Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

5. ԳՐԱԲԱՐԻ ՈՒՍՈՒՄԸ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԱՑ ՄԷՋ։ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

 

Նախնական կրթութեան Կազմական Կանոնագիրը տարրական նախակրթարանաց ուսմանց ընդհանուր Յայտագրին մէջ նշանակած է «Սկզբունք գրաբար հայերէնի»։ Ըսել է որ գրաբարի տարրական ծանօթութիւն մը պէտք է աւանդուի մեր ամենէն յետին դպրոցաց մէջ ալ, եւ այս անշուշտ առանց պատճառի չէ։

Ինչ որ ալ ըսուի, գրաբարը մեզի համար բոլորովին մեռեալ լեզու մը չի կրնար համարուիլ։ Ամէն օր մեր եկեղեցեաց մէջ մեր ականջին կը զարնէ այն. անով կը լինի Ս. Գրոց ընթերցմունք տաճարաց մէջ, անով կը կատարուին եկեղեցական պաշտամունք։ Երդ, եթէ կ’ուզենք որ ժողովուրդը անտարբեր չնմայ այդ կարդացուած բաներուն եւ իր հոգւով համակրի երգուած երգոց եւ արտասանուած աղօթից, ինչ որ գիտակից բարեպաշտութեան մ’առաջին պայմանն է, պէտք է որ քիչ շատ տեղեակ ընենք ամէն դպրոցէ ելնող այդ սրբազան լեզուին։ Մենք դժուարաւ կրնանք երեւակայել աշ խարհաբարը եկեղեցական լեզու եղած, մեր շարականներն ու նուիրական մատեանքը աշխարհիկի լեզուաւ երգուած ու կարդացուած եկեղեցւոյ մէջ։ Ապահով եղէք որ անոնք իրենց սրբութենէն, իրենց վեհութենէն բան մը պիտի տկորսնցնէին մեզ համար, եւ, ամէն պարագայի մէջ, մեր հարց եկեղեցին չպիտի ճանչէինք անոնց մէջ. հոգեկան կապի մը, որով կապուած կը զգամք այժմ զմեզ մեր սրբավայրաց մէջ մեր նախնեաց հոգիներուն հետ, խզուիլը պիտի զգայինք մեր մէջ։ Եւ եթէ եկեղեցական լեզուն ռամկացնելու պէտքը զգալի չեղաւ նոյն իսկ այնպիսի ժամանակներու մէջ որ աշխարհաբար քարոզներն ալ գրաբար կը կարծուէին, հիմայ եւ յետ այսորիկ որ կրթութիւնը կը զարգանայ ու պիտի զարգանայ տակաւ մեր մէջ՝ այդ պէտքը եւս աւելի անզգալի պարտի դառնալ, վասն զի հասկացողներու թիւը ո՛չ թէ պիտի պակսի, այլ ընդհակառակն։

Գրաբարը բոլորովին մեռեալ լեզու մը չի կրնար համարուիլ դարձեալ անոր համար որ գործօն դեր մը կը կատարէ միշտ աշխարհաբար գրաւորին մէջ։ Թէ եւ աշխարհաբարն ունի իր հոլովման եւ խոնարհմանց յատուկ ու սովորակա կերպերը, բայց ո՞վ չի գիտեր թէ գրաբար հոլովմունք ու խոնարհմունք եւս կրնան ու կրցած են միշտ ի ճահ գործածուիլ աշխարհաբար գրուածոց մէջ, - եւ պէտք է դիտել թէ այս երկու բանը (հոլուվումն ու խոնարհումը) էական մասունքն են լեզուի մը դիմագծութեան։

Բանանք Հաւաքածոյ մ’աշխարհիկ ընթերցուածոց. ահա՛ ըստ բախտի պարբերութիւն մը Գ. Վ. Սրուանձտեանցէ.

«Երկիրը տեղ տեղ անմշակ՝ այլ խոտաւէտ, որոց մէջ բազմութիւն ձիոց խրոխտ կը խրխնջեն եւ եզինք ծանր կը բառաչեն արածելով»։

Դարձնե՛նք. Թափառական Հրեայ էն է, Կ. Ս. Իւթիւճեաննի թարգմանութիւն.

«Յօնքը բարակ, կամարաձեւ եւ քաջաթուխ է՝ իր երկայն արտեւանանց պէս որք իր լերկ այտերուն վրայ ստուեր կը ձգեն, բոսորագոյն շրթունքը՝ թեթեւ կերպով կիսաբաց՝ նշեալ շունչ մը դուրս կու տան»։

Դարձնե՛նք. Ե. Տէմերճիպաշեանն է որ կը գրէ.

