Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐՆՈՅ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ

1909 Յուլիսի օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը յառաջ բերաւ անօրինակ խանդավառութիւն։ Ճնշուած հոգիներու կաթսան մէկդի նետելով իր կափարիչը, խօլական արշաւի մը կը մղուի։

Դասախօսութիւններ, միթինկներ եւ զանազան ու զարմանազան հրատարակութիւններ կ՚ողողեն հրապարակը։ Թերթեր կը սկսին լոյս ընծայուիլ։ Պոլսոյ օրինակին կը հետեւի մեր գաւառը՝ Արեւմտահայաստանը։ Ձեռագիր, խմորատիպ, ապա տպագիր թերթեր կը հիմնուին։ Ըստ Արշակ Ալպօյաճեանի, 1908 Յուլիս 23 - 1914 Օգոստոս, Պոլիսէն ու Իզմիրէն դուրս, լոյս ընծայուած է 60 միաւոր մամուլ (Les Armeniens et L’Imprimerie, Const., 1920, pp. 61-66)։

Արեւմտահայաստանը, որ միայն Խրիմեան Հայրիկի եւ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի օրերուն (1858-1865) ճաշակը առած էր մամուլին, նոր մամուլին շնորհիւ լուսաւորութեան նոր շրջան մը կը թեւակոխէր։

1908-ի Յուլիսի 11-ի Սահմանադրութեան հռչակումը հոս ալ իր անդրադարձը կ՚ունենայ։ Շարժման բերած ազատութիւնը առիթ կու տայ մշակութային գործունէութեան փթթումին։ Նախկին սեղմումները վերցուած են։ Մշակութային գործունէութիւն մը հաւաքական ճիգի արդիւնք է։ Հետեւաբար՝ մշակութային միութիւններու ստեղծումը կը դառնայ հրամայական պահանջք։ Կարնոյ եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ՝ սունկի պէս կը բուսնին զանազան առաջադրանքներով մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններ։ [1]

Բայց ասոնց մէջ իր գործունէութեան ընդարձակութեամբ եւ ազդեցութեամբ կը զատորոշուի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը, որ ունեցած է իր կանոնագիրը՝ բաղկացած 45 յօդուածէ, որ լոյս տեսած է իր օրգանին՝ Յառաջի մէջ։ [2] Միութիւնը կը ներկայանայ զուտ կուլտուրական (մշակութային ընկերակցութիւն մը) եւ կը յայտարարէ. «Կարնոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը իբրեւ ոչ-կուսակցական ընկերակցութիւն՝ չէզոք կը մնայ քաղաքական հարցերու նկատմամբ, սակայն իր անդամներն ազատ են համոզումի համաձայն որեւէ աշխարհահայեացք ընդգրկելու»։ [3]

Ինչո՞ւ այս քօղը։ Միութիւնը հիմնուած էր դաշնակցականներու կողմէ։ Անուններ չունինք ձեռքի տակ. մեզի ծանօթ է դաշնակցական Արամ Ատրունիի անունը, կիւրինցի, որ 1902-ին կ՚անցնի Կարին, ուր կը մնայ մինչեւ աղէտի տարին։ Թէոդիկ զայն կը յիշատակէ իբրեւ հիմնադիր Միութեան [4] եւ նախաձեռնող Յառաջ թերթի հրատարակութեան։ Նոյն Միութիւնը լոյս պիտի ընծայէր իր օրգանը, որուն յաջորդական պաշտօնական երեք խմբագիրներն ալ դաշնակցական էին։

Մարտավարական (թաքթիքային) հա՞րց՝ ներքին (հայկական) եւ արտաքին (պետական) ժխտական վերաբերումէ խուսափելու համար։ Չենք գիտեր։

