Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆ [1] 1921-1971 Թ. Թ.

ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ի. դարու սկիզբը հազիւ 50 ընտանիքի շուրջ հայեր կային Պէյրութի մէջ, մեծ մասը 1896 թ. ի կոտորածներէն փախած՝ Լիբանանի ասպնջական երկինքին տակ յարաբերաբար ազատ օդ շնչելու համար։ 1908 թ. ի Սահմանադրութենէն առաջ երբ Արեւմտահայաստանի հայահոծ գաւառները մամուլ չունէին, կարելի չէր ակնկալել որ նմանօրինակ փոքրաթիւ գաղութ մը ունենար։ 1908 թ. ի Սահմանադրութենէն ետք Պէյրութի զոյգ համալսարանները - Ամերիկեան եւ Ֆրանսական - իրենց կը քաշեն բաւական թիւով հայ ուսանողներ. 1910 թ. էն ետք անոնց թիւը 85 հոգի է, [2] եւ հակառակ ուսանողական եռուն գործունէութեան (Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը գոյութիւն ունէր արդէն 1905 թ. էն սկսեալ)՝ ո՛չ մէկ հետք հայ մամուլի։

1920-ական թուականներու սկիզբն է, որ մեր մամուլին առաջին հունտերը կը ցանուին։ Հայ գաղթականներուն այս ափերուն վրայ հաստատուիլը, մանաւանդ որբանոցներու հիմնումը, պարարտ հող կը հայթայթեն մամուլի պահանջին եւ ստեղծման։ Կիլիկիոյ պարպումէն (1921 թ. ի Դեկտեմբեր) ետք է որ հայեր հետզհետէ կու գան Լիբանան եւ 1923 թ. ին արդէն անոնց թիւը կը տրուի շուրջ 20, 000։ [3]

Հետզհետէ Լիբանան կը փոխադրուին Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հոգատարութիւնը վայելող որբերը եւ 12, 000 որբերուն համար Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ (Ճիպէյլ, Անթիլիաս, Սայտա, Շմլան, Նահր Իպրահիմ) կը բացուին տասնվեց որբանոցներ։ Կը հաստատենք այս իրողութիւնը այն նպատակով, որ այս հաստատութիւններուն մէջ պատսպարուած մեր ծնողազուրկ եւ հայրենազուրկ հայորդիներն էին, որոնք պիտի փորձէին լիբանանահայ մամուլին առաջին սերմերը ցանել։ Արդարեւ՝ որբանոցներու, մանաւանդ Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնին մէջ է որ աշխարհ կու գայ լիբանանահայ մամուլի երախայրիքը, Հոսանք (1922 թ. ), որուն կը յաջորդէ նոյն հաստատութեան Տունը (խմորատիպ, 1922-1924 թթ. ), Նահր Իպրահիմի Նոր դարը եւ Ճիւնիի մէջ Այգը (ձեռագիր, 1922 թ.

Հաստատում մը այս առիթով անհրաժեշտ կը համարենք։ Վերոյիշեալ թերթերը, ինչպէս նաեւ անոնց յաջորդող այլ թերթերու անունները - Հոսանք, Տուն, Նոր դար, Այգ, Խարոյկ, Փիւնիկ, Նոր փիւնիկ, Որբաշխարհի աստղը, Ովասիս - խորհրդանշական իմաստ մը ունին եւ պատահականութեան արդիւնք չեն։ Կը յայտնաբերեն ճղակոտոր եղած ժողովուրդի մը ներկայի բնական պահանջները Տուն, Ովասիս եւ ապագայի վառ յոյսերը, հայ ժողովուրդի վերապրումը - Այգ, Խարոյկ, Փիւնիկ, Նոր փիւնիկ։

Լիբանանահայ մամուլի սկզբնաւորութեան անդրադառնալէ ետք, կ՚ուզենք հետագայ ընթացքը պարագայական բաժանումներու ենթարկել, այն է՝ տասնամեակներու։ Տալ իւրաքանչիւր տասնամեակի հիմնական հարցերը, ապա թուել գլխաւոր թերթերը, որոնք լոյս տեսած են նոյն տասնամեակի ընթացքին։

Ա. ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ (1921-1930 ԹԹ. )

Այս տասնամեակին մամուլին հիմնական նիւթը պիտի կազմէ լիբանանահայ գաղութին կազմակերպման հարցը - կրթական, ազգային եւ կուսակցական գետիններու վրայ։ Գաղութին կեանքը ղեկավարելու հեռանկարով բուռն պայքար կը մղուի կուսակցութեանց միջեւ - գլխաւորաբար Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան (Ռամկավար եւ Հայ Համայնավար կուսակցութիւնները տակաւին հեռու են նկատառելի ոյժ մը կազմելէ)։ Այդ պայքարին բեմը չի հանդիսանար միայն մամուլը, այլ նաեւ փողոցը։

Ու կրնանք ըսել որ այդ պայքարին հիմնական հրահրողը ինք՝ մամուլը կ՚ըլլայ։ Ազգային Գաւառական ժողովի ընտրութիւնները, ատոնց առիթով տեղի ունեցած կռիւները, երբեմն նոյնիսկ տեռորի գացող, օրինակ՝ Վ. Վարդապետեանի եւ Սարգիս Տխրունիի սպանութիւնները, այս տասնամեակին հիմնական նիւթը կը կազմեն։

Կուսակցական մամուլը իր առաջին քայլերը կ՚առնէ։ Իրարու դէմ պայքարող կուսակցութիւններէն միայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է որ ունի իր պաշտօնաթերթը։ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը մինչեւ 1937 թ. ը, համակիրներու կողմէ լոյս ընծայուող թերթերուն - Լիբանան, Ժողովուրդ - խմբագրութիւններուն մէջ իր համախոհներն ու շարքայինները ունի։

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ո՛չ միայն կը հիմնէ լիբանանահայ կուսակցական մամուլին երախայրիքը, այլ նաեւ տպագիր առաջին թերթը՝ 1924 թ. ի Մարտին։ Թերթին խմբագրութիւնը կը ստանձնեն Արշակ Յովհաննէսեան եւ Խոսրով Թիւթիւնճեան, որոնք Փետըրւար ամսուան վերջերը Պարսկաստանէն նոր ժամանած էին Փիւնիկ թերթի խմբագրութեան եւ կուսակցական գործիչութեան առաքելութեամբ։ Թերթը ապա կը վերամկրտուի Նոր փիւնիկ (այս վերամկրտման հարցը կը մնայ լուծելի) եւ մինչեւ 1927 Փետրուարին կը շարունակէ լոյս տեսնել։ Սկիզբը լոյս տեսած է եռօրեայ (1924-26 թթ. ), ապա դարձած՝ երկօրեայ։ Իր ձգած նիւթական բացին պատճառով թերթը կը դադրի եւ 1927 թ. ի Մարտի 5-ին՝ Հայկ Պալեան, որպէս կրթական փորձառութիւն ունեցող եւ ձեռներէց ոգիի տէր, կը ձեռնարկէ լոյս ընծայել Ազդակ եռօրեան, որ ցարդ կը շարունակէ իր գոյութիւնը, մնալով լիբանանահայ մամուլին ամէնէն երկարակեացը։

Ազդակ՝ 1930 թ. ին կը դառնայ երկօրեայ, 1932 թ. Մարտի 1-ին՝ օրաթերթ, ցարդ պահելով այդ հանգամանքը։ 1970 թ. ի Դեկտեմբերի 2-ին կ՚ունենայ ծաւալի փոփոխութիւն եւ կը սկսի լոյս տեսնել 8 էջով։

Իր 46 տարուան կեանքի ընթացքին Ազդակ ունեցած է խմբագիրներու փաղանգ մը, որոնցմէ կարելի է յիշել Արամ Սահակեանը, Մանուկ Ասլանեանը, Մուշեղ Իշխանը, եւլն. ։ Ներկայիս գլխաւոր խմբագիրներն են Տիգրան Ոսկունի եւ Պօղոս Սնապեան։

Ժամանակի ընթացքին Ազդակ լոյս ընծայած է որպէս յաւելուածներ կամ առանձին հրատարակութիւններ հինգ թերթեր Յարդգող (1 թիւ, 1932 թ. ), Ազդակ շաբաթօրեակ (1944-1952 թթ. ), Ազդակ մարզական (1952-1958 թթ. ), Ազդակ շաբաթօրեակ - Դրօշակ (1969 թ. ի Նոյեմբերէն սկսեալ), 2001 (1970-1971 թթ.