«Ամենէ հսկայ լերինք Արեւելից մէջ կը բարրձանան, ամենէն լայնատարր եւ արգաւանդ դաշտորայք Արեւելից մէջ կը տարածուին ու կը պտղաբերին, ամենէ ակնախտիղ գոհարներ Արեւելեան հողոյն ներքեւ կը թաքչին. ամենէն ակնապարար բոյսեր Արեւելեան արփւոյն ներքեւ կը փթթին, ամենէն տիտան մարդիկ եւ ամենէն տիտան կենդանիք արեւելից են որդիք».

Դարձնե՛նք. «Դրախտի ընտանիք»էն առնուած հատուածի մը մէջ կը կարդանք.

«Քանզի հայր ու մայր անուանք նախասկիզբն արմատ են այլ ամէն անուանց։ Իշխան, ժողովուրդ, ազգ՝ հայր ու մայր անուանց ծնողական շառաւիղներն են որ նոյն միացեալ արմատէն եւ երկճղի բնէն կը բուսնին եւ կը սփռին աշխարհիս վրայ»։

Դարձնե՛նք. «Յուշիկ»ներու հեղինակն է որ կը խօսի.

«Թէպէտ եւ զանազան են հասակք եւ վիճակք, այլ ամէնքն ալ ըստ չափու եւ ըստ վիճակի իւրեանց՝ պարտական են երկնից»։

Դարձնե՛նք. ահա Օտեան կը գրէ.

«Հազիւ հազ այս մէկ քանի ամսուան մէջ երբեմն կը ցրուին մառախուղք, եւ թոյլ կու տան նշուլիցն արեգական փայլել Լոնտոնի մշտականաչ մարմանդներուն վրայ»։

«Հացկերոյթք ու երեկոյթք իրարու կը յաջորդեն ու ցերեկներն ալ պարտէզներու մէջ կը շարունակին տօնք ու հանդէսք»։

Եւ այլուր.

«Ո՞չ ապաքէն ամենայն ինչ կ’աղօթէ յաստիս…։ Եւ մային մա՞րդս չպիտի աղօթէ, մարդս՝ որոյ վրայ կը խուժեն աղէտք, որ բոլոր բնութեան մէջ անժառանգեալ՝ ինքն է միայն որոյ մխիթարութիւնը, յոյսն ու մեծութիւնն է խօսիլ ընդ Աստուծոյ»։

Դարձնե՛նք. Մայտայ ի հեղինակուհին կը շարժէ իր գրիչը.

«Մերթ ընդ մերթ վանկ մի կը լսուի, ուրիշ մի կը պատասխանէ առաջնոյն, եւ յանկարծ երաժշտական ամբողջութիւն մի կը կազմուի։ Ի՞նչ կը խօսին թռչունք. ի՞նչ կ’ուզեն. կը ճանաչե՞ն արդեօք իբրեւ զմեզ վիշտն ու հրճուանքը, կը ճանաչե՞ն ծնողաց սրտին ցաւը, կը ճանաչե՞ն կենաց պատրանքը, կ’ողբա՞ն սիրեցեալ բացակայի վրայ, կուլա՞ն կը հիւծ՞ին անհնարին բաղձանքներով»։

Այս օրուան Հայրենիք ն ալ աչքիս առջեւն է, որուն մէջ կը կարդամ.

«Վերջերս սաստիկ կռիւ մ’ունեցաւ Ռոպերդ Պիչանան անուամբ թատերագրի մը եւ թատերապետի մը հետ՝ յիշեալին «բարձր դասու թեթեռնիկ մը» վերնագրով մէկ նոր խաղին նկատմամբ։ Քննադատը Ռ. Պիչանանի խաղը իրաւամբ դսրովելէ ետքը եւայլն».

