթին գլուխը՝ արդէն այդ վկայութիւնը կու տան մեզի։

Ազդակ եւ Դաշնակցութիւն կապը քանի մը ձեւերով կը ներկայանայ մեզի.

1) Հ. Յ. Դ. պաշտօնական շրջաբերականներու կամ յայտարարութիւններու տպումը (երբեմն՝ արտատպում)։ Շրջաբերականներ կան Արեւելեան Բիւրոյէն, Կ. Պոլիսի Պատասխանատու Մարմինէն, Մարզուանի Տեղական Կոմիտէէն, Կարինի Կեդրոնական Կոմիտէէն, եւլն. ։

2) Դաշնակցական մամուլի եւ հրատարակութեանց յայտարարութիւններ։

3) Արտատպում կուսակցական մամուլէն, յաճախ խորհրդածութիւններու ընկերակցութեամբ։ Արտատպումներ կան Ժընեւի Դրօշակէն, Պոսթընի Հայրենիքէն, Փարիզի Ուսանողէն, Թիֆլիսի Գործէն, ապա՝ Հորիզոնէն, Վասպուրականի Ծովակէն եւ Յորձանքէն, Կարնոյ Յառաջէն եւ Պոլսոյ Ազատամարտէն։ Արտատպումները մեծ մասամբ կապ ունին արեւմտահայ քաղաքական եւ ազգային կեանքին հետ։

4) Խմբագրականներ, գրութիւններ եւ յեղափոխական դէմքերու մահագրականներ։

Հիմնականօրէն մեր ակնարկին նիւթ պիտի հայթայթեն այս չորրորդ բաժանումին մաս կազմող գրութիւնները։

Ա) ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Ընկերվարական կուսակցութիւն ըլլալով՝ Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի աշխատաւոր դասակարգի տնտեսական վիճակի բարելաւման եւ մտաւոր զարգացման անհրաժեշտութեան։

Հետամուտ կ՚ըլլայ «Աշխատանքի Տուն»ի մը կազմակերպման եւ հաստատման։ Զգոյշ է իր գործելակերպին մէջ։ Ինք էր նախաձեռնողը, սակայն սկզբնական շրջանին՝ կը գոհանայ յայտարարելով իր հովանաւորութիւնը։ Կը կազմակերպուի դասախօսութիւն մը, միտքերն ու հոգիները նախապատրաստելու համար։ Կը դասախօսէ (Դեկտեմբեր 6, 1908) Արուսեակ Փանոսեան։ Ինչո՞ւ այս նախաձեռնութիւնը։

Հայ կինը, մօտաւոր անցեալին, պատասխանելով ազգին զանազան կարիքներուն–աշխատաւոր դասի անգործութիւն, դպրոցներու պիւտճէի բաց անջատաբար կամ համախումբ իր օժանդակութիւնը ընծայած է։ Սակայն, նպաստընկալը կրնայ անգործութեան, ձրիակերութեան եւ բարոյական մեծ անկումի առաջնորդուիլ։ [1]

Դարմա՞նը։ Գործ հայթայթելով նման անգործներու, տնտեսական յարաբերաբար անկախ գոյավիճակի մը հասցնելով զանոնք։

Այս նպատակին իրագործման համար նախատեսուած միջոցնե՞րը։

1. Աշխատանքի Գրասենեակ բանալով գործ հայթայթել անգործ կին եւ այր աշխատաւորներու։

2. Հիմնել եւ յանձանձել Արհեստանոցներ զանազան արհեստներու։

3. Օգնել հիմնելու Համայնական-Գործակցական (Coopératif)

Արհեստանոցներ։ Օգնել հիմնելու Տիպար Սպառողական Վաճառատուներ, որպէսզի աշխատաւորը կարենայ գնել աժան եւ անխարդախ պիտոյքներ։

4. Հայթայթել աշխատանք այն այր եւ կին աշխատաւորներուն, որոնք ստիպուած են տուն մնալ։

5. Հոգ տանիլ ձեռարուեստներու եւ արհեստանոցներու արտադրութեանց արդիւնաւոր վաճառման, բանալով Աշխատանքի Տուն անունով Վաճառատուներ, կազմելով Վիճակահանութիւններ, եւայլն։ [2]

Պետականութենէ զրկուած հայուն համար, Դաշնակցութիւնը իր այս Ընկերութեան ստեղծումով եւ ծրագիրով կ՚ուզէր ստանձնել Աշխատանքի Նախարարութեան մը դերը, հաւանաբար՝ չվստահելով Թուրքիոյ նոյն նախարարութեան վրայ, անձնապէս մշակելով իր պարտէզը։