Միութիւնը յաջորդաբար կը հիմնէ ընթերցարան, լսարան եւ թատերախումբ։ Սակայն, իր հիմնական նպատակը կ՚ըլլայ մամուլը, որովհետեւ հիմնականօրէն ա՛ն է՝ որ արձագանգը պիտի ըլլայ վերոյիշեալ հաստատութեանց գործունէութեան եւ միաժամանակ սնունդ պիտի հայթայթէ անոնց։ Եթէ ժողովուրդի մը լուսաւորութեան հարցը ունինք որպէս կէտ-նպատակ, մշակութային միջոցներէն ամէնէն ազդուն մամուլն է, որ կը ներկայանայ։ Եւ ահաւասիկ 1909 Մայիս 31-ին՝ Կարնոյ մէջ լոյս կը տեսնէ Միութեան օրգանին՝ Յառաջ շաբաթաթերթին առաջին թիւը, Միութեան սեփական տպարանէն։ Կիւթենպերկի գիւտին ջերմացնող լոյսը իր յայտնութիւնը կ՚ընէր Կարնոյ մէջ, իրապէս ալ Կիւթենպերկի ժամանակներէն մնացած տպարան մը, զոր իրեն հետ Կովկասէն բերած էր [5] թերթին հիմնադիրներէն եւ առաջին խմբագիր Եղիշէ Թոփչեանը (Երուանդ Թամարեան)։ Նոր «ձայն մը կը հնչէր Էրզրումի հայոց լեռներէն», որ լրացուցիչն էր ծանօթ երգին մէջ յիշատակուած զէնքի ձայնին։ Նոր ձայնը կը շեփորէր ազատութիւն, արթնութիւն, հաւասարութիւն եւ զարգացում։

Թերթին խորագիրին ձեւը կը յիշեցնէր Թիֆլիսի Յառաջին ձեւը։ Նոյն խորագիրն է, զոր ցարդ կը գործածէ Փարիզի Յառաջը։

 

ՅԱՌԱՋ

Հասարակական, տնտեսական, քաղաքական եւ գրական թերթ։ [6]

Օրգան Կարնոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան։ Կարին, տպ. Յառաջ, 1909 Մայիս 31 - 1914 Մարտ 20, 4 էջ (48 x 33 սմ.

Արտ. ՝ Արամ Ատրունի (1909-1914), պատ. տնօրէն՝ Վահէ Թոգաճեան, ապա՝ Շաւարշ Միսաքեան։ Խմբ. ՝ Եղիշէ Թոփչեան (1909

Մայիս-Սեպտեմբեր), Փիլոս [7] Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր, Սիմոն Վրացեան (1909 Նոյեմբեր - 1911) եւ Շաւարշ Միսաքեան։ Վարչական գործավար՝ Միսաք Կոլոթեան, Լեւոն Մազմանեանի աջակցութեամբ։ [8]

Ո՞վ էր Եղիշէ Թոփչեան։ Ծնած է Ալեքսադրապոլ 1872-ին։ 1898-ին կը մեկնի Փեթերսպուրկ, ապա Պերլին, ուր կ՚աւարտէ հասարակական գիտութիւններու ճիւղը (1903-ին)։ Կը մասնակցի Պերլինի հայ ուսանողութեան կազմակերպած երեկոյթներուն։ Կը վերադառնայ

Կովկաս։ 1905-ի Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան շրջանին՝ Թիֆլիս է։ Ցոյցեր եւ միթինկներ անպակաս են։ Շարժումին վարիչներէն կը դառնայ։

1905-ին՝ երբ կը սկսի լոյս տեսնել Թիֆլիսի Յառաջը՝ ինք խմբագրութեան մաս կը կազմէ։ «Բազմատեսակ աշխատանքներու կը լծուի, հրապարակագիր, ճառախօս, կազմակերպիչ եւ թարգմանիչ է»։ [9] Ազգային եւ կուսակցական բարձր պաշտօններու տէր։

Իր գրական վաստա՞կը։ Յունաստանի անցեալից (1898), Տնտեսական Թուրքիան (գերմաներէնով), Լոյս օրացոյց-տարեգիրքը (1905) եւ Երիտասարդ թուրքերը եւ հայերը (1909)։ Տեսաբան եւ միաժամանակ գործնապաշտ մարդ մը, որ ահաւասիկ 1909-ին կը ժամանէր Կարին, բերելով իրեն հետ տպագրական հին մամուլ մը։ Կովկասի հակադաշնակցական հալածանքներէն եւ բանտարկութեան վախէն մղուած՝ կու գար Կարին։

