Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4. ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒՔ

1893ի Ուսուցչական ժողովին Օրակարգը բաղկացեալ ըլլալով սա՛ խնդիրներէն՝

ա. Դպրոցը ի՞նչ պայմաններով կրնայ նպաստել մանկանց ֆիզիքական զարգացման.

բ. Ուսուցումն, որ պէս զի ո՛չ միայն տղայոց ծանօթութիւններ աւանդելու, այլ եւ անոնց մտաւոր կարողութիւնները մշակելու եւ զարգացնելու ծառայէ, ի՞նչ մեթոտներու պարտի հետեւիլ.

գ. Ի՞նչ միջոցներով կարելի է լաւագոյնս նպաստել տղայոց բարոյական դաստիարակութեան եւ իրենց նկարագրին բարւոք կազմութեան…

Գործիս հեղինակը, իբրեւ եզրակացութիւն վիճաբանութեանց, հետեւեալ Բանաձեւերը ներկայացուցած է, որք Ժողովէն ընդունուած են միաձայնութեամբ եւ զորս օգտակար կը համարինք դնել աստ իբրեւ ամփոփող եռակի դաստիարակութեան կարեւոր սկզբունքներն ու եղանակները եւ մատնանշող մեր պակասներն ու պէտքերը, հետեւապէս եւ յանձնարարելի մեր Դաստիարակաց եւ կրթական Վարչութեանց նկատառութեան։

 

Ա. Ֆիզիքական դաստիարակութիւն։

 

1. Մեր դպրոցաց մէջ ֆիզիքական դաստիարակութիւնը ամենէն աւելի անխնամ թողուած կէտերէն մէկն է։

2. Տղայոց առողջութեան պահպանման ու մարմնոյն զարգացման վրայ մասնաւոր հոգածութեան պարտականութիւն ստանձնող պաշտօնեայ կըպասկի, քանի որ մեր կրթական պաշտօնեայք դեռ միայն ուսմանց այս կամ այն ճիւղին դասախօսողն են միայն, եւ ո՛չ բառին բուն նշանակութեամբ դաստիարակներ։

3. Պէտք է փութով ի գործ դնել դասարանական բաժանման դրութիւնը եւ մէն մի դասարանի համար կարգել դաստիարակ ուսուցիչներ, որք, բացի տղոց իմացական ու բարոյական կրթութենէն, ստանձնեն նաեւ նոցա առողջութեան ու ձիզիքական կարողութեանց պահպանման եւ զարգացման խնամքը։

4. Մեր դպրոցաց շէնքերն ընդհանրապէս անհամաձայն են առողջապահական պայմանաց, անբաւական են տղայոց թուոյն, եւ անմաքուր վիճակի մէ կը պահուին։

5. Գրասեղանք եւ նստարանք թէ եւ կան տեղեր ալ ուր ասոնք բոլորովին կը պակսին անյարմար են տղայոց հասակին ու մարմնոյն առողջութեան վնասող կերպով շինուած են անգիտօրէն։

6. Փափագելի է որ Կազմական Կանոնագրով խոստացուած Հրահանգը ի մասին վարժարանական շինուածոց ու կահուց ողջպահիկ պահանջմանց՝ հրատարակուի ի մօտոյ, եւ մեր Թաղ. Խորհուրդք եւ Հոգաբարձութիւնք փութան դպրոցաց շէնքերն ու կահաւորումը համաձայնեցնել անորձ եւ այսուհետեւ անոր տրամադրութիւնք ի նկատ առնուին դպրոցական նոր շէնքի մը շինութեան եւ պատրաստութեան ատեն, հրաժարելով աւանդական ծանօթ տիպէն որու համեմատ շինուած են մեր ամենէն նորակերտ վարժարաններն ալ։

7. Ուսուցիչք եւ տեսուչք, լաւագունին սպասելով, կրնան արդի պայմանաց մէջ ալ ըստ կարի գոհացնել առողջապահութեան պահանջումները, եթէ փոյթ տանին ինչ որ զանց կ’առնուի յաճախ դպրոցաց սրահներուն ու դասարանաց մէջ օդին յաճախակի փփոխման ու նորոգման (ամէն դասամիջոցի տղայքը պարտէզ հանելով կամ ձմեռը բակը իջեցնելով եւ դուռ ու պատուհան բանալով), նոյնպէս եւ ճեմիշներու ստէպ մաքրութեան եւ հականեխման։