Ծրագիրին՝ քաջալերանքի իր խօսքը կու գայ յայտնել ծանօթ գրագիտուհի Գ. Զարուհի (Զարուհի Գալէմքեարեան) «Աշխատութեան հրաւէրը» յօդուածով։ Անդամակցած է բարեսիրական հաստատութեանց վարչութիւններու եւ նկատած՝ որ կան անգործ եւ ծոյլ մարդիկ, որոնք մակաբոյծի կեանք մը կ՚ապրին։ Կը յայտնէ, թէ պարտաւոր ենք սորվեցնել այդ ծոյլ մարդոց, թէ «աշխատութիւնը մարդը կ՚ազատագրէ, իրաւունքը կու տայ խօսելու, վիճաբանելու եւ իր դատը պաշտպանելու արդար կերպով մը. վէս եւ հպարտ բռնել կու տայ գլուխը, եւ արժանի կ՚ընէ զինքը ամէնուն յարգանքին։ ... «Աշխատանքի տունը», չպիտի ձգէ մարդկային եսին ստորնացումը»։ [3]

Անդամակցութեան հրաւէր կ՚ուղղուի Պոլսոյ հայութեան, նշելով վերոյիշեալ նպատակներն ու անոնց իրագործման միջոցները, ներկայ գտնուելու Ընկերութեան Ա. ընդհ. ժողովին (Մարտ 1), վաւերացնելու Կանոնագիրը եւ ընտրելու գործադիր մարմիններ։ [4]

Ժողովը կը գումարուի եւ կը կատարէ իրեն վստահուած գործը։

Յուլիանէ Սարգիսեան, կոչով մը՝ «Փրկութեան պարանը», կը հրաւիրէ հայ հասարակութիւնը ընծայաբերել իր քաջալերանքն ու աջակցութիւնը այս «Աշխատանքի Տան», որ «պիտի բարգաւաճի ու կենսունակ ծիլեր պիտի արձակէ գաւառներու մէջ ալ»։ [5]

Եթէ վերոյիշեալ ձեռնարկը կը նկրտէր ժողովուրդին տնտեսական վիճակին բարելաւման, նոր ձեռնարկ մը՝ Ժողովրդական Երեկոյեան Դասընթացքները կու գային ապահովել ժողովուրդին մտաւոր զարգացումը։ Այդ դասընթացքները տեսակ մը «Ժողովրդական Համալսարան պիտի կազմեն պոլսահայ հասարակութեան համար, մտաւոր զարգացման հզօր ազդակ մը դառնալով»։ [6]

Դասընթացք բառը այստեղ ունի քիչ մը լայն իմաստ կամ առում։

Կը պարփակէ դասախօսութիւն, թատերական ներկայացում, նուագահանդէս, եւլն. ։

Բ) ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ

«Էջեր մեր դիւցազնամարտի պատմութենէն» ընդհանուր խորագիրին տակ կ՚անդրադառնայ յեղափոխական գործիչներու եւ ֆէտայիներու կեանքին ու գործին։ Նկատի առնուած դէմքերն են

Զաւէն (Արմենակ Գարակէօզեան, էջ 139), Վազգէն (Տիգրան Տէրոյեան, էջ 109-110), Գ. Չաւուշ (էջ 370, 384-386), Զուլումաթ (էջ 428430), Կայծակ-Վաղարշակ (էջ 617-619)։

Ռուբէն Զարդարեան, Գ. Չաւուշի մահուան Ա. տարելիցին առիթով գրած յօդուածը կը վերջացնէ հետեւեալ բառերով. «Նոր մարդկութեան համար չկան այլ եւս սուրբեր, նահատակներ ու աստուածներ, կան միայն հերոսնե՜ր»։ [7]

Մարդկութիւնը կ՚ապրի նոյն տագնապներով։ Գաղափարաբանութիւններ, որոնք կը փորձեն այդ տագնապներուն լուծումներ առաջարկել, կը գտնեն տարբեր բառեր ու եզրեր, նոյն երեւոյթին համար։ Իր կրօնական հաւատքին համար զոհուող անձը եթէ կը դառնայ սուրբ, նահատակ, իր ժողովուրդի բարօրութեան համար անձնազոհը՝ հերոս։

