Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

7. ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՏԻԺՆԵՐԸ

 

Քասթէմունիի դպրոցին ուսուցիչներէն Արամ Յովասափեան կը յայտնէ նամակաւ մը թէ մի քանի կրթասէր անձանց հետ կարծեաց փոխանակութիւն մ’ունեցեր է սա խնդրոցյն վրայ թէ «ո՛րք են այն բարոյական յարմարագոյն պատիժները զորս մանկավարժութիւնը կը թոյլատրէ սահմանել ի հարկին յանցաւոր մանկան»։ Եւ թէ չկարենալով վերջանկան համաձայնութեան մը յանգիլ, հարկ համար է դիմել խմբագրութեանս կարծեաց, խորհելով որ «թերեւս այսու այլոց կրթական պաշտօնէից ալ տածած հետաքրքրութիւնը յագուրդ կ’ստանայ»։

Հարցը մանկավարժական կարեւորագոյն հարցերէն մին է ու շատ վէճերու եւ տարաձայնութեանց առարկայ եղած. բայց վիճաբանող տեարք արդէն լաւագոյն լուծման մը մօտեցած կը համարուին, քանի որ իրենց խնդիրը կը սահմանափակեն բարոյական, մանկավարժութենէ թոյլատրեալ եւ ի հարկին սհմանելի պատժոց մէջ։ Ըսել է՝ կը մերժեն մարմնական պատիժները, կ’ընդունին որ նոյն իսկ բարոյական պատժոց մէջ կան հակամնկավարժականներ, եւ վերջապէս կը խորհին որ պտիժք ի հարկին միայն պէտք է որ սահմանուին, եւ ո՛չ յամենայն դէպս, յախուռն ու անխորհուրդ։

Նախ եւ առաջ, ըստ մեզ, դպրոցական պատիժին բնութիւնն ու դերը պէտք է ճշդել։ Դպրոցին մէջ պատիժը պէ՞տք է հասկնալ բոլորովին այն իմասոտվ որով կը հասկցուի ընկերութեան մէջ։ Անշուշտ ո՛չ. քաւութեան պէս բան մը չէ այն որ կը հարկադրուի յանցաւորին վրայ որպէս զի քաւէ իւր յանցանքը, տեսակ մը վրէժ յանցաւորէն իր գործած չարեաց փոխարէն։ Տղան յաճախ բառին բուն նշանակութեամբ յանցաւոր չէ. դեռ իր ըրածին կատարեալ պատասխանատու չէ, վասն զի դեռ իր բանականութիւնը եւ իր կամքը անզարգացեալ անկազմ վիճակ մ՛ունին։ Ասկէց զատ դաստիարակը անպատճառ դատաւոր մը ու պատժածու մը չէ. ուսուցանող, առաջնորդող, օրէնուսոյց մ’է մանաւանդ եւ բացառաբար, ի հարկին եւ ի հարկէ միայն դատաւորի ու պատժածուի դեր կ’ստանձնէ։ Նա ակամայ պարտի պատժել. սովորաբար խրատատու, զգուշացուցիչ, նա, որպէս հրեայ վարդապետք կ’ըսէին, «երկու ձեռքով պարտ գգուել եւ մէկ ձեռքով միայն պատժել»։

Ուսուցիչը պաշտօն ունի կրթելու մանուկը, որ մտքովն ու սրտովն ապրելու եւ առաջնորդուելու սահմանուած էակ մ’է, ապա եւ անոր բարոյական կրթութիւնը անոր մտքին ու սրտին վրայ ներգործելով կրնայ ի գործ դրուիլ, ուսուցմամբ, ներշնչմամբ, օրինակաւ բարւոյն եւ առ աքինութեան։ Տակաւ առ տակաւ կը հաստատուին բարի սովորութիւնները, սիրտը կամաց կամաց կը բացուի անզուական զգացումներու եւ փորձով ու կրթութեամբ (instruction) բանականութիւնը կը սորվի հետզեհտէ ընտրել լաւը յոռիէն, եւ բնազդական բաղձանքներուն մէջէն քիչ քիչ կը կազմի երեւան կու գայ կամք մը, բարւոյն գիտակցրէն ընտրող եւ զայն գործադրելու համար բաւական ոյժ ունեցող։ Այս աստիճանական բարոյական զարգացում փոփկութեամբ ու իմաստութեամբ առաջնորդելի գործ մ’է։ Տխմար ու անսիրտ ըլլալ է մինագամայն՝ չարչարել ու բռնազբօսել քնքուշ անգիտակ հոգին՝ պահանջելով անկէց ու բռնի ջանալով ստանալ այն կատարելութիւնները զորս դեռ չէ կարող ունենալ։ Բիրտ ձեռք մը կրնար առ յաւէտ ճզմել չկորցնել այդ նորաբոյս տունկը, առ յաւէտ թիւր ու հաշմ ընել զայն։ Մանկան բնութեան անգիտութեամբ եւ անոր անհամեմատ ու հակառակ կերպով եղած անմիտ պահանջմունք եւ բռնութիւնք մէկ կողմօն մանկական հասակի զուարթութիւնն ու երջանկութիւնը կը փճացնեն, ու միւս կողմէ կը վնասեն անոր դաստիարակութեան, երկիւղի զգացման տակ անոր ուղեղը եւ սիրտը ճնշելով, անոր կամքը պրկելով եւ ատելութիւն ներշնչելով անոր դասի ու դասատուի դէմ։

