Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

13. ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՄԷՋ

Բանաւո՞ր է գանգատիլ թէ մեր նախակրթարանաց մէջ աւանդուած կրթութիւնը անբաւական է մեր պէտքերուն, վասնզի մեր թաղային դպրոցներէն ելնողները չեն կարող անմիջապէս բանի մը օգտակար դառնալ։ Արդեանց այս անբաւականութիւնն ալ ի հարկէ վերագրելի՞ է ծրագրի անկատարութեան, հետեւապէս եւ կա՞յ իրօք պէտք մը նոր փոփոխութեանց, կատարելագործմանց, ինչպէս կան կարծողներ ու յայտարարողներ մեր մէջ։

Արդարեւ իրար հասկնալու մը պէտք ունինք։ Ժողովրդեան պահանջները շատ են, ինչ պէս պէտքերը։ Դպրոցական ընթացքն աւարտող ժողովուրդի զաւակը պէտք է որ սկսի իր հացը շահիլ ու քիչ շատ օգնել իսկ իր ծնողքին։ Պէտք է որ կարենայ արհեստ մը ի գործ դնել, առեւտուր ընել, մասնաւորաց գրագիր կամ համարակալ ըլլալ, ճարտարական վարչութեանց կամ հանրային ծառայութեան մը մէջ մտնել, եւ կամ կարող ըլլալ մասնագիտական բարձրագոյն դպրոցի մ’ուսանող դառնալու։ Վարժարանք պէտք է այս կեանքին, գործնական կեանքին պատրաստեն, ու երբ չեն տար կատարելապէս այս պատրաստութիւնը, ուրեմն կը թերանան իրենց կոչման, ու կ’ապացուցանեն թերութիւն մը իրենց կազմակերպութեան մէջ որուն հարկ է դարման տանել։

Իրաւացի է այս պահանջը. միայն թէ պէտք է խորհիլ թէ նոյնքան իրաւացի՞ է այս ամէն բաները նախակարթարաններէն պահանջել։ Մէկ տեսակ ու մէկ աստիճանի վարժարաննե՞ր պարտին տալ գործնական կեանքին ամբողջական պատրաստութիւնը թէ ոչ այդ պարտի գործը լինել այլատեսակ դպրոցներու։ Այս է բուն խնդիրը։ Իրաւացի չէ նախակրթարաններէ ամէն բան սպասել. սպասել որ անոնք կրթութեան նախատարերքն աւանդեն, ու միանգամայն առեւտուրի, արհեստներու, մասնագիտութեանց յարմար ու պատրաստուած դուրս տան 13-14 տարեկան պատանեակներ։ Ո՛չ մէկ ազգի մէջ նախանական դպրոցներէն այդպիսի արդիւնք կ’սպասուին, այլ զանոնք ձեռք բերելու համար դեռ ուրիշ կրթական գործարաններ ու հաստատութիւններ ունին, որք մեզի կը պակսին, հետեւապէս եւ անոնցմով ստանալի բարիքները։

