Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

14. ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՔ

Ա.

Հրապարակի վրայ մերթ ընդ մերթ երեւան եկած թիւր ըմբռնումներէն մին է «գիտութիւն» բառով լոկ հասկնալ բնական գիտութիւնները, առ առաւելն կցելով անոնց Ուսողութիւնը, եւ կամ «գիտութիւն» բառին գործածութեան մէջ անձուկ իմաստը փոխել լայն, բացարձակ իմաստի. ինչ որ չէ բնագիտութիւն, տարրաբանութիւն, բնախօսութիւն, ինչ որ չէ բնապատմական ուսումներէն կամ չի վերաբերիր մաթեմադիքական ուսմանց՝ գիտութիւն չէ, եւ որովհետեւ դարս գիտութեան, գրականութեան դար է, խոտելի է, ու հետեւապէս դպրոցական ծրագրերէ վտարելի՝ վերոյիշեալ նիւթերէ դուրս ամէն առարկայ ուսման, գրականութիւն, իմաստասիրութիւն եւ այլ ո՛ր եւ է դասական ուսմունք, կամ թէ գէթ ուսմանց ճիւղերն երկուքի բաժնելով՝ այս վերջինները, իբրեւ ժամանաց ունեցողներուն։

Թէ ո՛րչափ սխալ ու անհեթեթ է մտածելու այսպիսի կերպ մը եւ իւր հետեւենքներուն մէջ ո՛րքան վնասակար՝ դաստիարակութեան ու մարդկային ընդհանուր զարգացման տեսակէտով, կ’ուզեմ ի յայտ բերել այս յօդուածին զանազան մասերով։

Լոկ բնական ու մաթեմադիքական ուսումները գիտութիւն ընդունիլ՝ գիտութեանց դաշտը կարի անձկացնել է, ի բաց հանելով անկէ գիտութիւններու ամբողջ ու բարձրագոյն աստիճանաւ կարեւոր դաս մը, այն է բարոյական եւ ընկերաբանական գիտութիւնները։ Այսպիսի յապաւում մը բնա՛ւ գիտական չէ, այլ ընդհակառակն գիտական խոշոր վրէպ մ’է։ Երեւելի գիտուններ գիտութեանց դասակարգութեան մէջ միշտ ինկատ առած են ֆիզիքական ու բարոյական աշխարհներու տարբերութիւնները, ու այդ երկու աշխարհներու երեւութից ուսումնասիրութեամբ պարապող գիտութիւններ զանազանած։ Նիւթին երեւոյթերուն եւ անոր օրէնքներուն քով դրած են հոգեկան, մտաւոր երեւոյթներն ու անոնց օրէնքները։ Հանքին, բոյսին ու անասունին գիտութեանց քով կան մարդուն եւ մարդկային ընկերութեան գիտութիւնները։ Խնդիր չէ բնաւ որ նիւթապաշտք ուզած ըլլան հոգեկան եւերոյթներու սկիզբն ալ նիւթը դնել ու անոր հետ առնչութիւնը բնութեան ալ նոյնութիւն համարիլ, ինչպէս եղած են ծայրայեղ գաղափարականք ալ, որպէս Պէրքլէյ, որք միասն գաղափարը համարած են իրական կամ գէթ ըմբռնելի մեզ համար։ Բնազանցութեան խնդիր մ’ղ այդ, ծագման ու սկզբան խնդիր, մարդկայինմտքին բարձրագոյն հետազօտութեանն հարկաւոր առ արկայ, որ կ’ապացուցանէ թէ ինքզինք դրական համարող գիտունն ալ ա՛յնքան բնազանցութեան հետամուտ է որքան ամենէն տեսլապաշտ իմաստասէրը։ Թաքուն ու խորհրդաւոր սկիզբէն յետոյ կան անկէ բխղած էութիւնները եւ անոնց մէջ տեղի ունեցող երեւոյթները, ու այս էութեանց եւ երեւութից մէջ մարդիկ, բնազանացական ի՛նչ դաւանութեան ալ պատկանած ըլլան պիտի ցոյց տանք թէ անտարբեր չէ՛ այս կէտն ալ, ընդհակառակն-, զանազանած են միշտ մարդը, իբրեւ բանաւոր ու բարոյական էակ՝ որ տիեզերքին մէջ օրէնք կ’ըմռբնէ ու խղճին մէջ պարտականութիւն, ուրիշ էակներէ որք կա՛մ անինքնագործ մարմիններ են՝ լոկ նիւթական յատկութիւններ ունեցող, եւ կա՛մ, թէ եւ գործարանաւորեալ ու ապրող, բաց իրենց բարձրագոյն տեսակներուն մէջ իսկ զգացմամբ ու խորհրդով անչափս հեռու մարդկային էակէն։ Ամբեռ, մեծ քանակագէտ ու բնագէտ, կ’որոշէր Տիեզերախօսական գիտութիւններու (Sc. cosmologiques) եւ Հոգեխօսական կամ մտախօսական գիտութիւններու (Sc. noologiques) երկու մեծ դասակարգեր։ Օկիւսդ Գօնդ, Դրական իմաստասիրութեան հիմնադիրը, որ մտաւոր երեւոյթներն իրենց սկզբան մէջ չէր տարբերեր նիւթական երեւոյթներէ, ամէնքն ալ նոյն բնութեան արտայատութիւնները, չէր մոռնար սակայն ընկերային գիտութեանց խումբը, ընկերաբանութիւնը, զոր կնճռոտութեան կարգով իր գիտութեանց դասակարգման մէջ ամենէն վերջ կը դնէր։ Օկիսւդ Գոնդ, գաղափարը դնելով զգացողութենէն ու զգայութիւնն ալ մարմնական վիճակէ մը, կը ժխտէր օրինաւորութիւնը բարոյական գիտութեանց խումբի մը առանձնական գոյութեան, բայց Սդուարդ Միլ իր նշանաւոր Լօժիքին մէջ կ’ըսէր. «Զգացողութեան անմիջական նախընթացը մարմնոյ վիճակ մ’է, բայց զգացողութիւնն ինքնին մտքի վիճակ մ’է։ Եթէ միտք (ոգի) բան մը կը նշանակէ՝ կը նշանակէ այն որ կ’զգայ։ Ի՛նչ կարծիք ալ որ ընդունուի նիւթին եւ ոգիին հիմնական նոյնութեան կամ զանազանութեան մասին, մտաւոր իրողութեանց եւ ֆիզիքական իրողութեանց, արտաքին աշխարհին եւ ներքին աշխարհին զատութիւնը պիտի մնայ միշտ իբրեւ խարիսխ մը դասակարգութեան»։