Ի՞նչ բանէ յառաջ կու գայ վարժապետին խաղ խաղալու հաճոյքը որ սովորական է շատ տղայոց, եթէ ոչ այն ատելութենէն զոր ազդած է իրենց անոր խիստ ու բռնաւոր վարմունքը։ Շատ չըներ որ վարժապետներ կը վախնային փողոցներէն ացնելու. աներեւոյթ փոքրիկ ձեռներէ արձակուած քարերու կարկուտ մը կը բռնէր զանոնք յաճախ եւ չարաճճի ձայներ անծանօթ անկիւններէ ելած ու ծիծաղելի համերգ մը կազմած հայ հուչ կ’ընէին զիրենք. «Պա՜տ-ուե՜-լի՜, պա՜-տէ՜ն վե՜ր ե՜-լի՜»։ Ցերեկը, ի բուն ճնշուած տղաքներն էին որք, փողոցէն ազատագրեալ, իրենց ոխը կը լուծէին ահեղ պատուելիէն։

Երբ ուսուցիչն իր պաշտօնին գիտակցութիւնը ունի, ինչպէս նաեւ մանկան բնութեան եւ զարգացման օրէնքներուն գիտութիւնը, յայնժամ արդէն ինքնին մեծապէս կը նուազի պատժելի համարուած դէպքերուն թիւը։ Գիտէ համբերել, սպասել, ներել, անտես ընել, գոհանալ կրկնելով դասն ու խրատը, ազդարարելով, յորդորելով, բնական գտնել շատ բան ու չզայրանալ ընդունայն, հսկել ու զգուշանալ կանխաւ՝ յետոյ պատժելու տեղի չթողլու համար, ներկային չտուածը կամ տալ չկրցածը ապագայէն ու նորանոր ջանքերէ յուսալ եւն։ Դպրոցին մէջ ո՛չ թէ իր կամքին եւ իր քմահաճոյիցն է որ հնազանդիլ կը պահանջէ աշակերտներէն այլ դպրոցին օրինաց որք պարտաւորութիւն ըմ չեն հարկադրեր անոնց վրայ որ անոնց տարիքէն ու արողութենէն վեր ըլլայ։ Ի նկատ գիտէ առնուլ մանկութեան անհանդարտ վառվռուն բնաւորութիւնը, առատազեղ կեանքի մ’անխորհուրդ յորդումը, անոր մշտաշարժ հետաքրքրութիւնը, դիւրախոնջ ուշարդութիւնը, եւ դիւրափոփոխ ախորժակները, եւ տղայոց գործած թերութիւններուն մէջ ընել ասոնց բաժինը, ինչպէս նաեւ իր ի գործ դրած մեթոտներուն մէջ գոհացում տալ անոնց եւ օգուտ քաղել անոնցմէ եւ ուղղել զայն՝ փոխանակ անխորհրդաբար բռնազբօսել ջանալու բնութիւնը։ Ո՜րչափ արդարեւ կը փոխուին իրերը. վարժապետը չարչարելու համար ստեղծուած կարծուող այն սատանիկները մէկ մէկ հրեշակ կը դառնան. գոհ ու երջանիկ են, ապա եւ բարի են. ու նաեւ աւելի խելացի, վասն զի բնական ճամբուն մէջ են եւ զուարթութիւնը պայծառութիւն մը կու տայ իրենց մտքին։ Համակրական կապ մը կայ դաստիարակին ու աշակերտաց մէջ. ասոնց վստահալից նայուածքները, ընտանի վարմունը կ’ըսեն դաստիարակին թէ կը սիրեն զինքը, եւ դաստիարակը գոհ է ան ոնց սիրով որ այնքան դիւրին եւ քաղցր կ’ընէ իր գործը։ Այսպիսի ճշմարտիւ մանկավարժական շրջանակի մը մէջ տխուր՝ այլ բացառիկ հարկի մը, դեղի մը հարկաւորութեան պէս միայն կրնայ ներկայանալ պատժի պէտքը։