Ամենէն բարեկարգ նախակարթարաններն ունեցող ազգերը այդ դպրոցներուն մէջ չեն աւանդեր մեր ծրագրին տրամարդածէն աւելի ուսում, այլ ընդհանրապէս նուազ իսկ. վասն զի շատ ազգերու նախանական դպրոցները ՝իբրեւ լեզու միայն մայրենի լեզուն կ’ուսուցանեն, մինչ եմերիններն հարկաւորապէս կ’ուսուցանեն հայերէնին հետ պետական լեզուն, ու շատերը նաեւ ֆրանսերէնը քիչ թէ շատ։ Նախակարթութիւնը, մանկապարտէզն ալ ի մասին առնելով, 3-4 տարեկանէն մինչեւ 12-13 տարեկան հասակը կ’երկարաձգուի, եւ այդքան կարճ միջոցի մը ու այդքան ճիղմ հասակի մը մէջ չի կրնար պահանջուիլ որ տղան ստանայ կեանքի հարկաւոր բոլոր ձեռնհասութիւնը։ Շատ իսկ է որ տղան սովրի ընթերցանութիւն, գիր, նախնական թուաբանութիւն, երկրաչափութեան ու գծագրութեան տարերքը գիտնայ, մայրենի գրական լեզուին բառամթերքն ու քերականութիւնը ճանչնայ մասամբ եւ կարող ըլլայ անով քիչ թէ շատ իր միտքը հասկցնել բերանացի ու գրով, գիտնայ նոյնպէս իր երկրին լեզուն չափով մը կարդալ ու գրել, աշ խարհագրական ու պատմական ընդհանուր ծանօթութիւններն ունենայ, ինչպէս նաեւ բնական գիտելեաց պիտանի տարրական պաշար մը՝ առողջաբանական, կրօնական ու ընկերական-բարոյական սկզբունքներու եւ թելադրութեանց գումարով մը, միեւնոյն ատեն մանաւանդ մանուկին միտքն ու սիրտը ու մարմինը մարզուին եւ ընդունակութիւն ստանան բարւոք եւ առողջ խորհելու, զգալու եւ աշխատելու։ Ամէն տեղ ընդհանուր կերպով մը այս է ինչ որ կ’սպասուի նախնական-տարրական դպրոցներէ։ն Աչքէ՛ թող անցունէ ով որ ուզէ եւրոպական ո՛ր եւ է ազգի նախնական վարժարանաց ծրագիրը, ու պիտի համոզուի մեր ըսածին։ «Կեանքի պահանջումներն այնքա՛ն յայտնի են որ ամէն երկրի մէջ, կ’ըսէ Միշէլ Պռէալ, եւ ինչ որ ալ ըլլայ դպրոցին ընդհնաւոր ձգտումը, դասերու ծրագիրը գրեթէ նոյն է։ Ֆրանսերէն (այսինքն՝ մայրենի) լեզու հաշիւ, մեդրական դրութիւն, գծագիտութիւն, պատմութիւն Ֆրանսայի (այսինքն երկրին), աշխարհագրութիւն, բնագիտութեան եւ բնական պատմութեան ծանօթութիւնք, սոքա են, կրօնքի կամ բարոյականի դասերու հետ, նախնական կրթութեան գրեթէ անփոփոխ տարերքը»։ Ու Օ. Կռէառ կը գրէ. «Նախնական կրթութեան նպատակը չէ իր շօշափած ամէն նիւթերու վրայ ընդգրկել ամէն ինչ որ կարելի է գիտկնալ, այլ իւրաքանչիւրին մէջ լաւ սովրեցնել ինչ որ ներելի չէ անգիտանալ։ Այս իմաստութիւնը, որ իրաց բնութեան կը համապատասխանէ, այնքա՛ն աւելի կարեւոր է, որքան այդ ծանօթութիւն իսկ միեւնոյն ատեն միջոցն մ’են ու նպատակ մը. իրենց արտադրելիք բարւոյն միայն կէսը յառաջ պիտի բերէին, եթէ նախ եւ առաջ չծառայէին մանկան մէջ կազմելու ողմտութիւնը եւ բարոյական զգացումը»։

