Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ

1921-1971 թթ. յիսնամեակին Լիբանանի մէջ լոյս տեսած հայ մամուլին մեծ մասը լոյս ընծայուած է Պէյրութի մէջ։ Եւ ասիկա կապ ունի Լիբանանի աշխարհագրութեան եւ Պէյրութի գրաւած դիրքին հետ։ Լիբանանի միւս քաղաքները վաճառաշահ կեդրոններ չըլլալով՝ հայ գաղթականներուն համար չեն ունեցած քաշողական ոյժ։

Եթէ նոյնիսկ գաղթականական փոքրաթիւ խմբակներ ապաստան գտած են այդ քաղաքներուն մէջ, կարճ ժամանակէն փոխադրուած են Պէյրութ։ Մնացողներուն համար մշակութային եռուն գործունէութիւն մը անկարելի ըլլալով, չունենալով մտաւորական տեղական ոյժ, նաեւ զրկուած ըլլալով հայկական տպարաններէ, մամուլի ո՛չ մէկ աչքառու փորձ կատարուած է։ Եղածները պատանեկան կամ աշակերտական փորձեր են, որոնք եղած են խմորատիպ, մեքենագիր, իսկ տպագիրները լոյս տեսած են Պէյրութի հայ տպարաններուն մէջ։

Պէյրութէն դուրս թերթեր լոյս տեսած են Ճիպէյլ, Նահր Իպրահիմ, Ճունի, Թրիփոլի եւ Այնճար։

Այս նոյն յիսնամեակին Լիբանանի մէջ լոյս տեսած հայ մամուլին   մեծ մասը իրեն կռուան ունեցած է հաւաքականութեան մը օժանդակութիւնը, ըլլայ ատիկա կուսակցութիւն, բարեսիրական կամ մշակութային ընկերակցութիւն, կրօնական համայնք, եւլն. ։ Հաւաքականութիւններու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը անհրաժեշտ պատուանդանն է եղած, որուն վրայ բարձրացած է լիբանանահայ մամուլը։ Նոյնիսկ անհատական նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուած եւ ընծայուող թերթերը, ուղղակի կամ անուղղակի քաջալերանք գտած են հիմնադիրներուն կամ խմբագիրներուն պատկանած կուսակցութիւններուն կամ մշակութային կազմակերպութիւններուն կողմէ։ Այսօր լոյս տեսնող լիբանանահայ մամուլին միայն երեքը անհատական նախաձեռնութեան կը պատկանին Անդրանիկ Ծառուկեանի Նայիրին (այս թերթին սկզբնական յաջողութեան մէջ մեծ բաժին ունեցած է խմբագիրին պատկանած կուսակցութիւնը), Տիգրան Թոսպաթի Այգը եւ Սիմոն Սիմոնեանի Սփիւռքը։

Ուրախալի երեւոյթ է, որ մեր օրաթերթերը, տարիներով այս ու այն տպարաններուն դռները ափ առնելէ ետք, այսօր մեզի կը ներկայանան իրենց սեփական տպարաններով, օժտուած տողաշարերով եւ տպագրական մամուլով։

Նոյն ուրախութիւնը կարելի չէ արձանագրել անոնց տպաքանակին համար։ Մեր չորս օրաթերթերուն համագումար տպաքանակը 15, 000-ը չ՚անցնիր (նոյնիսկ եթէ շատ առատաձեռնութեամբ մօտենանք այս հարցին)։