Այս պէտքը կը ծագի երբ աշակերտ մը յամառ անկարգութեամբ մը կը խափանէ դասատուն իր դասն ընելէ, կը խանգարէ դասարանին բարեկարգութիւնը, կ’արգիլէ իր ընկերակիցները դասէ կամ սերտողութենէ։ Այս պէտքը կը ծագի դարձեալ երբ աշակերտը նիւթական վնաս մը կը հասցնէ իր ընկերակցին կամ դպրոցին, կը գողնայ, կը պատռէ, կը կոտրէ եւն. երբ կը վնասէ իրեն ու դպրոցական կեանքը անօգուտ կը դարձնէ իրեն ծուլութեամբ եւ անճշդութեամբ, հակառակ կանխագոյն խրատուց եւ ազգարդարութեանց. երբ վիրաւորիչ վարմունքով իր ընկերակցաց բողոքին տեղի կու տայ, եւ երբ յարգանաց պակասութիւն ընէ առ իւր ուսուցիչս յամառ անհնազանդութեամբ կամ անարգական խօսոքվ։ Բոլոր այս պարագայներուն մէջ անմիջական զսպման ու դարմանարար տնօրինութեան մը պէտքն ակներեւ է։ Երբ դպրոցին կամ դասարանին մէջ կարգապահութիւն չըլլայս, դպրոցն անկարող կ’ըլլայ իր նպատակին ծառայելու։ Դպրոցին ու աշակերտաց գոյքերը պէտք է որ պահպանուին, վասն զի անոնք ուսուցման կը ծառայեն եւ աշակերտք ի րաւունք ունին պահանջելու որ ուսուցիչը արգիլէ իրենց գոյից կորուստը կամ խաթարումը ուրիշ աշակերտաց ձեռքով։ Երբ աշակերտը իր ծուլութեան ու պարտազանցութեան մէջ անմիջական կերպով չարգիլուի, դպրոցին գործը մեծ մասամբ ապարդիւն կը լինի անոր վրայ։ Դարձեալ աշակերտաց արդարութեան զգացումը անմիջական գոհացում կը պահանջէ, երբ իրենց ընկերակիցներէն մին զիրենք բիրտ խօսքով կամ վարմունքով ցաւցնէ. հակառակ պարագային՝ կը բերուին անձնապէս արդարութիւն ի գործ դնել եւ վէճ ու կռիւ կը խռովեն դասարանը կամ բակը, տեղի կրնան տալ ցաւալի միջադէպերու եւ հետեւանաց եւ տղոց մէջ կը խանգարի ներդաշնակութիւնը, - բան մը որ դարձեալ պիտանի է դպրոցական մթնոլորտին հանդարտութեան, զուարթութեան եւ բարոյացուցիչ ներգործութեան։ Իսկ ուսուցչին դէմ տեղի ունեցած անարգութեան ու խեռութեան գործը եթէ անմիջապէս նկատողութեան առնուելով դարմանել չփութացուի, ուսոցչի վարկը կը կոտրի աշակերտաց առջեւ, անոր բարոյական հեղինակութիւնը կը նուազի կամ կը կորսուի, ինչ որ դարձեալ կը վնասէ ուղղակի ուսուցչին ազդեցութեան, անոր ուսուցման արդիւնաւորութեան։ Տղայոց շատ թերութիւններուն համար պիտի թողունք որ ժամանակը գործէ, մեր դասերն ու խրատներն ու յորդորները իրենց ազդեցութիւնն ի գործ դնեն աստիճանաբար անոնց մտաց ու սրտին վրայ, եւ առ յառաւելն յանդիմանութեան ու պարսաւի պիտի դիմենք մերթ՝ անոնց արժանապատուութեան զգացումէն օգտուելու եւ նոցա ուշը գրգռելու համար։ Վերոյիշեալ պարագայներուն մէջ, սակայն, չենք կրնար ո՛չ այդ համբերութիւնն ի գործ դնել եւ ո՛չ իսկ գոհանալ յանդիմանութեամբք, թէեւ յաճախ այնու սկսիմք. վասնզի, ինչպէս տեսանք, դպրոցական շրջանակին մէջ անկարգութիւն, նիւթական վնաս, վիրաւորում եւ կրթական գործին կատարման ու արդիւնաւորման արգելք ու խափանում անոնց անմիջական հետեւանքներն են։