Ինչպէս բարոյական երեւոյթներուն լոկ նիւթական սկզբան հարցը չ’արգիլեր գոյութիւնն ու օրինաւորութիւնը բարոյական գիտութեանց, նոյնպէս եւ բարոյական կամ հոգեբանական երեւութից ո՛ր եւ է համապատասխան առնչութիւնիք ֆիզիքական կամ բնախօսական վիճակներու եւ փոփոխմանց հետ՝ չեն կրնար շփոթել տալ առաջինները վերջիններուն հետ ու նանոց առանձինն ուսումնասիրութեան հարկն ու պէտքը բառնալ։ Ի հարկէ հոգի եւ մարմին սերտիւ միացեալ ու գիրկընդխառն են մարդուն մէջ, ֆիզիքականն ու բարոյականն իրենց փոխադարձ ազդեցութիւններն ունին. բայց բնաւ չենք կրնարն ըմբռնել թէ նիւթին ու մարմնոյն ծանօթութիւնը բաւէ հոգւոյն կեանքը ճանչնալու համար։ Գանկաբանք կը յաւակնին ուղեղին զանազան ծալքերուն մէջ տեղաւորել հոգեկան կարողութիւններն ու ան ոնց համապատասխան արտաքին ուռոյցներ նշանակել գանկին վրայ, եւ բնախօսք կը ջանան գիտակցական երեւոյթներու համընթաց ֆիզիքական կերպափոխումներն ուսումնասիրել եւ ջղային բջիջներու ու կեդրոններու մէջ փնտռել անոնց կայանները։ Բայց այդ ամէնքն, մեծաւ մասամբ դեռ ենթադարական, եթէ հիմնովին ճիշդ ալ ըլլան, կը ծառայեն միայն հոգւոյն ու մարմնոյն յարաբերութեանց հինաւուրց ծանօթ խնդիրն աւելի եւս լուսաւորելու եւ փոխադարձ նշաններու թիւն աւելցնելու, որով եւ անշուշտ օգտակար խելամտութեանց յանգելու, բայց բնաւ չպիտի կրնան ուղղակի ծանօթութիւն տալ մեզ մեր հգույն մէջ անցած դարձածին։ Եթէ գիտակցութեան միջոցաւ արդէն իսկ մարդը իր ներքին կեանքին, իր զգայնութեան, իր մտածմանց ու կամեցողութեանց վերահասու չըլլար, ի՞նչպէս պիտի բերուէր իսկ անոնց ֆիզիքական պայմանները խուզարկելու։ Գիտակցութիւնն արդարեւ առաջին ու անհրաժեշտ միջոցն է հոգեբանական ծանօթութեան։ Արդէն բնախօսական ու հոգեբանական երեւոյթներն եւ անոնց ուսումնասիրութեան մեթոտներն է ապէս զատող բանն այն է որ զգայարանաց միջոցաւ կ’ըմբռնուին բնախօսականք, իսկ ներքնահայեցութեամբ, գիտակցութեամբ՝ հոգեբանականք։ Այդ անձնական ուղղակի ծանօթութիւնն է հիմն որու վրայ հանգիտական ու բաղդատական ուսումնասիրութեամբք կանգնած է մարդկային ընդհանուր բարոյկան բնութեան գիտութիւնը, Հոգեբանութիւնը, ու անո՛ր հիման վրայ ալ բարոյական եւ ընկերական միւս գիտութիւնները, Տրամաբանութիւն, Բարոյագիտութիւն, Գեղեցկագիտութիւն, Կրօնից եւ Լեզուաց գիտութիւն, Պատմութիւն, Դաստիարակութիւն, Իրաւագիտութիւն, Քաղաքագիտութիւն, Քաղաքական Տնտեսութիւն։

Բ.

Երեւոյթները բացատրել, օրինաց խելամտել ո՛չ միայն հետաքրքրութիւն գոհացնելու խնդիր մը եղ ած է մարդկային էակին համար, այլ եւ իր գոյութիւնն ու զարգացումն ապահովելու խնդիր մը։ Իր ֆիզիքական ու բարոյական էութեան բազմապատիկ պահանջները պիտի գոհացնէ նա իր գիտութեան ափով, կիրառութեամբքն իր ծանօթութեանց, այն հետեւութեամբք զորս դուրս պիտի հանէ իր կազմած սկզբունքներէն։ Այս հարկին տակ, որքան անշուշտ ամէն բան հասկնալու ազնիւ տենչով որ դարձեալ ան ալ մարդուն՝ իբրեւ բանաւոր էակի՝ մի պէտքն է, մարդկութիւնը քալած է լուսով ու մութով խառն ճամբէ մը, միշտ իր շուրջն ու իր մէջ տակաւ աւելի լոյս ընել ջանալով, ճշմարտութեան փոքր նշոյլներն ալ չարհամարհելով՝ երբ չէ կարող աւելի պայծառութեան հասնիլ, մանաւանդ գիտնալով թէ անոնց հաւաքմամբ պիտի կազմուին մեծագոյն լոյսերը, հաւանականութեամբք գոհանալով ու ենթադրութեանց դիմելով՝ երբ ստուգութիւնը կը պակսի կամ կ’ուշանայ գալ։ Այսպէս եղած է ծանօթութեան ամէն դաշտերուն մէջ. այսպէս նաեւ, ի մէջ այլոց, բարոյական գիտութեանց դաշտին մէջ։ Կարելի՞ է արհամարհել զանոնք, կարելի՞ է զանց ընել զանոնք։ ԳԻտութիւն ընդհանուր կերպով, երջանկութիւն, առաքինութիւն կամ բարութիւն մարդուն տենչացած ու յարգած երեք մեծագոյն բարիքներն են, ուստի եւ մարդկային կեանքի նպատակները, որք կը պատասխանեն մարդկային հոգւոյն ալ երեք գլխաւոր կարողութեանց կամ յատկութիւններուն, - գիտութիւնը՝ իմացականութեան, երջանկութիւնը զգայնութեան, եւ առաքինութիւնը կամ բարութիւնը՝ կամքին կամ բարոյականութեան։ Այս նպատակներուն երթալու համար հարկ է մարդուն ճանչել իր մտքին օրէնքներն եւ սահմանները, իր զգայնութեան բնազդներն ու ձգտումները, իր կամաւոր ու բարոյական գործունէութեան պայմանները։ Նոյն իսկ արտաքին աշխարհը ճանչնալու պայմանն ինքզինքն ու իր կարողութիւնները ճանչնալն է. գիտութեան սկիզբն ու հեղինակը մարդն ինքն է։

