Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՏԱՇԷՍ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ, ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ. Հրատարակութեան պատրաստեց եւ խմբագրեց` Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆ, 2012։

 

Այս հատորը կը հրատարակուի նախաձեռնութեամբ


ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԼՈՒՍԻՆ


ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ


Ի ՅԻՇԱՏԱԿ


ԻՐԵՆՑ ՀՕՐ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐ ԳՈՐԾԻՆ





(1931 - 1993)

 

Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր հատորը կ՚ընդգրկէ վաստակաւոր բանասէր, բանահաւաք, մամուլի եւ գիրքի մատենագէտ, պատմաբան, մանկավարժ, խմբագիր եւ հրատարակիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի կարգ մը ուսումնասիրութիւնները, յօդուածներն եւ մէկ գրախօսականը։
Հատորը բաղկացնող գրութիւններուն մեծ մասը լոյս տեսած է հայ պարբերական մամուլի մէջ։ Առանձին գրքոյկներով հրատարակուած են Հ. Յ. Դաշնակցութեան 100-ամեայ մամուլը եւ Ս. Դ. Հնչակեան կուակցութեան մամուլը։ Անտիպ է   Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլը։
Իւրաքանչիւր գրութեան կ՚ընկերակցի անոր լոյս ընծայման թուականը։ Գրութիւնները ընդհանրապէս պահպանուած են իրենց սկզբնական ձեւով, կատարուած են աննշան փոփոխութիւններ։