Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Այս ուսումնասիրութիւնը, նկատի ունենալով իր ծաւալը, չէր կրնար անդրադառնալ լիբանանահայ մամուլի բոլոր ներկայացուցիչներուն։ 175-ի շուրջ հայ թերթեր լոյս տեսած են Լիբանանի մէջ։

Իւրաքանչիւրին առանձինն անդրադառնալու եւ դատումներ կատարելու համար, առանձին հատոր մը անհրաժեշտ էր լոյս ընծայել։

Մեր՝ առանձինն անդրադարձած մամուլին մասին տրուած տեղեկութիւններն ալ տակաւին ամբողջական չեն։ Յիշատակած ենք գլխաւոր խմբագիրները։ Չենք տուած աշխատակիցներու ամբողջական ցանկ մը, այլ գոհացած ենք կարեւոր գրողներու անուններու յիշատակութեամբ, գաղափար մը տուած ըլլալու համար թերթին որակին եւ կատարած դերին մասին։

Կ՚ընդունինք որ անթերի գործ մը չէ մերը։ Առաջին փորձն է լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարուան շրջանը ուսումնասիրութեան մը ենթարկելու։ Եւ առաջին փորձերը մի՛շտ ալ ունեցած են իրենց անխուսափելի թերիները։