Կրնա՞յ գիտութեան հասնիլ, կրնա՞յ վստահիլ իր մտքին. իր միտքն ի՞նչ պայմաններու մէջ խորհելով կարող է ճշմարտութիւնը գտնել. կա՞ն կամ կրնա՞ն կազմուիլ իր բանականութեան մէջ, կզբունքներ որոց ստուգութիւնը բացարձակ ըլլայ, եւ որք կարենան անվրէպ կանոնն ըլլալ իր մտքին ու անդրդուելի խարիսխն իր գիտութեան։ - Բազմաթիւ ու ընդդիմամարտ հակումներով ոգեւորուած մարդն իր երջանկութեան տիրական փափաքն ինչպէ՞ս կրնայ գոհացնել եւ ո՞ւր պէտք է փնտռէ իր երջանկութիւնը. բնաւ իսկ կա՞յ երջանկութիւն երկրի վրայ, ու ի՞նչ են անոր պայմանները. կարելի՞ է՝ հակառակ տառապանաց՝ լաւատես մնալ կեանքին եւ անոր վախճանին համար, թէ ոչ հարկ է, երջանկութեան անիրանալի երազին ու անիմաստ կեանքի մը հանդէպ, յոռետեսութեամբ վարակուիլ, հեգնութեան ծաղրը շրթանցը վրայ կամ անէացման փափաքը սրտին մէջ։ Ու մարդկութիւնն իր հաւաքական կեանքին մէջ կրնա՞յ յաւակնութիւնն ունենալ հաշտութեան, ներդաշնակութեան, երանութեան իտէալի մը, ու ի՞նչ կրնային ըլլալ այդպիսի իտէալի մ’աստիճանական իրագործման համար պահանջուած ընկերային իմաստութեան կանոնները, կամ թէ արդեօք իրա՞ւ մարդկային ընկերութիւնը դատապարտուած է եսամոլ կրքերու եւ շահերու աղիտաբեր պայքարը մղելու յաւիտենապէս։ - Ի՞նչ է բարին զոր մեր կամքին ու գործունէութեան կանոն կը դաւանինք, եւ ինչո՞ւ պարտաւորիչ է՛. ինչպէ՞ս պէտք է ըմբռնել զայն իբրեւ սկզբունք եւ անկէ բղխած արդարութեան եւ սիրոյ կանոնները. ուրկէ՞ կը բղխի բարոյական օրէնքին բացարձակութեան հանգամանքը, եւ այդպիսի օրէնքի մը գոյութեան անհրաժեշտ պայման մարդուն բարոյական անձնիշխանութիւնը ինչո՞վ կ’ապացուցուի. բարոյական իտէալը զոր կ’ըմբռնենք մեր բանականութեան ու խղճքին մէջ եւ ուրկէ կը բղխին բարոյական շարժառիթն ու պարտականութիւնը՝ իր բացարձակութեան մէջ բարոյկան բարիի մ’աստիճանական յայտնութի՞ւնն է, դէպի գերագոյն վախճան մը առաջնորդող զմարդ ու տիեզերական կարգին մէջ յատուկ դեր մը տուող բանաւոր ու ազատակամ մարդուն գործակցութեան, այդ բարին ալ Գերագոյն կամքի մ’արտայայտութիւն, Գերագոյն Օրէնսդրի մը գործ, որ իրեն վերապահէ վերջնական արդարութիւնը՝ անդրագոյն կեանքի մը կամ կեանքերու թողած փորձերու վախճանն եւ բարւոյն կատարեալ յաղթանակը, թէ ոչ բացարձակ բարի, բացարձակ պարտականութիւն, գրեագոյն էակ, օրէնսդիր, գերագոյն վախճան կամ կատարելութիւն, բարոյական աղիկամութիւն, անմահութիւն կամ հատուցում, լոկ բառեր ու ցնորքներ են, ու ամէն ինչ կոյր, դիպուածական ու աննպատակ շարժման մ’ենթարկուած է, միակ բարին ու կանոնն ըլլալով մարդուն համար հաճոյքը՝ ուր կը մղուի ճակատագրապէս, զօրութեանն աստիճանաւ վայելելու պայմանին ներքեւ։ - Ի՞նչ է դարձեալ գեղեցիկին գաղափարը, որով կ’որոկենք իրերն ու գործերը մեր հոգւոյն հետ իրենց վերաբերմանը մէջ, որուն դարձեալ բացարձակութիւն մը կ’ընծայենք, զոր հիմ եւ սկիզբ կ’ընենք մեր ճաշակագիտական դատաստաններուն, որ խանդավառ պաշտամունքի ու բարձրագոյն վայելքի առարկայ մ’է մեզ համար, եւ բոլոր գեղարուեստներուն աղբիւրը։ Հաճելւոյն կամ օգտակարին հրապո՞յրն է, թէ ճշմարտին կամ բարւոյն փայլը. բայց ի՞նչ է որ անոնց խառնուելով հանդեր՝ դարձեալ կը մնայ անջատ եւ ինքնաբուն. ի՞նչ է մանաւանդ ընկերականութեան մէջ գեղարուեստին դերը, եւ այլն։

