Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ 1921 Թ. ԷՆ ԵՏՔ

1921 թ. ի Դեկտեմբերին կը սկսի Կիլիկիոյ պարպումը։ Կիլիկիոյ մէջ մէկտեղուած հայութիւնը կրկին ձեռք կ՚առնէ գաղթականի ցուպը։ Սուրիահայութիւնը կրկին դէմ յանդիման կը գտնուի 1918 թ. ի տագնապներուն, որոնցմէ ամէնէն հրատապը տնտեսական հարցն էր։ Աւուր հացի ապահովման հեռանկարով կը նետուի քիչ մը ամէն ասպարէզի մէջ, բացի երկրագործութենէ։ Եւ ժամանակի ընթացքին սուրիահայութիւնը աշխատանքի ասպարէզ կը գտնէ հետեւեալ մարզերուն մէջ. առեւտուր, ազատ ասպարէզներ (բժշկութիւն, դեղագործութիւն եւլն. ), արհեստներ, պաշտօնատարութիւն (գլխաւորաբար պետական սպասարկութիւններու մէջ), բանուորութիւն եւ այլ ծառայութիւններ։

1925 թ. ին գաղութը կը հաշուէր 32 բժիշկ, 15 դեղագործ, 85 ատամնաբոյժ, 60 երկրաչափ եւ մեքենագէտ, 21 քահանայ եւ կրօնական, 250 կրթական պաշտօնեայ, 50 կառավարատան, դրամատան, վաճառատան եւ այլ պաշտօնեաներ, 250 լումայափոխ, 600 խանութպան, 160 մսավաճառ, 50 ոսկերիչ, 300 դերձակ, 650 կօշկակար, 450 հիւսն, 300 երկաթագործ, 150 թիթեղագործ եւ ձուլող, 1300 որմնադիր, 850 ոստայնանկ, 350 կառապան եւ շարժավար, 8000 ասեղնագործ եւ գորգագործ, 6000 բանուոր, բեռնակիր, սպասաւոր, եւլն. ։ 2500-3000 կիներ՝ հին հագուստներու մաքրութեան եւ նորոգութեան գործով զբաղող։ [1]

Ժամանակի ընթացքին ոստանայնանկութիւնը, մեքենագիտութիւնը, բամպակի եւ ցորենի մշակման մէջ դրամագլուխի ներդրումը, հին հագուստի առեւտուրը պիտի կեդրոնանան հայոց ձեռքը։

Հայուն ձեռներէց ոգին պիտի ձեռնարկէ նաեւ գործարաններու հիմնումին։

Ի՞նչ էր տեղացի տարրին կեցուածքը հայ գաղթականական խուժումին եւ Սուրիոյ տնտեսական կեանքին մէջ անոր խաղացած դերին հանդէպ։

Տեղացի ժողովուրդին համար հայութեան ներկայութիւնը նոր տարրի մը յաւելումը չէր բերեր։ Արդէն 1915 թ. էն առաջ տասը հազարնոց փոքրաթիւ հայ գաղութ մը գոյութիւն ունէր, սակայն տարագրութեան պատճառով այդ թիւը կը հասնէր շուրջ հարիւր հազարի։ Եւ այս թիւը նկատառելի ոյժ մըն էր։ Քաղաքական գետնի վրայ հայութեան ներկայութիւնը վտանգ մը չէր ներկայացներ, սակայն տնտեսական գետնի վրայ տարբեր էր հարցը։ Հալէպը վաճառականութեան կեդրոն էր։ Պատերազմը խախտած էր շատ բան։ 1920-ական թուականներու Քեմալական Թուրքիոյ յարուցած մաքսային դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ քրտական ապստամբութիւնը կը նուազեցնէին Սուրիոյ առեւտուրի կարելիութիւնները։ Հայ տարրին մէկ մասին առեւտուրով զբաղիլը համակրական աչքով չէր կրնար դիտուիլ այս պայմաններուն տակ։ Այդ օրերու տեղացի առեւտրականներու հոգեբանութեան մասին վկայութիւն մը կը բերէ Շաւարշ Կամսարական՝ գրելով. «Քրիստոնեայ եւ իսլամ արաբներու հետ մեր խօսակցութեանց միջոցին, մենք յաճախ առիթ ունեցանք լսելու թէ սուրիացիք հայերու հանդէպ մասնաւոր հակակրութիւն մը չունենալով հանդերձ, կը վախնան որ անոնք տեղական առեւտուրը իրենց ձեռքը առնեն եւ այսպէսով բուն սուրիացիներուն տնտեսական կործանման պատճառ դառնան։ Անոնք կ՚ըսեն, որ իրենք շատ ուրախ պիտի ըլլային եթէ հայերը երկրագործութեամբ զբաղէին, որուն համար Սուրիոյ մէջ ահագին ասպարէզ կայ»։ [2]