8. Պարտէզ ու բակ անհրաժեշտ են դպրոցաց, եւ սակայն շատ տեղեր կը պակսին կամ գտնուածները շատ անբաւական են։ Թաղ. Խորհուրդք եւ Հոգաբարձութիւնք չեն կրնար աւելի օգտակար բան մ’ընել քան փութան լրացնել այս մեծ պէտքն ուր որ չէ գոհացուցած կամ շատ թերապէս միայն։

9. Պէտք է մեծ կարեւորութիւն տալ խաղերու եւ մարմնական շարժմանց ու մարզանաց, ստիպել ամէն աշակերտներն ալ, մանչ թէ աղջիկ, որ զբոսնուն, խաղան, վազեն։ Մարմնամարզի համար կարելի է շատանալ մէկ երկու պարզ ու դիւրագին գործիներով (տրապէզ, օղակներ, հաստատուն ու զուգահեռական ձողեր), եւ անհրաժեշտ չէ անշուշտ մասնագէտ ուսուցիչ մ’ունենալ տղայոց մարմնամարզ ընել տալու համար. նպատակը դնդերները մարզել ու զօրացնելն է, եւ ո՛եւէ ուսուցիչ քիչ մը բարի կամեցողութեամբ կարող է ուսնիլ եւ ուսուցանել մարմնամարզական պարզ կրթութիւնները։

10. Դաս եւ զբօսանք, մտաւոր եւ ֆիզիքական վարժութիւնք պէտք է որ իրարու յաջորդեն եւ միմեանց փոխանակեն, մտաւոր անընդհատ յոգնութիւնը առողջութեան վնասող մեծ պատճառ մ’ըլլալով։ Ապա անհրաժեշտ հարկ է որ կանոնաւոր դասամիջոցներ ըլլան 10-15 վայրկեան, ինչոր դեռ ընդհանրապէս ի գործ չի դրուիր մեր վարժարանաց մէջ, տղայոց հասակին համեմատ դասուց տեւողութիւնը զանազանի 20 վայրկենին ու 1 ժամուն մէջ եւ ցերեկուան հանգիստն լինի ճաշով հանդերձ գէթ 1 1 / 2 ժամ։

11. Պէտք է որ տղայք ամէն առաւօտ, դպրոց մտած ատեննին, տեչսին կամ ուսուցչին կողմէն իրենց դլխուն, երեսին, ձեռաց եւ զգեստներուն մաքրութեան մասին քննութեան ենթարկուին, եւ անմաքուրները ետ ղրկուին, որպէս զի պահանջեալ մաքրութեամբ վերադառանան։

12. Տղայոց փոքր հասակէ սկսեալ պէտք է տալ առողջապահական խրատներ սննդառութեան, հագուստի, բնակարանի, ջերմութեան, լուսաւորմման պայմաններուն եւ հիւանդութեանց պատճառներէ զգուշութեանց մասին, խօսակցութեանց եւ ընթերցմանց միջոցաւ, եւ քիչ մ’աւելի յառաջացեալ հասակի մէջ՝ առողջաբանութեան կանոնաւոր դաս մ’ընել անպատճառ։

13. Ֆիզիքական զարգացումը ներփակելով նաեւ մարմնական ճարտարութեան ու զգայարանաց աջողակութեան զարգացում, առ այս, բացի խաղերէն ու մարմնամարզէն, ի կիր պէտք է առնուլ ձեռական պարապումները, արհեստական պարզ գործեաց գործածութիւնը, առարկայից վրայ տեսնելու, դիտելու, զիննելու, շօշափելու, կշրռելու, չափելու, լ սելու, հոտ եւ համ նայելու եւ զանազան զգացողութիւնքն իրարու հետ բաղդատելու եւ նմանութիւններն ու տարբերութիւնները գտնելու, վերջապէս գծագրելու եւ երգելու վարժութիւնները։

