Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՊԱՀ-ԻՒԼ-ԽԱՅՐ (Արշալոյս) [1]

Երկշաբաթաթերթ (խմորատիպ)։ Թրքերէն։ Վան, 1906-ի աշուն1907։ Անուանական հրատարակութիւն՝ Յեղափոխական Թուրք Կոմիտէի։ Իրական հրատարակութիւն՝ Հ. Յ. Դ. Վասպուրականի Կեդրոնական Կոմիտէի։

Պաշտօնական կամ ձեւական խմբագիր՝ Շէրէֆ էֆ., Արճէշի կալուածական տեսուչ (Էմլաք Միւտիւրիւ)։ Կոմս անոր մասին կը գրէ. «՚Շէֆ՚ դառնալու յաւակնութեամբ՝ խորամանկ եւ շատախօս հին թուրք մը։ Հաջի Իտրիսը [2] նախազգուշացուցած էր, որ Շէրէֆը անազնիւ չէ, հաւատարիմ է, բայց յեղափոխական աչքառու դերէ հեռու պէտք է պահել։ Իր ըսելով՝ կրնար օգտակար լինել թռուցիկներու եւ պարբերական հրատարակութիւններու խմբագրութեան մէջ։ Հետագային՝ Շէրէֆ էֆէնտին էր, որ այդ գաղափարը տուաւ մեզ»։ [3]

Շէրէֆ էֆ. ինք է որ կ՚առաջարկէ նման թերթի մը հրապարակումը եւ կուսակցութիւնը զայն յարմար գտնելով իր նպատակներուն դրացի ժողովուրդներու իրարհասկացողութիւն եւ համագործակցութիւն, կը յատկացնէ անհրաժեշտ պիւտճէն։

Իրողական խմբագիրներ՝ Արամ Մանուկեան (որ առաջին թիւէն իսկ սկսած է լոյս ընծայել «Մեր նպատակը» խորագիրով յօդուածաշարքը), [4] Կոմս, Սարգիս Բարսեղեան (Շամիլ), Դաւիթ Փափազեան, Ղեւոնդ Մելոյեան եւ (Սլաք)։ [5]

Խմբագրական կազմ գոյութիւն ունեցած է, սակայն, սեւ աշխատանքին առաւելաբար լծուած են Դաւիթ Փափազեանն ու Ղ. Մելոյեանը։ Մելոյեանին անդրադարձանք Երկունքի մէջ։ Հոս կ՚ուզենք քանի մը տող յատկացնել Դ. Փափազեանին։

Դաւիթ Փափազեան (1884-1961) Վանի Երամեան միջնակարգ վարժարանէն շրջանաւարտ։ 1900-ին մտած Դաշնակցութեան շարքերը։ Ուսուցիչ Վանի, Շատախի եւ Աղթամարի մէջ։ Հայեացք, Յորձանք, Ծովակ եւ Աշխատանք թերթերու խմբագրական կազմի անդամ։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, հրաւիրուած է պետական դատարան՝ իբրեւ քարտուղար (իր թրքագիտութեան համար)։ Վանի հայոց Ազգային Քաղաքական Ժողովի անդամ։ Արամ Մանուկեանի նահանգապետութեան օրով (1915)՝ նշանակուած է Վանի ընդհանուր ոստիկանութեան պետ։ Աշխատակցած է դաշնակցական մամուլին՝ ազգային եւ քաղաքական հարցեր արծարծելով։ [6]

Աշխատակիցներ Վերոյիշեալ խմբագիրները, առաւել հայ կուսակցականներ, թուրք սպաներ եւ քաղաքային աշխատակիցներ։

Բացարձակապէս պայման դրուած է, որ թերթին լեզուն յղկուի՝ թրքացուի։ [7] Այդ գործը կը ստանձնեն գլխաւորաբար Դաւիթ Փափազեանը եւ նուազ պատրաստութիւն ունեցող «տաճկագէտ» պիթլիսցի Արմենակը։ [8] Վերջնական յղկումը կատարած է Շէրէֆ էֆ. ։ Վերջինս ստորագրած է «ճապաղ յօդուածներ»։ [9]

Բովանդակութիւն Թուրք աշխատակիցները (ծածկանուններով) առաւելաբար արտայայտուած են դրամական զեղծումներու եւ դատական անարդարութիւններու մասին։ Դ. Փափազեան կը նշէ օրինակ մը. «Յիշում եմ, որ մի անգամ, հեծեալ գնդի սպաներից մէկը համեմատել էր թիւրք զինուորին՝ իր ձիու հետ (ծախքի տեսակէտից) եւ գրել էր, որ աւելի գուրգուրանքի էր արժանանում բանակում քան թէ զինուորը, ուրիշ խօսքով, ձիու վրայ աւելի փող էր ծախսում քան թէ մի զինուորի վրայ»։ [10]