Այս հարցերուն կարեւորութիւնը բարձրագոյն ու կենսական է, վասն զի նոյն իսկ կեանքին նպատակներուն կը վերաբերին, եւ անոնց լուծման եւ ըմբռնման կեպրէն կախում ունի մարդուն եւ ընկերութեան իրենց կարողութեանց եւ ուժերուն կիրառման տալիք ուղղութիւնը, լաւ կամ յոռի, արդիւնաւէտ կամ վնասաբեր, բարձրացուցիչ կամ ստորաքարշ։ Հոգեբանութիւնը, Տրամաբանութիւնը, Բարոյագիտութիւնը, որք Բնազանցութեան հետ ի մասնաւորի կը կազմեն Փիլիսոփայական գիտութիւնները, ասո՛նք են ահա որք սկզբնաբար կը մշակեն այս հարցերը, կը ջանան պատասխանել անոնց, ու անոնց տուած պատասխաններն են որ իրենց սկզբունքները կը մատակարարեն ո՛չ միայն բարոյական բոլոր միւս գիտութիւններուն, այլ նոյն իսկ գիտութեան առհասարակ, իբրեւ տիրական ու առաջնորդող գիտութիւններ։ Բոլոր գիտութեանց վրայ, առանց բացառութեան, կը տիրապետէ Տրամաբանութիւնը, որմէ անոնք իրենց մեթոտները կը քաղեն, կամ, այսպէս ըսենք, Տրամաբանութիւնն է որ մասնաւոր ուսման ու քննութեան առարկայ կ’ընէ մտքին րէնքները ու անոր գործելու այն կերպերն ու պայմանները որոք կարող կը լինի՝ առարկային համեմատ՝ յաջաղապէս փնտռել ճշմարտութիւնը, գտնել ու ապացուցանել զայն՝ երբ կարելի է, եւ կամ ճանչնալ թէ կը վրիպի, ու զանազանել գիտական սոտյգ ճշմարտութենէն ինչ որ ենթադրութիւն կամ հաւանականութիւն է միայն։ Բարոյագիտութիւնը պիտի տայ մարդուն գործերու մէջ ընտրութեան լաւագոյն սկզբունքները, որք պիտի ըլլան ուղեցոյցներն իր անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին, եւ որք ազգերու պիտի ցուցնեն իրենց փոխադարձ յարաբերութեանց, իրենց տնտեսական մրցմանց ու յառաջդիմական պայքարներուն մէջ լաւագոյն քաղաքագիտութիւնը։ Վերջապէս, հոգեբանական գիտութիւնն է, որ, մարդը լաւագոյնս ճանչցնելով մարդուն, անոր ճշմարիտ բնութեան, զօրութեանցն ու տկարութիւններուն, ճակատագրին, անոր ձգտումներուն ու պէտքերուն վրայ լոյս սփռելով, անոր դաստիարակութեան, անոր օրէնսդրութեան, անոր գրականութեան ու արուեստին հիմերը կ’ընծայէ, եւ դէպ ի գիտութիւն, առաքինութիւն եւ երջանկութիւն անոր ճամբայները կը պայծառացնէ ու կը բեղմնաւորէ։ Տրամաբանութիւն եւ Բարոյագիտութիւն մէկ մէ մարզերն են Հոգեբանութեան, ուրկէց առնլով իրենց նիւթն ու առաջին սկզբունքները, մին՝ բանականութիւնն իր առաջին ճշմարտութիւններով ու միւսը՝ պարտքի ու բարւոյ սկզբունքները, ընծայօրէն կ’իմաստասիրեն իրենց հետեւութիւնները ու կը կազմեն, Ուսողութեան նման, շղթան իրենց զուտ ու կիրառեալ ճշմարտութեանց։ Իսկ Հոգեբանութի՞ւնը. ան որո՞ւ կը պարտի իր ծանօթութիւնները, եւ ի՞նչ են իր քարոզած ճշմարտութեանց երաշխիքը։ Հոգեբանութիւնը, իբրեւ ուսումը մտքին կարողութեանց ու գործողութեանց, սրտին հակումներուն եւ յոյզերուն ու գործունէութեան զսպանակներուն, փորձառական գիտութիւն մ’է ինչպէս բնագիտութիւնն ու բնական պատմութիւնը, ու ասոնց պէս խելամտական (inducti) մեթոտով իր օրէնքներուն յօրինուածը կը հիւսէ, միայն թէ հոս փորձառութեան սկիզբն եւ հիմը գիտակցական՝ ներքնահայեցական փորձառութիւն է, ինչպէս վերն ըսնիք։ Հոս ալ կը գործեն դիտողութիւն, բաղդատութիւն, փորձարկութիւն, վերլուծում ու համադրում, բարդ ու մասնաւոր երեւոյթներու մէջէն դուրս բերելու համար ընդհանուր իրողութիւնը, օրէնքն ու օրէնքին ընծայական (déducti) հետեւութիւնները, բայց երեւոյթը նիւթական ու արտաքին չեն, այլ ներքին ու աննիւթական, ոչ թէ առարկայական այլ ենթակայական, ու միայն առնչակից ֆիզիքական երեւոյթներու հետ։ Բայց ինչպէս մաթեմադիքական ու բնական գիտութեանց սկիզբը կը յանգի բնազանցութեան, ինչպէս մաթեմադիկոսն իր առածներուն ծագումն ու վաւերականութիւնը, բնագէտն՝ իր նիւթին ու զօրութիւններուն, եւ բնախօսը՝ կեանքի ու գործարանուորութեան սկիզբը քննել ուզած ատեն, ստիպուած են կանգ առնուլ իրենց յատուկ միջոցներուն անբաւականութեան առջեւ, նոյնպէս փորձառական Հոգեբանութիւնը կանգ կ’առնու հոգւոյն բնութեանն ու ծագման, բանականութեան սկզբունքներուն բաց արձակութեան, րստին անձուկներուն անհունութեան, պարտաւորութեան րէնքին վճռական հրամայողութեան խնդիրներուն առջեւ, ու միտքը, նոյնքան անկարող ժամանակի ու միջոցի մէջ սահմանափակ փորձերով զանոնք մեկնելու որքան զանոնք հերքելու, ըստ որում կը հարկադրուին անոնք իրեն՝ մեկնելու համար ճշմարտին հաւատքը, պարտքին նուիրականութիւնը, գեղեցկին ու սիրոյն խանդը՝ կ’ապաւինի իրեն զուտ բանաւորական դէմյանդիման տեսութեանցն ու լոյսերուն, ու կը հաստատէ տեսանելիէն անդին անտեսանելի մը, յարաբերականէն ու պայմանաւորէն անդին բացարձակ մը, վերջացող կեանքէն անդին գոյութեան անվերջութիւն մը, մարդկային բանականութեան աղբիւր գերագոյն իմացականութիւն մը, արարչութեան նպատակ մը ու վախճան մը, իբրեւ իմացական էակի մը, Աստուծոյ, գործին։ Բնազանցութիւնն է այս, գիտական եւ իմաստասիրական հայեցողութեանց վերջին սահմանը, ուր ամէն գիտութիւն կը յանգի հարկաւորապէս ու կը մխուի գերագոյն ու ինքնասեռ գիտութեան մը, փիլիսոփայական հաւատքի մը մէջ, դրացի կրօնականին։

Գ.

