Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԾԱԾԿԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Բարացուցական հանգամանք ունին գործածուած ծածկանունները։ Հայոց աշխարհը եւ պատմութիւնը ներկայ են անոնց մէջ։ Կայ երկնակամարին վրայ պլպլացող Աստղիկը, հայ դաշտերուն Գեղջուկը . Օշական) եւ Մշակը (Վահան Թոթովենց), որ հեռաւոր Ամերիկայէն կը բերէ իր աշխատակցութիւնը։ Հեռաւոր Ամերիկայի մէջ նստած, սակայն, չէ մոռցած իր հայութիւնը, հեթանոսութիւն բուրող Սօսանուէրը, Տրդատ Սօսը, զէնք, զրահ եւ յեղափոխութիւն շեփորող Նետը . Բարսեղեան), Ասպետունին, Ըմբոստը, Բարբարոսը (վերջին երկուքը Շ. Միսաքեանի ծածկանուններն են), ճակատագրապաշտութիւնը խորհրդանշող Չարխի-Ֆալաքը, եւ հայրենիքը յիշեցնող Վաթանը (Ղեւոնդ Մելոյեան), Ա. Շիրակունին, Վտարանդին (Արամ Չարըգ) եւ Մարզպետը։

Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց մը։

Չսպառեցինք։ Ազդակ ունի նաեւ նիւթեր ազգային զանազան հարցերու, միջազգային գրականութեան, գրական տեսութեանց վրայ, որոնց անդրադարձը աւելի պիտի ընդլայնէր այս ուսումնասիրութեան սահմանները։ Կանգ կ՚առնենք հոս՝ տեսնելու հայ մամուլին կեցուածքը Ազդակի հանդէպ։