Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հ. Յ. Դ. ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Մեզի ծանօթ առաջին փորձը կը գտնենք Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեակին առիթով լոյս ընծայուած Սիմոն Վրացեանի Յուշապատումին մէջ (էջ 562-579)։ Համառօտ ցանկագրում մըն է. թերթին անունը, հրատարակութեան վայրը, տարին (կամ տարիները), հերթականութիւնը (ժամանակային իմաստով օրաթ., շաբ. եւ այլն), խմբ. մարմին (կազմ) կամ քանի մը խմբագիրի անուն։ Ցանկին առաջին էջին տողատակային խմբագրական ծանօթագրութեան մէջ կը կարդանք. «Դաշնակցական մամուլի ցանկը, քաղելով

Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական Մատենադարանէն եւ այլ աղբիւրներէ, պատրաստուած է ընկ. Սահակ Տէր Թովմասեանի աջակցութեամբ» (էջ 572)։

Ի՞նչ են գործին խմբագիրին՝ Ս. Վրացեանի եւ ցանկին պատրաստութեան աջակից՝ Ս. Տէր Թովմասեանի աշխատանքներուն բաժինները, չենք գիտեր։ Սակայն, աներկբայօրէն կրնանք ըսել, որ աւելի կատարեալ գործ կրնային հրամցնել, իրենց ունեցած միջոցներով եւ աղբիւրներով։

Նշուած է 179 անուն թերթ։ Ունի վրէպներ։

Տուեալ մարզի մը մէջ առաջին փորձերը միշտ ալ անխուսափելի թերիներ եւ վրէպներ կ՚ունենան։ Անոնց մեծագոյն արժանի՞քը անդրանկութեան՝ նախախայրիքի պատիւն ու դափնեպսակը։

Անոնք ուղեցոյց են հետագայ բոլոր ուսումնասիրութիւններուն համար. անոնց թերիներուն եւ վրէպներուն սրբագրումով եւ ամբողջացումով պիտի յստականայ եւ ամբողջանայ տուեալ մարզի մը պատկերը։

Հ. Յ. Դ. մամուլին ցուցակագրման կամ մատենագիտութեան Բ. փորձը կը պատկանի Դաւիթ Փափազեանին։ Աշխատասիրողը վանեցի է եւ իր լուման նետած է Հ. Յ. Դ. Վասպուրականի մամուլի գանձարանին մէջ։ Խմբագրած է խմորատիպ թերթեր եւ գործօն մասնակցութիւն եւ աշխատակցութիւն բերած՝ Վանի Աշխատանք (19101915)   շաբաթաթերթին։ Այնուհետեւ, Երեւան է, իսկ 1921-էն ետք՝ Թեհրան։ Տեղեակ է նախա-եղեռնեան եւ յետ-եղեռնեան մեր կեանքին։

1950-ին, Հ. Յ. Դ. ի 60-ամեակին առիթով, Թեհրանի մէջ լոյս ընծայած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեայ մամուլը խորագիրով գրքոյկ մը, որուն ցանկը ամբողջութեամբ լոյս ընծայած է Յուսաբեր բացառիկը (1954-ին)։ Գրքոյկը չունինք, բայց ունինք Յուսաբերը։

Փափազեանի արձանագրած տեղեկութիւնները աւելի քիչ են։ Կու տայ թերթին անունը, հրատարակութեան վայրը, սկզբնաւորութեան տարին, տեւողութիւնը եւ հերթականութիւնը։ Չի նշեր խմբագիրներ կամ խմբագրական կազմեր։

Տարօրինակ է, որ նշուած թերթերուն քանակով, գրեթէ նոյնն է Յուշապատումին հետ կը նշէ 178 անուն թերթ (Յուշապատումէն մէկ անուն պակաս)։ Բաղդատականը չենք խորացներ։ Ունին տարբերութիւններ։ Փափազեան արդարօրէն կը նշէ Փարիզի Pour les Peuples d’Orientը (1913-1914)։ Յուշապատումը չունի։ Փափազեան կը նշէ Շթութկարտի Տարագիրը (1946-1949), Յուշապատումը՝ ո՛չ։

Կայ հարցին միւս երեսը։ Յուշապատումը կը նշէ Աշտարակի Քասախը, որուն տեղեակ չէ Փափազեան։

Յուշապատումին առիթով մեր կատարած դիտողութիւնները, առաւել կամ նուազ չափով, ի զօրու են նաեւ Դ. Փափազեանի պարագային։ Գնահատելի է իր ճիգը։ Ունի նշումներ, որոնք կ՚աւելնան Յուշապատումին թուումին վրայ։

Պարտաւոր ենք նաեւ նշել կարեւոր իրագործում մը «Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեայ մամուլը» խորագիրը կրող դաշնակցական մամուլին խորագիրներուն համադրումով պատրաստուած պատկերը գործն է Դաւիթ Փափազեանի։ Պզտիկ պատիւ մը չէ ասիկա։

Ցանկագրումի Գ. փորձը, աւելի նեղ նիւթի ընդգրկումով «Հ. Յ. Դ. երիտասարդական մամուլը» բաւական յաջող իրագործումով՝ փորձած է Սիլվա Փանոյեան Ռազմիկ պարբերաթերթին մէջ (1983-1984)։ Ընդգրկած է պաշտօնական եւ կիսապաշտօնական օրկանները։ Գործին հարիւրէն ութսուն տոկոսը քաղած է մեր տպուած եւ անտիպ գրութիւններէն (իր տրամադրութեան տակ դրած էինք Հ. Յ. Դ. մամուլի մեր քարտարանը, ուր ընթացիկ տեղեկութիւններէն զատ, նշուած են տուեալ թերթին մասին աղբիւրներ)։ Տպուած կարգ մը թերթերուն նկարները վերցուած են մեր նմոյշներէն։