Կարգ մը դրականներու բարոյական գիտութեանց օրինաւորութիւնը մերժելու համար յառաջ բերած մէկ փաստն ալ անոնց մէջ տեսութեանց յաճախ աւելի կամ նուազ վիճելի, ճշմարտանման ու ենթադրական հանգամանքն է, մինչդեռ չափագիտական ու բնագիտական ճշմարտութիւնք սեղմ ճշգրտութիւն ու ամրութիւն մ’ունին, ապահով մեթոտներու կիրառման արդիւնք։ Ուստի կարելի՞ է գիտութեան անունով պատուել այդպիսի երկբայելի հաւաստումներու ամբողջութիւն մը։ Նախ՝ ճշմարտանման կարծիք, հաւանական թուիք ու ենթադրութիւն, հակընդդէմ տեսութիւններ դրական գիտութեանց սահմանին մէջ ալ իրենց գոյութեան լայն բաժինն ունին, մանաւանդ երբ գիտունը կը ձեռնարկէ մեկնել ծագման, զգացական կեանքի, հոգեխառն իրողութեանց խնդիրներ։ Ի՞նչ է Տարվինականութիւնը, եթէ ոչ բնապատմական խոշոր ենթադրութիւն մը։ Երկրորդ՝ անհնար է ուրանալ որ մարդկային միտքը աներկբայելի ճշմարտութիւններու շարքեր ձեռք բերած է հոգեբանական, տրամաբանական, բարոյական, տնտեսական, իրաւաբանական, պատմական, աշխարհվարական, մանկավարժական խնդիրներու մասին, եւ եթէ միշտ շատ անհամաձայնութիւններ, տարակոյսներ ու մթութիւններ կան ու պիտի ըլլան այդ սահմաններուն մէջ, պատճառն այն է որ բարոյական գիտութեանց առարկայ եղող իրողութիւնք ինքնին ամենէն բարդերն են իրողութեանց, ամենէն նուրբերը, ունենալով իրենց կնճռայօդ կապերը մեքենական ու կենսական գործողութեանց հետ, շատք նիւթական ու արտաքին տարրերով խառնուած, ու հետեւապէս նո՛յնքան կը դժուարանայ ու կը կնճռոտի անոնց յարաբերութեանց ու օրինաց ուսումնասիրութիւնը։ Բայց դժուարութիւնը պատճառ մը չէ զանոնք անտեսելու եւ լքանելու, մանաւանդ որ մարդուն մէջ գործունէութեան բարձրագոյն ձեւին, բարձրագոյն կեանքին կը վերաբերին ու կ’իշխեն անոր ճակատագրին։ Իսկ բնազանացական խնդիրներն իրենց բնութեամբն իսկ դրական գիտութեանց գետինը չունին իրենց ոտքին տակ. տեսանելւոյն, շօշափելւոյն հորիզոնը կ’անհետի. բայց ինչո՞ւ Տիեզերագրութիւնն ալ, մաթեմադիքական բնական գիտութիւն մը, երբ մեր աչաց ու հեռադէտ գործեաց տեսութեան ծիրը կը սահմանափակուի, անկէ անդին միշտ միջոց, միշտ գոյութիւն, միշտ շարժում կ’ենթադրէ, կը հաւատայ, անսպառ, անվերջ։ Ինչո՞ւ ամէն կարգի գիտունք ալ գոյութեան ո՛չ սկիզբ ո՛չ վախճան կ’ընդունին, թո՛ղ ըլլայ այն նիւթին համար միայն։ Ո՞ր փորձառական ծանօթութիւնք կրնա՞ն ինքնին համարձակեցնել միտքը յաւիտենական իրողութեանց հաւաստման։ Այդպիսի հաւաստումներ ո՛ւրկէց ալ գան՝ բնազանցական են, զուտ բանական (rationnel) տեսութեանց ադրիւնք։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ, մարդուն գիտութիւնը բնազանցութենէ չի կրնար անցիլ, անոր մէջ ունի իր սկիզբն ու վախճանը, նա ամէն ուղղութեամբ փիլիսոփայութեան կը յանգի, որ, իբրեւ գիտութեանց գիտութիւնը, սկզբան ու վախճանի հետախոյզ, բացարձակին զգայարան, կը կանգնի, միշտ իր վերին գահին վրայ, միշտ իր իրաւանց տէր, ամէն մասնաւոր գիտութիւններուն վերեւը։ Ի զուր դրական իմաստասիրութիւնը կը յաւակնէր յապաւել բնազանցութիւնը. ինքզինքին տուած «իմաստասիրութիւն» անունն իսկ ատոր անկարելութիւնը կը հաստատէր։ Օկիւսդ Գոնդ, անոր հիմնադիրը, զգալով որ մարդկութիւնը առանց իտէալի չէ կարող ապրիլ, որպէս գիտենք, «Մարդկութեան կրօնքը» հիմնեց իր սուրբերովն ու տաճարովն ու պաշտամունքով։ Բան մը կ’ընդունէր ապա որ բացարձակ արժէք մ’ունէր, պաշտուելու արժանի, ու ինք կը հիմնէր բարոյականը անձնուիրութեան վրայ, ինք կ’ստեղծէր altruisme (այլասիրութիւն) բառը, բարոյական պարտքն արտայայտող, ու կա՞յ բնաւ պարտականութիւն, առանց բացարձակ բարիի մը հաւատքին. հիմնապէս, ներքնապէս, բարոյապէս բացարձակը միայն կրնայ ունենալ պարտաւորիչ հանգամանք, ուր բացարձակ ընդունիլ՝ միշտ բնազանցութիւն ընել ասել է։ Աւելորդ է «գիտական» մակդիր մը կցել փիլիսոփայութեան, վասնզի ամէն փիլիսոփայութիւն գիտական է. միշտ տեսլականը դրականին ընդլայնումը, շարունակումն ու վերջին մեկնութիւնն է, հետեւապէս եւ կ’ենթադրէ ի հարկէ անոր ծանօթութիւնը, բայց այդ դրականը անբաւական է ինքն իր մեկնութեան։ Փիլիսոփայութիւնը, ամենէն հոգեպաշտականը, չի մերժեր բանաւորական գիտութեանց բերած լոյսերը. բայց դրական, փորձառական ծանօթութեան յաւելումները չեն կրնար լնուլ խորհուրդին (mystère) անդունդը, որուն մէջ նայելու համար մեր բանականութեան լոյսը, անոր բնազդներն, ու անոր ալ անծանօթ սրտին փաստերը վասնզի, Փասքալի բառով, «le coeur a ses raisons que la raison ne connaît pas”-, ատոնք միայն ունինք։ Աղօտ, երերուն լոյս, բայց թանկագին, վասնզի ան է միայն մեր լապտերը անդրագունին, բացարձակին ստուերներուն մէջ։ Բայց եթէ բացարձակն յղանալէ մարդ չի կրնար հրաժարիլ, նոյն իսկ դրական իմաստասէրը, ինչ որ արմատական սկեպտութիւն մը պիտի ըլլար՝ ամէն գիտութեան ալ հիմերը տարակուսանաց մատնող առկախող, սակայն այդ յղացումը կրնայ այլեւայլ կերպով ըլլալ, աւելի կամ նուազ բանաւորապէս բացատրող կեանքն ու տիեզերքը, աւելի կամ նուազ ողջամիտ ու բարերար ուղղութիւնը տուող անհատական ու ընկերային կեանց։ Երբ Հէկէլ տարտամ գաղափար (Idée) մը դնէ ամենայնի սկիզբը, որ, ինքզինքին անծանօթ, աննպատակ, առխարխափ, կ’իրականանայ տակաւ բնութեան ու պատմութեան մէջ, ի հարկէ կը մերժէ վախճանական բարւոյ սկզբունքը, ու լոկ գոյութեամբ կ’արդարացնէ ամէն ինչ որ եղած է ու կը լինի անցեալ ու ներկայ իրականութեան մէջ, իրականը շփոթելով տեսլականին հետ ու ամենէն բիրտ իրականութիւնն ալ իր հնարաւորութեան բացատրութեանը մէջ կը գտնէ իր նուիարականացումը։ Երբ Դրականութիւնը միայն փորձառականութեան սահմաններուն վերածէ մարդկային հետաքրքրութիւնն ու գիտութիւնը, ու խարտէ անկէ անդին բանի մը չհաւատալ կամ գէթ հրաժարիլ փորձելէ աւաելի հեռուն մղել մեր տեսութիւնը, անհիմն կը թողու բացարձակ հաւատքի մը պէտք ունեցող ամենէն հիմնական, ամնէն կենսական ու ան հրաժարելի բաները, զորս ակնարկեցինք վերեւ մեր յառաջ բերած հարցերուն շարքին մէջ, ու այն ատեն ի՞նչպէս, նոյն իսկ ըստ իրեն, բացարձակ նուիրականուիթիւն մը կրնայ ունենալով մարդկութիւնը ինքն ալ յարաբերական անցաւոր երեւոյթ մը իբրեւ կրօնքի մ’առարկայ ու անոր սէրն ալ՝ բացարձակ պարտաւորութեան հանգամանք մը։ Վերջապէս երբ Նիւթապաշտութիւնը նիւթը միայն դնէ բացարձակ սկիզբ եւ աղբիւր ամէն զօրութեանց, ի՞նչպէս կրնայ մեկնել զգացումը, խորհուրդը, արդարութիւնը լոկ նիւթին զօրութեանց կերպարանափոխումներով, անկենդանին անցքը կենդանաւորին, շարժման անցքը խորհուրդին, ֆիզիքական ճակատագրականութեան անցքը բարոյական օրէնքի ազատակամ հնազանդութեան։ Ահա՛ ասոր համար տեսլապաշտ բնազանցութեան մը, բանաւորական ըմբռնումը, հոգեպաշտ իմաստասիրութիւնը կը հարկադրուի մեզ իբրեւ բանաւորագոյն, որ բարձրագոյնով կը մեկնէ ստորնագոյնը, գերագոյն զօրութիւն մը դաւանելով ամենուն սկիզբը, անկէ յղացուած գերագոյն բարի մ’ամենուն ծայրը, անոր իմացականութեան ու կամքին արտայայտութիւն կարգն ու օրէնքը բնութեան, բանականութիւնն ու խիճղը մարդուն, իտէալն ու յառաջդիմութիւնը ամենուն մէջ, եւ անոր մեր մէջ տածած կատարելատենչ խորհրդաւոր աւիւնին արդիւնք կրօնքն ու բանաստեղծութիւնը։