Այս բոլոր օրինակները, զորս կրնայի ըստ հաճոյս շատցնել, ցոյց կու տան որ գրաբարը միշտ աշխարհաբարին մէջ է, անոր մէջ կ’ապրի, նոյն իսկ իր հոլովումներով ու խոնարհումներով որ լեզուի մը կենդանութեան ջղերն են։ Հ. Արսէն Այտընեան իր Աշխարհաբարի Քերականութեան մէջ (Կանոն 39) կը գրէ. Անուններէն շատերը գրաբարի նման ալ կրնան հոլովուիլ»։ Ուլ բայական վերջաւորութեան վրայ խօսելով կ’ըսէ ըէ գրաբարի մէջ զատ լծորդութիւն մը կը կազմէ, «որուն այլ եւ այլ բայերուն կանոնաւոր ժամանակները (աներեւոյթը, սահմանական ներկայներն ու անկատարները եւ ըստ սահմ. ներկային ու անկատարին նաեւ անշուշտ ստորադասականին ներկայներն ու անկատարները) կրնան համարձակ գործածուիլ արդի լեզուին մէջ. ինչպէս՝ զենուլ, կը զենու, կը զենուր, որ զենու, որ զենուր, թո՛ղ զենու, եւն. նոյնը իմացի՛ր նաեւ շատ մը գրաբար բայերու համար որ եկամուտ գիր ունին, ինչպէս՝ բեկանել, արկանել, լուծանել, յառնել եւն»։ Գրաբարի նախադիրներ ու ոճեր եւս շատ անգամ կը գործածուին աշ խարհաբարի մէջ, եւ գիտեմք որ ոտանաւորը ո՛ր աստիճան մեծ տեղ մը կու տայ գրաբարի ձեւերուն։ Իսկ գրաբարի բառական մթերքը գրեթէ ամբողջութեամբ կրնայ մտնել ու գործածուիլ աշխարհաբարի մէջ, որու բառարանը ցարդ այսու փոխառութեամբ մանաւանդ ճոխացած է տակաւ։

Գրաբարին ուսումն ապա նոյն իսկ աշխարհաբարին տեսակէտով պէտք մը կը դառնայ։ Կա՛մ այն է որ աշխարհաբարին քերականութեան մէջ պէտք է քիչ շատ ձուլուի գրաբարի քերականութիւնը, ինչպէս ըարծ է Հ. Այտընեան, որ եւ զուտ գրաբարի քերականութեան յաւելուած մը կցած է իր գործոյն, կա՛մ այն է որ զուտ աշխարհաբար ձեւերու վրայ հիմնեալ քերականութիւն մ’անբաւական է հայերէնին ուսման եւ միշտ անհրաժեշտ պէտք մը պիտի ըլլայ ճանչցնել առանձին գրաբարի քերականութիւնը, գէթ իր ընդհանուր ձեւերուն մէջ։

Այս վերջինն է անշուշտ օգտակարը, որով ոչ միայն աշ ակերտը կ’ուսանի հասկնալ աշխարհաբար գրութեանց մէջ գործածուած գրաբարակերպ ձեւերն ու ասութիւններն ու ան ոնց օրէնքները գիտնալ եւ նինք ալ իր կարգին կարող ըլլալ գործածել, այլ եւ կարողութիւն կ’ստանայ հասկնալու պարզ գրաբար գրուածները, որք շատ անգամ միայն իրենց բառից քերականական վերջաւորութեամբքն ու դասաւորութեամբ կը զանազանին իրենց աշխարհաբար թարգմանութենէն. ինչ որ կը տեսնուի բաղդատելով, օրինակի համար, հետեւեալ տողերն իրենց մաքուր աշխարհաբար թարգմանութեան հետ.

 

Գրաբար

Հողմավար կորնչիմ, մըրրկօրէն վարեն զիս վիշտք.

Կարօտիմ գերեզմանի, կոչեմ զօրհաս եւ խուլ է ինձ.

Տառապիմ կողկողիմ, եւ ոչ գիտեմ զի՛նչ գործեցից…

(Յոբ)

 

Աշխարհաբար

Հողմավար կը կորնչիմ, վիշտք մըրրկօրէն կը վարեն զիս.

Գերեզման կը կարօտիմ, օրհասը կը կոչեմ եւ նա խուլ է ինձ.

Կը տառապիմ, կը կողկողիմ, եւ չգիտեմ թէ ի՛նչ գործեմ…։

 

Բայց պէտք է դիւրացնել տղայոց գրաբարի ուսումը, եւ ահա՛ թէ ի՛նչ պէտք է ընել առ այս։