Ինչպէս ըսինք, թերթին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1909 Մայիս 31-ին։ Նպատա՞կը։ «Ցաւատանջ Թիւրքիայի անցողական այս շրջանում, երբ եռանդուն ջանքեր են թափւում նոր կարգեր մտցնելու, երբ արիւնոտ զոհերով ձեռք բերուած սահմանադրութիւնը ապագայ վտանգներից ապահովելու կարիքն է զգացւում ամէնուրեք Յառաջ հրապարակ է գալիս իբրեւ մի համեստ գործօն, որ պիտի ծառայէ ընդհանուր հայրենիքի վերաշինութեանն ու բոլոր ճնշուածների պաշտպանութեանը՝ առանց ազգի ու կրօնի խտրութեանը»։ [10]

Հայր Եփրեմ Պօղոսեան այս հատուածը մէջբերելէ ետք՝ կը գրէ.

«Ինչպէս կը տեսնուի՝ Յառաջը խմբագրողը կարնեցիի լեզու չունի, ռուսահայերէն կը գրէ։ Միեւնոյն կերպով իր առաջին յօդուածագիրներն ալ մեծ մասով ռուսահայերէն կը գրեն, ինչ որ աչքի զարնող բան մըն է»։ [11]

Տարօրինակ կը թուի երեւոյթը, սակայն օրուան մթնոլորտին նայելով՝ տարօրինակ չէ։ Ըսենք որ Թոփչեանի պարագան եզակի երեւոյթ չէ։ Յառաջը պիտի ունենայ երկրորդ արեւելահայ մը որպէս խմբագիր Սիմոն Վրացեանը։ Ուրիշ արեւելահայեր կամ Կովկաս ապաստանած եւ հոն շրջան մը ապրած արեւմտահայեր, հանրային եւ հրապարակագրական եռուն գործունէութիւն պիտի ունենան օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, գլխաւորաբար Պոլիս։ Յիշենք անոնցմէ ոմանք Յարութիւն Շահրիկան (Ատոմ), Գարեգին Խաժակ (Չագալեան), Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինգարեան), եւայլն։

Կովկասը, իր քաղաքական եւ ընկերային պայմաններով, մթնոլորտով՝ պարարտ հող եղած էր տեսական, տեսաբանական հարցերու ծնունդին եւ ուռճացման։ Փաստօրէն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը հոն ծնունդ առած էր, առանց յիշատակելու այլ կուսակցութիւններ։ Իբրեւ ընդհանուր աշխարհահայեացք՝ շեշտը դրուած էր ժողովուրդին վրայ։ Անոր կրթութիւնը, զարգացումը եւ արթնացումը հիմնական կարգախօսը եղած էր թէ՛ Կովկասահայութեան եւ թէ ընդհանուր ցարական Ռուսիոյ։ Կարգախօս մը, որ մինչեւ մեր օրերը կը շեփորուի։ Իսկ արեւմտահայ միտքը, համիտեան գրաքննութեան ճնշիչ գլանին տակ, չէր կրցած նման թափ ստանալ։ Հետեւաբար՝ չէր կրցած մտային նման տիսիփլինի մը բարիքները վայելել։

Օրը կը պահանջէր բեմբասացներ, ճառախօսներ, կրակոտ հրապարակագիրներ։ Արեւմտահայաստանը չունէր բաւարար չափով։

Կովկասը՝ որ ցարական Ռուսիոյ հալածանքներուն տակ կը ճնշուէր 1909 թուականին, դաշնակցական ղեկավարներ կը ձերբակալուէին կամ հետապնդումի տակ էին, Արեւմտահայաստանը ահաւասիկ անոնց համար ափսէի վրայ հրամցուած ոսկեայ պատեհութիւն մըն էր, որմէ չէին զրկուեր անոնք։

