Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԱՐԺԷՔԸ

Արեւմտահայաստանը սովորաբար մամուլ չէ ունեցած 19-րդ դարուն (ունինք Խրիմեան Հայրիկի փորձը Վարագայ եւ Ս. Կարապետի վանքերուն մէջ)։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի բռնակալութեան շրջանին (19-րդ դարու վերջին քառորդին եւ 20-րդ դարուն սկիզբը, մինչեւ 1908) գրեթէ մամուլի ո՛չ մէկ ճիգի կը հանդիպինք մեր գաւառներուն մէջ։ Վասպուրականը բացառութիւն մը կը կազմէ, ուր 1905-ին Իշխանի կողմէ հիմը կը դրուի Հ. Յ. Դ. գաղտնի մամուլին։

Այնուհետեւ, 1906-1908 (մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակումը) գաղտնի լոյս կը տեսնէ ութ թերթ (երկուքը կուսակցութեան կողմէ, վեցը շարքային ուսանողներու եւ երիտասարդ մտաւորականներու կողմէ, խմորատիպ հրատարակութիւններ)։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք ալ, խմորատիպ նոր թերթեր կը սկսին լոյս տեսնել, մինչեւ որ կը սկսի կուսակցութեան Աշխատանք շաբաթաթեթը (1910 Նոյ. 7)։ Անոր շուրջ կը համախմբուին նախկին խմբագիրներն ու աշխատակիցները։ Կը դադրին միւս թերթերը։ Միայն մէկ հրատարակութիւն կայ 1915-ին՝ Տեղեկատու գաղտնի հրատարակութիւնը։

Պիտի անդրադառնանք Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլին ժամանակագրական կարգով։