Մինչեւ 1965 թ. Ազդակ սեփականութիւնն էր տէր եւ տնօրէն Հայկ Պալեանին, սակայն ճանչցուած էր որպէս Դաշնակցութեան բանբերը։ Այդ թուականին Լիբանանի Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն գնեց թերթը եւ այսօր ան սեփականութիւնն է վերոյիշեալ Կեդրոնական Կոմիտէութեան։

Լիբանանահայ երկրորդ թերթը եղած է Լիբանան (1924-1935 թթ. ), որ լոյս տեսած է Փիւնիկի հրատարակութենէն երկու շաբաթ ետք։ Հիմնադիրներն են Մանուէլ եւ Ժոզէֆ Աճէմեան եղբայրները, որոնք հայ գիրին ոչ այնքան ծանօթ ըլլալով հանդերձ, նախաձեռնարկ եղած են այս եռօրեային հրատարակութեան։ Զանազան շրջաններու որպէս խմբագիր՝ թերթը ունեցած է հետեւեալները՝ Արշակ Գազանճեան, Ղազար Չարըգ, Ժոզէֆ Աճէմեան, Երուանդ Քէշիշեան, Տիոնիս Կեսարեան, Միհրան Ս. Նաճարեան (խմբագրապետ), տոքթ. Միսաք Տաքէսեան, Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, մեթր Ժան Պշարա (հայ կաթողիկէ, հայերէնի տեղեակ անձ մը), Գրիգոր Պատուհասեան, Մանուշեան վրդ. (հայ կաթողիկէ), Յարութիւն Խուպհօշեան, փրոֆ. Սամուէլ Թումաճանեան, Միհրան Սէֆէրեան եւ Միհրան Աղազարեան։

Թէեւ լոյս տեսած է որպէս անկախ հայաթերթ, սակայն անուղղակիօրէն գտնուած է Հնչակեան կուսակցութեան ազդեցութեան տակ։ Քանի որ Հնչակեան կուսակցութիւնը մինչեւ 1937 թ. չէ ունեցած իր օրկանը, Լիբանան թերթը մասամբ գոցած է այդ բացը։

Որպէս անկախ եռօրեայ, եւ այս պարագային իրապէս անկախ թերթ, 1925 թ. ին կը սկսէր հրատարակուիլ Միքայէլ Շամտանճեանի Հայ կեանքը։ Խմբագիրը գերմանական ուսում եւ խմբագրական փորձառութիւն ունեցող ծանօթ մտաւորական մըն էր։ Արդարեւ Պոլիս լոյս ընծայած է Ոստան (1911-1912 թթ. ) լուրջ պարբերաթերթը, Եղեռնէն առաջ (6 թիւ, խմբագրական ընկերակցութեամբ Տիգրան Չէօկիւրեանի)։ Ճաշակած էր աքսորի զրկանքները եւ եղած էր այն սակաւաթիւ բախտաւորներէն, որոնք վերադարձած էին Պո- լիս՝ շարունակելու համար իրենց գրչեղբայրներուն կիսատ ձգած մշակութային առաքելութիւնը։ Զինադադարէն ետք սկսած էր վերահրատարակել Ոստանը, այս անգամ որպէս ամսաթերթ՝ աւելի համեստ ծաւալով։ Հաւանաբար քեմալական շարժման յաջողութեան պատճառով կը ստիպուի լքել Պոլիսը։ 1925 թ. ին արդէն Պէյրութ է եւ կը ձեռնարկէ Հայ կեանքի հրատարակութեան։ Ինչպէս նախապէս յիշատակեցինք՝ կուսակցական բուռն պայքարի շրջանն է։ Մ. Շամտանճեան, յոյսը դնելով անկախներու վրայ, հակակուսակցական պայքարի մը կը ձեռնարկէ այն քաղաքական դաւանանքով, որ «կուսակցութիւնները անելիք չունին»։ [4] Հակապայքարը, Նոր փիւնիկի կողմէ տարուած, զինաթափման կ՚առաջնորդէ Շամտանճեանը եւ իր թերթը 7-8 ամսուան հրատարակութենէն ետք կը դադրի։ Նիւթական անձուկ կացութեան մատնուած՝ Շամտանճեան կը մեռնի 1926 թ. ի Օգոստոսի 21-ին Ղազիրի իր բնակարանին մէջ՝ սրտի կաթուածի հետեւանքով։

Գրականութեան լրջօրէն մօտենալու առաջին փորձերը կ՚արձանագրուին Երուանդ Քէշիշեանի Կրթասիրացին (1925 թ. Նոյ. -1927 Հոկտ. թթ. ), Միհրան Ս. Նաճարեանի Սահակ-Մեսրոպին (1927-1931, 1933-34 թթ. ) եւ Վարդան Գէորգեանի Ջահակիրին մէջ (երկշաբաթաթերթ, 1929 թ. ի Յունուար-Յուլիսի 15)։ Սակայն գաղութը տակաւին պատրաստ չէր մարսելու գրականութիւնը, ո՛չ ալ հրատարակիչները նիւթական զօրեղ միջոցներ ունէին տպագրական ծախսերուն տոկալով՝ հետզհետէ գրական ճաշակ ստեղծելու եւ իրենց գրական ամսագիրներուն ամուր կռուան մը ապահովելու համար։

Այդ ենթահողը պիտի ստեղծուէր տասնամեակ մը ետք, երբ մէջտեղ պիտի գար գրականութեան հուրով տոչորուող սերունդ մը, որ գլխաւորաբար մշակութային միութիւններու յենարանը ունենալով՝ պիտի կրնար աւելի երկար գոյատեւող գրական թերթեր լոյս ընծայել։ Վերոյիշեալ երեք թերթերէն Մ. Նաճարեանի Սահակ-Մեսրոպը եթէ յարաբերաբար աւելի երկար գոյատեւած է, ատոր գլխաւոր պատճառը պէտք է վերագրել խմբագրին հիմնական ասպարէզին՝ դեղագործութեան, այսինքն՝ նիւթական ամուր կռուանի մը գոյութեան։

Ասպարէզով դեղագործ Միհրան Ս. Նաճարեան, գիրն ու գրականութիւնը «ի տղայ տիոց» սիրած, լոյս ընծայած է Հալէպի մէջ Աղբիւր թերթը (1913 թ. ին, 9 թիւ)։ Եղած է Լիբանանի խմբագրապետ եւ Ե. Քէշիշեանի Կրթասիրացի խմբագիրներէն։ Հանրային վառ հետաքրքրութիւն ունեցող եւ պայքարող հրապարակագիր մը եղած է։

Հակառակ ցաւալի արկածի մը պատճառով աչքերուն լոյսին կորուստին, ցարդ կը պահէ իր հետաքրքրութիւնը հայ կեանքին հանդէպ։ Առաջին տասնամեակի սակաւաթիւ խմբագիրներէն է, որ կրնայ որպէս վաւերական աղբիւր ներկայանալ լիբանանահայ մամուլին համար։

Բ. ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ (1931-1940)

Ազգային մեքենայի հաստատման, կուսակցութեանց զարգացման եւ գրականութեան փթթումի շրջան։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անհաստատ կայք ունեցող հայրապետը՝ Սահակ Կթղ. Խապայեան ի վերջոյ կը հաստատէ իր Աթոռը Անթիլիասի մէջ եւ 1932 թ. ին լոյս կ՚ընծայէ Հասկ պաշտօնաթերթը։

Կը շինուին վեհարանը, դպրեվանքն ու Մայր եկեղեցին, որոնք Կաթողիկոսութեան փայլ մը կու տան։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը զօրանան այս շրջանին եւ զգալով մամուլին զօրութիւնը իրենց գաղափարաբանութեան տարածման եւ շարքերուն ստուարացման համար, կ՚ունենան իրենց ուրոյն օրկանները։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը սկսի լոյս ընծայել Զարթօնքը (1937 թ. ի Սեպտ. ի 26), Հնչակեան Կուսակցութիւնը՝ Արարատը (1937 թ. ի Նոյ. ի 7) եւ հայ համայնավարները՝ Ժողովուրդի ձայնը (1938 թ. ի Փետր. ի 6)։

Այս տասնամեակին հայ ժողովուրդը որպէս լիբանանեան քաղաքացի կ՚արժեւորէ իր քաղաքացիական իրաւունքը եւ լիբանանեան խորհրդարանին կ՚ուղարկէ իր երեսփոխանները, 1934 թ. ին՝ Վահրամ Լէյլէկեան, իսկ 1938 թ. ին՝ Խոսրով Թիւթիւնճեան։ Այս ընտրապայքարները առատ նիւթ կը հայթայթեն մամուլին եւ կը ծառայեն կուսակցական կիրքերու հրահրման։

Գալով գրականութեան փթթումին՝ երկու հաստատութիւններ առաջնորդողի դեր կը կատարեն - Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութիւնը եւ Պէյրութի Հայ Ճեմարանը (յետոյ վերամկրտուած Նշան Փալանճեան Ճեմարան)։ Այս զոյգ հաստատութիւնները, հիմնուած 1925 թ. ին եւ 1929 թ. ին, կը հասցնեն շրջանաւարտներ, որոնք գեղեցիկ դպրութեանց հուրը իրենց սրտերուն մէջ՝ կը նուիրուին գրականութեան։ Նախկին տասնամեակը գրականութեան պարարտ հող չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեր ճղակոտոր եղած ժողովուրդը իր վէրքերը դարմանելու ետեւէն էր։ Իր օրապահիկը շահելու, հազարաւոր որբերու պատսպարման եւ գործ գտնելու, ու տարրական կրթութիւն մը ջամբելու կը հետամտէր, ուրեմն՝ ո՛չ տրամադրութիւնը եւ ոչ ալ կարելիութիւնը կար գրականութիւն մշակելու։ Կը պակսէր նաեւ գրական անցեալ ունեցող առաջնորդ տարրը։ Յակոբ Օշական եւ Վահէ-Վահեան՝ Մելգոնեանի մէջ, Շանթ ու Աղբալեան՝ Հայ Ճեմարանին մէջ կը փոխանցէին գրականութեան հուրը։ Եւ եթէ այսօր լիբանանահայ գրական հրապարակին վրայ համբաւ ունեցող գրողներ ունինք, անոնց մէկ կարեւոր մասը կու գայ այս տասնամեակէն։