Այս պարագայներուն մէջ է ահա՛ որ պատիժը իր դերը պիտի ունենայն իբրեւ անմիջական ազդու անօրինութիւն ի դարման կամ ի խ ափանումն չարեաց։ Բայց ի՞նչ կրնայ ու պէտք է լինել այդ պատիժը, ահա՛ խնդիրը։ Առաջին պայմանը ա՛յն է որ տնօրինուած պատիժը բանաւոր ու արդար ըլլայ, այսինքն կարենայ ուղղակի ծառայել իբրեւ դարման ա՛յն չարեաց զոր կ’ուզեմք կարճել եւ նկատուիլ նոյն իսկ յանցապարտ աշակերտին կողմէ իբրեւ ինքնաբեր ու հարկաւոր հետեւանք իւր վարմանց։ Այն ատեն պատիժը ընդունող աշակերտին համար չպիտի կրնայ համարուիլ այն իբրեւ ուսուցչին անգութ քմահաճոյից մէկ արդիւնքը, եւ չպիտի գրգռէ զայն նոր դէմ, վասնզի իր վարմունքին ու պատժոյն մէջ գտնուած բանաւոր ու արդար առնչութիւնը պիտի զգացնէ իրեն անոր հարկաւորութիւնը եւ պիտի սովրի ինքզի՛նք մանաւանդ մեղադրել։ Մեր առաջարկածը բառին բուն նշանակութեամբ պատիժ չէ, այլ դարմանում, եւ է մէկ նայուածքով բնական պատիժի, բնական հակագործութեանց դրութեան կը նմանի, բայց բուն այն չէ, այլ աւելի անոր գործադրուելուն տեղի չթողլու համար դասատուին միջամտութեամբ ի գործ դրուած արդար ու բանաւոր միջոց։ Եթէ թոյլ տայինք որ ծոյլը իր ծուլութեան հետեւանօք, զոր օրինակ, ապագային մէջ տգէտ ու ողորմելի մնալով, պատժուէր, ահա՛ այդ կը լինէր բնական հակագործութիւնը, բնութենէն հարկադրեալ պատիժը, բայց մենք կ’ուզենք որ մեր պատժով ծոյլն արգիլուի իր ծուլութեան մէջ եւ չկրէ յապագային բնական վաւերացման արդիւնքը։

