Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. - Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ

Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք, 1890-էն մինչեւ 1901, Վասպուրականի տեղական գործիչներէն զատ, զանազան ժամանակներու մէջ արտասահմանէն, իբրեւ ուսումնասիրող թէ գործիչ, Վասպուրական մուտք գործած եւ վերադարձած են Իշխան Յովսէփ Արղութեանը, Պետօն, Խանասորի Վարդանը, Արշաւիրը եւ ուրիշներ, ոմանք զինուած խումբերով։ Վարդգէսը, Գիսակը, Յովհաննէս Սէրէնկիւլեանը Վան հասած են 1901-ին եւ ձերբակալուած՝ 1903-ին։

1903-էն մինչեւ 1907-ի վերջերը (մեզ հետաքրքրող ամէնէն կարեւոր ժամանակահատուածը) Վասպուրական եկած են հետեւեալները. Վարդան Շահպազ, Կոմս (Վահան Փափազեան), Իշխան (Նիկօլ Պօղոսեան), Սալտաթ (Ստեփան), Ուրֆացի Հաճի Կարապետ, Կողբեցի Տիգրան, Արամ (Սարգիս Յովհաննէսեան), Ռուբէն (Մինաս Տէր Մինասեան), Սարգիս (Պօղոս Օդապաշեան), Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան), Պուլղարացի Գրիգոր Կէզեան, Պուլղարացի Սարգիս (Միքայէլ Չաթալեան), Պուլղարացի Հայրիկ, Տիրան Մինասեան, Նիկօլ Օտապաշեան, Պառատա Պետրոս Պալեան, Յարութիւն Միրաքեան, Մատթէոս, Մակուցի Մեսրոպ, Փոքր Սարգիս, զինագործ Վազգէն ու Ռուբէն, Զոհրապ, Աւետիս, Մուտօ, Յակոբ, Վազգէն, Զաւէն։ [1]

Վերոնշեալ դէմքերէն եւ գործիչներէն կարեւոր դեր կատարած են Կոմսը, Իշխանը եւ Արամ Մանուկեանը։

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր գործիչներուն եւ տեղական ուժերուն միջոցով հսկայական գործունէութիւն ունեցած է Վասպուրականի հայութեան կեանքին բոլոր երեսներուն մէջ։ Մենք պիտի անդրադառնանք կրթական, ուսանողական, զինական մարզերուն։


1. Կրթական

Մինչեւ 1830-ական թուականը, Վասպուրականի վանքերն են մեծ մասամբ, որ ունին իրենց դպրոցները։ Այդ թուականէն ետք, ծխական դպրոցներ կը բացուին Վանի զանազան մասերուն մէջ։ 1857-ին, Խրիմեան Հայրիկ կը բարեկարգէ Վարագայ Ժառանգաւորացը, որ իր առաջին հունձքը կու տայ 1862-ին։

1870-ական թուականներուն, Վան ունէր ծխական վեց դպրոց։ [2] Մկրտիչ Փորթուգալեան 1877-ին կը հիմնէ վարժարան մը՝ Հայկազեան անունով։ 1879-1881, դպրոցը կը վերածուի Վարժապետանոցի, Պոլսոյ «Արարատեան» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ։ Փակումէն ետք, կրթական գործը կը շարունակուի Կեդրոնական վարժարան անունով։

Յիշատակութեան արժանի են Ամերիկեան Միսիոնարութեան բացած երկսեռ դպրոցները, բարձրագոյն նախակրթարանի աստիճանով։ Ասոնք սկսած են 1875-ական թուականներուն, խոնարհ մակարդակով։

Մասնաւոր յիշատակութեան արժանի է Համբարձում Երամեանի դպրոցը, որ գործած է 36 տարի (1880-1914) եւ ընդունած՝ 8000 աշակերտներէ աւելի։ [3] Դպրոցը ծանօթ է նաեւ Որբանոց անունով։