14. Թաղ. Խորհուրդք եւ Հոգաբարձութիւնք վայրկեան մ’իսկ պէտչ չէ որ ուշանան իրենց խնամոց տակ եղած վարժարանաց համար այցելու բժշկի մ’ընտրութիւնն ընելու, որ ամէն շաբաթ վարժարանց առողջապահական վիճակը քննէ եւ հարկ եղած ընդհանուր պատուէրներն ու մանսաւոր հրահանգները տայ աշակերտաց առողջութեան մասին, որպէս կը տրամադրէ Կազմական Կանոնագիրը։

 

Բ. Իմացական դաստիարակութիւն։

 

1. Մեր նախակրթարանաց մէջ կը կարծուի ընդհանարապէս թէ իմացական դաստիարակութիւնը մի միակ նպատակ ունի, այն է տղուն բան սովրեցնել, այս կամ այն պիտանի ծանօթութիւններն աւանդել։ Բայց պէտք է գիտնալ թէ այս նպատակին հետ կայ նաեւ եւ մանաւանդ տղուն մէջ առողջ, գործօն, լաւ եւ ուղիղ խորհող եւ միշտ ուսանելու եւ զարգանալու ընդունակ միտք մը կազմել. եւ այս կը լինի ուշադիր լինելով ո՛չ միայն ուսուցման նիւթերուն, այլ եւ անոնց աւանդման կարգին ու եղանակին, այնպէս որ տղուն մտաւոր զանազան կարողութիւնքն, ուշադրութիւն, դիտողութիւն, յիշողութիւ, երեւակայութիւն, դատողութիւն, իմաստասիրութիւն, արտայայտութիւն, արթննան, գործեն, մարզուին, սրին, զօրանան աւանդեալ դասերով։ Եւ արդէն առանց այսպիսի ուշադրութեան եւ խնամոց աւանդուած դասեր չեն կրնար նոյն իսկ ծանօթութեանց ստացումն պահովել եւ մարսուելով մնայուն հետք մը թողուլ աշակերտին մտքին մէջ, այլ աւելի կը ծառայեն զայն ընդունայն չարչարելու եւ բթացնելու։

2. Ուշադրութեան հիմնական կէտը պէտք է լինի իմացականութեան զարգացման բնական ընթացքը, որուն համեմատ միտքը կ’երթայ պարզէն բաղադրեալին, ծանօթէն անծանօթիւն, թանձրացեալէն վերացեալին, փորձառականէն բանաւորականին. եւ ըստ այսմ՝ ուսուցումը պէտք է որ նախ պարզ եւ հարեւանցի ծանօթութիւններ, տարրական գիտելքներ ներկայացնէ տղոց մտքին՝ յաջորդ տարիներուն մէջ աստիճանաբար ընդլայնելու եւ բազմամասնելու համար (ինչպէս կը տրամադրէ երեք համակեդրոն դասընթացքներու դրութիւնը)։ Պէտք է որ ամէն դաս մեկնի նախապատրաստութենէ մը՝ անոնց արդէն ունեցած գիտակցութեամբ, զայն զարգացնելու եւ անոր կապակցելու համար նոր ծանօթութիւնը։ Պէտք է նախ եւ յառաջ փոքրիկ տղոց միտքն զբաղեցնել թանձրացեալ բաներով, անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրել անհատ առարկայներուն ու մասնաւոր իրողութեանց վրայ, զանոնք դիտելու եւ անոնց մասունքն ու հանգամանքները վերլուծելու եւ բաղդատելու դրդել եւ նմանութեանց ըմբռնմամբ ու վերացմամբ տակաւ վարժեցնել հանրացնելու եւ սահմանելու, եւ վերջապէս միշտ կարեւոր է ընդհանուր կանոններու եւ սկզբանց խելամտութիւնը եւ անոնցմէ ընծայութիւնը պատրաստել՝ ներկայացնելով նախ մասնաւոր դէպքերն ու օրինակները, նախ եւ յառաջ փորձառական ծանօթութիւն կազմելով տղոց մտքին մէջ։