Եւ ահաւասի՛կ բարոյական եւ իմաստասիրական ուսմանց կարեւոր դերը, իբրեւ գիտութիւնը մարդուն եւ ընկերութեան, իբրեւ մարդկային մտաց օրինաւոր ճիգերն՝ համադրելու գոյութիւնն ու գիտութիւնը, փորձառական իրականութիւնն եւ զմեզ կապելու բացարձակին հետ, եւ իբրեւ լոյսեր, իր ճակատագրին իրացման մէջ, մարդուն ջանքերն ուղղող ու զօրացնող։

Կրթութիւնը, որ միանգամայն դաստիարակութիւն պէտք է ըլլայ, պարտի այդ առաջնորդող ծանօթութիւններով զինել կեանքի լուրջ ասպարիզին պատրաստուող նորահաս ոգին, որ մեքենական անխորհուրդ զօրութիւն մը չէ, եւ որ, սակայն, առանց սկզբունքի մնացած կամ գէշ առաջնորդուած, կրնայ ապրիլ կեանքը երկրաքարշ ըմբռնումով, առանց բարւոյ հաւատքին ու ըղձին, որք միայն կրնան նշանակութիւն եւ նպատակ տալ բարոյական կենցաղի մը, եսական անձուկ կեանքին տեղ բարեացակամ լանածիր կեանքի մը հորիզոնը բանալ, ու ամէն ազնիւ հոգիներուն, ու իրեն ալ՝ եթէ կամի, աջակցութեամբ բարոյական ու ընկերական աշխարհին մէջ աստիճանաբար աճող ընդհանուր բարիով մ’անհատին տառապանքներէն սփոփուելու օճանն ու ոյժը դնել մարդուն մէջ, - հէք վաստակեալ գործաւոր զոր վարձատրէ ու սրտապնդէ իտէալի շինուածին տակաւ բարձրացումը։ Այս դերը կը կատարէր երբեմնի դաստիարակութեան մէջ կրօնական ուսուցումը, որ այսօր ալ իր դերն ունի բոլոր քաղաքակրթեալ աշխարհի դաստիարակութեան մէջ, բայց, ինչպէս ժամանակին փիլիսոփայական դպրոցներուն, ակադեմիաներուն ու գիմնազներուն մէջ, իմաստասիրական ու բարոյագիտական բարձրագոյն ուսուցմամբ մը, յառաջացեալ ուսանողին միշտ ջանացուած է տալ բանաւորական հաստատութիւն մը բազանցական սկզբանց, ապա եւ կրօնքի ու բարոյականի հիմերուն, հիմա ալ հիմա մանաւանդ որ մտքերու վրայ կրօնական հաւատալեաց ազդեցութիւնը նուազած է ա՛յնքան մի եւ նոյն բանը կ’ընեն քաղաքակրթեալ ազգերն իրենց լիկէոններուն, գիմնազներուն, գոլէճներուն, ճեմարաններուն մէջ հաստատելով բարոյական եւ իմաստասիրական գիտութեանց դասեր։ Գացէք Զուիցերիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Անգլիա եւ Ամերիկա, ամենուրեք պիտի տեսնէք միջնակարգ վարժարանց մէջ Հոգեբանութեան, Տրամաբանութեան, Բարոյագիտութեան, Իմաստասիրութեան Պատմութեան դասընթացքներ. միայն Գերմանիա այդ ուսումները կը վերապահէ Համալսարանին, ու գիտենք թէ ա՛յնքան շատ ու իրարու մօտ են Համալսարանք ի Գերմանիա, եւ գերման ուսանող երիտասարդութիւնը գունդագունդ կը դիմէ հետեւիլ փիլիսոփայական դասերուն։ Ու անշուշտ աղէկ կ’ընեն. իմաստասիրական ոգին բարձրագոյն կարողութիւնն է մարդուն. առանց անոր չի կրնար ըլլալ ճշմարիտ զարգացում ու քաղաքակրթութիւն. իր մոլորումներուն մէջն իսկ պատիւն է մարդկային մտքին, վասն զի իր խարխափանքին մէջ ալ անշահախնդիր տենչն ու խոյզն է բացարձակօրէն ճշմարտին։

Դ.