1895-1908, մանաւանդ վերջին տարիներուն, կուսակցական ազդեցութիւնը, մասնաւորաբար Դաշնակցութեան, զգալիօրէն կը զօրանայ թէ՛ Վանի եւ թէ գաւառին մէջ։ Կուսակցութիւնները կը փորձեն քաջալեր հանդիսանալ նոր դպրոցներու հիմնումին եւ ծածկաբար ղեկավարել արդէն գոյութիւն ունեցող դպրոցները։

1900-էն ետք, Վանի եւ գաւառին մէջ կրթական մակարդակը հետզհետէ բարձրացում կը կրէ, առաւելաբար ճեմարանաւարտ վանեցի ուսանողներու շնորհիւ, որոնք կը նուիրուին ուսուցչական ասպարէզին։ 1895-1900, Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը յաճախած եւ մեծ մասամբ շրջանաւարտ եղած է 20 հոգի։ Ասոնցմէ 11 հոգին դաշնակցականներ են։ Անոնք են՝ Հայրապետ Պանիրեան, Մկրտիչ Մելքոնեան (ձեռնադրուած՝ Տաճատ վրդ. անունով. յետագային եկեղեցական կարգը լքելով՝ կ՚ըլլայ ծանօթ Գարմէն գործիչը),   Համազասպ   Բաղէշցեան, Վարդան   Բալդօշեան,   Սահակ Չթճեան, Հայկակ Կոսոյեան, Ղեւոնդ Մելոյեան, Միհրան Թէրլէմէզեան, Արամ Շալճեան, Արմենակ Մաքսապետեան եւ Ալեքսան Յովհաննիսեան։ [4]

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կրթական վիճակը զարթօնք կ՚ապրի։ Գիւղական դպրոցներուն թիւը աճում կ՚արձանագրէ։ Վանի միջնակարգ երկու դպրոցներուն վրայ Կեդրոնական եւ Երամեան կու գայ աւելնալ Հայոց Միացեալ Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ հիմնուած Վանի Վարժապետանոցը (1910)։

Խաչիկ քհնյ. Գռուզեան բանասէր Ա. Օլգինիի ուսումնասիրութենէն կը մէջբերէ կարեւոր հատուած մը, ուր վիճակագրական տեղեկութիւններ կան Վանի եւ գաւառի կրթական մարզին վերաբերեալ։ Դժբախտաբար չէ նշուած տարին։ Կ՚ենթադրենք որ կը վերաբերի 1910-ական թուականներուն (Եղեռնի նախօրէին)։ Կը մէջբերենք այդ հատուածը. «Հայ ազգաբնակութիւնը իւր միջոցներով Վան քաղաքում պահում է 30 դպրոց 5104 աշակերտներով (3200 տղայ եւ 1904 աղջիկ), տարեկան 5345 օսմ. լիրայի պիւտճէով։ Բացի այդ՝ Վանի նահանգում կան 136 հայ դպրոցներ ալ՝ 6200 աշակերտներով (5500 տղայ, 700 աղջիկ), 2700 լիրա պիւտճէով։ Ժողովրդական կրթութեան գործի համար ընդամէնը ծախսուած է եւ տարեկան 8045 օսմ. լիրա, որից

300-ը նուիրում է Ամերիկեան Միսիոնարութիւնը եւ 378 լիրա տալիս է կառավարութիւնը։ Մնացեալ ահագին գումարը վճարում է ինքը Հայ ազգաբնակութիւնը»։ [5]

1905-ին՝ գիւղերու կրթական վիճակը անբարեյոյս պատկեր մը կը ներկայացնէ։ Տեղ-տեղ կան գիւղական դպրոցներ, սակայն ուսումնական ցած մակարդակով եւ որակով։ Մեծ եւ փոքր վանքեր յառաջդիմութեան անատակ են, որովհետեւ կը շահագործուին աշխարհական իշխաններէ եւ պորտաբոյծ անհատներէ։ Կեդրոն (Վան) եւ գաւառ կապը թոյլ է, չըսելու համար հակադիր։ Գիւղացին, իր աւանդապաշտութեամբ, բնական հակակրանք, խրտչում մը ունի քաղաքներու եւ քաղաքաբնակներու հանդէպ, թերեւս անոնց մէջ իր շահագործումը եւ անտեսումը տեսնելով։