Գ) ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱ

Առաջին թիւին մէջ իսկ կ՚անդրադառնայ Օսմանեան Խորհրդարանին։ Անտեսումը անբնական պիտի ըլլար։ Ազատութիւնը հռչակուած էր, սակայն, անոր հակակշիռն ու հսկողութեան գործը վստահուած էր Խորհրդարանին։ Իր պաշտօնին բարձրութեան վրայ գտնուող մարմի՞ն մըն էր արդեօք։ Ժխտական է թերթին պատասխանը։ «Հիմա ունինք Օսմանեան Խորհրդարան մը, ուր բուռ մը սրտցաւ, գիտակից, յեղափոխական երեսփոխաններու հետ կողք կողքի կը գտնուին լեգէոն մը մարդիկ՝ մութ հակումներով, մութ իմացականութեամբ, եւ բթացած զգացողութեամբ»։ [8]

Խորհրդարանի Ա. նստաշրջանի աւարտին, թերթը պիտի հաստատէ. «... Աւելի կրաւորական քան ներգործական ոյժ մը եղաւ»։ [9]

Խմբագրութիւնը 1908 տարուան հաշուեփակը կատարելով՝ զայն կը համարէ «Յեղափոխական Յաղթանակի տարի»։ Յուլիս 11-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը կը համարէ մեծ մասամբ հայկական, իմա՛ Դաշնակցական գործ։ «Եւ Թուրքիոյ մէջ Յեղափոխութիւնը, որ հայկական ազատամարտի դիւցազնական ճիգերովը սկսաւ ու ապրեցաւ, եւ հայկական մարտիրոսութիւններու զահանդացուցիչ դէպքերով արծարծուեցաւ, ու մակեդոն ռազմիկներու հերակլեան պայքարներով ուժեղացաւ խաղաղ ելքի մը մէջէն օսմանեան երկիրներու ազատագրութիւնը ապահովեց»։ [10]

Եւ հակառակ եըլտըզեան (սուլթանական) ռէաքսիոնի դաւին՝բացուեցաւ Օսմանեան Խորհրդարանը։ Սակայն, Ազատութեան հռչակումը չի նշանակեր անոր հիմնաւորումը։ «Ազատութիւնը ուրուագիծ մըն է տակաւին Թուրքիոյ մէջ» [11] ։

Է. Ակնունի, նման հաշուեփակի մը մէջ, կը հաստատէ թէ անցած են Աստուածներու եւ բռնաւորներու թագաւորման շրջանները եւ եկած է ժողովրդապետութեան շրջանը. ժողովրդապետութիւն՝ «բարձրագլուխ, ժպտուն՝ ինչպէս նորազատ կալանաւորը եւ հպարտ՝ ինչպէս յաղթական ըմբիշը... »։ [12]

Ժողովրդապետութեան շրջանը, բարձրօրէն շեփորուած Ակնունիի կողմէ, տեղ պիտի չունենար Թուրքիոյ մէջ։ Ազատութեան կաշկանդումի կամ սահմանափակման առաջին քայլերը արդէն կ՚առնուին։ Պետական Խորհուրդը կը մշակէ մամուլի նոր կանոնագիր մը, ուր խօսքի եւ գիրի ազատութեան դէմ սեղմումներ կը դրուին։ Սուլթանն ու կառավարութիւնը քննադատութենէ զերծ պէտք է մնան։

Շ. Միսաքեան ընդդիմանալով այս կանոնագիրին, կը գրէ. «Մամուլի նոր կանոնագրին ձեռնարկը թերեւս միակն է, որ ե՛ւ ծիծաղ ե՛ւ զայրոյթ կը պատճառէ։ ... Բոլոր բռնութիւնները կը զօրանան ա՛յն համեմատութեամբ, ո՛րքան կրնան կաշկանդել միտքը, ջլատել լեզուն, իր սաղմին մէջ խղդել ազատ խօսքն ու ազատ մամուլը»։ [13]

Խորհրդարանը կեանքի կոչուած է, սակայն, գաւառին անհրաժեշտ ուշադրութիւնը չի դարձներ։ Մշոյ Գեղամը գաւառին տխուր պատկերը կը ներկայացնէ անոր մէկ նիստին ընթացքին։ Վարչապետ Քեամիլ փաշա կ՚որոշէ Յանձնաժողով մը ուղարկել եւ քննել տալ տեղական կացութիւնը։ Երեսփոխանական ժողովին մեծամասնութիւնը անհարկի կը համարէ նման կարգադրութիւն մը, որովհետեւ՝ Ազատութիւնը երկրին ամէն կողմը կը թեւածէ։ Այսինքն՝ անարդարութիւններ չկան։ Կը պահանջէ «հարկեցուցիչ պատճառներ»։