* * *

Բովանդակութի՞ւնը։ Ըլլալով Կարնոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան օրգանը, բնականաբար լայն արձագանգ տուած է անոր գործունէութեան։ Կարինի կեանքէն նիւթեր, տեղագրութիւն, թղթակցութիւններ, լուրեր, եւայլն։ Հ. Պօղոսեան, իբրեւ գիտական ուսումնասիրութիւն կը յիշատակէ Վահան Գույումճեանի «Հայ Հոռումները» (Յառաջ, 1910, թ. 33-45)։ [12]

Ե. Թոփչեան, հակառակ իր կարճատեւ գործունէութեան, լուսաւոր հետք մը ձգեց Կարնոյ մէջ։ Ուսանողութեան եւ աշխատաւորական դասակարգի ախոյեանն էր։ Զինք կ՚ընտրեն Կարնոյ ազգային դպրոցի տնօրէն։ Ան կրցաւ Յառաջին, հայ դպրոցին ու երիտասարդական միութեան շունչ մը տալ։

1909-ի ամրան արձակուրդին Պոլիս է, «ներկայ կ՚ըլլայ կուսակցական ժողովներու, հանգանակութիւն կ՚ընէ ի նպաստ վարժարաններու, ուսուցչական նոր ուժեր կ՚ապահովէ Կարնոյ համար»։ [13]

Եռանդով ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Կարին։ Տրապիզոն չհասած՝ խմբապետ Միհրանի եղբօր՝ Յաբէթի կողմէ կը սպաննուի (1909 Հոկտեմբեր 11)։

Անձերը կու գան ու կ՚անցնին, բայց գաղափարական գործը պէտք է շարունակուի։ Հայաստանի Բիւրոն՝ Սիմոն Վրացեանը կը նշանակէ Յառաջի խմբագիր։ 1909-ի Նոյեմբերին է որ ան կը հասնի Կարին, [14] եռեակ պաշտօնով խմբագիր, Սանասարեան վարժապետանոցի քաղաքական տնտեսութեան եւ մանկավարժութեան դասախօս, ինչպէս նաեւ Հռիփսիմեան Օրիորդաց վարժարանի աւարտական դասարանի հայոց պատմութեան ուսուցիչ։

Ս. Վրացեան կը հաղորդէ թանկագին տեղեկութիւններ Յառաջի մասին։ Ըլլալով թերթին պաշտօնական երկրորդ խմբագիրը՝ Ե. Թոփչեանի մահէն ետք, իր հաղորդած տեղեկութիւնները վաւերական կը նկատուին։ Հետեւաբար՝ պարտաւորուած ենք լայն տեղ տալ իրեն։ Վրացեան կը գրէ.

«Խմբագրութիւնը եւ տպարանը            գտնւում էին Չամուր փողոցի շրջանում, առաջնորդարանից ոչ շատ հեռու։ Բակում, մի մռայլ խուցում, տեղաւորուած էր թերթի խմբագրատունը, կողքին, աւելի մեծ սենեակում՝ տպարանը։ Մի հնամաշ մամուլ, մի քանի արկղ տառեր եւ մի ժանգոտած գլան՝ փորձեր հանելու համար. շաբաթը մի անգամ ընկեր Անդրանիկը իր հուժկու բազուկով դարձնում էր մեքենան, եւ մամուլի տակից դուրս էին գալիս Յառաջի համարները, որոնց անհամբեր սպասում էր ընթերցող հասարակութիւնը»։ [15]

«Իմ գլխաւոր զբաղումը Կարինում, ի հարկէ, Յառաջի խմբագրութիւնն էր։

«Եւ առաջին քայլերից մէկը եղաւ խմբագրութեան ու տպարանի փոխադրութիւնը նոր, աւելի յարմար եւ ներկայանալի մի տեղ։ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան անձնուէր նախագահ Լեւոն Մազմանեանի ջանքերով մի մեծ շէնք վարձեցինք Կանայ ճամբու վրայ։ Վարի յարկում տեղաւորեցինք տպարանն ու խմբագրութիւնը։

«Նոր շէնքում Յառաջը արտաքինով բարեփոխուեց. աւելի մաքուր եւ ներկայանալի էր դուրս գալիս մամուլի տակից։ Ծրագրում էինք նաեւ շաբաթաթերթը վերածել երկօրեայի։