Պէտք է փոփոխութիւն մտցնել այս մտայնութեան մէջ։ Պէտք է քանդել այս անբնական պատուարները եւ ջանալ մշակել նոյն ազգին պատկանելիութեան ոգին։ Դաշնակցութիւնը այս գետնի վրայ ալ կը տանի իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։

Դաշնակցութիւնը կրցած էր 1905-ի շուրջ, իր հմայքին տակ առնել Վանի Կեդրոնականէն, Որբանոցէն, Ամերիկեան դպրոցէն եւ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն թերաւարտ կամ շրջանաւարտ երիտասարդ թարմ ուժեր։ Զանոնք պէտք էր գաւառ մղել՝ գործուղել, ազգային միասնականութեան իտէալին իրականացման համար։ Ամառնային խմբական այցելութիւններ կը կազմակերպուին, ծանօթանալու համար գիւղացիին եւ մտերմանալու անոր։ Այդպիսի այցելութեան մը նկարագրութիւնը մեզի կը փոխանցէ Գալուստ Էյնաթեան։

Ուսուցչական պաշտօնով դէպի գաւառ կը մեկնին ոմանք։

Անոնցմէ նշենք Բ. Կապուտիկեան, Դաւիթ Փափազեան, Խոսրով Խանճեան, Արամ Սաֆրաստեան եւ այլն։ Ասիկա դրական երեւոյթ էր, սակայն անբաւարար։ Վահան Փափազեան (Կոմս) կը գրէ. «Միտք յղացուեցաւ գաւառական կեդրոնի մը մէջ միջնակարգ դպրոց հաստատել եւ գիւղացիներու զաւակները կրթել ու դաստիարակել գաւառի պէտքերուն համար» [6] ։

Այդ ծրագիրը յաջողութեամբ կը պսակուի։ 1908-ին, Աղթամարի դուրսի տունը կը վերածուի Աղթամարի թեմական դպրոցի։ Իշխանն է ոգին այս ծրագիրին։ Տնօրէնութեան պաշտօնին համար կը հրաւիրուի ճեմարանական դաշնակցական Հայկակ Կոսոյեանը՝ Շատախի Թաղ գիւղաքաղաքէն։ Իբրեւ ուսուցիչներ՝ տեղական ուժեր եւ Վանէն նուիրեալներ։

Որոշ լայնութեամբ կ՚անդրադառնանք կրթական մարզին, որովհետեւ կրթական օճախները, ուսուցիչներն ու երիտասարդ մտաւորականներն են, որոնք պիտի հիմնեն Վասպուրականի խմորատիպ մամուլը։

 

2. Գրադարան

Դաշնակցութիւնը կրթութեան կողքին կը տանի մշակութային այլ առաքելութիւն եւս։ Գրադարաններու ստեղծումով՝ զանգուածները ընթերցանութեան, ազգային եւ մարդկային գիտակցութեան առաջնորդել։ Գ. Էյնաթեան կը վկայէ, թէ «մեր տրամադրութեան տակն էր Հ. Յ. Դ. հարուստ գրադարանը, որ ունէր 5000-է աւելի գիրքեր»։ [7] Գրադարան-ընթերցարանը կոչուած է «ԱզատութեանԼոյս»։ 1913-ին, երբ կը կառուցուի Վանի «Աշխատանքի տունը», հոն կը փոխադրուի այդ գրադարանը, որուն պատասխանատուութիւնը կը յանձնուի Օննիկ Մխիթարեանի։

Սուրհանդակներ զէնքի կողքին գիրք եւ մամուլ կը փոխադրեն։ Քաղաքի եւ գաւառի դաշնակցական եւ ոչ-դաշնակցական հաստատութիւնները կ՚ունենան իրենց մեծ ու փոքր գրադարանները։ Անոնք միջոցներէն մէկն են բարձրագոյն ուսման պակասը մասամբ ամբողջացնելու։