Գրականութեան ովասիսի դեր կը կատարէ տիկին Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան) Երիտասարդ հայուհի ամսաթերթը (1932-34 թթ. ), որ լոյս կը տեսնէ որպէս կանանց թերթ, սակայն իր աշխատակիցներուն մեծ մասը մեծ գրողներ են - Միհրան Տամատեան, Վահէ-Վահեան, Ներսէս Քիւփելեան, Եդուարդ Տարօնեան, Վարդան Գէորգեան, եւլն. ։ Դեռ հեռու ենք լայնաշունչ գրականութենէն. սակայն լոյս ընծայուած գեղագիտական յօդուածները, օտար գրականութենէն կատարուած թարգմանութիւնները, գրախօսականները, քերթուածները, մա՛նաւանդ ամսագրին մաքուր լեզուն եւ էջադրումը՝ գրական ճաշակի կազմաւորման կը նպաստեն։

1939 թ. ամառը՝ երբ աշխարհ համաշխարհային պատերազմի մը նախօրեակին կը գտնուէր, Պէյրութի մէջ կը սկսին լոյս տեսնել գրական երկու թերթեր՝ Հայ գիր (1939-1944 թթ. ) եւ Ծիածան (19391949 թթ. Գրելու մարմաջով մղուած երիտասարդութիւնն է որ հրապարակ կը նետուի եւ իր տագնապը կ՚ուզէ փոխանցել հանրութեան։ Հաստատում մը անհրաժեշտ է։ Հայ գիրի եւ Ծիածանի, ինչպէս նաեւ հետագային լոյս ընծայուած գրական հանդէսները նա- խաձեռնողները սփիւռքի պայմաններուն մէջ հասակ առնողներն են։ Երէց սերունդը եթէ յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տայ եւ իրեն կը պակսի անհրաժեշտ նախաձեռնութեան ոգին, երիտասարդութիւնն է որ կը խլրտի եւ կը ստեղծէ բեմեր, ուր երէց սերունդն ալ հանդէս կու գայ։

Հայ գիրը լոյս կ՚ընծայուէր նախաձեռնութեամբ Վազգէն Այգունիի, իսկ Ծիածանը հրատարակութիւնն էր Հ. Բ. Ը. Միութեան Հ. Ե. Ը. ի Գրասէր Երիտասարդներու Միութեան, արտօնատիրութեամբ՝ Սիսակ Վարժապետեանի եւ խմբագրապետութեամբ՝ Բիւզանդ Եղիայեանի։ Պէտք է ընդունիլ որ մեր գաղութին կարգ մը գրողները, ինչպէս նաեւ հայրենիք ներգաղթած կարգ մը գրողներ, իրենց կազմաւորման անհրաժեշտ հողը այս թերթերուն մէջ գտան։

Այդ գրողներն էին՝ Ստեփան Ալաճաճեան, Զարեհ Մելքոնեան, Սահակ Պալըգճեան, Սիսակ Վարժապետեան, Գրիգոր Կիւլեան, Գրիգոր Սիսուան, տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան, Գրիգոր Քէշիշեան, Յ. Նորունի, Անդրանիկ Նաճարեան, Անդրանիկ Թերզեան, Պետրոս Պարգեւ (Փայասլեան), Յակոբ Պօղոսեան (Բոցար), Նուպար Չարխուտեան, Պարգեւ Շահպազ, Ե. Ներսեհ (Եդուարդ Պարսումեան), Հայկաշէն Ուզունեան, եւլն. ։

Վերոյիշեալ ամսաթերթերը, ինչպէս նաեւ գալիք տասնամեակներու լոյս ընծայուելիք հանդէսները, կ՚ունենան ուրիշ դեր մը - տեղական միջոցներ հայթայթել գրականութեան (իր լայն առումով առնուած) մշակման եւ լոյս ընծայման։ Եթէ նախապէս գլխաւորաբար Փարիզի Անահիտը, Պոսթընի Հայրենիք ամսագիրը եւ Նիւ Եորքի Հայաստանի կոչնակը կը հիւրընկալէին լիբանանահայ գրողներու գործերը, ներկայիս կը փոխուի այդ կացութիւնը, եւ լիբանանահայ գրողը հետզհետէ կը նուազեցնէ իր աշխատակցութիւնը արտասահմանեան թերթերուն եւ կը սկսի նիւթ հայթայթել իր տեղական հանդէսներուն։ Այս վերջինները ո՛չ միայն բաւարարութիւն կու տան իրենց տեղական պահանջներուն, այլ նաեւ, շրջելով դերերը, իրենց էջերուն մէջ կը հիւրընկալեն Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Պարսկաստանէն եւ զոյգ Ամերիկաներէն հայ գրողներ։

Տեղական հանդէսներու գոյութիւնը կ՚ունենայ այլ նպաստ մը եւս՝ առանձին հատորներու հրատարակումը։ Արդարեւ հանդէսները կ՚ունենան իրենց մատենաշարները։ Թերթերը իրենց էջերուն մէջ հիւրընկալած լուրջ ուսումնասիրութիւնները, պատմուածքները, վէպերը լոյս կ՚ընծայեն որպէս առանձին հատոր։

Այս տասնամեակի գլխաւոր միւս հրատարակութիւններն են.

Հասկ - Պաշտօնաթերթ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Սկսած է 1932 թ. ի Յունուարին եւ ցարդ կը շարունակուի։ Գարեգին Կթղ. ի գահակալութեան շրջանին (1944-1951 թթ. ) կը դառնայ կրօնական, բանասիրական եւ պատմական բովանդակալից ամսաթերթ մը։

Լոյս ընծայած է Հայագիտական հասկի 3 հատոր։ Ներկայիս հիմնականօրէն դարձած է կաթողիկոսական լրատուութեան կամ տեղեկատուութեան թերթ եւ իր բովանդակութիւնը չի գտնուիր բաղձալի բարձրութեան վրայ։

Աւետիք - Պաշտօնական ամսաթերթ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Տանն Կիլիկիոյ։ Սկսած է 1932 թ. ի Մարտի 28-ին եւ ցարդ կը շարունակուի։ Էապէս տեղեկատուութեան թերթ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, թեմերու եւ առաքելութիւններու։ Այս տեղեկատուութեան հիմնական սկզբունքը եղած է Կաթողիկէութիւնը Հայութեան մէջ, Հայութիւնը Կաթողիկէութեան մէջ։

Զարթօնք - Սկսած է լոյս տեսնել 1937 թ. ի Սեպտ. ի 26-ին։ Հրատարակութեան գաղափարը յղացած են Միհրան Տամատեան եւ Յովհաննէս Սեքսենեան։ Առաջին խմբագիրը եղած է Վահան Թէքէեան, որ Եգիպտոսէն մասնաւոր հրաւէրով կանչուած է թերթը ամուր հիմերու վրայ դնելու համար։ Քանի մը ամսուան խմբագրական աշխատանքէ ետք ան կը վերադառնայ Եգիպտոս։ Ապա յաջորդական խմբագիր եղած են Լեւոն Թիւթիւնճեան, Երուանդ Քէշիշեան, Գրիգոր Պեքերեճեան, Համբարձում Գումրուեան, Մագսուտ Մագսուտեան, Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան, Կարապետ Գաւլաքեան, Գրիգոր Կիւլեան, Յակոբ Դաւիթեան, Միքայէլ Նաթանեան։

Քառորդ դարէ աւելի խմբագրապետութիւնը կը վարէ Գերսամ Ահարոնեան։ Ներկայիս անոր կողքին որպէս խմբագիր կը գործէ Նազարէթ Թոփալեան։

Իր հրատարակութեան ընթացքին Զարթօնք ստեղծած է զանազան բաժիններ՝ առանձին պատասխանատուներով - Զարթօնք գրական, Զարթօնք պարսատիկէն, Զարթօնք մարզական, Զարթօնք գիտական։ Որպէս առանձին հրատարակութիւն լոյս տեսած է Զարթօնք սփորը (1955-1957 թթ. ) խմբագրութեամբ Վարուժան Պետիկեանի։ Լոյս ընծայուած է նաեւ Զարթօնքի արաբերէն հրատարակութիւն մը՝ շուրջ մէկ տարի (1957 թ.

Արարատ - Սկսած է լոյս տեսնել 1937 թ. ի Նոյ. ի 7-ին։ Օրկան Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի։ Սկիզբը երկօրեայ, ապա՝ օրաթերթ։ 1941-42 թթ. դադրած։ Արտօնատէր՝ Գրիգոր Հաճնլեան, պատ. տնօրէն՝ Օննիկ Ճամպուլեան։ Ժամանակի ընթացքին թերթը խմբագրած են Արմենակ Էլոյեան, Արսէն Կիտուր, Միհրան Սէֆէրեան, Արմէն Ղարիպ, Օննիկ Ճամպուլեան, Հրանդ Գանգրունի, Ժիրայր Նայիրի, եւայլն։

Ա. թիւին մէջ բանաձեւելով իր դաւանանքը, խմբագրութիւնը կը գրէ. «Սոցիալական կեանքի մէջ՝ դեմոկրատական խաւի գոռ հնչիւնն է Արարատը։ Համաշխարհային ռազմադաշտին վրայ արիօրէն ինկող հայ ազատագրութեան մարտիկի ձայնն է Արարատը։

«Մեծն Լիբանանի տնտեսական վերելքին իր եղունգներովը մասնակցող հայ աշխատաւորի կանչն է Նա։

«Իր պարտականութիւնը հանդէպ իր լիբանանեան հայրենիքին լիովին կատարող հայ ժողովուրդին իրաւունքն է Արարատը։