Դժգոհութեան ուրիշ պատճառ մըն էր հայ անհատներու հոգատար պետութեան (Ֆրանսա) բանակին մէջ ծառայելը։ 1925 թ. ի Հոկտեմբերի 18-ին կը պայթէր Դամասկոսի ապստամբութիւնը, որուն պատճառով հայեր ալ զոհեր կու տային եւ լքելով Դամասկոսը կ՚ապաստանէին Լիբանան։ 1925 թ. ին 15 հազար հաշուող Դամասկոսի հայ գաղութը, 1926 թ. ի Օգոստոսին հազիւ 2, 500 անձ կը հաշուէր»։ [3]

Բայց այս անհասկացողութիւնները հետզհետէ կը չքանային եւ 1940-ական թուականներուն Սուրիոյ անկախութեան պայքարի օրերուն՝ հայութիւնը իր քաղաքական հասունութիւնը կը յայտնաբերէ տեղացի արաբին կողքին կանգնելով։

Սուրիոյ հայութիւնը տնտեսական գետնի վրայ մակաբոյծ չըլլալէ զատ, իր բազուկին եւ մտային կարողութիւնները ի սպաս կը դնէր Սուրիոյ տնտեսական վերելքին։ Փօլ Պորէն կը հաստատէ. «Հայ գաղթականներու ալիքը, հեռու կործանարար ալիք մը ըլլալէ, արգասաւորած է Հալէպի աշխատանքը, բերելով նոր մեթոտներ եւ կարողութիւններ. ելեկտրագէտներ, ընդելուզիչներ, ճախարակիչներ, մեքենագէտներ, արուեստի եւ ճշգրտութեան աշխատանքներու աշխատաւորներ, ամէն տեսակի վարպետներ գրեթէ միմիայն անոնց մէջ կը գտնենք»։ [4]

1946-1947 թուականներու դէպի Հայաստան ներգաղթը, Սուրիոյ քաղաքական անկայուն վիճակը - յաջորդական պետական հարուածներու պատճառով -, զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը, խոշոր գործարաններու պետականացումը պատճառ կը դառնան, որ հայութեան թիւը անկում կրէ Սուրիոյ մէջ եւ տեղ ու գործ հաստատած հայութիւնը իր աչքերը ուղղէ Լիբանան եւ հեռաւոր Ամերիկաներն ու Աւստրալիա։

Եթէ Սուրիոյ հայ գաղութին կազմութեան եւ զայն յուզող հարցերուն լայն տեղ տուինք այս ուսումնասիրութեան սկիզբը, պատճառը այն է, որ մամուլը հայելին ըլլալով զինք ծնող ժողովուրդին, հարազատօրէն արձագանգած է անոնց։



[1]            Ճ. Ա. Պապիկեան «Սուրիոյ Հայութիւնը», Հայաստանի կոչնակ, ԻԵ. տարի, թ. 50 (Դեկտ. 12, 1925)), էջ 1477։

[2]            «Հայ գաղթականութիւնը Սուրիոյ մէջ», Հայաստանի կոչնակ, ԻԳ. տարի, թ. 34 (Օգ. 25, 1923), էջ 1064։

[3]            Թղթակից, «Դամասկոսի կացութիւնը», Հայաստանի կոչնակ, ԻԶ. տարի, թ. 35 (Օգոստոս 28, 1926), էջ 1237։

[4]            Alep (Autrefois, Aujoud’hui), Alep, Imp. Maronite, 1930, p. 241.