Կը կազմակերպէ յեղափոխական-ծրագրային գիշերային գաղտնի դասախօսութիւններ, առաւելաբար ուսանողներուն վերապահուած, ուր կը ջամբուի ընկերվարական-յեղափոխական կրթութիւն։ Նպատակն է ուսանողներէն պատրաստել ապագայ պրոպականտիստը, գործիչը, ուսուցիչը եւ ազգային ղեկավարը։

Երեւոյթը Դաշնակցութեան յատուկ չէ, սակայն ամէնէն աշխոյժը ինք է։ Դասախօսութիւնները զիրար կը հրմշտկեն։ Շաբաթը քանի մը անգամ, երբեմն նոյն գիշերը քանի մը տեղ, երիտասարդութիւնը կը խմբուի դաշնակցական, արմենական, հնչակեան եւ չէզոք, լսելու համար ղեկավար ընկերոջ մը դասախօսութիւնը ազգային, հանրային, պատմական, ընկերվարական եւ գրական նիւթերու շուրջ։ Շատ անգամ դասախօսները Վանի միջնակարգ դպրոցներէն շրջանաւարտ, անփորձ պատանի-երիտասարդներն են. հարցումպատասխան, վիճաբանութիւն բնական երեւոյթներ են։ Պէտք է գոհացնել ունկնդիրները, ներկաները։ Հետեւաբար, լուրջ պատրաստութեան կը մղուին դասախօսները։ Այդ դասախօսութիւններով, թէ՛ իբրեւ ունկնդիր եւ թէ իբրեւ դասախօս, երիտասարդ մտաւորականները կը փորձեն մասամբ ամբողջացնել բարձրագոյն ուսման պակասը։

 

3. Զինավարժութիւն

Յեղափոխականացման տեսական բաժինէն զատ շեշտ կը դրուի գործնական մասին վրայ։ Զէնքի գնում եւ զինավարժութիւն։ Հ. Յ.

Դաշնակցութիւնը իբրեւ գործնական կուսակցութիւն, չի բաւարարուիր միայն տեսական դաստիարակութեամբ եւ քարոզչութեամբ։ Մտաւորապէս   պատրաստուած երիտասարդութիւնը կրնար անպէտք դառնալ յեղափոխութեան կամ վտանգի պարագային։ Հետեւաբար, զինուորական մարզանքը եւ նշանառութիւնը անհրաժեշտ էին։ Ձմեռուան շրջանին երբ զինուած խումբերը Վան կ՚ապաստանէին, տուներու մէջ հաւաքուած, երիտասարդները զինուորական մարզանքներու կը հետեւին եւ զէնքի գործածութեան կը ծանօթանային։ Գործնական նշանառութեան եւ մարզանքի համար նշանակուած վայրն էր Վարագայ վանքը։ Այդ մարզանքներուն նշանառութեան նկարագրականը կը գտնենք Գ. Էյնաթեանի [8] եւ Ա. Փոխարեանի յուշերուն մէջ։ [9]

1906-ի աշնան, Վանի ուսանողութեան մտածումին եւ հոգեկան աշխարհին վրայ, գրադարաններու, գիշերային դասախօսութիւններու, զինավարժութեան ազդեցութիւններու վրայ կու գայ աւելնալ նոր ազդակ մը 1905-ի ռուս-ճափոնական պատերազմին Ցարական Ռուսաստանի պարտութիւնը։ Ընդհանուր դժգոհութիւն մը նշմարելի է։ Ձախ ընկերվարութիւնը շարժման մէջ է։ Ուսանողութիւնը կ՚ընդվզի կրթական դրութեան եւ անոր վարչութեան դէմ։

Կովկասահայ ուսանողութիւնը, յանուն ազատութեան, կռիւ կը մղէ դպրոցներու վարչութեան դէմ։