3. Պէտք է փոյթ ունենալ ներդաշնակաբար զարգացնելու մտքին ամէն նկարողութիւնները եւ առ այս զանազանել ուսման նիւթերն ու վարժութիւնքն, ո՛չ միայն իրենց այլազան օգտակարութեանցն համար այլ նա մանաւանդ վասն զի իւրաքանչիւրն աւելի մտաց այս կամ այն կարողութեան օժանդակութիւնը կը պահանջէ եւ հետեւաբար մասնաւորապէս կը նպաստէ՝ ի մէջ այլոց՝ անոր մարզման ու զարգացման։ Այսպէս լեզուի ու բացատրեալ ընթերցման դասերը կը մարզեն մանաւանդ արտայայտման կարողութիւնը, դատողութիւնն ու ճաշակը, - հատընտիր հատուածոց հասկացողաբար ի բերան ուսումն, հրահանգիչ վէպերն ու հէքեաթները, պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն՝ յիշողութիւնը՝ երեւակայութիւնը եւ դատողութիւնը, - թուաբանութիւն ու երկրաչափութիւն՝ իմաստասիրութիւնը, - բնական գիտութիւնք՝ դիտողութեան, վերլուծման եւ խելամտութեան կարողութիւնները, - երաժշտութիւն եւ գծագրութիւն՝ զգայարանքները, երեւակայութիւնն ու ճաշակը։ Ուստի եւ չէ կարելի երբեք զանց ընել, ինչպէս եղած են մեր շատ մը նախակրթարանաց մէջ, բնապատմական ու բնագիտական դասերը, երաժշտութիւնն ու գծագրութիւնը, նոյնպէս եւ բաց ատրեալ ընթերցուածոց դասը նախակրթութեան ամէն աստիճաններուն մէջ, որով մանաւանդ կարելի է նաեւ ընթերցանութեան ճաշակը, արթնցնել մանկան մէջ եւ անոր ապագայ ինքնուսումն յառաջդիմութիւնն ապահովել։

4. Դեռ ընդհանրապէս մեր վարժարանաց մէջ աւանդուած ուսումը բառերու ուսում է եւ ոչ իրաց։ Տղայոց բերնուց սովրիլ կը տրուի դասագրքի մը բնագիրը կամ զրուցագրեալ բանաձեւեր, եւ երբ կարող են թութակաբար կրկնել՝ կը կարծուի թէ դասին նիւթը իւրացուցած են։ Պէկտք է հրաժարիլ այս հինցած ու փտած, տխմար ու մտասպան սովորութենէն որ միայն տղոց յիշողութեան դիմում կ’ընէ, իսկ կանտեսէ միւս կարողութիւնները, եւ որով ո՛չ մէկ իրական գիտութիւն կրնայ ստանալ ուսանողը, գիտնալու առաջին պայմանն ըլլալով հասկնալը։ Յիշողութիւնն իսկ չի զարգանար այս մեթոտով, վասն զի իլոկ բառից, ձայնից մեքենական յիշողութիւն մ’է այդ եւ ոչ գաղափարաց ու մտածմանց, եւ վասն զի ամէն կարողութիւն զօրեղ եւ հեշտ գործունէութիւն մը ստանալու համար պէտք ունի միւսներուն օժանդակութեան։ Պէտք չէ երբեք պահանջել աշակերտներէն որ բառ առ բառ գոց ըրած ըլլայ դասը, այլ պահանջել որ հասկցած ըլլայ, այսիքն գաղափարաց պարունակութիւնը ու գատողութեանց կապակցութիւնն ըմբռնած ըլլայ, եւ հետեւապէս կարող դասին նիւթը կազմող իրողութիւններն ու ճշմարտութիւններն ազատօրէն իրեն յատուկ ձեւով ու զանազան կերպերով բացատրելու։ Առ այս անշուշտ պէտք է որ ուսուցիչն ալ կանխաւ տղոց մտքին հասողութեան յարմար եղանակւ մեկնած ըլըլայ դասը, օրինակներով, փորձերով, ծանօթին հետ կապակցութեամբ եւ շօշափել տուած բառից ու բանաձեւոց տակ ծածկուած իրողութիւնները։ Բառ առ բառ ուսումը պէտք է վերապահել միայն գրական կտորներու եւ գիտական տարազներու եւ սահմանաց, եւ դարձեալ հատուածը լաւ մը բացատրուելէ եւ տարազն ու սահմանը խելամտօրէն կամ ընծայաբար աշակերտէն ըմբռնուելէ եւ նոյն իսկ անոր կողմանէ եզրակացուելէն յետոյ։