Այդ (իմաստասիրական) ոգին եղած է մարդկային յառաջդիմութեան հրեշտակը. գիտութիւններն անոր զաւակներն են. Արիստոտէլներու, Պագոններու, Տէքարդներու ձեռքով անոր ի վեր հանած ու ճշդած տրամաբանական մեթոտներն են որ գիտական հետազօտութեանց ապահով ու արգասաւէտ ուղղութիւն ընծայած են. կրօնք, օրէնսդրութիւն, ընկերային կարգ ու սարք, տնտեսական յարաբերութիւնք, բարք, գրականութիւն ու գեղարուեստը անոր տիրապետղող եւ ուղղող առաջնորդութեան տակ կը բարեշրջին, իմաստասէրին աշխատութեան հանդարտիկ, խոնարհ այլ բարձրահայեաց խցիկէն առաջնորդող գաղափարները դուրս ելնելով, դիւրահասկանալի ու գործնական ձեւ առնլով, տակաւ ծաւալելով, տակաւ թափանցելով իմացական խոնարհագոյն խաւերուն մէջ, դպրոցին, բեմին գիրքին ու արուեստին միջոցաւ։ Պատմական գիտութիւնը ժամանակներու ոգին ու անոր արդիւքները տիրող փիլիսոփայական գաղափարներու մթնոլորտով կրնայ մեկնել հինմապէս։ Կրօնքներն իրենց պարունակած փիլիսոփայութեան չափոն ու որակովը կը բաղդատուին ու կը դատուին։ Չկայ մեծ գիտուն, մեծ բանաստեղծ, մեծ արուեստագէտ, առանց իմաստասիրական դաւանանքի, առանց ունենալու կեանքին ու տիեզերքին վրայ իր բնազանցական տեսութիւնը։ Գործնական մարդեր ըլլալ կ’ուզուի. արդ, պէտք է գիտնալ թէ գերազանցօրէ՛ն գործնական են այն ուսումներն որք լուրջ, ողջամիտ, պարկեշտ, բարի, քննասէր ու լաւատենչ մարդեր ըլլալու կանոնները կու տան մեզ, անոր իղձն ու տրամադրութիւնը կը զօրացնեն մեր մէջ։ Ճշմարտապէս գործնական մարդերը, անոնք որ միայն իրենց շահուն համար գործնական ու այլոց մասին ատնարբեր կամ վնասաբեր չեն, անոնք են որ ամէն բանէ յառաջ մարդեր են, մարդկային կարողութիւններն ու յատկութիւններն իրենց մէջ զարգացուցած ու ազնուացուցած մարդեր, ու Մարդկային Ուսումներն (les Humanités) են, որպէս կը կոչուին գրական եւ իմաստասիրական ուսումները, որք ամենէն աւելի կը նպաստեն այդ նպատակին։ Երբ միայն նիւթապէս շահելու եւ նիւթին տիրելու տանող գիտութեանց հետամտինք, զանց առնելով գիտութիւնն այն բաներուն որք հոգւոյն, մեր մէջ եղած բարոյական էակին կը վերաբերին, յայտնի է թէ լայնապէս ըմբռնուած ու լաւ հասկցուած գործնականութեան մը տեսակէտով սխալ մը կը լինի. նիւթին գիտութեան մէջ զարգացած բայց հոգւով խոպան մարդը կրընայ վտանգաւոր ոյժ մ’ըլլալ ընկերութեան եւ իր անձին։ Ճշմարիտ կրթութիւնը ներդաշնակ զարգացում կը պահանջէ, համերաշխաբար տրուած ուղղութիւն մը կ’ենթադրէ խորհելու, զգալու եւ գործելու կարողութեանց։ Դաստիարակութիւնն արհեստ (métier( մը չէ որ կը տրուի դպրոցականին ձեռքը, այլ բարերար գործունէութեան խորհդածեալ տրամադրութիւն մը, կամ, եթէ կ’ուզէք, ապրելու արհեստն է, արհեստներու արհեստը։ Ուստի պէտք չէ ընել զայն միակողմանի ու կիսատ. նոյն իսկ մարդը պիտի ծայրատուէր։ Բուն դաստիարակութեան շրջան մը, ինչպէս է մինչեւ երկրորդական կրթութեան վախճանը տրուածն, պէտք է լինի ամբողջական. մասնագիտութիւնը, իր ամէն աստիճաններուն մէջ, դպրոցէն ետքի գործ է, Նախակրթարանէն կամ Ուսումնարանէն ետքի։ Դաստիարկութիւնը ամբողջութիւն մ’է, բոլորակի մը պէս որ կրնայ լայն կամ ամփոփ տարածութիւն ունենալ, բայց որուն շրջանակը միշտ 360 աստիճան ունի։ Զարգացած անհատին պատրաստութեան մէջ ուսողական եւ բնական գիտութիւնք, դպրութիւնք եւ իմաստասիրական ուսմունք պարտին իրենց բաժինն ունենալ, պայմանաւ որ իմաստնաբար ուսուցուին, ու միայն յիշողութիւնը չծանրաբեռնեն, այլ ուսանողին դատողութիւնը, ինչհպէս նաեւ ճաշակն ու զգացումը կազմելու եւ լուսաւորելու ծառայեն։ Փափուկ ու վտանգաւոր բան է ճիւղաւորումը, մանաւանդ երբ կարծուի թէ, եթէ երբեք հարկ է պահել դպրութիւնքն ու իմասասիրական գիտութիւնները, զատուին անոնք ուսողական ու բնական գիտութիւններէն, առաջինները դասական, իբր զարդական կրթութեան մը վերապահուելով, իսկ վերջինները՝ դրական, իրագիտական կրթութեան մը, գործնական ասպարէզներու պատրաստուողներու, այսինքն ուսանողներու մծե թուինմ ասնաւորապսէ պատշաճ։ «Կարելի չէ երբեք յուսալ, կը գրէ Կիւյօ [1], ըմբռնել վերջնական մարդը տղուն եւ ո՛չ իսկ երիտասարդին մէջ. չէ հնար բնաւ նախատեսել բնաւորութեան մը մէջ բոլոր կարելութիւնները զորս կը պարունակէ, բոլոր յարմարութիւնները զորս պիտի պարզէ։ …Ամէն կանխահաս մասնաւորում հաւասարակշռութեան խաթարում մ’է. զինուոր մը, երկրաչափ մը, երաժիշտ մը պատրաստել՝ հարկաւորապէս իր բոլոր կարողութեանց տիարացած մարդ մը պատրաստել ըսել չէ»։