Այս ազատական գաղափարներուն ջատագովը կը դառնան, 1906-ի աշնան Վան եկած, 18-20 տարեկան կովկասահայ դաշնակցական պրոպականտիստներ Վազգէնն ու Զաւէնը, մա՛նաւանդ առաջինը։ Այլ տեղ պիտի անդրադառնանք իրենց։

Վանի ուսանողութեան եւ երիտասարդաց մտաւորականութեան որոշ մէկ հատուածը, վերոյիշեալ ազդակներուն ազդեցութեան տակ, կը հիմնէ իր օրկանը՝ Նոր սերունդ եւ իր շարժումն ալ կը կոչէ «Նոր սերնդական» շարժում։

Այս շարժումին դրական եւ ժխտական անդրադարձները խորունկ են Վանի եւ Վասպուրականի 1905-1908 նախասահմանադրական վիճակին վրայ, նոյնիսկ անկէ ետք։ Այդ շարժումին լայնօրէն կ՚անդրադառնանք Նոր սերունդ դաշնակցական թերթին յատկացուած բաժինին մէջ։ Հոս ըսենք, որ շարժումը ինք հիմնադիրներէն է Վասպուրականի դաշնակցական առաջին թերթերէն մէկուն (յետագային լոյս ընծայած է երկու այլ թերթեր)։ Իր եռանդը չափաւորելու եւ իրեն հակադրուելու համար լոյս տեսած են այլ թերթեր։



[1]            Տ. Բրուտեան, Հայրենիք ամսագիր, ԼԸ. տարի, թիւ 12 (Դեկտեմբեր, 1960), էջ 89։

[2]            Խաչիկ քհնյ. Գռուզեան, «Վասպուրականի մտաւորական զարթօնքը», Վասպուրական, Վան-Վասպուրականի հերոսամարտի տասնեւհինգամեակին առթիւ, 1915-1930, տպ. Վենետիկ, 1930 (կրճատ՝ Վասպուրական), էջ 197։

[3]            Նոյն, էջ 200։

[4]            Հայկակ Կոսոյեան, «Վանի թեմի ճեմարանական սերունդը», Վարագ, ԺԵ. տարի, թ. 62 (Յուլիս 1968), էջ 10-20։

[5]            Գռուզեան, նշ. աշխ., էջ 204։

[6]            Իմ յուշերը, Ա. հատոր, Պոսթըն, 1950, էջ 274-275։

[7]            «Հ. Յ. Դ. Վանի երիտասարդութիւնը», Հայրենիք ամս., 29-րդ տարի, թիւ 5 (Մայիս, 1951), էջ 28։ Իր հաստատումը կը վերաբերի 1907 թուականին։ Այլ աղբիւր մը, 1913-ի համար, կը գրէ «Մի քանի հազարի հասնող գրքեր, պարբերականներ (Վասպուրական, էջ 95)։ Այս գրադարանը Վանի մեծ նահանջին փոխադրուած է Երեւան։ 1921-ին գրաւուած է համայնավար իշխանութեան կողմէ (Անդ)։ Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլի թիւեր եւ հաւաքածոներ, որոնք այսօր կը գտնուին Երեւանի գրադարաններուն մէջ, հաւանաբար վերցուած են այս գրադարանէն։

[8]            Գալ. Էյնաթեան, «Հ. Յ. Դ. Վանի երիտասարդութիւնը», Հայրենիք ամս., ԻԹ. տարի, թիւ 5 (Մայիս, 1951), էջ 28-35։

[9]            Արմենակ Փոխարեան, «Հայրենիքիս մէջ», Հայրենիք ամս., ԺԶ. տարի, թ. 12 (Հոկտ., 1938), էջ 53-66. ԺԷ. տարի, թ. 1 (Նոյ., 1938), էջ 51-62. թ. 2 (Դեկտ., 1938), էջ 58-69). ԺԷ. տարի, թ. 3 (Յունուար, 1939), էջ 63-70. ԺԷ. տարի, թ. 4 (Փետրուար, 1939), էջ 103-115։