5. Արդիւնաւոր ուսուցման մեթոտի էական մէկ տարրն է դէմ յանդիման տեսութիւնը (intuition), զգայարանօք ուսումը, ուղղակի եւ անմիջնորդական ըմբռնումն իրին։ Ոչ մէկ բառական բացատրութիւն կրնայ անոր տուած պայծառ գիտակցութիւնը տալ, եւ բառից ու բա ռական ձեւոց իմաստը միշտ տարտամ ու շփոթ պիտի մնայ՝ ցորչափ դէմ առ դէմ չդրուի ուսանողն բնական եւ արուեստական առարկայից կամ գէթ անոնց ներկայացուցիչ նիւթոց ու պատկերաց հետ։ Իրագիտական դասուց եղանակը, է այս զոր պէտք է ի կիր առնուի ո՛րեւէ ուսուցման համար ըստ ներելոյ նիւթոյն։ Անով դիտողութեան ու վերլուծման կարողութիւնը կը սրի, հետաքրքրութիւնը կ’արթննայ, մտապատկերներն ու տպաւորութիւնքը կենդանի ու խոր կ’ըլլան, գաղափարները՝ ճշմարիտ ու առատ, ու դատողութիւնները՝ հաստատուն եւ վստահ։

Առ այս հարկ է որ Թաղ. Խորհուրդք եւ Հոգաբարձութիւնք իրենց առաջին պարտքերէն մին համարին օժտել իրենց թաղին դպրոցները կարեւոր հաւաքածոյներովն ֆրէօպէլեան նուէրներու, բնապատմական, բնագիտական, արհեստական ու գեղարուեստական նմոյշներու, անհրաժեշտ գործեաց, չափուց ու կշռոց, պատկերաց ու քարտիսաց։ Պէտք է նաեւ որ պատկերազարդ դասագրքերը նախամեծար համարուին, եւ աշակերտք մերթ ընդ մերթ ուսուցչաց առաջնորդութեամբ ուսումնասիրական պտոյտներ կատարեն եւ գործարաններ ու թանգարաններ այցելեն։

6. Վերջապէս պէտք է կրաւորական մեթոտներու տեղը, որք աշակերտը կ’արձանացնեն ու կը մեքենայացնեն, դնել գործօն մեթոտները, այսինքն անոնք որովք ուսուցումը կ’ըլլայ ոգեւորեալ գործակցութիւնը ուսուցչին եւ ուսանողին։ Առանց աշակերտին սիրայօժար գործօն մասնակցութեան ու կամաւոր փութոյն չէ կարելի ստանալ ո՛ր եւ է յաջողութիւն։ Ապա պէտք է աշակերտը հետաքրքրել գիտնալ, արթնցնել ու վառ պահել անոր ու շադրութիւնը, անոր միտքը գործունէութեան մէջ դնել ու ինքնաբեր աշխատութիւնը քաջալերել։ Այս կ’ըլլայ նախ մեր ուսուցման եղանակները բնութեան ընթացքին ու մանկան մտաց պահանջումներուն համաձայնեցնելով, ինչպէս բացատրուեցաւ վերի յօդուածոց մէջ, որով ուսումը կը դիւրանայ եւ հրապուրիչ կը լինի, եւ յետոյ դասին տալով խօսակցութեան ձեւ մը, ո՛չ միայն ուսուցիչն ինք խօսելով ճառօրէն, այլ եւ շատ անգամ խօսեցնելով աշակերտները, բերանացի հրահանգներն ու փորձերը (դասահարցութիւնները) յաճախելով, իրենց հասկացողութիւնն ու տպաւորութիւնը բացատրել ու պատմել տալով անոնց, պատեհ հարցմամբք իրենց դիտողութիւնքն ու դատաստանը գրգռելով, խորհրդածելու եւ իմաստասիրելու դրդելով ու համարձակեցնելով, սոկրատեան մեթոտին բանաւոր կիրառմամբ իրենց իսկ գտնել տալով ճշմարտութիւններ, իրենց տարակոյսներուն եւ հարցասիրութեանց յօժարափոյթ պատասխանելով, ո՛չ մէկուն ներելով մնալ անտարբեր։ Բերանացի հրահանգաց պէտք է որ միանան նաեւ գրաւոր հրահանգներ, խնդիրներ, գիւտի ու շարադրութեան վարժութիւններ, որոց մէջ աշակերտը իր դասառութեամբ ու անձնական փորձով ուսածներուն կիրառութիւնը կ’ընէ ինքնաշխատ։