«Արարատն է ընտրուած որպէսզի նա աւելի մօտիկ ըլլայ Արդարութեան ականջին»։

Արարատ ժամանակի ընթացքին ծնունդ տուած է հետեւեալ հրատարակութիւններուն. - 1) Արարատ շաբաթօրեակ (1949 թ. ի Նոյ. ի 13-1954 թ. ի Սեպտ. ի 5)։ Անջատ հրատարակութիւն մը չէ, այլ Կիրակի օրուան բացառիկ։ Խմբագրած են՝ Օննիկ Ճամպուլեան եւ Յակոբ Պարսումեան։ 2) Արարատ գրական - 1956 թ. ի ՅունուարՍեպտ., 15 թիւ, երկշաբաթաթերթ։ 1956 թ. ի Նոյ. ին դարձած է ամսագիր (գրքոյկի ձեւով) եւ լոյս տեսած է մինչեւ 1963 թ. ։ Խմբագիրներ՝ Յակոբ Նորունի, Հրանդ Գանգրունի, Ժիրայր Նայիրի, Մ. Ուրարտու (Սարգիս Խայեան), Երուանդ Գարաճեան։ 3) Արարատ մարզական - շաբաթաթերթ, 1956 թ. ի Դեկտ. ի 17-1958 թ. ի Յուլիսի 1, 69 թիւ։ Նախաձեռնութիւն՝ Հ. Մ. Մ. ի Պէյրութի Շրջանի Տեղական Վարչութեան։ Խմբագիր՝ Գէորգ Տարօնի։

Ժողովուրդի ձայն - Հայ համայնավարները միշտ ալ գործակցած են Լիբանանի համայնավար կուսակցութեան հետ եւ իրենց քաղաքական օրաթերթերն ու շաբաթաթերթերն ալ լոյս տեսած են Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութեան պաշտօնաթերթերուն անունները օգտագործելով։

1937 թ. ի Ժողովուրդի ձայնի տպագիր հրատարակութենէն առաջ՝ գլխաւորութեամբ Յարութիւն Մատէեանի, լոյս տեսած են առանց արտօնագրի՝ խմորատիպ հրատարակութիւններ - Նոր փարոս (1925 թ. 2 թիւ), Կարմիր արշալոյս (1931-32 թթ. 4 թիւ), Մարտակոչ (1934 թ. 4 թիւ)։

1937 թ. ին՝ Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութիւնը Նիքոլա Շաուիի խմբագրութեամբ՝ օրինաւորապէս լոյս կ՚ընծայէ Սաութ Էլ Շաապ թերթը, որուն կը հետեւի Ժողովուրդի ձայնը, որպէս յաւելուած։ 1938-39 թթ. եղած է շաբաթաթերթ, 1942-48 թթ. օրաթերթ։

1943 թ. ին լոյս տեսած է որպէս ամսաթերթ, 4 թիւ, գլխաւորաբար գրական բովանդակութեամբ։

Թերթը խմբագրած են Յարութիւն Մատէեան (սկզբնական շրջանին) եւ Յովհաննէս Աղպաշեան։ Ազգային կեանքէ աւելի արձագանգած է համաշխարհային համայնավարութեան իրադարձութիւններուն եւ ի մասնաւորի Խորհրդային Միութեան Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին տարած յաղթանակներուն։ Թերթը իր փառքի օրերը կ՚ապրի 1945-47 տարիներուն երբ վերջ կը գտնէ պատերազմը եւ կը սկսի հայրենադարձը։ Այդ օրերուն ամէնէն տարածուած թերթն է եղած եւ ամէնէն գործօն մասնակցութիւնն է բերած ներգաղթի առիթով Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութին մէջ ստեղծուած պայքարին։

Առաւօտ (1938 թ. ի Հոկտեմբերի 24 - 1946 թ. ) Տնօրէն խմբագիր՝ Հրանդ Տէվէճեան։ Շաբաթաթերթ, ապա երկօրեայ, յետոյ օրաթերթ։ Սկսած է լոյս տեսնել որպէս դժգոհ դաշնակցականներու թերթ։ Հ. Տէվէճեանի կողքին խմբագրական աշխատանք կատարած է բանաստեղծ Արսէն Աճէմեան։

Հրանդ Տէվէճեան իր դժգոհութենէն պիտի անցնէր հակառակորդի դերին եւ ներգաղթի օրերուն՝ գործօն դեր պիտի ստանձնէր անոր կազմակերպման կոմիտէութեան մէջ եւ ապա ինք ալ պիտի մեկնէր հայրենիք, ուր քիչ ետք պիտի մահանար։

Պատանեկան արձագանգ - Սկսած է 1936 թ. ի Դեկտեմբեր 1-ին. ցարդ կը շարունակուի։ Հիմնադիր եւ խմբագիր՝ Մանասէ Յ. Շնորհօքեան։ Այս թերթը կու գայ բաց մը լեցնել։ 1925-26 թթ. լոյս տեսած էին Ովասիսը եւ 1933-34 թթ. Պատուելի Հայկազուն Ղազարեանի Հայ պատանին, սակայն ժամանակաւոր կեանք մը ունեցած էին անոնք։ Հրապարակի վրայ գոյութիւն ունեցող մամուլը մեծ մասամբ նկատի ունէր երիտասարդ եւ հասուն պատանին ու պարմանուհին։ Մանասէ Շնորհօքեանի թերթը ահաւասիկ կու գար ընթերցանութեան նիւթ հայթայթել այդ անտեսուած սերունդին, օղակ մը հանդիսանալ աստ ու անդ ցրուած հայ պատանիներուն միջեւ, ու նաեւ փոխանցել տարիքոտ մարդոց փորձառութիւնը՝ կեանքին նոր բացուող պատանեկութեան։

Մ. Շնորհօքեան իր այս առաքելութիւնը պատուաւոր կերպով քառորդ դար մը կատարելէ ետք իրեն յաջորդեց Պատուելի Պարգեւ Տարագճեան (1962 թ. ի Յունուարէն սկսեալ), որպէս օգնական խմբագիր ունենալով տիկ. Ժանէթ Քասունին։

Պատանեկան արձագանգի կողքին որպէս իր յաւելուածը սկսած է լոյս տեսնել Ջանասէրը (1937 թ. ի աշունէն սկսեալ)։ Հրատարակութիւն՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ Աւետարանական Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութեանց։ Արձագանգած է Ջանից ընկերակցութեանց զանազան մասնաճիւղերու գործունէութեանց եւ կրօնական հարցերու։ Հետզհետէ ընդլայնելով իր ծիրը ընդգրկած է նաեւ գրականութիւն - ինքնուրոյն եւ թարգմանական։

Սկզբնական շրջանին խմբագրական կազմով լոյս տեսած է։ 1945 թ. ին Մանասէ Շնորհօքեան ստանձնած է նաեւ Ջանասէրի խմբագրութիւնը մինչեւ 1968 թ. ը։ 1969 թ. էն սկսեալ զայն կը խմբագրէ Պատ. Պարգեւ Տարագճեան։ 1963 թ. ին ինչպէս եւ 1968-1969 թթ. Ջանասէրի գրական-գեղարուեեստական բաժնի խմբագրութիւնը վարած է Երուանդ Քասունի։

Գ. ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ (1941-1950)

Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը, հայ ժողովուրդին անձնուէր եւ հերոսական մասնակցութիւնը այդ պատերազմին. հայ ժողովուրդի յոյսերուն՝ ներգաղթի եւ հայկական հողերու ընդարձակման հարցերը նիւթը կը կազմեն այս տասնամեակին։

Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին հայութեան զանազան հատուածներուն միջեւ ստեղծուած էր հանդուրժողութեան եւ համերաշխութեան ոգի մը եւ զանազան հատուածներու գրողներ կ՚աշխատակցէին իրենց հատուածներուն չպատկանող գրական եւ մշակութային հանդէսներու։ Օրինակ՝ Հայ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Ակօսին աշխատակցած են Զարեհ Մելքոնեան, Անդրանիկ Նաճարեան, Սահակ Պալըգճեան, Երուանդ Պարսումեան, Արամ Արման, Սմբատ Փանոսեան. իսկ Հ. Ե. Ը. ի Գրասէր Երիտասարդներու

Միութեան Ծիածանին՝ Մուշեղ Իշխան, Եդուարդ Պօյաճեան, Բոցար, եւլն. ։ Ճիշդ է, որ այս աշխատակցութիւնը մնայուն հանգամանքի չէ վերածուած, սակայն եղածն իսկ յուսատու երեւոյթ մըն էր ապագայ ծաւալուն աշխատակցութեան մը եւ հետեւաբար, հատուածներու միջեւ աւելի սերտացման մը։ Սակայն հազիւ սկսած էր այդ համերաշխութիւնը իր ծիլերը արձակել՝ փոթորիկ մը կու գար աւլել ամէն ինչ։ Ներգաղթն էր այդ փոթորիկը։

Հայաստանն ու ներգաղթը այն երկու յուռութքներն են, որոնք գրականութեան զանազան սեռերու մշակման մղիչ ուժը կը հանդիսանան։ Քերթուածի, պատմուածքի եւ վէպի առատ նիւթ կը հայթայթեն։ Այս սրբութիւնները սակայն կ՚ունենան նաեւ իրենց մռայլ երեսները. կը բորբոքեն կուսակցական անթեղուած վէճերը եւ լիբանանահայութիւնը կ՚առաջնորդեն երկփեղկումի։ «Հրաժարական»ի պահանջը կը խրտչեցնէ շատերը եւ կը կարծրացնէ ոմանց դիրքերը։ Լիբանանահայ քաղաքական կուսակցութեանց միջեւ հակամարտ պայքարը պիտի վերարծարծուի եւ յաջորդ տասնամեակին իր գագաթնակէտին հասնելով, 1965 թ. ին՝ Հայ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով հետզհետէ տեղատուութեան նշաններ ցոյց պիտի տայ։