Այս տեսակէտով նախ մերժելի են մարմնական պատիժները որք ինքնի չարիք ու ցաւ են քան չարիքն ու ցաւը արգիլելու միջոց, եւ եթէ բնական հակագործութեամբ մը ցաւն ու չարիքը գային տղու՛ն վրայ, բան մը չպիտի ունենայինք ըսել. բայց ի՞նչ իրաւունք ունինք մենք մեզէն հարկադրելու զայնս մանկանց, մինչ չեն բնական հետեւանք այն վարմանց զորս կ’ուզէինք արգիլել։ Այդու անիրաւ ու անգութ կը լինի մանկանց դէմ, որք ա՛լ չեն տեսներ արդար ու զիրենք սիրող էակ մը ուսուցչի վրայ, եւ ա՛լ կ’ատեն զայն ու կը սոսկան անկէ իբրեւ պատուհասէ, եւ ամէն համակրանաց ու յարգանաց կապ հզուած է ուսուցչի ու աշակերտաց մէջտեղ. այդ վայրագ վարմունք կ’ընդվզեցնէ զայնս իրեն դէմ, եւ, բանաւոր էակաց կրթութեան միջոց մ’ըլլալէ հեռու, անբանացուցիչ ու միմիայն կարծեցեալ դաստիարակին ցաւալի ապիկարութեան վկայող դրութիւն մ’է։ Տերենտիոս արդէն կ’ըսէր թէ «հարուածք անբան անասնոց համար են», եւ այնշուշտ մարդէն անասնոց վրայ ի գործ դրուելու համար. եթէ ոչ, որպէս Պէռնարտէն տը Սէն-Բիէռ կը դիտէր. «զգայուն էակաց բոլոր տեսակներուն մէջէն մարդկային տեսակն է միայն որուն պզտիկներն հարուածներով կը մեծցուին»։ Մարմնական պատիժներէն զատ մերժելի են նաեւ բոլոր այն պատիժները, նիւթական թէ բարոյական, որք ուսուցչին քմահաճոյքէն կը բղխին, առանց երբեք կապ մ’ունենալու գործուած յանցանքին կամ հակագործելի թերութեան հետ, եւ միայն աշակերտին վրայ հարկադրուած նուաստութեան մը կամ բռնի աշխատութեան մը մէջ գոհացում մը փնտռել ունին նպատակ, չափն ու սահմանն ալ կախում ունենալով միմիայն ուսուցչին աւելի կամ նուազ նեղսիրտ կամ նեղսրտած ըլլալէն։ «Յիսուն տող պիտի գրես»։ Դիտողութիւն մը աշակերտին կողմէն կա պատասխան մը մրմռացուած, եւ ահա իսկոյն յիսուն տողը կ’ըլլայ հարիւր, հարիւրը կը կրկնապատկի, կ’եռապատկի, կը քառապատկի, կը բազմապատկի, յիմար համեմատութեանց կը բարձրանայ, բարկացայտ վարժապետին շրթանց մէն մի շարժումով, որ տողերն իրարու վրայ բարդելով Ոսսան ու Պելիոնը իրարու վրայ դիզող սկայից մին ըլլալու երեւոյթն ունի կարծես, չե՛ս գիտեր ո՛չր Արամազդին ընդդիմամարտ. տասներեք տարեկան խեղճ պզտիկ դողդոջուն տղեկ մը կայ իր դիմաց։

Իբրեւ բանաւոր ու արդար պատիժ մենք հետեւեալները կը համարինք.

Ա. Աշակերտ մը դասարանը կը խանգարէ, չի թողուր դասատուին հանդարտութեամբ պարապիլ իր գործին եւ արգելք կ’ըլլայ իր ընկերակցաց դասին կամ սերտողութեան, եւ իր անկարգութիւնը կը շարունակէ յետ ազդարարութեանց, յետ յանդիմանութեանց, յոռի ն իշն ալ չ’ազդեր իր վրան։ Հեռացուցէ՛ք, զատեցէ՛ք զինքն իր ընկերակիցներէն. հեռացուցէ՛ք, եթէ հարկ է, դասարանէն, եւ երբ անուղղայ կը մնայ՝ դպրոցէն եւս, ժամանակաւոր կամ վերջնական կերպով։ Այդ մէկը որ արդէն կը զրկէ ինքզինք դպրոցական պարապմանց օգուտներէն՝ գէթ ուրիշներն ալ չզրկէ անոնցմէ։

Բ. Աշակերտ մը նիւթական վնաս կը պատճառէ դպրոցին կամ իր ընկերաց. յանդիմանութեան ու խարտին հետ պէտք է պահանջել որ տուժէ, դարմանէ վնասը, կորսուածին ու վնասելոյն տեղը դնէ։ Եթէ վնասող աշակերտին անձնական աշխատութեամբ դարմանելի է եղածը, պէտք է ստիպել զինքը այդ աշխատութիւնն յանձն առնուլ. եթէ դրամով դարմանելի է, պիտի հատուցանէ, եթէ կրնայ, իր մանր հաճոյքներուն համար իր ծոնղքէն ստացած դրամներով. իսկ եթէ ոչ՝ նոյն իսկ ծնողք պիտի հատուցանեն, բայց պէտք է որ տղան ալ տուժէ զրկուելով ինչ ինչ նուերներէ զորս առանց այդ պարագային պիտի ստանար իր ծնողքէն։ [1]