 

Գ. Բարոյական դաստիարակութիւն։

 

1. Ամէն դպրոց պարտի ունենալ իր տեսուչ-ուսուցիչը եւ ամէն դասարան իր դաստիարակ-ուսուցիչը, առաջինը դպրոցին ընդհանուր բարոյական ուղղութեան հսկող եւ պատասխանատու, եւ երկրորդը՝ իր յատուկ դասարանին աշակերտաց բարոյական կրթութեան։

2. Նոյն իսկ դպրոցին մթնոլորոտը պէտք է որ բարոյական ըլլայ, ուսուցիչք բարի վարուց եւ ազնիւ զգացմանց օրինակը տան աշակերտաց, սէր ու անձնուիրութիւն ունենան անոնց համար, եւ ոչինչ ուսուցուի եւ թոյլ տրուի ընթեռնուլ որ տղայոց բարոյական գիտակոցութիւը խանգարէ, այլ դպրոցական կեանքի ամէն պարապումներէն ելնէ բարոյացուցիչ ու ազնուարար տպաւորութիւն մ’անոնց համար։

3. Պէտք է խնամով հսըել որ տղոց մէջ տիրէ ներդաշնակութեան ոգին, եւ համակրական ձգտումներն ու փոխադարձ սիրոյ եւ անձնուիրութեան զգացումները մշակել, օգուտ քաղելով իրենց յարաբերութիւններէն կոչում ընելու համար ազնուական բնազդմանց։

4. Պէտք է ուսուցմն ու հրահանգներն ու ընթրցունմերը ծառայեցնել, որքան հնար է, բարոյական կրթութեան, ընելով այսպէս որ տրուած օրինակները եւ վարժութիւնները բարոյական իմաստ մը պարունակեն, եւ ընթերցման ուշադրութեան նիւթերը բարւոյ եւ առաքինութեան յորդորող գործեր ու մտածութիւններ ներկայացնեն աշակերտներուն մտաց ու սրտին։

5. Պէտք է որ ուսուցիչն մեր առ անձն, առ նմանս, առ ազգն, առ երկիրն եւ առ Աստուած պարտուց վրայ սրտգին խօսի մերթ ընդ մերթ եւ խօսակցի աշակերտաց հետ՝ առիթ առնլով մանաւանդ օրուան դէպքերէն ու ընթերցումներէն. իսկ բարձրագոյն դասընթացքի մէջ պէտք է նաեւ կանոնաւոր դասախօսական ընթացք մ’ընել բարոյական պարտաւորութեանց վրայ. բայց միշտ պէտք է ի նկատ ունենալ թէ բարոյախօսութեան դասերու արդիւնաւորութեան մէջ մեծ դեր ունի ուսուցչին անկեղծ համոզման յուզեալ եւ կենդանի շեշտը։

6. Պէտք է ուսուցանել Հին եւ Նոր կտակարաններն ու քրիստոնէական վարդապետութիւնը ո՛չ իբրեւ ծանօթութիւն լոկ, այլ մանաւանդ աստուածաշնչական պատմութիւններէն բարոյական խրատներ ու դասեր հետեւցնելու համար, եւ Յիսուսի վարուց մէջ սիրոյ, գթոյ, ներման ու անձնուիրութեան վսեմ իտէալ մը ներկայացնելու համար։

