ՍՓԻՒՌՔԻ
ՄԱՄՈՒԼԻՆ
ՔԱՆԱԿԱԿԱՆ
ԱՃԸ
1922-ին՝
Սփիւռքի
մէջ
լոյս
կը
տեսնէին
22
թերթ
ու
հանդէս։
Հնգամեակ
մը
ետք՝
թիւը
կը
բարձրանայ
55-ի
(Հայ
ժողովրդի
պատմութիւն,
Ակադ.
հրատ.,
հատ.
Է.,
1967,
էջ
583)։
1933-ին՝
Վէմ
հանդէսին
մէջ
(թ.
1,
էջ
144-147)
լոյս
տեսած
ոչ-մանրամասնեալ
ցանկ
մը
թիւը
կու
տայ
68։
Ցանկին
մէջ
չեն
առնուած
«Ասուպի
պէս
երեւցող
եւ
անհետացող
կամ
զուտ
տեղական
մանրմունր
թերթերը,
ո՛չ
ալ
հայրենակցական
միութիւնների
պատահական
հրատարակութիւնները»։
Նաեւ
հաշուի
չեն
առնուած
օտարալեզու
հայ
թերթերը։
Եթէ
վրան
աւելցնենք
իր
զանց
ըրածները,
նաեւ
չնշած
տարեգիրքերը,
պէտք
է
ունենանք
շուրջ
90
անուն
մամուլ
1933-ին։
Կը
նշէ
13
օրաթերթ,
3
երկօրեայ,
13
եռօրեայ
եւ
18
շաբաթաթերթ։
1953-ին
տպուած
ցանկ
մը
կը
նշէ
89
անուն
մամուլ
(Համազգայինի
տարեգիրք,
Պէյրութ,
1953,
էջ
245)։
Այս
նշումն
ալ
պակասաւոր
է։
Զանց
ըրած
է
աշակերտական
հրատարակութիւնները,
նաեւ
տարեգիրքերը։
1961-ին՝
մեր
կողմէ
պատրաստուած
ցանկին
համաձայն
ունէինք
134
անուն
մամուլ
–
16
օրաթերթ,
24
շաբաթաթերթ,
41
ամսագիր,
39
պարբերաթերթ
եւայլն։
Թուական
գերակշռութեամբ՝
Ա.
տեղը
կը
գրաւէր
Հիւսիսային
Ամերիկան,
39
անուն
մամուլով,
Բ.
ը՝
Լիբանանը՝
31
անունով,
Գ.
ը՝
Պոլիսը՝
15-ով,
իսկ
Դ.
ը՝
Ֆրանսան։
Հիւսիսային
Ամերիկան
կը
գրաւէր
Ա.
տեղը,
որովհետեւ
հոն
լոյս
կը
տեսնէին
հայրենակցական
միութիւններու
պաշտօնաթերթերը։
Նաեւ
եկեղեցիներ
ունէին
իրենց
փոքրածաւալ
հրատարակութիւնները։
1972-ին՝
մեր
կողմէ
պատրաստուած
նոր
ցանկ
մը
կը
նշէր
187
անուն
մամուլ,
հետեւեալ
պատկերով.
–
14
օրաթերթ,
25
շաբաթաթերթ,
9
երկշաբաթաթերթ,
64
ամսաթերթ,
60
պարբերաթերթ
եւ
13
տարեգիրք։
Ա.
տեղը
կը
գրաւէր
Լիբանանը՝
55
միաւորով,
Բ.
ը՝
Հիւսիսային
Ամերիկան՝
54
միաւորով,
Գ.
ը՝
Պոլիսն
ու
Հարաւային
Ամերիկան՝
14
միաւորով,
իսկ
Դ.
ը
Ֆրանսան՝
12
միաւորով։
1987-ին՝
Լոս
Անճելըսի
մէջ
տպուած
մեր
Հայ
մամուլի
ցուցակ
գրքոյկին
մէջ
կը
նշենք
334
անուն
թերթ
(գտած
էինք
որոշ
թիւով
թերթեր.
սակայն,
արդէն
գրքոյկը
տպուած
ըլլալով,
չէինք
կրնար
զանոնք
նշել։
Հոն
նշած
էինք
որ
Սփիւռքի
մեր
ներկայ
մամուլին
ընդհանուր
գումարը
400-ի
շուրջ
է
–
էջ
48)։
Նշուած
334
անուն
մամուլին
հերթականութեան
պատկերը
հետեւեալն
է
–
15
օրաթերթ,
1
եռօրեայ,
29
շաբաթաթերթ,
8
երկշաբաթաթերթ,
111
ամսաթերթ,
137
պարբերաթերթ
եւ
32
տարեգիրք։
Թուական
գերակշռութեամբ
Ա.
տեղը
կը
գրաւէ
Հիւսիսային
Ամերիկան՝
154
միաւորով,
Բ.
ը՝
Լիբանանը,
53
միաւորով,
Գ.
ը՝
Գանատան,
23
միաւորով,
Դ.
ը՝
Ֆրանսան,
20
միաւորով։
Ազդակի
ներկայ
բացառիկ
թիւով
մեր
նշած
թերթերուն
գումարը
բարձրացում
կը
կրէ,
սակայն,
գերակշռութեան
դիրքերուն
մէջ
փոփոխութիւն
չկայ։