Հայ խմբագիրներն ու աշխատակիցները ձաղկած են կառավարութեան կողմէ հպատակ ժողովուրդները իրարու դէմ հանելու քաղաքականութիւնը, տպած են յեղափոխական հայրենասիրական չափածոյ եւ թխովի քերթուածներ, գաւառներէն իբր թէ ստացուած թղթակցութիւններ, նաեւ զգուշաւոր կերպով հայ յեղափոխականներուն նպատակները՝ աշխատաւոր ժողովուրդին շահերուն լուրջ գործերու թարգմանութիւններ ալ կը հրամցուին։ Դ. Փափազեան կը նշէ. «Դժուարանում եմ յիշել, բայց կարծում եմ 6-րդ համարի հրատարակութիւնից յետոյ էր, որ մտածեցինք թիւրքերէնի թարգմանել մի շարք հայերէն վէպիկներ եւ հասարակագիտական պրօշիւրներ՝ որպէս «Մատենադարան Սապահ-Իւլ-Խայր»ի։ Առաջին հերթին թարգմանուեց Ա. Ահարոնեանի «Բանտումը», ապա Նովոտորժսկու «Ի՞նչ է իրաւական պետութիւնը», պատրաստւում էր «Սարդեր եւ ճանճեր»ը, երբ քաղաքական կացութեան ձախող դասաւորման պատճառով, կուսակցութիւնը պարտաւորուեց դադրեցնել թերթի[ն] հրատարակութիւնը»։ [11]

Ազդեցութիւն եւ տեւողութիւն Թերթը լայն տարածում կը գտնէ։

Իւրաքանչիւր թիւին կը բարձրանայ տպաքանակը։ [12] Տարածումին գործը կը ստանձնեն թուրք բարեկամներ։ Թերթը կ՚ուղարկուի Սեբաստիա, Խարբերդ, Էրզրում, Երզնկա, Բաղէշ, Տիգրանակերտ, արեւմուտքէն կը հասնի մինչեւ Պոլիս, արեւելքէն՝ Մուսուլ։ [13] Ղ. Մելոյեան կը գրէ. «Ամէն շաբաթ առաւօտ, կառավարական պաշտօնեան իր գզրոցի մէջ «Սապահ-Իւլ-Խայր»ի օրինակ մը կը գտնէր, մաքուր թուրքերէնով գրուած։

«Հաւատացեալ թուրքը յաճախ նախ քան իր աղօթքը ջամիի պատին վրայ «Սապահ-Իւլ-Խայր»էն յօդուած մը փակած կը տեսնէր...

«Ապա գաղտնի, ձեռքէ ձեռք...

«Համակիր սպաներու թիւը կ՚աւելնար օրէ օր... » [14]

Ամէն ճիգ կը թափուի, որպէսզի կառավարութիւնը կասկած չունենայ, թէ Հ. Յ. Դ. ի հրատարակութիւն է։ Ցարդ մեր նշած աղբիւրները կը վկայեն, թէ այդ նպատակը իրագործուած է։ Ղ. Մելոյեան կը բերէ թուրքի մը վկայութիւնը։ Իթթիհատական գործիչ Նաջի, Սալմաստէն գրուած եւ Փարիզի իր ընկերներուն ուղղուած նամակին մէջ կը հաստատէ. «Հայերը գարնան համար ապստամբութեան կը պատրաստուին, մեծ յոյսեր դրած են Վանի մէջ գտնուող Արշալոյս (Սապահ-Իւլ-Խայր) կոչուող կուսակցութեան վրայ»։ [15]

Թերթին հրատարակութիւնը կը տեւէ «շուրջ 6 ամիս»։ [16] Կուսակցութիւնը կը պարտաւորուի դադրեցնել թերթը, քաղաքական կացութեան ձախող դասաւորման պատճառով։ Վասպուրականը դարձած էր յեղափոխական շարժումներու եւ զինամթերքի կեդրոն։ Կառավարութիւնը կ՚որոշէ աւելի խիստ հսկողութիւն կիրարկել։ Հետեւաբար, կուսակցութիւնը խոհեմութիւն կը սեպէ թերթը դադրեցնել։

Սապահ-Իւլ-Խայրի փորձն ու փորձառութիւնը, այլ ձեւով, իրենց շարունակութիւնը պիտի ունենան 1910-ին լոյս տեսած Աշխատանք օրաթերթին մէջ։ Իր տեղին կ՚անդրադառնանք։

Թերթին դերը

Ղ. Մելոյեան կ՚անդրադառնայ թերթին դերին, խօսելով Մ. Քեմալի մասին։ Ան կը գրէ. «Տապալեց դարերու բռնակալութիւնը, ուրիշ հարց թէ տեղը նոր մը դրաւ, եւ յաջողութեամբ, որովհետեւ, թերեւս, ընդդիմադիր տարրերը իրերու բերմամբ ի սպառ մէջտեղէն վերցուեր էին։