Համաշխարհային Բ. Պատերազմին վախճանը եւ ՄԱԿ-ի ստեղծումը առիթ պիտի ընծայեն որպէսզի Հայկական Դատի հետապնդման աշխատանքներ կատարուին։ Մամուլը պիտի զբաղի Հայկական Դատի յանձնախումբերու յուշագիրներով եւ հայկական հողերու պահանջներով, լայն տեղ տալով մեր հողերու պատմութեան եւ աշխարհագրութեան։

Այս տասնամեակի կարեւոր թերթերուն անդրադառնալէ առաջ հաստատում մը անհրաժեշտ կը նկատենք։ Եթէ նախկին տասնամեակը ծնունդ տուած էր հայ քաղաքական կուսակցութեանց քաղաքական օրաթերթերուն, այս տասնամեակը ծնունդ պիտի տայ նոյն քաղաքական կուսակցութեանց ուղղակի կամ անուղղակի հովանաւորութիւնը կրող գրական եւ գեղարուեստական հանդէսներու։

Օրաթերթը յարմար ենթահող չէր կրնար ըլլալ գրականութեան եւ գեղարուեստի ուռճացման։ Հետեւաբար՝ աւելի ձեռնտու հրատարակութիւններու կարիքը կար։ Եւ հետզհետէ, կարծէք բարի նախանձէ մղուած, կը սկսին զանազան հանդէսներ լոյս ընծայուիլ։

Ռամկավար-Բարեգործական հատուածը ունէր Ծիածանը, որուն կաղացումով, կը սկսի Վահէ-Վահեանի Անին (1940 թ. ին)։ Հնչակեան հատուածը լոյս կ՚ընծայէ Հ. Մ. Մ. ի Կայծը (1943 թ. ին), դաշնակցական հատուածը Ազդակ շաբաթօրեակը (1944 թ. ին) եւ Հայ Ճեմարանի Ակօսը 1944 թ. ին), իսկ հայ համայնավարները՝ Ժողովուրդի ձայն ամսաթերթը։

Այս տասնամեակի գլխաւոր նոր թերթերն են.

 

Ազդարար շաբաթաթերթ (1942 թ. ի Հոկտ. ի 24 - 1953 թ. ) Խմբագիր՝ Մանուկ Ասլանեան։ Խմբագրական վաստակ ունեցող անձ մըն էր ան։ Արդարեւ Պոլիս խմբագրած էր Ազդարարը (1927-1936 թթ. ), իսկ Պէյրութի մէջ Ազդակը։ Իր առաջին խմբագրականին մէջ թերթին ուղղութեան մասին ան կը գրէ. «Կանխիկ ճշդենք թէ այս թերթը ոեւէ կապ չունի ոեւէ կուսակցութեան հետ, այլ չէզոք ու անկախ է։ Աւելի ճիշդ՝ կախուած է միայն հայութենէն, անոր շահն ունենալով որպէս զսպանակ եւ առաջնորդ»։ Թերթին այս չէզոքութիւնը կը պահուի մինչեւ Մ. Ասլանեանի մահը, սակայն անկէ ետք հետզհետէ կը թեքի դէպի դաշնակցական ուղղութիւն։ Մ. Ասլանեանի մահէն ետք թերթը կը խմբագրեն Զարեհ Զարգուն, Եղիշէ Մանուկեան եւ Օննիկ Թոփուզեան։ Այս վերջինը նոյնիսկ կը գնէ թերթը եւ իր օրով արդէն հաստատօրէն դաշնակցական ուղղութիւն ունեցող թերթի կը վերածուի։

Թերթը ունեցած է աշխատակիցներու փաղանգ մը՝ տիկին Սեզա,

Մինաս Թէօլէօլեան, Գասպար Իփէկեան, Խորէն Գաբիկեան, Արշամ Խոնդկարեան, Վեր. Եղիա Քասունի, Մ. Իշխան, Հայկ Ժամկոչեան, Նիկոլ Աղբալեան, եւլն. ։

Սկզբնական տարիներուն՝ լայն արձագանգ կու տայ գաղութին մշակութային ձեռնարկներուն. օրինակ՝ հոն են Ն. Աղբալեանի հայ մատենագրութեան վերաբերող դասախօսութիւնները, Շահան

Պէրպէրեանի գեղագիտական դասախօսութիւնները, եւլն. ։

Մանուկ Ասլանեանի մասին կարելի է ըսել որ ան խմբագիր ծնած մարդն էր։ Իր խմբագրականները կը յայտնաբերեն հայ լեզուի բծախնդրութիւն, ազգային հարցերու քաջատեղեակութիւն, եւ ամէնէն կարեւորը՝ կիրքի, հակամարտութիւն ստեղծելու բացակայութիւն։

Ազդարար՝ 1953 թ. ի Սեպտ. 1-ին դարձաւ օրաթերթ, խմբագրապետութեամբ Խոսրով Թիւթիւնճեանի եւ խմբագրութեամբ Օննիկ Թոփուզեանի։ Այս շրջանին լոյս կը տեսնէր որպէս Դաշնակցութենէն դժգոհներու թերթ։ Դադրեցաւ 1955 թ. ին։

Ազդակ շաբաթօրեակ (1944 թ. ի Մարտի 3 - 1952 թ. ) Խմբագրական կազմ՝ Ա. Լէյլանի (Մովսէս Տէր Գալուստեան), Մ. Իշխան եւ Կարօ Սասունի։ Վարիչ խմբագիր՝ Կարօ Սասունի։

 

Հակառակ Բ. Աշխարհամարտի բերած ահ ու դողին, մշակութային հասունացում մը նշմարելի է Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ։ Գրելու շնորհ ունեցող երիտասարդներ կան, իսկ հիները բեմ մը կ՚ուզեն։ Ընթերցող հասարակութիւնը լայն հետաքրքրութիւններ ունի, որոնց գոհացումը կը փնտռէ։ Այս շաբաթաթերթը ահաւասիկ կը նկրտի գոհացում տալ այս պահանջներուն։ Առաջին հերթին անշուշտ հիներն են, որոնք իրենց աշխատակցութիւնը կը բերեն, որոնց մէջ կան Կ. Սասունի, Արշակ Յովհաննէսեան, Նիկոլ Աղբալեան, Գառնիկ Գիւզելեան։ Միջին սերունդէն՝ Մ. Իշխան եւ Եդուարդ Պօյաճեան։ Իսկ նորերէն հոն իրենց նախաքայլերը կ՚առնեն Յ. Գեղարդ (տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան), Գրիգոր Շահինեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան, եւլն. ։

Սկզբնական տարիներու իր առուգութիւնը կը կորսնցնէ եւ կը դադրի 1952 թ. ին։

Կայծ (1943 - 47 թթ. ) Հ. Մ. Մ. ի պաշտօնաթերթ։ Խմբագիր՝ Արմէն Ղարիպ։ Որոշ շրջաններու օժանդակ խմբագիրներ եղած են Յովսէփ Ճիռեան եւ Հրանդ Գանգրունի։ Թերթին նպատակն է եղած «պատրաստել այնպիսի նոր սերունդ մը, որ կարողանայ հայ ժողովուրդին պատմա-անհատական գոյութիւնը ստանձնել եւ մանաւանդ արդարացնել»։ Եւ այս նպատակին իրագործման համար ահաւասիկ թերթը կը մշակէ գրականութիւն, ընկերաբանութիւն, մարմնակրթանք, գեղարուեստ, եւլն. ։

Թերթը Հ. Մ. Մ. ի պաշտօնաթերթ ըլլալով լայն արձագանգ կու տայ այդ միութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մասնաճիւղերու զանազան գործունէութեանց։

Ակօս (1944 թ. ի Ապրիլ - 1960 թ. ի Դեկտ. ) Սկիզբը որպէս երկամսեայ, ապա՝ 1953 թ. ի Յունուարէն սկսեալ ամսաթերթ։ Ձեռնարկ Հայ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան։ Լայն առաջադրանքներով երկամսեայ մը, պատրաստ հիւրընկալելու «վէպն ու պատմուածքը, թատերախաղն ու բանաստեղծութիւնը, բանասիրութիւնն ու պատմագրութիւնը, գրական քննադատութիւնը, արուեստները՝ իրենց բոլոր երեսներով»։ Շրջանաւարտից Միութեան Ձեռնարկ վերտառութիւնը պարզապէս անուն է։ Միութեան նպատակն   է եղած՝ տալ բեմ մը, ուր գան հին ու նոր գրողները կատարել իրենց դերերը։ Եւ սկզբնական շրջանին առաւելաբար հիներն են որ տեղ կը գտնեն հոն - Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Արշակ Յովհաննէսեան, Կ. Սասունի, Գասպար Իփէկեան, Գառնիկ Գիւզելեան, Ս. Վրացեան, Վեր. Եղիա Քասունի, Մկրտիչ Պարսամեան, Արսէն Երկաթ, Արամ Գառօնէ, Յակոբ Օշական, Նիկողոս Սարաֆեան։ Ճեմարանական սերունդէն հոն են Եդուարդ Պօյաճեան, Գառնիկ Բանեան, Մ. Իշխան, Բոցար (Յակոբ Պօղոսեան), Յ. Գեղարդ, Օննիկ

Թոփուզեան, Հուրի Իփէկեան, Աշոտ Նուրեան, Գրիգոր Շահինեան, Շաքէ Տէր Մելքոնեան, Յակոբ Ժամկոչեան։ Տակաւին հոն են այլ գրողներ՝ Ժագ Ս. Յակոբեան, Տիգրան Ոսկունի, Պ. Յունապ (Պօղոս Սնապեան), եւլն. ։