Գ. Ծուլութեամբ կամ անճշդապահութեամ բկը թերանայ աշակերտ մը իր պարտականութեանց մէջ. պէտք է լեցնել տալ թերին։ Ուշ դպրոց եկողը երեկոյին ուշ կը դառնայ տուն, վար կը դրուի որպէսզի աշխատի։ Առանց բանաւոր պատճառի բացակայող աշակերտը կը պարտի ի փոխարէն կիրակի կամ տօն օրեր գալ աշ ախատիլ դպրոցին մէջ։ Ուրիշ մը իր դասը չէ սերտած կամ չէ պատրաստած իր պարտականութիւնըն, դպրոցական ժամերէ դուրս վար կը դրուի պարտաւորելու համար զինքը չսերտած դասը սովրելու կամ չպատրաստած գրաւոր աշխատութիւնն ընելու։ [2]

Դ. Աշակերտ մը լեզուի կամ ձեռքի հարուածով իր ընկերներուն զգայնութիւնը վիրաւորեց, բարոյական կամ մարմնական ցաւ մը պատճառեց անոնց ու անոնց դժգոհութեան ու բողոքանաց տեղի ուաւ։ Ուսուցիչը անիրաւութիւն կամ անգթութիւն գործող աշակերտին կ’զգացնէ իւր զգածեալ յանդիմանութեամբք թէ ո՛րքան մեղանչած է յարգանաց եւ սիրոյ պարտաւորութեան դէմ զոր ամէն մարդիկ ունին միմեանց հանդէպ, եւ կը հրաւիրէ ու կը պարտաւորէ զայն անկեղծ զղջմամբ մը ներում խնդրելու վիրաւորուած ընկերներէն։ Երբ յաճախ կը կրկնուին այսպիսի յանցանքներ, ու բուռն կոպտութեան ու վայրագութեան կը զառածանին, զանոնք գործող տղան անընկերական կը համարուի ու նախ դասարանին կամ խաղետղին կամ դպրոցին մէջ զայն կը չէզոքացնեն, եւ ի հարկին դպրոցէն եւս կը հեռացնեն ժամանակաւոր կամ վերջնական մերժմամբ։

Ե. Բոլոր այս պատժամական տնօրինութիւնք կ’ենթարդրեն որ աշակերտը գիտէ յարգել իւր ուսուցիչը, պատկառիլ անկէ ու հնազանդիլ անոր ձայնին. բայց երբ աշակերտ մը նոյն իսկ իւր ուսուցչի դէմ կ’ըմբոստանայ, անպատկառ ու անհնազանդ կը գտնուի նորա դէմ, անսաստ անլսող մնալով անոր խրատուց եւ անտարբեր անոր զգացած վշտին, ի՞նչ պէտք է ընել. Ըմբոստ տղան կը ներկայացուի անարգուած պաշտօնէին կողմանէ իրմէ անմիջապէս վեր գտնուող պաշտօնէին որ, յետ զգացնելոյ անոր իր ծանր պակասութիւնը, կը յայտարարէ թէ իրեն անկարելի է մնալ դպրոցին մէջ ցորչափ չդարմանէ իւր յանցանքը, իւր ներումը չստանայ նոյն իսկ իւր վիրաւորած ուսուցչին բերնէն։ Երբ ապարդիւն մնայ այս միջոց, աւելի վերին պաշտօնէին կը ներկայացուի որ միեւնոյն պայմանները կը դնէ անոր դպրոցին մէջ մնալուն, միայն թէ այժմ աշակերտը մէկի տեղ երկուքի դէմ յանցաւոր է. այսպէս ուսուցչէն առ տեսուչն, ասկէ առ վերատեսուչն կամ հոգաբարձուն ելնելէ յետոյ խնդիրը, երբ աշակերտը կը յամառի կը մնայ իւր հեստման մէջ եւ յանձն չ’առնուր գոհացում տալ իւր մեծերուն զորս վիրաւորած է իւր կոպիտ վարմունքով, եւ կամ երբ բազմիցս տեղի կ’ունենան մի եւ նոյն աշակերտին կողմանէ նմանօրինակ դէթպքեր, այն ատեն հարկ կը լինի յանձնել զայն իր ծնողաց, եւ միայն մի անկեղծ եւ հպապարակային զղջումէ յետոյ կրնկա հաւանականութիւնն ունենալ վերստին ի դպրոց ընդունուելու։