Ինչպէս կը տեսնուի, բուն հմտութեանց դրական քանակէն աւելի ինչ որ դարձեալ քիչ բան չէ՝ բաղտադետլով այդ առաջին հասակին համեմատական տկարութեան հետ ու խորհելով որ բացարձակ տգիտութեան վիճակէ մը դուրս կ’ելլէ մանուկը, - տարրական նախանական կրթութեան մէջ բուն ու առաւելապաէս խնդրելին կաղապարումը, կըերպաւորումն է, այն է մտքին կարողութեանց զարթումն ու մարզումն, բարոյկան դատողութեան եւ զգացման ուղղութիւնն, առողջ հիման մը կազմութիւնը խորհելու եւ զգալու կերպին մէջ, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական ու առողջական տեսակէտով։ Ասոր պէտք է ձգտի առաջին կրթութիւնը, ու զայս մանաւանդ պէտք է փնտռենք երբ կ’ուզենք գնահատել այդ կրթութեան արդիւնքները, ու պարտինք մեծապէս ուրախ ըլլալ՝ երբ հաստատենք թէ այդ քիչ մը տարրական ուսումը կրցած է ըլլալ նիւթականին (matériel) հետ նաեւ կերպական (formel), կազմիչ, ինչպէս կ’ըսեն Գերմանացի մանկավարժները, որոշելու համար ուսումը եւ դաստիարակութիւնը։ Մեր նախակրթարանաց մէջ տրուած դաստիարակութիւնը այս տեսակէտով դեռ շատ թերութիւններ ունի, կը խոստովանիք, քանի որ կը պասկին մեզ պէտք եղած թուով ձեռնհասդաստիարակնե, ր դէմյանդիման ուսուցման համար առարկայական միջոցներ, եւ ընդհանուր կիրառութիւն կրթական գիտակից ու գիտնական մեթոտներու։ Ու քննադատութիւնը պէտք է որ այս կ ողմին վրայ ծանրանայ, ու պահանջէ ամենէն յառաջ դաստիարակներու մասնագիտօրէն պատրաստութիւնը իրենց պաշտօնին, հետեւապէս եւ վարժապետանոցներու հաստատութիւնը եւ յարակից պղտքերու գոհացումը։ Սակայն մեր քննադատութեան պահանջածները չեն այս կէտերը, այլ այնպիսի բաներ որք չեն կրնար գոհացուիլ նոյն իսկ այս կարգի կենսական թերութեանց ուղղութեամբ։ Տեսանք վերեւ որ անոր գանգատները կը վերաբերին աշակերտաց ստացած ծանօթութեանց գումարին անբաւականութեան ու այն անձեռնհասութեան ցորուն մէջ կը գտնուին գործանական կեանքի պահանջներուն անմիջապէս պատասխանելու եւ իրենց անձին ու միջավայրին օգտակար դառնալու նկատմամբ։ Իրաւունք չունինք մեր տարրական նախակրթարանները պատասխանատու ընելու այս մասին, ո՛չ ալ դատապարտելու մեր 12-13 տարեկան նախակրթարանի շրջանաւարտները, վասն զի, կանոնաւոր կիրառութեամբ մեր ծրագրին, այս հասակներուն մէջ կրնան մեր մանուկները աւարտել նախնական տարրական կրթութեան շրջանը, ինչպէս կը տեսնուի հետզհետէ։ Տղայք պարզ նախակրթարանին սեմթն կամ շրջանակէն դուրս ալ միջոցներ ունենալու են շարունակելու կամ զարգացնելու իրենց ուսումը. ի մասնաւորի այն ասպարէզներուն վերաբերութեամբ զորս գրկել կը պատրաստուին։ Պէտք է որ այդ ասպարէզներուն պատրաստող արհեստական, մասնագիտական դպրոցներ ըլլան ուր յաճախեն, ու յաճախելով ալ դարձեալ իրենց ընդհանուր զարգացումը յառաջացնելու դիւրութիւններ գտնեն իրենց միջավայրին մէջ։ Թողլով բարձրագոյն նախակարթութեան ու երկրորդական կրթութեան, ինչպէ լրացուցիչ դասընթացքներու աւանդած ուսումները որոնցմով տարրական դպրոցին կրթութիւնը կրնայ միշտ զարգացուիլ, եւրոպական միջավայրերու մէջ՝ նոյն իսկ աղքատիկ դասերու զաւակներուն համար որոց վիճակը չի ներեր յամել դպրոցական մթնոլորտի մէջ, կան լրացուցիչ, զարգացուցիչ, չափահասից դպրոցներ կամ դասընթացքներ (Ecole complémentaire, Ecole de perfectionnement, cours d’adultes), որք երեկոյները, կամ կիրակի օրերը, եւ կամ շաբթու մէջ ինչ ինչ օրեր, կ’ընդունին արդէն գործի կամ արհեստի մը մտած ժողովրդի զաւակները, եւ ձրի կամ շատ թեթեւ վճարումով մը կ’աւանդեն անոնց գործածական ծանօթութիւններ, գործնական աշխատութիւններով, ամրացնելով, լրացնելով, յառաջ տանելով թաղային նախակրթարանին տուած ուսմունքը։ Իսկ արհեստի կամ առեւտրական ասպարէզներու պատրաստութեան համար կան այլեւայլ արհեստագիտական, ինչպէս նաեւ վաճառականական դպրոցներ, երկու սեռերու համար, որոնք իրենց առարկային յատուկ տեսական եւ գործնական ուսուցմամբ կը պատրաստեն բանգէտ գործաւորներ, արհեստաւորներ, մեքենագործներ, վաճառականի ու սեղանաւորի գործակատարներ, հաշուակալներ, քարտուղարներ եւայլն։ Աւելորդ է ըսել թէ ուր որ տեղւոյն յատուկ մասնաւոր ճարտարութեան ճիւղ մը կը ծաղկի, հոն անոր համար առանձին դպրոց կայ, ինչպէս Ժընէւի ու Նէօշաթէլի մէջ ժամագործութեան դպրոցներ՝ բաց ի ուրիշներէ։