7. Պէտք է ամէն կիւրակէ եւ տօն օրերը աշակրտները եկեղեցի տանիլ՝ ներկայ ըլլալու համար նուիրական արարողութեանց եւ լսելու Ս. Գրոց բացատրութիւնն եկեղեցւոյն քարոզչէն, որ եւ չպարտի զանց ընել իր այս շաբաթական կրթիչ պարտաւորութիւնը յօգուտ մեծաց եւ փոքունց։

8. Չէ ներելի երբեք ուսուցչաց թեթեւօրէն ու անզգոյշ կերպով խօսիլ աշակերտաց առջեւ կրօնական խնդիրներու վրայ եւ անոնց անհասկանալի կարի ազատախոհական մտածումներ յայտնել, ո՛չ թէ խոհեմութեան համար միայն ու մատաղ մտքեր չգայթակղեցնելու համար, այլ վասն զի ճշմարիտ դաստիարակի մ’աններելի է չզգալ կրօնին մեծութիւնը եւ մարդկային ճակատագրին վրայ անոր գործած մեծ ազդեցութիւնը։

9. Ամէն դաստիարակ-ուսուցիչ պարտի մտադիր ուսումնասիրել իր սանուց բնաւորութիւնքն ու լաւ ճանչել զիրենք, անոնց յոռի բնազդումները զսպել եւ ջնջել, թերութիւններն ուղղել եւ լաւ տրամադրութիւնքն ու յօժարութիւնները քաջալերել ու զօրացնել ջանալու համար, յաճախ մասնաւոր կրթիչ միջոցներ պատշաճեցնելով իւրաքանչիւրին բնաւորութեան։

10. Ուսուցման ընտիր մեթոտք ունին մեծ կարեւորութիւն բարոյականի ալ տեսակէտով, զի լաւ խորհելու սովորութիւններ ստացած միտք մը զօրեղ նեցուկ մ’է բարոյականութեան։ Բաց աստի, դաստիարակը պարտի օգուտ քաղել Գեղեցիկ Դպրութեանց եւ Գեղարուեստից ընծայած կարեւոր նպաստէն յազնուացումն զգացմանց։

11. Նկարագրի տէր անհատներ պատրաստելու համար հարկ է ինքնագործ ինքնակամ գործունէութիւնը մշակել, կամքը զօրացնել, պատասխանատուութեան զգացումը զարգացնել, բանականութիւնը զինել առողջ սկզբունքներով։ Ուսուցիչը պիտի յարգէ տղայոց մէջ բարոյական անձը, անոնց կամքի ազատութիւնը, չպիտի բռնաբար վարուի անոնց հետ, կանոնին ու իրենց օգտին հնազանդութիւն պիտի պահանջէ քան իր կամքին ու պիտի ընէ այնպէս որ աշակերտը կամաւ ու գիտութեամբ հնազանդի։

12. Պատիւ եւ վարձ բանաւոր եւ չափաւոր կիրառմամբ պիտի կրնան գործածուիլ ո՛չ իբրեւ էական միջոցք կրթութեան ու բարոյականացման՝ այլ իբրեւ երկրորդական օժանդակ միջոցներ, աշակերտին պատուասիրութեան զգացումէն օգտուելու համար։ Սկզբամբ՝ իրենց զարգացման պիտի աշխատին աշակերտք ո՛չ առ ահի պատժոյ, ո՛չ առ յուսոյ վարձուց, այլ իննաբեր յօժարութեամբ, ներքին տենչէ մղուած զոր գործ է զարթուցանել։ Մարմնական պատիժք՝ իրբեւ գազանական վարմունք՝ անվայել են ճշմարիտ դաստիարակի, անոր բարոյապէս ներգործելու ապիկարութիւնը կը յայտնեն, ուսուցչին եւ ուսանողին մէջ կրթութեան գործին ա՛յնքան նպաստաւոր համակրական զգացմանց գոյութեան կը վնասեն եւ չեն կարող նկատուիլ բարոյացուցման միջոց։