«Բայց գլխաւորը, ի հարկէ, բովանդակութիւնն էր։ Կարծում եմ այս տեսակէտից էլ Յառաջը զգալի չափով բարեփոխուեց շնորհիւ այն բանի, որ կարելի եղաւ նոր աշխատակիցներ ու թղթակիցներ ապահովել, ո՛չ միայն Կարին գտնուող մտաւորականներից, այլեւ հայկական միւս նահանգներից ու Կովկասից։ Մասնաւորապէս լայն տեղ էր տրւում տեղական լուրերին եւ արծարծւում էին տեղական հարցեր»։ [16]

Յառաջ անողոք քննադատութեան ենթարկած է ազգային հիմնարկութիւններուն գործունէութիւնը եւ ընկերային կարգերն ու բարքերը, «բայց իր վերաբերումը դրական էր ու բարեացակամ, այդ պատճառով էլ սիրուած էր հասարակութիւնից»։ [17]

Կը քննադատէր նաեւ պետական վարչամեքենային գործունէութիւնը։ Այդ քննադատութիւնները իրենց ժխտական հակազդեցութիւնը պիտի ունենան։ Վրացեան կը գրէ. «Ատրունիի միջոցով մի քանի անգամ էլ նկատողութիւն ստացանք Վալիի կողմից, Յառաջում տպուած նիւթերի առթիւ»։ [18]

Եթէ պետութեան հակազդեցութիւնը մնացած էր բերանացի դիտողութիւններու սահմանին մէջ, տարիներու հոլովոյթով եւ մտայնութեան փոփոխութեամբ, երբ հակահայ տրամադրութիւնները սկսած էին սրիլ, պետութիւնը կ՚որդեգրէ տրակոնական մեթոտներ։ 1914 Մարտ 20-ին պետական արգելքով կը խափանուի։

Ի՞նչն է պատճառը՝ չենք գիտեր։ Սակայն, Հ. Ե. Պօղոսեան, Պոլսոյ Ժամանակ թերթէն կը մէջբերէ հետեւեալը. «Կարնոյ դադարեցուցուած Յառաջի արտօնատէր Պ. Ատրունի, 15 օրուան բանտարկութեան եւ 10 ոսկի տուգանքի ենթարկուած է»։ [19]

Կարնոյ ժողովուրդը համտեսած էր մամուլին բարիքը. հետեւաբար՝ չէր կրնար ձեռնածալ նստիլ այս խափանումին առջեւ։ Նոյն Միութիւնը 1914 Մայիս 13 Մայիս 31, լոյս կ՚ընծայէ Երկիր երկօրեան (8 թիւ), իբրեւ շարունակութիւն Յառաջի։ Կը դադրեցուի Երկիրը եւ անոր փոխարէն լոյս կ՚ընծայուի Ալիքը (1914 Յունիս 12 Յունիս 19), որ սակայն հազիւ 16 թիւ լոյս տեսած կը դադրի։

Ջարդերու նախօրեակին ենք։ Հակահայ տրամադրութիւնները իրենց բարձրագոյն կէտին վրայ են։ Հետեւաբար՝ նոր թերթի մը արտօնութիւնը անկարելի։ Յառաջ-Երկիր-Ալիք թերթերը կ՚երթան հայ մամուլին ջերմ գիրկին մէջ հանգչիլ՝ իրենց դերը կատարած ըլ- լալու գոհունակութեամբ։

Այս էջը փակելէ առաջ՝ հաստատում մը։ Ե. Թոփչեան, Ս. Վրացեան եւ Շ. Միսաքեան կը պատկանին գաղափարապաշտ անկրկնելի սերունդի մը, որ ամուսնական, ընտանեկան խաղաղ կեանքի մը փոխարէն ընտրեց հայ ազատագրական պայքարի, հոգիներու եւ միտքերու կրթութեան եւ ազնուացման ճամբան։ Ոմանք՝ եարի փոխան զէնք գրկեցին, ուրիշներ՝ լքելով իրենց ծննդավայրն ու հարազատները՝ գացին այլուր, ուր որ հայ ժողովուրդին բազմապիսի պահանջները զիրենք կը կանչէին։ Ունկնդրեցին իրենց եւ իրենց ժողովուրդին սիրտի ձայնին։