Մենք դեռ եւ ո՛չ մէկ վաճառականական դպրոց ունինք, թէեւ վաճառական ժողովուրդ մ’ըլլալու համբաւն ունինք։ Մեքենական արհեստներու համար դեռ նոր սկսած ենք արհեստանոցներու հիմնարկութեան փորձեր ընելու, առանց տեսականի. ու ի՞նչ բանի կը ծառայեն Պօլսոյ համար, զոր օրինակ, ռամիկ վարժապետներով արհեստանոց մը Ս. Յակովբայ Որբանոցին մէջ, ու աղջկանց համար կարի եւ ասեղնագործութեան արհեստարան մը՝ Բերայի մէջ, իսկ գործի ելնող աղքատիկ պատանեակներուն կրթական զարգացման համար ոչինչ ունինք իբրեւ կիրակնօրեայ կամ երեկոյեան դասընթացք։ Ու ամէն բան ստիպուեր ենք նախակրթարաններէն սպասել։ Արդարեւ հնար չէ։ Մեզի կարեւոր է ունենալ գէթ 2-3 հատ արհեստական դպրոցներ Պօլսոյ այլեւայլ կողմերն հաստատուած ու կարող վարպետներով եւ ուսուցիչներով օժտուած։ Մեզ պէտք է ունենալ գոնէ մէկ հատ վաճառականական դպրոց։ Մեզ պէտք է կազմակերպել այլ եւ այլ թաղերու մէջ, անբաւական ուսումներով գործի ելնող անչափահասներու կամ չափահասներու համար, դասընթացքներ՝ պիտանի գիտելեաց եւ լեզուաց մշակման ու զարգացուցիչ վարժութեանց ծառայելու համար։

Այս է գործնականը. ծրագիրներ փոփոխելով ոչինչ կը շահուի։ Թող մեր գործնական ոգւով պարծող հարուստները երեւան գան, եւ թո՛ղ մեր թերթերն ալ, դիւրին քննադատութիւններէ այլ եւս հրաժարելով, լրջօրէն ու գործնականօրէն կարեւորն յղանան ու խրատեն։ Իսկ մեր տարրական նախակրթութեան համար պահանջեն վարժապետանոց, որպէս զի ծրագիրները գիտակցաբար գործադրուին ձեռնհաս ու արժանաւոր դաստիարակներու տակաւ աճեցուն թիւէ մը, որպէս զի մեր նախակրթարանները կարող ըլլան լաւագոյնս գոհացնել պէտքերու ամենէն նախնականն ու հիմնականը, ինչ որ իրենց յատուկ դերն է այն է արտադրել սերունդ մը, ո՛չ թէ շատ բան գիտցող արդէն, ո՛չ թէ արդէն արհեստաւոր կամ այլ ինչ, այլ սերունդ մը, որ, բնական կարողութեանց ու բնազդմանց իմաստուն ու բանաւոր մարզմամբ մը, լաւ խորհող, ազնուօրէն զգացող, օգտաբեր աշխատող ըլլալու ճամբուն մէջ դրուած ըլլայ։

(Սուրհանդակ, 1903, Թիւ 1403։)