Այս ամենուն մէջ՝ կը տեսնենք որ խրատն ու յանիդմանութիւնը միշտ իրենց բաժինն ունին։ Արդարեւ տղոց յանցման ամէն պարագաները պատեհագոյն առիթներն են անոնց խօսելու իրենց պարտուց վրայ, ազնիւ ու խելացի վարմունքի մը պայմաններուն վրայ, եւ այդ ոչ միայն յանցաւոր տղուն օգտին ու կրթութեան համար է, այլ նաեւ միւսներուն, բոլոր դասատան որ բարոյականի ամենէն կենդանի դասը կ’ընդունի այդ վայրկենին։ Բայց խարտն ու յանդիմանութիւնը իրենց ճշմարիտ ազդեցութիւնը յառաջ կը բերեն այն ատեն միայն երբ ուսուցիչը կը խօսի զգածեալ, անկեղծօրէն վիրաւորեալ շեշտով, իր սաներուն բարւոյն ու կատարելագործման տենչացող հոգիի մը արդար տրտմութեան կամ արդար՝ այլ քաղցրախառն զայրոյթի ձայնովը։ Այսպիսի յանդիմանութիւն մը ինքնին պատիժ մ’է, մանաւանդ զգայուններուն համար, ինչպէս շատեր կան տղայոց մէջ, եւ երբ մանաւանդ իր աշակերտներէն սիրուած ու յարգուած ուսուցչի մը կողմէ կու գայ։ Տղայոց շատ մը թերութիւններուն համար, որպէս ըսի, պէտք չէ ատկէ աւելի հեռուն երթալ. բայց նոյն իսկ մեր թուած պատժելի պարագայից մէջ ալ կան այնպիսիներ յորս ի սկզբան կրնամք ու պարտիմք գոհանալ այսպիսի յանդիմանութեամբ։

Մեր համարման պակասիլը ու աշակերտին բարոյական անկումը նշանակող բարի նիշերու նուազումը կամ յոռիներու ստացումը տղոց պատուասիրութեանն զգալի պատիժ մ’է, եւ ինչպէս տղոց ընդհանուր բարոյական վիճակին աստիճանները ցոյց տալու համար կրնան գործածուիլ բարի նիշերը, նոյնպէս եւ յոռի նիշերը կամ լաւերու թուոյն նուազումը պարտին ընկերանալ պատժական տնօրինութեանց որոց ազդեցութիւնը կը յաւելուն, եւ մերթ իրենք միայն համարուիլ առաջին աստիճանը պատժոյն։ - Դպրոցը ամենօրեայ կամ գէթ ստէպ յարաբերութիւն ալ պարտի ունենալ տան հետ՝ տղուն օրըստօրէական լաւ կամ յոռի ընթացքը ընտանիքին ծանօթացնող վիճակացոյց-տետրի մը միջոցաւ. ի տես նշանակեալ լաւ կամ յոռի թուոց ու տնօրինեալ վարձուց կամ պատժոց, հօրն ու մօր գոհունակութիւնը կամ դժգոհութիւնը պիտի գար աճեցնել անընդհատ անոնց զօրութիւնը, որմէ դպրոցը պիտի օգտուէր՝ կարելի եղածին չափ քիչ ու թեթեւօրէն կատարելու համար դեր պատժածուի։

(Մասիս, Մանկավարժական Հանդէս, Նոր շրջան, Թիւ 9-10, 1894)։



[1]            Աղքատ աշակերտը բնականաբար աւելի զգոյշ կ’ըլլայ, կամ աւելի գթութեան կ’արժանանայ. իսկ երբ ինչ որ չէ սովորական եւ այս պարագային մէջ հարուստ, աղ քատ միեւնոյն բանն է մասնաւոր ձգտումը ցոյց կուտայ աշակերտ մը կոտրելու, քրքրելու, եղծանելու, այն ատեն կը նկատուի իբր վնասակար անզուսպ տարր մը ու կը հեռացուի դպրոցէն։

[2]            Միմիայն իբերւ անհաճոյ ու չարչարիչ բան մը հարկադրուած գրաւոր պատիժը (pensum) կամ միեւնոյն էջերուն, մի եւ նոյն բառից, միեւնոյն բայից բազմապատիկ ընդօրինակութիւնը անիմաստ, անգութ ու անբանացուցիչ բան է։ Ռոլէն կ’ըսէ իրաւամբ. «Ծայրայեղ գրաւոր պատիժք ատելի կ’ընեն գրքերը, գիտութիւնները եւ ուսուցիչները»։