Շ. Միսաքեան կ՚ըմբոստանայ այս անփութութեան դէմ։ Ըստ իրեն, երկիրը կը մնայ նախասահմանադրական իրավիճակին մէջ։

Ոչի՛նչ փոխուած է։ Եթէ Յանձնախումբին համար արգելքներ կան որ դէպի գաւառ ճամբայ ելլէ, եթէ Պոլիս նստող երեսփոխանները չեն կրնար գաւառի զաւակներուն հարցերուն թափանցել, ուրեմն՝ պէտք է դիմել այլ միջոցի մը։ Կը հրահանգէ Երկրի զաւակներուն, որ ճամբայ ելլեն դէպի Պոլիս, «կեդրոնը այն բոլոր հրէշութեանց, որոնք ձեր քամակը փշրեցին», մտնեն Այա Սոֆիայի խորհրդարանը եւ պատմեն իրենց ողբալի կեանքը իրենց ներկայացուցիչներուն։ [14]

Տանք գաւառէն արձագանգ մը։ Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն տխուր հաստատումներ։ 8-9 ամիս անցեր է որ Սահմանադրութիւնը հաստատուած է, սակայն, մեր ցաւերը կը մնան անդարման։ Փորձեր կ՚ըլլան ազգերը թշնամացնելու, հին կարգերը վերադարձնելու։

Միասնականութեան կոչ կ՚ուղղէ հայրենիքի բոլոր զաւակներուն։ [15]

Նոյնպիսի կոչով մը հանդէս պիտի գայ Շ. Միսաքեան, «Դէպի գործ» խմբագրականին մէջ ծանր հաստատումներէ ետք.

«Տագնապի օրեր են։

«Վայրկեաններ՝ ուր իւրաքանչիւր քայլ կրնայ վճռական ազդեցութիւն մը ունենալ Թուրքիոյ ապագային վրայ. ապահովել զայն կամ քայքայել անվերականգնելի կերպով. վայրկեաններ՝ ուր ճակատագիրներ կը շինուին եւ ճակատագիրներ կը քանդուին։

«Տագնապի օրեր, երկունքի ժամեր, որ կրնան ցանկալի վաղորդայնին ծնունդ տալ, բայց հաւանական է նաեւ որ քստմնելի վիժումով մը խաւարին»։ [16]

Ինը ամիսներ անցած են, սակայն, «ո՛չ մէկ լուրջ իրական բարենորոգում, ո՛չ մէկ յեղափոխական գործունէութիւն»։ Եւ արդի՞ւնքը շէրիաթի խելագարութիւնը, համիտեան հրէշային դաւը, կիլիկեան աղէտը։

Թելադրա՞նքը։ «Ատենն է որ Երիտ. Թուրքիան հաստատէ, թէ ինք լրջօրէն կը հաւատայ, որ Թուրքիոյ վերածնութիւնը, նոյնիսկ ապագան անքակտելի կերպով, ճակատագրականօրէն կապուած է բաղկացուցիչ ազգութիւններու փոխադարձ վստահութեան, անոնց համերաշխ, անխարդախ գործակցութեան, անոնց պահանջներուն եւ բաղձանքներուն կատարեալ բաւարարութեան»։ [17]

Ի՞նչ հիման վրայ Միսաքեան «անվերականգնելի քայքայում» եւ «հաւանական քստմնելի վիժում» կը նախատեսէր։ Ծանօթ էր նախասահմանադրական Թուրքիոյ մտայնութեան։ Սահմանադրութիւնը ոչի՛նչ փոխած էր այդ մտայնութեան մէջ։ Թուրքը կը շարունակէր որպէս իշխող եւ տիրող տարր գործել, առանց նկատի ունենալու Թուրքիան բաղկացնող միւս տարրերուն պահանջները։ Ու անվերականգնելի քայքայումը պիտի չուշանար. Պալքանեան պատերազմին եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին որպէս հետեւանք, պիտի անդամահատուէր Օսմանեան Կայսրութիւնը։

Քայքայման առաջքը առնելու փորձեր պիտի կատարուէին, որոնցմէ մէկն էր Իթթիհատ-Թերագգի եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան միջեւ կայացած Համագործակցութեան ծրագիրը (Օգոստոս 1909)։

Խմբագրութիւնը ողջունելով զայն, կը թելադրէ որ Իթթիհատը հետեւի սահմանադրական հաստատ քաղաքականութեան մը, որուն բացակայութեան պատճառով՝ կան «աղաղակող անարդարութիւններ» եւ «քստմնելի հակասութիւններ», որոնք կը շարունակուին

Երկրի խորերը։ Դաշնակցութիւնը չի կրնար երկար հանդուրժել այս երերուն քաղաքականութեան։ Խմբագրութիւնը կ՚առաջարկէ.