Ամէնէն լուրջ փորձը կատարած է Յարութիւն Քիւրքճեան, «Ազդակ շաբաթօրեակ Դրօշակ»ի 1985-ի թիւերուն մէջ (յաջորդական եօթը յօդուած, իւրաքանչիւրը առանձին խորագիրով։ Տե՛ս «Մատենագիտութիւն» բաժինը)։ Ընդհանուր խորագիր՝ «Հ. Յ. Դ. մամուլ եւ մշակութա-գրական հանգանակ»։ Քիւրքճեանի առաջադրա՞նքը. «Առաջադրանքը, զոր կը նախագծենք այս խորագրով, նախ մատենագիտական-պատմագրական փորձ մըն է։ Կարելի մանրամասնութեամբ ու ամբողջականութեամբ, համադրական տախտակներու եւ յարակից լուսաբանական նշումներու ճամբով, ներկայացնել ուղեկից մամուլի[ն] պատկերը, առանց սակայն թաղուելու մատենագիտական-բանասիրական տուեալներու հեղեղին տակ» (թիւ 1, էջ 6)։

Աւելի վերլուծական ուսումնասիրութիւն է քան թէ ցուցակագրական-բանասիրական։ Վերլուծական մասը յաջող է։ Աւելի յաջողութիւն պիտի արձանագրէր, եթէ ցուցակագրական աշխատանքը աւելի ընդլայնէր եւ խորացնէր։ Ցուցակագրումի ընդլայնման ճիգ մը (ճիշդ ուղեգիծ) կատարած է, սակայն, չէ հասցուցած իր տրամաբանական վախճանին։ Կ՚անդրադառնանք այդ ճիգին։

Հ. Յ. Դ. մամուլի պատմութեան համար նախապայման է այդ մամուլին ամբողջական ցուցակագրումը, մատենագիտական անհրաժեշտ մանրամասնութիւններու նշումով։ Բ. հանգրուանը, այդ մամուլին կարեւոր բովանդակութեան մատենագիտութիւնը (ցուցակագրում)։ Գ. հանգրուանը պիտի ըլլայ վերլուծումը։ Առաջին երկուքով պայմանաւորուած է Գ. ին՝ վերլուծական ճիգին յաջողութիւնը։

Յ. Քիւրքճեան իր ուսումնասիրութեան մեկնակէտ (կարելի է ըսել նաեւ հիմնական աղբիւր՝ ուղեցոյց) ունեցած է Յուշապատումին մեր նշած ցուցակը։ Ան կը գրէ. «Այբբենական ժամանակագրական-աշխարհագրական սկզբունքին անցնելով չբաւարարուեցանք մենք։ Օգտուելով նոյն հատորի[ն] «Հ. Յ. Դ. մամուլ եւ հրատարակութիւններ» յօդուածէն, բայց նաեւ այլ աղբիւրներէ, ցանկին մէջ մուծեցինք որոշ սրբագրութիւններ (սխալները յաճախ արդիւնքը եղած ըլլալու են յիշողութեամբ ճշդուած տարրերու առկայութեան)։ Բայց մանաւանդ կատարեցինք յաւելումներ, որոնք ցանկը աճեցուցին 20 տոկոսով» (թիւ 4, էջ 27)։ Իր ցուցակին գումարը չի ճշդեր կամ նշեր։

Մենք կու տանք այդ գումարը 219-220 թերթ։

Քիւրքճեան, ըստ երեւոյթին, անտեղեակ եղած է Դ. Փափազեանի ցուցակին։ Այդ մասին ակնարկութիւն չունի։

Հիմնական երկրորդ աղբիւրը Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւնն է (չի նշեր պատրաստողին անունը՝ Ամալիա Կիրակոսեան։ Լոյս տեսած է Երեւան, 1970-ին)։ Գիրքին մասին կը գրէ. «Խորհրդահայ ծանօթ Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւնը գրեթէ սպառիչ ու յամենայն դէպս պատկառելի աշխատութիւն է (հակառակ դժբախտաբար մեծաթիւ եւ դիւրաւ խուսափելի վրիպակներու... ), եւ իր էջերու ամբողջական «մաղում»ին կը պարտինք մեր յաւելումները։ Ի դէպ, պարտք կը սեպենք ճշդել, որ, մեզ հետաքրքրող թերթերու սահմանին մէջ գոնէ, Մատենագիտութիւնը իր կարգին լայնօրէն օգտուած է Ա. Տէր Խաչատուրեանի աշխատանքներէն» (թիւ 4, էջ 79-80)։

Դժբախտ պատահարի մը պատճառով (յանձնուած ձեռագիրի կորուստ), Յովհաննէս Պետրոսեանի մամուլի մատենագիտութեան մեր գրախօսականին վերջին բաժինը լոյս տեսաւ որոշ յապաղումով (Հասկ, 1973)։ Ա. Կիրակոսեան չէր կրնար օգտուիլ այս վերջին մասէն (նախկինները օգտագործած է)։ Յ. Քիւրքճեան կրնար Հասկէն օգտուիլ։

Հակառակ իր որոշ վրէպերուն, Հ. Յ. Դ. մամուլին նուիրուած առաջին լուրջ եւ բաւական ծաւալուն ուսումնասիրութիւնն է։