Թերթը խմբագրած են՝ առաւել կամ նուազ ժամանակով՝ Գառնիկ Բանեան, Աշոտ Նուրեան, Յ. Գեղարդ, Յակոբ Ժամկոչեան, Շաքէ Տէր Մելքոնեան։ Առաջին եւ վերջին խմբագիրն է եղած Գառնիկ Բանեան։

Լիբանանահայ միակ հանդէսն է որ պատմագրական ուսումնասիրութիւններու լայն տեղ տուած է։ Հոն է որ Գառնիկ Գիւզելեան ստորագրած է իր պատմագրական վերլուծական լուրջ յօդուածները։ Կան նաեւ Վեր. Եղիա Քասունիի պատմագիտական ուսումնասիրութիւններէն ոմանք։

Ու տակաւին որպէս այլ արժանիք կարելի է հաստատել, որ լիբանանահայ միակ հանդէսն է որ լոյս ընծայած է իր նիւթերուն ցանկերը - Ա. . տարի, կազմող՝ Յ. Գեղարդ, ԺԱ. -ԺԵ. տարի, հաւանական կազմող՝ Գ. Բանեան։ Նիւթերու ցանկերու այս պատրաստութիւնը անհրաժեշտ մարզ մըն է, որ սակայն սովորաբար բարձի թողի մնացած է մեր մամուլին մօտ։

Ակօսի դադրումով իրեն պիտի յաջորդէր Բագին ամսաթերթը, այլ ծրագրով եւ նաեւ խմբագրական այլ կազմով։

Անի (1946 թ. Ապրիլ - 1955 թ. )– Խմբագիր՝ Վահէ Վահեան։ Ամսագիրը կը հետամտի ըլլալ «այն ոստանը, ուր, կարօտագին սրտազեղումով մը, իրարու ձեռք պիտի տան մարդկային եղբայրներու ու հայ հոգիի փառքին աշխատաւորները»։ Անին լայնօրէն կ՚օգտուի աշխատակիցներու այն խմբակէն, որ բոլորուած էր Ծիածան երկամսեայ   հանդէսին շուրջ։

Անին լուրջ թերթ մըն է, որ չունենալով հանդերձ միութեան մը պաշտօնական հովանաւորութիւնն ու օժանդակութիւնը, խմբագրին աշխատասիրութեան եւ տոկունութեան շնորհիւ, գրեթէ տասնեակ մը կը պահէ իր գոյութիւնը եւ հարուստ բովանդակութիւն կ՚ունենայ։ Լոյս կ՚ընծայէ լուրջ ուսումնասիրութիւններ հայ ճար- տարապետութեան . Ճէվահիրճեան) եւ հայ գեղարուեստի . Պէրպէրեան) վերաբերեալ։

Եթէ Ծիածան ամսաթերթին աշխատակիցները մեծ մասամբ տեղական ուժեր էին, Անին կը ժառանգէ այդ «մարդկային դրամագըլուխը» եւ իր գիրկը լայն բանալով՝ կ՚ապահովէ նաեւ արտասահմանի հայ գրողներու աշխատակցութիւնը։ Սկսնակ գրողներ գրեթէ չունի։ Հանդէսը կը դառնայ արգասաբեր հող մը, ուր կ՚աճին արդէն գրական անցեալ ունեցող գրողներ։ Հոն են՝ Բ. Թօփալեան, Զ. Որբունի, Մ. Աթմաճեան, Բ. Եղիայեան, Զ. Մելքոնեան, Գ. Ադդարեան, Ս. Տէրունեան, Բ. Նուրիկեան, Ս. Շահպազ, Ա. Սրապեան, Ա.

Անդրէասեան, Ս. Փանոսեան, Ժ. Յակոբեան, Տ. Չիթունի, Ա. Ալպոյաճեան, Ա. Նաճարեան, Օ. Աւետիսեան, Ա. Սարուխան, Ս. Սիմոնեան, Գ. Ահարոնեան, Մ. Տէր Ստեփանեան, Հ. Զարդարեան, Եղիվարդ, Տ. Վարժապետեան եւ ուրիշներ։

Մասնաւոր էջեր կը յատկացնէ միջազգային գրականութեան, ներկայացուող գրողներուն կեանքին ու արուեստին անդրադառնալէ ետք տալով թարգմանուած կտորներ։

Վ. -Վահեան կը հաստատէ Անի ամսագրի մատենաշար մը, առանձին հատորով լոյս ընծայելով իր աշխատակիցներուն սովորաբար գրական գործերը։

Խմբագրին ստորագրած գրախօսականները կը յայտնաբերեն գրական քննադատութեան հասկացողութիւն եւ օժտուած են գրեթէ անսխալ հայերէնով մը։ Հանդէսը լայն տեղ կու տայ խորհրդահայ գրականութեան՝ արտատպումի ճամբով։

Անիի հրատարակումը կարծէք ամլութեան կը դատապարտէ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանը եւ զարկ կու տայ արձակագիր ՎահէՎահեանին։ Այդ արձակը արտայայտուած իր Յարալէզներու հաշտութիւնը հայրենական տպաւորութիւններուն, գրական հարցերու վերլուծման եւ գրախօսականներուն մէջ։

 

Մասիս (շաբաթաթերթ), 1947 թ. ի Յունուարի 1-էն սկսեալ։ Ունեցած է եկեղեցական պատասխանատուներ, սակայն թերթին ծնունդէն մինչեւ այսօր Հրաչ Քաջարենցն է, որ խմբագրական աշխատանք կատարած է։ Ինչո՞ւ այս հրատարակութիւնը։ Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունէր Աւետիք ամսաթերթը, սակայն անոր ծրագիրը, ամսաթերթի հանգամանքը թոյլատու չէին արագ տեղեկատուութեան միջոց մը ըլլալու։ Ուստի լոյս կը տեսնէ շաբաթաթերթ Մասիսը, որ «իր տեսութիւններուն, տեղեկութիւններուն, ուսումնասիրութիւններուն մէջ պիտի դնէ գրականին, պատմականին, բանասիրականին, դիտարանին կողքին՝ կրօնականն ու բարոյականն ալ, իրաւագիտականի կողքին՝ ընկերաբանականն ալ, օգտակարի կողքին՝ հաճոյականն ալ պիտի չանտեսէ»։

Երիտասարդ հայուհի (1947 թ. ի Յունիսի 1 - 1968 թ. ի Դեկտ. ) Սկիզբը երկշաբաթաթերթ, ապա՝ ամսաթերթ։ Խմբագրապետ՝ Սիրան Սեզա։

Նախկին տասնամեակին լոյս տեսած էր արդէն Երիտասարդ հայուհին եւ 13 տարուան դադարէ մը ետք կը վերհրատարակուի, այս անգամ աւելի երկար դիմանալու համար։ Վերհրատարակութեան առթիւ խմբագրապետը կը յայտնէ. «Այս էջերէն հայ կինը պիտի կարենայ վերագտնել ոգեղէն լինելութեան այն բոլոր տուեալները, որ իրն են եղած անցեալին մէջ։ Այս էջերէն հայ կինը նոր արժէքաւորումի եւ հետեւաբար նոր գնահատումի պիտի տանի իր դերն ու դիրքը հայ պատմութեան, հայ մշակոյթին, հայ կրօնքին ու հայ անունին հետ դէմ առ դէմ»։

Այս Բ. շրջանին աւելի բախտաւոր կ՚ըլլայ ապահովելով աշխատակիցներու կողքին աշխատակցուհիներ ալ - Շամունէ Գույումճեան, Եոլանտ Աճէմեան, Անահիտ Ն. Դաւիթեան, Բերկրուհի Նաճարեան, Նոյեմի Գրիգորեան, Հուրի (Ժանէթ Քասունի), եւլն. ։ Այրերէն կ՚աշխատակցին Գարեգին Կթղ., Բ. Եղիայեան, Շ. Պէրպէրեան, տոքթ. Ներսէս Քիւփէլեան, Ստեփան Շահպազ, Նուպար Մագսուտեան, եւլն. ։

Երիտասարդ հայուհին եղած է կնոջական միակ թերթը ամբողջ լիբանանահայ գաղութին մէջ։ Պատիւ մըն է խմբագրապետուհիին համար, որ առանց մասնաւոր հատուածի մը օժանդակութիւնը վայելելու, իր անձին հմայքին եւ կամքին, ինչպէս նաեւ իր հանգուցեալ   ամուսնոյն՝ տոքթ. Ներսէս Քիւփէլեանի նիւթական եւ բարոյական քաջալերանքին շնորհիւ, շուրջ 22 տարի կրցաւ կանգուն պահել իր թերթը։

Թերթին խմբագրականները կը յայտնաբերեն ոճ եւ տեսակէտ ունեցող գրագիտուհին, իսկ իր քրոնիկները՝ հրապարակագրութեան տեղեակ անձը։ Իր թերթին արտասահմանեան եւ տեղական լուրերը միայն պարզ տեղեկատուութիւն չեն, այլ՝ մեկնաբանութիւն, համեմուած երբեմն կծու խայթոցներով։

Տխուր է հաստատել, որ Երիտասարդ հայուհիի խմբագրական աշխատանքը ամլութեան առաջնորդեց պատմուածագիր Սիրան Սեզան, որ իր յայտնութիւնը կատարած է Հայրենիք ամսագիրի էջերուն մէջ։