«Իթթիհատը իր մասին լուրջ եւ հասուն քայլ մը առած կ՚ըլլայ, “իրաւասութիւններու ընդարձակման” սկզբունքը առանց խեղաթիւրման կիրարկել տալով, իր տրամաբանական ելքին, ապակեդրոնացման յանգեցնելու համար, որ լաւագոյն դրութիւնն է Թուրքիոյ պէս բազմացեղ եւ բազմապահանջ երկրի մը համար»։ [18]

Սակայն, անկեղծ չէր Իթթիհատի համագործակցութեան ոգին։

Ազդակ կ՚առաջարկէր ապակեդրոնացման ծրագիր, իսկ Իթթիհատը արդէն համաթուրանական շարժման առաջին քայլը կը նետէր։

Նոյն Ազդակը, 24 Յուլիսի իր թիւին մէջ՝ Վանի Յորձանքէն արտատպում մը կ՚ընէր, ուր կ՚ըսուի թէ Դաշնակցութիւնն ու Իթթիհատը օգնեցին Պարսկաստանի յեղափոխութեան, սակայն, Դաշնակցութեան նպատակն էր «ազատ Ատրպատական՝ ազատ Պարսկաստանի համար, մինչ Իթթիհատինը՝ ազատ Ատրպատական՝ ազատ Թիւրքերի համար»։ [19]

Կ՚ուզենք հոս կեցնել Սահմանադրական Թուրքիոյ մասին մեր վերլուծումը։ Թերթին այլ էջերուն մէջ ալ կան գրութիւններ եւ անդրադարձներ, որոնք առաւել կամ նուազ չափով նոյն նիւթերը կը շօշափեն եւ նոյն դիտողութիւններն ու առաջարկները կը յայտնեն։ Այդ էջերէն նշենք 277, 289-290, 397-398, 461, 465, 497, 606, 609, 625։

Սակայն, չենք կրնար մոռնալ սփոփորար ձայն մը։ Թուրք տարրին, մա՛նաւանդ մտաւորականութեան մէջ, կային անկեղծ, Սահմանադրական Թուրքիոյ բարօրութեամբ մտահոգ ազնիւ հոգիներ, որոնցմէ մէկն է Խալիտէ Սալիհ հանըմ, ծանօթ գրագիտուհի։ Կիլիկիոյ աղէտին առթիւ՝ Պոլսոյ Թանին թերթին մէջ յօդուած մը լոյս ընծայելով՝ ցաւակցութիւն կը յայտնէ եւ կոչ կ՚ուղղէ «Երիտասարդ օսմանեան ազգին», որպէսզի իր հայ հայրենակիցներուն վրէժը լուծէ. «Սահմանադրութիւնը ամրապնդելու համար ինչպէս որ երկաթէ բազուկով մը մեծ գահ մը տապալեցիք, թրքութեան, օսմանցիութեան ձեռքը մնացած մեր հայ հայրենակիցներուն արիւնն ալ ձեր մաքուր սուրերը կրնան լուալ»։ [20]



[1]            Թ. 2 (4 Յունուար, 1909), էջ 22։

[2]            Թ. 12 (13 Մարտ), էջ 190։

[3]            Թ. 4 (18 Յունուար), էջ 61։

[4]            Թ. 12 (13 Մարտ), էջ 190-191։

[5]            Թ. 15 (3 Ապրիլ), էջ 238։

[6]            Թ. 14 (27 Մարտ), էջ 222։

[7]            Թ. 25 (19 Յունիս), էջ 386։

[8]            Թ. 1 (29 Դեկտեմբեր 1908), էջ 15։

[9]            Թ. 32 (7 Օգոստոս), էջ 497։

[10]          Թ. 4 (18 Յունուար), էջ 50։

[11]          Անդ։

[12]          Թ. 5 (25 Յունուար), էջ 65։

[13]          Թ. 7 (6 Փետրուար), էջ 112։

[14]          Թ. 8 (13 Փետրուար), էջ 114-115։

[15]          Թ. 17 (24 Ապրիլ), էջ 269 (Կարին)։

[16]          Թ. 20 (15 Մայիս), էջ 305։

[17]          Անդ, էջ 306։

[18]          Թ. 37 (11 Սեպտեմբեր), էջ 577։

[19]          Թ. 30 (24 Յուլիս), էջ 479։

[20]          Թ. 21 (22 Մայիս), էջ 335։