«Յեղաշրջեց դարաւոր, բորբոս կապած օրէնքները։

«Բայց այդ յեղաշրջումները ոչ Իթթիհատի ծրագրած ու փափաքած յեղաշրջումներն էին, ոչ ալ ուրիշ թուրք կուսակցութեան մը, այլ իր ընդհանուր, սկզբնական, հիմնական կէտերով՝ Քեմալն ըրաւ այն՝ ինչ որ տարիներ առաջ, նոյնիսկ Կարմիր Սուլթանի տիրապետութեան օրերուն՝ Վասպուրականի երիտասարդութիւնը կը բանաձեւէր իր բերան «Սապահ-Իւլ-Խայր»ով կրօնի չէզոքացում, կանանց ազատութիւն եւն. եւն. ։

«– Թուրք յեղափոխութեան նախակարապետները մենք չե՞նք... »: [17]

Մեր անդրադարձը փակենք Ե. Տէր Մկրտիչեանի «Խժալուր երգ»ով։ Իր հակադաշնակցական մոլուցքէն մղուած, կը գրէ. «Այս թերթը՝ մսավաճառ, սեխավաճառ, սոխավաճառ եւ վարունգավաճառ տգէտ թուրքերուն ազատութիւն կը քարոզէր։ Քանի մը թիւեր միայն լոյս տեսած»։ [18]

Դատումներ կան, որոնք դատուողէն աւելի դատողը կը վարկաբեկեն, կամ դատողին իմացական կարողութեան չափանիշը կը ցուցաբերեն։ Տէր Մկրտիչեան, իր «փղոսկրեայ աշտարակ»ին մէջ ապաստանած, առանց տուեալները որոնելու եւ գտնելու, «սեւացրէք»եան սկզբունքէն մեկնած, հաստատումներ եւ դատումներ կ՚ընէ։ Ինչպէս տեսանք, թերթը լոյս տեսած է շուրջ վեց ամիս եւ ոչ թէ քանի մը թերթ [գրէ՛ քանի մը թիւ]։ Գաղտնօրէն հասցուած է գլխաւորաբար զինուորականութեան եւ պետական պաշտօնէութեան։ Երանի թէ Տէր Մկրտիչեանի հաստատումը ճիշդ ըլլար։

Որովհետեւ, իր թուած վաճառորդները, թիւով զանգուած կը ներկայացնեն եւ հետեւաբար՝ ամուր պատուանդան հանրային կարծիքի յառաջացման։



[1]            Ղեւոնդ Մելոյեան, որ թերթին խմբագիրներէն է, Սապահ-Իւլ-Խայրը թարգմանած է Արշալոյս («Թուրք յեղափոխութեան նախակարապետները “Սապահ-Իւլ-Խայր”՝ (Արշալոյս)», Հայրենիք ամսագիր, ԺԸ. տարի, թիւ 7 (Մայիս, 1940), էջ 64։ Յօդուածը՝ 64-68։ Ճիշդ չէ։ Բառացի թարգմանութիւնը՝ Բարի առաւօտ. հայկական ոճով՝ բարի լոյս։

[2]            Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. ը հայ-թուրք յարաբերութեան մշակման համար որոնած է տեղացի վստահելի անձեր։ Հաջի Իտրիսը, միջակ կարողութեամբ հողատէր մը, այդ վստահելի անձերէն մէկն է։

[3]            Նշ. աշխ., էջ 285։

[4]            Դ. Փափազեան թերթին իբրեւ ղեկավար կու տայ Ա. Մանուկեանի անունը. «Հայ յեղափոխութիւնը եւ հարեւան ժողովուրդները», Վասպուրական, էջ 169։

[5]            Սլաքի անունը կը նշէ Յուշապատումը, էջ 578։

[6]            Վասպուրական, էջ 330-331։

[7]            Կոմս, նշ. աշխ., էջ 503։

[8]            Նոյն, էջ 285։

[9]            Անդ։

[10]          Վասպուրական, նշ. աշխ., էջ 170։

[11]          Անդ։

[12]          Անդ։

[13]          Կոմս, նշ. աշխ., էջ 286։ Դ. Փափազեան, նշ. աշխ., էջ 170։

[14]          Նշ. աշխ., էջ 65։

[15]          Նոյն, էջ 64։ Մելոյեան զայն քաղած է Պէհաէտտին Շաքիրի յուշերէն, Յառաջ օրաթ. (Փարիզ), Դեկտ. 6, 1934։

[16]          Դ. Փափազեան, նշ. աշխ., էջ 170։

[17]          Նշ. աշխ., էջ 68։

[18]          Գանձեր Վասպուրականէն, էջ 623։