Այսօր դադրած է կնոջական թերթ Երիտասարդ հայուհին եւ լոյս կը տեսնէ Երիտասարդ հայ. վերտառութեամբ՝ ուրիշ բովանդակութեամբ եւ առանձին խմբագրական կազմով։

Դ. ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ (1951-1960)

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շուրջ կատարուած պայքարը հիմնական կորիզը կը կազմէ այս տասնամեակին։

Գարեգին Կթղ. ի վախճանումը առաջին ազդանշանը կու տայ այդ բորբոքման։ 1956 թ. ին Զարեհ Կթղ. ի ընտրութիւնն ու օծումը իր գագաթնակէտին կը հասցնեն այդ պայքարը։ Նախկին տասնամեակներէ կուտակուած քէնն ու վրէժխնդրութիւնը, որոնք նոր գըրգիռ մը ստացած էին կաթողիկոսական ընտրութեամբ, իրենց արիւնալի վախճանը կը գտնէին 1958 թ. ի լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներու օրերուն, երբ լիբանանահայութիւնն ալ կը մղուէր եղբայրասպան կռիւներու։

Այս տասնամեակի նոր հրատարակութիւններն են։

Այգ - Քաղաքական եւ տնտեսական օրաթերթ։ Սկսած է լոյս տեսնել 1953 թ. ի Մարտի 7-ին եւ ցարդ կը հրատարակուի։ Տէր եւ Տնօրէն՝ Տիգրան Թոսպաթ, ապա՝ տիկին Լիւսի Թոսպաթ։ Խմբագիրներ՝ Երուանդ Կոպէլեան, Եղիա Նաճարեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Նազարէթ Թոփալեան։ Ներկայիս՝ Շահանդուխտ Պերթիզլեան։

Եթէ հայ քաղաքական միւս օրաթերթերը հայ քաղաքական կուսակցութեանց օժանդակութիւնը կը վայելեն, Այգի պարագային զուտ անձնական նախաձեռնութիւն է. եւ եթէ կրցած է թերթը նիւթական դժուարութիւններու տոկալ, ատիկա կը պարտի իր տէր եւ տնօրէն Տիգրան Թոսպաթի ուրիշ թերթ ունենալուն՝ ֆրանսատառ Le Soirը։

Ի՞նչ նպատակով լոյս տեսած է այս օրաթերթը։ Տիգրան Թոսպաթ ունեցած է քսան տարուան լրագրական եւ քաղաքական գործունէութեան փորձառութիւն մը, զոր ուզած է ի սպաս դնել հայ համայնքին։ Կարելի է ըսել որ Տ. Թոսպաթ լիբանանահայ այն սակաւաթիւ դէմքերէն է, որոնք տեղացի տարրին հետ մօտէն կապ հաստատած եւ շաղախուած են, ու միաժամանակ չկորսնցնելով իրենց հայկականութիւնը, իրենց կարողութիւնները ի սպաս դրած են իրենց ժողովուրդին։ Թերթը նպատակադրած է «հայկական կարծիքը առաջնորդել եւ զայն մղել աւելի մօտէն շահագրգռուելու՝ Լիբանանի զարգացման համար էական նկատուող հարցերով»։

Կազմակերպուած կուսակցութեան մը օրկանը չըլլալով՝ Այգի տէրը դիւրաւ կրցած է քաղաքական դիրքորոշումներու փոփոխութիւններ արձանագրել։

Թերթը կը տառապի աշխատակիցներու պակասէն։

Նայիրի - Սկսած է որպէս պարբերագիրք 1941 թ. ին Հալէպ։ Ապա դարձած է գրական ամսաթերթ եւ լոյս տեսած մինչեւ 1949 թ. ։ 1951 թ. ին լոյս տեսած է Պէյրութ։ 1952 թ. ին դարձած է գրական եւ ազգային շաբաթաթերթ։ Խմբագիր՝ Անդրանիկ Ծառուկեան։

Ա. Ծառուկեան ունի բառերը չծամծմելու եւ քննադատելու քաջութիւն։ Հ. Յ. Դ. կուսակցութեան շարքերէն դուրս գալը աւելի ազատութիւն տուած է իր այդ կարողութիւնները զարգացնելու։

Ունի հաղորդական ոճ մը եւ անթերի հայերէն մը, որոնցմով սովորական նիւթերն իսկ շահեկան կը դարձնէ։ Իր յաճախակի ճամբորդութիւնները առատ նիւթ կը հայթայթեն իրեն։

Անցեալին ունէր աշխատակիցներու փաղանգ մը։ Շաբաթաթերթը թէեւ լոյս տեսած է ազգային եւ գրական ենթախորագրով, սակայն աւելի ազգային նիւթերն են որ տիրապետող եղած են։ Վերջին   տարիներուն՝ թերթը դարձած է յուշագրական հանդիսարան մը։

Բժիշկ - 1955 թ. Յուլիսէն սկսեալ։ Խմբագրական մարմին՝ տոքթորներ Վարուժան Սահակեան, Մելքոն Էպլիղաթեան եւ Յարութիւն Գազանճեան (գրական անունով՝ Յ. Գեղարդ)։

Որպէս բժշկական հրատարակութիւն՝ գաղութիս առաջին եւ միակ ձեռնարկը։ Ի պատիւ հրատարակիչներուն՝ պէտք է յայտնել նաեւ իր ամսաթերթ կոչումը արդարացնող եւ իր ամսական ժամադրութիւնը յարգող սակաւաթիւ հրատարակութիւններէն մէկն է։

Իր բովանդակութեամբ հանրամատչելի հրատարակութիւն մը, որ նպատակ ունի օգտակար հանդիսանալ մեր ժողովուրդին, սատարելով անոր առողջութեան՝ գիտութեան եւ բժշկութեան նորագոյն գիւտերու եւ վերջին փորձարկութիւններու լոյսին տակ։

1964 թ. էն ի վեր սկսած է լոյս տեսնել հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան։

Սփիւռք - Գրական, գեղարուեստական եւ հասարակական շաբաթաթերթ։ 1958 թ. ի Ապրիլի 4 - Մայիսի 11։ Ժամանակաւորապէս դադրած՝ լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին եւ վերհրատարակուած 1959 թ. ի Փետրուարի 14-էն սկսեալ։

Արտօնատէր եւ պատասխանատու տնօրէն, ապա դարձած խմբագրապետ՝ Սիմոն Սիմոնեան։ Ա. խմբագրականին մէջ կը յայտնէ. «Սփիւռք շաբաթաթերթը կը հրատարակենք, որովհետեւ առաջին՝ խորապէս կը զգանք, որ ընելիք մը ունինք։ Երկրորդ՝ քրմական յափշտակութեամբ կը հաւատանք մեր ընելիքին։ Երրորդ՝ մեր խորին հաւատքին համեմատութեամբ լեցուած ենք քաջութեամբ»։ Թերթը ունեցաւ զանազան շրջաններուն տարբեր խմբագիրներ, կամ խմբագրական կազմեր, սակայն Սիմոնեանի ներկայութիւնը միշտ ալ զգալի մնաց։ Ունենալով անձնական տպարան եւ որոշ անկախութիւն, Սիմոնեան կրցաւ հայրենի իրականութեան եւ մեր ազգային հարցերուն մօտենալ որոշ ազատութեամբ։

Սփիւռքը ամէնէն առաջ ծառայեց իր խմբագրապետին, երբեմն նոյն թիւին մէջ մէկէ աւելի յօդուածներ հիւրընկալելով անկէ։

Սիմոնեան Չօպանեանական խանդաղատանքով մը մօտեցաւ սկսնակ գրողներու, երբեմն առատօրէն գովաբանելով զանոնք։

 

Նուիրեց անոնց առանձին թիւեր՝ Սփիւռք-Գարուն վերնագրով եւ անոնցմէ ոմանք բախտը ունեցան առանձին հատորով հրապարակ գալու։

Սիմոնեանի գրութիւնները կը յայտնաբերեն անթերի հայերէն մը եւ մեր մատենագրութեան ու պատմութեան քաջատեղեակութիւն մը։

Սփիւռքի աշխատակցած են Գէորգ Աճէմեան, Նազարէթ Փաթանեան, Կարօ Արմէնեան, Սերոբ Երէցեան, Երուանդ Քասունի, Լեւոն Վարդան, տոքթ. Յ. Սաղըրեան, տոքթ. Գ. Քէշիշեան, տոքթ. Յ. Կարեւորեան, Գրիգոր Քէօսէեան, Օննիկ Ինճէեան, Պարոյր Մասիկեան, Խորէն Տէտէեան, Նշան Խոշաֆեան, Երուանդ Պարսումեան, Գուտցի Միքայէլեան, Հուրի (Ժանէթ Քասունի), Ստեփան Շահպազ, Բիւզանդ Եղիայեան, Զարեհ Որբունի, Նշան Պէշիկթաշլեան, բժ. Ս. Խաչատուրեան, Վեհանոյշ Թէքեան, եւլն. ։ Առաջին տարիներուն խմբագրական աշխատանք կատարած են Ն. Փաթանեան, Կ. Արմէնեան, Ս. Երէցեան, Գ. Աճէմեան եւ Երուանդ Քասունի։

Ժողովածու գրականութեան եւ արուեստի (1950-1954 թթ. )

Խմբագիր՝ Պետրոս Մինասեան. Մշակոյթ (1954-1955 թթ. ), Գիրք գրականութեան եւ արուեստի (1955-1959 թթ. ), խմբագիր Գառնիկ Ադդարեան. Յառաջ, խմբագիր՝ Գեղամ Սեւան. Էջեր գրականութեան եւ արուեստի, խմբագիր՝ Գառնիկ Ադդարեան. 1971 թ. ի վերջերը՝ Արմէն Դարեան։