Պէտք է նախ եւ յառաջ, ցարդ շատ տեղ եղածին հակառակ, բաժնել քերականական արուեստին ուսումը գրաբարին ուսումէն։ Մեր մէջ ընդհանրապէս աշակերտը գրաբարին ուսման հետ երկու բան միանգամայն կը սովրի. մէյ մը բուն քերականութիւն ըսուած բանը որ ընդհանուր բան մ’է, այն է բառից տեսակըներուն, անոնց եղանակաւորմանց ու պաշտօններուն ուսումը, եւ յետոյ՝ գրաբարին յատուկ ձեւոց ու գործածութեանց ուսումը։ Տղան միանգամայն կը սովրի, դեռ առաջին անգամ, թէ ի՛նչ է գոյական, ածական, դերանուն, բայ, եւն. ի՛նչ են ենթակայ, ստորոգելի, խնդիր, յատկացուցիչ, եւն. ու մի եւ նոյն ատեն թէ գրաբարի մէջ ի՛նչ փոփոխմունք կը կրեն եւ համաձայնական ի՛նչ կանոնաց ենթակայ են անոնք։ Այս կերպով եարկու դժուարութիւններ հիւսուած ու կնճռուած են իրարու հետ, եւ աշակերտը ի վտանգի է ոչ մին եւ ոչ միւսը սովրելու. արդարեւ շատ անգամ, ընդ երկար յեղյեղելէ ետոյ քերականական արուեստական բառերն ու գրաբարին հոլովներն ու խոնարհմունքն, կ’ելնէ դպպրոցէն ո՛չ իսկ լաւ ըմբռնած գոյականին բնութիւնը կամ սեռի խնդրոյն դերը, զոր օրինակ։ Ո՛չ. պէտք է դժուարութիւնները բաժնել. նախ աշխարհաբարով, տղուն արդէն գիտցած լեզուական ձեւերուն վրայ, պէտք է ուսուցանել իրեն դասակարգել բառերը իրենց բնութեան համեմատ, վերլուծել խօսք մ’իր մասերուն եւ ըմբռնել անոնց առնչութիւնքն, շատ մը հրահանգներով որոց լեզուն հասկանալի եւ ծանօթ է իրեն, եւ որք լինի մի եւ նոյն ատեն մտածելու եւ բաց ատերլու մարզանքներ, բառագիտութեան ու ոճոյ կրթութիւններ։ Յետոյ, երբոր ուսանողն արդէն գաղափար ունի լեզուի կազմական տարերց ու համադրական օրինաց վրայ, պէտք է, ծանօթէն անծանօթին երթալու օրինօք, ձեռնարկել գրաբարի ուսուցման, որ այլ եւս պիտի կայանայ մի՛ միայն գրաբարին յատուկ ձեւերուն եւ օրինաց ուսումնասիրութեան մէջ, ասոր հրահանգներն ալ յաւէտ քերականական նպատակ ունենալով քան մտամարզական. նոյն իսկ լեզուին բառարան մթերքն մեծաւ մասամբ կրնայ աւանդուած ըլլալ ու շարունակել աւանդուիլ աշխարհաբարի կրթութեանց հետ։ Այս մեթոտով աշխարհաբարին ուսումը պատրաստիչ, դիւրացուցիչ մը կ’ըլլայ գրաբարին ուսման, եւ գրաբարին ուսումն ալ աշխարհաբարի ուսման լրացուցիչ մը, պսակ մը, անտարակոյս դպրոցին աստիճանին չափով, տարրական նախակրթարանին մէջ գրաբարի սկզբանց միայն ծանօթութիւն մ’աւանդելով ու զարգացնելով զայն առ յապա բարձրագոյն նախակարթարանին ու երկրորդական վարժարանին մէջ։ Գիտեմք որ գրաբարին ուսումը նաեւ սա օգուտն ունի որ անով կրնան բացատրուիլ ու հասկցուիլ իրենց ծագման ու պատմական ընթացքին մէջ շատ մ’աշխարհիկ լեզուի ձեւեր ու գործածութիւններ։

Այս եզրակացութեան կը հասնի արդէն Հ. Արսէն Այտնեան ալ ու այսպիսի ուսուցման մը կռուանին վրայ կը տեսնէ կարելութիւնն միութեան երկու հակառակորդ կողմանց, աշ խարհաբարեանց ու գրաբարեանց, նո՛յն իսկ իւրաքաքնչիւր կողմն հաստատ մնալով իր սկզբանց վրայ ու իր շահու տեսակէտովը դատելով։

Համաձայնութիւնը շուտով կը գոյանայ, կը խորհի նա.

«1. Նկատելով աշխարհաբարան իբրեւ դիւրացուցիչ եւ իբրեւ առաջին աստիճան գրաբարի ելլելու. որուն համար հարկ է նոյնն օրինօք աւանդել. 2. Նկատելով գրաբարն իբրեւ էապէս հարկաւոր աշխարհաբարի կատարելութեանը. որուն հմար երբե՛ք պակսեցնելու չէ գրաբարի ուսումը.

«Միայն այս կէտին վրայ, կը յաւելու, կը տեսնենք մենք մեր նրեկայ եւ ապագայ ազգային գրականութեան պայծառութիւնը…»։

(Մասիս, Մանկավարժական հանդէս, Նոր շրջան, թիւ 3, 1894։)