Երեքն ալ կարնեցիներ չէին։ Առաջին երկուքը՝ Կովկասէն, երրորդը՝ Պոլսէն, եկած էին Գաւառ, նոր ձեւի ձայն մը, մամուլին ձայնը հնչեցնելու Կարնոյ մէջ։



[1]            Կարնոյ մշակութային կեանքին եւ մասնաւորապէս մամուլին մասին՝ թանկագին տեղեկութիւններ հաւաքած է մեր մամուլին մէջէն՝ հայր Եփրեմ Պօղոսեան («Մշակութային կեանքը Կարնոյ մէջ», Կարինապատում, խմբ. ՝ Ղազար Չարըգ, Պէյրութ, 1957, էջ 300-332)։ Իսկ Յառաջ թերթին մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ անոր պաշտօնական երկրորդ խմբագիրը՝ Սիմոն Վրացեան (Կեանքի ուղիներով, Բ. հատոր, Պէյրութ, 1960, էջ 121-122, 139, 157-158, 163-165 եւ 205)։

[2]            Թ. 73։

[3]            Յառաջ, 1910, թ. 50։

[4]            Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի (Կ. Պոլիս, տպագր. Օննիկ Արզումանեան, 1919), էջ 64։

[5]            Ս. Վրացեան, նշ. աշխ., էջ 157-158։

[6]            Թերթին հերթականութիւնը անորոշ է։ Ս. Վրացեան կը գրէ. «Շաբաթը մի անգամ ընկեր Անդրանիկը իր հուժկու բազուկով դարձնում էր մեքենան, եւ մամուլի տակից դուրս էին գալիս Յառաջի համարները» (նշ. աշխ., էջ 158)։ Գաւառին տարեցոյցը (խմբգ. Սահակ Մեսրոպ), կը գրէ. «Յառաջ Կարին. շաբաթը երկու անգամ» (Գաւառական թերթեր, Ա. տարի, 1911 [Պոլիս], էջ 235)։ Իսկ Հ. Ե. Պօղոսեան. «Թերթը լոյս կը տեսնէ շաբաթը երեք անգամ» (նշ. աշխ., էջ 314)։ Կ՚ենթադրենք որ սկսած է իբրեւ շաբաթաթերթ, վերածուած է երկօրեայի, ապա՝ եռօրեայի։

[7]            Հայ մամուլի մատենագիտական որեւէ աղբիւր չի յիշատակեր Փիլոսի անունը։ Զայն կը նշէ Վրացեան. «Թոփչեանի մահից յետոյ Յառաջը խմբագրւում էր ինքնիրեն, Փիլոսի խմբագրապետութեամբ» (նոյն, անդ)։ Վրացեանի հաստատումը հաւաստի է։ Որովհետեւ՝ Յառաջի խմբագիրներէն է։ Իսկ Հ. Ե. Պօղոսեան կը գրէ. «Թոփչեանի սպանութենէն ետք (խմբագրութիւնը Ա. Տ. Խ. ) նախ կը ստանձնէ Լիպարիտ, յետոյ Ա. Ատրունի» (նշ. աշխ., էջ 314)։ Ուրկէ՞ քաղած է իր տեղեկութիւնը, մեզի համար անյայտ է։ Վրացեան նման տեղեկութիւններ չի հաղորդեր։

[8]            Նոյն, անդ։

[9]            Գաբրիէլ Լազեան, Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, (Գահիրէ, տպ. Յուսաբեր, 1949), էջ 78։

[10]          1909, Մայիս 31, թ. 1, էջ

[11]          Հ. Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 313։

[12]          Նոյն, էջ 314-315։

[13]          Գ. Լազեան, նշ. աշխ., էջ 98։

[14]          Ս. Վրացեան, նշ. աշխ., էջ 156։

[15]          Նոյն, էջ 158։

[16]          Նոյն, էջ 163-164։

[17]          Նոյն, անդ։

[18]          Նոյն, էջ 165։

[19]          Նշ. աշխ., էջ 315։