Անուններու այս փոփոխումը ի՞նչ նպատակով կատարուած է՝ մեզի համար կը մնայ անյայտ։ Էականը՝ հայ համայնավար եւ յառաջդիմական գրողներու հանդիսարան մըն է, ուր արձագանգ կը տրուի խորհրդահայ, խորհրդային եւ ընդհանուր առմամբ համաշխարհային կոմունիստական գրականութեան եւ շարժման։ Պէտք է ընդունիլ նաեւ որ արաբ գրականութիւնը, մեծաւ մասամբ վերոյիշեալ թերթերուն միջոցով է որ կը հրամցուի մեր հասարակութեան։

Շիրակ - Ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի։ Սկսած է 1956 թ. ի Ապրիլին։ Հրատարակութիւն՝ Թէքէեան Մշակութեային Միութեան։ Խմբագիր՝ Զարեհ Մելքոնեան (1956-1964 թթ. ), պատասխանատու խմբագիր՝ Օննիկ Սարգիսեան (1965-էն սկսեալ)։ Այս վերջնոյն   օրով ունեցած է 7 հոգինոց խմբագրական մարմին մը - Լեւոն Վարդան, Զաւէն Մսըրլեան, Գրիգոր Քէօսէեան, տոքթ. Գ. Քէշիշեան, Պ. Մատուռեան, Հ. Նագգաշեան եւ Ա. Սեփեթճեան։

Շիրակին աշխատակցած են՝ Ա. Նաճարեան, Վ. Մավեան, Վ. Պե- տիկեան, Լեւոն Վարդան, Զ. Որբունի, Բ. Նուրիկեան, Բ. Եղիայեան, Վահէ Հայկ, Ա. Տատրեան, Տ. Վարժապետեան, Յ. Ե. Մագիստրոս, Զաւէն Վարդապետ, Երուանդ Քասունի, Մ. Մանուկեան, Գր.

Քէօսէեան, Ստ. Շահպազ, Հուրի (Ժանէթ Քասունի), Արեգ Տիրազան, Յ. Մաթեան, Պ. Քաջբերունի, Հայկ Նագգաշեան, եւլն. ։

Հակառակ խմբագրական կազմի մը գոյութեան, Շիրակ կ՚ապրի իր հոգեվարքը։

Ե. ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ (1961-1970)

Այս տասնամեակը կը յատկանշուի մեր հատուածներուն միջեւ բարձրացած պատնէշներու քանդումով։ Նախկին տասնամեակներու պայքարներուն տուն տուող պատճառները հետզհետէ գոյութեան իրաւունքէ կը դադրին։

Կարծէք մարդոց ջիղերն ալ յոգնած են եւ հանգիստի պէտք ունին։ Սառցահալ մը կայ, որ ամէն մարզի մէջ կը զգացուի։ Այս սառցահալին կը նպաստեն համաշխարհային թատերաբեմի վրայ շեփորուող խաղաղ գոյակցութեան քաղաքականութիւնը, երկու կաթողիկոսներու սաղիմական ողջագուրումը, եկեղեցական տիեզերական ժողովները, Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութիւնը, ու մանաւանդ հայրենիքին թանձրացեալ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ՝ իր ուղարկած անսամպլներով, ֆութպոլի խումբերով, թատերական խումբով, գրական եւ գիտական պատուիրակութիւններով։ Այս բոլորը առաւել կամ նուազ չափով կը կակուղցնեն սիրտերը։ Մամուլը՝ որ մեր կեանքին զարկերակը դարձած է, ամէնէն առաջ իր էջերուն մէջ կը ցոլացնէ վերոյիշեալ դրդապատճառներով յառաջ եկած հոգեփոխութիւնը։ Ճիշդ է, որ մեր հատուածները տակաւին կեցած են իրենց դիրքերուն վրայ, սակայն ազգային հրատապ հարցերու համար խորհրդակցութիւններ կամ մտքի փոխանակումներ կը կատարուին։ Նոյն հատուածներուն   չպատկանող ղեկավար տարրերու ներկայութիւնը այդ հատուածներէն մէկուն ձեռնարկին՝ այլեւս անսովոր երեւոյթ չէ։

Այս տասնամեակի գլխաւոր նոր հրատարակութիւններն են.

Բագին - Ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի։ Սկսած է 1962 թ. ի Յունուարին։ Ունի եօթը հոգինոց խմբագրական կազմ մը։ Վարիչ խմբագիր՝ Կ. Սասունի. խմբագիրներ՝ Եդ. Պօյաճեան եւ Պ. Սնապեան։ Խմբագրութեան անդամներ՝ Յ. Գեղարդ, Տ. Ոսկունի, Բ. Փափազեան եւ Վ. Օշական։ Ինչո՞ւ այս հրատարակութիւնը։

Խմբագրութիւնը կը հաստատէ, թէ երկու պատերազմներուն միջեւ՝ հայութեան արեւմտահայ հատուածը գրական երկու փայլուն շրջան ստեղծեց՝ տալով մնայուն գործեր եւ գրողներու կորովի փաղանգ մը։ Վերջին տարիներուն ստեղծագործական դանդաղութիւն մը ակներեւ է, որ «գրողներու ներքին կրակին պակասով կամ իմացական ծուլութեան հետեւանքով չի բացատրուիր, այլ պատճառ ունի կեդրոնական ու կեդրոնաձիգ բեմի մը բացակայութիւնը, այսինքն՝ գրողները քով քովի բերելու, աշխատանքի մղելու, աշխատութիւնները արժանաւորապէս ներկայացնելու խանդավառ միջոցը, որ վերջին տարիներուն պակսեցաւ մեզի։ «Բագին» կոչուած է այդ կեդրոնական ու խանդավառ բեմը ըլլալու»։

Թերթը ունեցաւ անյապաղ հրատարակութիւն եւ մաքուր տպագրութիւն։ Ան ամէնէն առաջ ծառայեց իր խմբագրական մարմնին, որովհետեւ անոր անդամները արդէն կազմաւորուած գրողներ էին եւ բեմի մը պահանջը ունէին, ուրկէ կարենային իրենց ներաշխարհը արտայայտել։

Թերթը հետզհետէ առիթ տուաւ նորերու, որոնք իրենց կազմաւորման շրջանին մէջ են։

Ահեկան - (1966-1970 թթ. ) Եռամսեայ։ Պատասխանատու խմբագիր՝ Գրիգոր Շահինեան, ընկերակցութեամբ խմբագրական եւ վարչական կազմի մը։ Ունեցաւ մաքուր տպագրութիւն եւ սկսնակ գրողներու փաղանգ մը։ Եղաւ գրական նորարարութիւններու բեմ մը։

Նիւթական ամուր կռուաններ չունենալով իր ետին՝ հինգ տարուան գոյութենէ մը ետք դադրեցաւ։

 

Երիտասարդ հայ. - (1969 թ. Դեկտ. ի 29-էն սկսեալ)։ Երկշաբաթաթերթին խմբագրութեան աշխատանքին լծուած են խումբ մը երիտասարդներ, որոնք չունին գրական անցեալ, նաեւ խմբագրական փորձառութիւն ունեցող առաջնորդ մը։ Թերթին մէջ կը գտնէք քիչ մը ամէն բան ե՛ւ միջազգային կեանքի, ե՛ւ ազգային կեանքի վերաբերեալ։ Էջադրումի դրութիւնը որդեգրուած է ամերիկեան շաբաթաթերթերու կերպէն։

Միակ թերթն է, ուր հաւասար անկողմնակալութեամբ կը խարանուին մեր ազգային զանազան թերիները։ Զայն խմբագրողները ունին յանդգնութիւնը չծամծմելու բառերը։ Թերթին ամէնէն շահեկան մասերը այն տեսակցութիւններն են, որոնք տեղի ունեցած են մեր ղեկավար տարրին հետ։

Թերթին ստուերոտ կողմը իր լեզուն է, ուր անհրաժեշտ բծախնդրութիւնը չի տեսնուիր։



[1]            Այս ուսումնասիրութեան համար հիմնական կորիզը կազմած է մեր հաւաքածոն, որմէ օգտուելով կ՚ուզենք տալ լիբանանահայ մամուլի մէկ հպանցիկ ակնարկը։ Այս ակնարկին մէջ շատ յաճախ պարտաւորուած պիտի ըլլանք անդրադառնալ մեր ժողովուրդի կեանքին, որովհետեւ մամուլը ինք առանձին երեւոյթ չէ, այլ հայելին է, մանաւանդ մեզի պէս ժողովուրդի մը պարագային, իրեն ծնունդ տուող հաւաքականութեան։ Շփոթ չստեղծելու համար մատնանշում մը անհրաժեշտ կը նկատենք։ Երբ տուեալ թերթ մը՝ խմբակցութեան մը կամ հատուածի մը օրկանն է, մեր գնահատանքն ու քննադատութիւնը կատարած ենք թերթին անունով։ Իսկ եթէ անհատական նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է, մեր դատումները կատարած ենք խմբագրին անունով։ . Տ. Խ. )

[2]            Բժ. Եր. Խաթանասեան, «Հ. Յ. Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը», Ազդակ Բացառիկ՝ նուիրուած հայ ուսանողութեան, 1957, էջ 109։

[3]            Կարօ Գանթարճեան, «Համապատկեր Լիբանանի հայ գաղութի», Ազդակ 25-ամեակ, 1952, էջ 63։

[4]            Կրթասիրաց (Պէյրութ), Բ. տարի, 1926, թ. 12-13, էջ 191։