Իմացական կարողութեանց զարգացման տեսակէտով՝ գիտունք իսկ կը խոստովանին թէ զուտ գիտական (ուսողական ու բնական գիտութիւններով) կրթութիւն մը նպաստաւոր չի կրնար ըլլալ։ Նոյն գրքին մէջ Կիւյօ կը գրէ դարձեալ. «Գիտական ուսուցումը կարծուածէն նուազ կը զարգացնէ պատճառաբանելու կարողութիւնը (raisonnement), վասն զի մտքին կը մատակարարէ կազմ ու պատրաստ իրողութիւններ ու տարազներ. ինքնիրմով խորհելու չի վարժեցներ, նախաձեռնութիւն չի հաղորդեր, որ հիմն է ամէն անձնական խորհողութեան։ Փիլիսոփայական ու սուցումը միայն կը զարգացնէ պատճառաբանութինը, ինչպէս նաեւ լաւ իմացուած գրական ուսուցումը»։ Ալֆրէտ Ֆույեէ ալ, մեծ խորհող մը, կ’ըսէ [2]. «Շատ լաւ դիտողութիւն մ’է թէ գիտական մեթոտները, մանաւանդ մաթեմադիքականները, կը նմանին եզերց վանդակորմերու (garde-fous), որք առաւելութեանց քով ծանր անպատեհութիւններ ունին. միտքը անուշադրութեան, գահավիժման, թեթեւութեան իսկ կը վարժեցնեն, վասն զի մարդ կ’ըսէ իւրովի՝ բան մը չեմ վտանգեր»։ Եւ մտադիր կ’ընէ ընդհանրապէս չափագիտաց չափագիտական իրերէ դուրս խնդրոց մէջ միանգամայն մէկէ աւելի իրաց ուշադրութեան անկարող դառնալուն եւ տրամաբանելու տկարութեան՝ երբ չունին այլ եւս օճանն այն նշաններուն որոց յօդումները գրեթէ մեքենական են։ «Բնագէտին ալ վանդակորմը իր փորձերուն մէջ է, կ’ըսէ, բայց երբ իր իմացականութիւնը կը կիրարկէ գաղափարներու եւ գաղարփարաց առնչութիւններու, թալկացումը կ’սկսի»։ Գիտուններ ինքնին կը վկայեն գիտական ասպարէզներու մէջ անգամ յաջողելու համար լոկ գիտական ուսումներու անբաւականութեան։ Մեծանուն ֆրանսացի բժիշկ Տոքդ. Պրուարտէլ, որ կը նախագահէր վերջերս Սէնի բժիշկներու ընկերակցութեան ընդհանուր ժողովին, իր ատենաբանութեան [3] նիւթ առնլով Գաղիոյ մէջ երկրորդական կրթութեան ծրագրին վերջին փոփոխումները եւ պաշտօնապէս ընդունուած պսակաւորութեան (Baccalauréat) չորս տիպերը . լատիներէն եւ յունարէն. Բ. լատիներէն եւ կենդանի լեզուներ. Գ. լատիներէն եւ գիտութիւնք. Դ. ֆրանսերէն եւ գիտութիւնք առանց լատիներէնի), որոց ամէնքն ալ մտից իրաւունք պիտի տան Համալսարանի ամէն ճիւղերուն, կը քննէ սա կէտը թէ անոնցմէ ո՛րը կը յարմարի բժշկութեան Համալսարանի լաւագոյնս պատրաստուելու։ Իր եզրակացութիւնն է թէ դասականգրական ուսումներն անհրաժեշտ մասը պէտք է լինին այդ պատրաստութեան։ Երբ, կ’ըսէ, կայսրութեան ատեն, 1851ին, դպրութեանց եւ գիտութեանց երկճիւղաւորում մը հաստատուեցաւ երկրորդական կրթութեան ((baccalauréat-lettres եւ baccalauréat-sciences), դրութիւն որ յետ փորձոյ մերժուեցաւ ինքնին ու գիտութեան պսակաւորին իրաւունք ճանչցուեցաւ բժշկական վարժարան մտնելու, այդ կազկմակերպութենէն քանի մը տարի վերջ բժշկական ուսումները տկարացան, եւ Համալսարանի Բաժիններուն (Faculté) ընդհանուր դիտողութեան վրայ այդ որոշումը ետ առնուելով՝ դպրութեանց պսակաւորի վկայական պահանջուեցաւ։ Կը պատմէ թէ Հանրային կրթութեան նախարարութեան բժշկական ուսուցման մասնաժողովին մէջ՝ գիտութեանց Արտօնեալներուն )licenciés es sciences) բժշկական դպրոց ընդունուելու իրաւունք շնորհուեցաւ առանց դպրութեանց պսակաւորի վկայական պահանջուելու, եւ ընդհանուր կերպով «իրենց բժշկական ուսումներուն մէջ այդպիսիք իրենց միւս ընկերներէն ստորին գտնուեցան», մինչդեռ հակառակը տեղի ունեցած էր գիտութեանց պսակաւորի վկայականէն զերծ մնացող դպրութեանց կամ իրաւաբանութեան Արտօնեալներուն համար, որոց «գրեթէ ամէնքն ալ փայլուն աշակերտներ դարձան»։ Կը յիշէ նոյնպէս թէ նշանաւոր գերման քիմիագէտ Լիպիկ, երբ 50 տարի առաջ Բրուսիոյ մէջ հիմնուեցան առաջին բարձրագոյն իրագիտական (réal) դպրոցները, կը գրէր խանդավառ եւ յուսալից. «Այն օրէն սկսեալ ուր գերմանական դաստիարակութիւնը պիտի կերպարանափոխի, ուր փոխանակ ամուլ ուումներով երիտասարդաց տարիներ կորսնցնել տալու՝ իրականութեան հետ յարաբերութեան մէջ պիտի դրուին անոնք, խելամտել պիտի տրուի անոնց բնութեան այն իրերուն որք ճշմարտութեան հետ կապ ունին աւելի քան երեւակայութեան, յեղաշրջում մը պիտի կատարուի գերմանական իմացականութեան մէջ ու առաջին կարգը պիտի գրաւէ Եւրոպիոյ մէջ»։ Բայց, կը յաւելու Տքդ. Պրուարտէլ, 30 տարի ետքը, իր մահուանէն 4 տարի յառաջ, Լիպիկ կը գրէր. «Ըսած եմ թէ բնական իրերով կրթութիւնը միայն յարմար էր այն երիտասարդաց որք գիտութեան պիտի նուիրեն ինքզինքնին։ Փորձառութիւնը ինծի սա բանը սովրեցուց. իրագիտական դպրոցներէն (Realschule) իմ աշխատանոցս եկողներն առաջին տարին գիմնազիոններու (դասական երկրորդական վարժարան) աշակերտներէն գերազանց են, երկրորդ տարին հաւասար են անոնց, երրորդին՝ անոնցմէ ստորին կ’ըլլան»։ Ու ասոր կը կցուի Սորպոնի ուսուցիչ բնագէտ Լիբմանի վկայութիւնը, որ անձամբ ըսած է Տքդ. Պրուարտէլի. «Երիտասարդներ, առանց դասական ուսումներ ըրած ըլլալու, փայլուն կերպով հասած են գիտական տոքդորութեան աստիճանի, բայց անգամ մը որ տոքդոր ընդունուեցան, ա՛լ չեն աշխատիր, գիւտ չեն ըներ. եթէ առաջնորդուին՝ աղէկ կ’երթան, բայց մինակ քալելու համար բաւականաչափ մարզանք (gymnastique) չունին. նախաձեռնութիւնը կը պակսի անոնց»։ Ինչո՞ւ այսպէս. վասն զի լոկ դրական գիտութեամբ կրթութիւնը զուրկ կը թողու միտքը դասական ուսմանց ընծայած դիւրաթեքիչի մարզանքէն, ու նրբանիւթ ու զօրեղ ճարակէն, բարոյական աշխարհին վրայ անհատին մէջ կազմած խոր գիտակցութենէն, ու արթնցուցած բարձրագոյն հետաքրքրութենէն ու ձգտումներէն։ Դատողութեանց ու զգացումներու ի՜նչ բազմերանգ ու փափուկ հիւսքեր մտքին վերլուծման կ’ենթարկեն դպրութիւնք՝ գրական էջերու ուսումնասիրութեան եւ թարգմանական ու շարադրական վարժութեանց մէջ, եւ բարոյական ու բազանցական ուումներ ամենէն աւելի կը զարգացնեն փիլիսոփայական ոգին, որու յատկանիշն է, ըստ Լայպնիցի, ամէն բանի մէջ բարձրագոյնը փնտռել։ Ալֆրէտ Ֆույեէ, վերոյիշեան գրքին մէջ քննելով երկրորդական ուսմանց ծրագրի արեփոխմանց այժմեայ խնդիրն ի Ֆրանսա, սա՛ եզրակացութեան կը հասնի որ կրնան բաժանումներ ըլլալ՝ որոց մէջ լատիներէնի, յունարէնի, նոր լեզուներու եւ գիտութեանց (մաթեմադիքական եւ բնական) տրուած ըլլայ աւելի կամ նուազ տեղ, կամ թէ ինչ ինչ ուսումներ, ինչպէս հին ու նոր լեզուներէն այս ու այն, բնաւ չգտնուին, բայց ամենո՛ւն մէջ ալ իմաստասիրական ուսմունք անհրաժեշտ ըլլան, ու ծրագրին ո՛րեւէ մասերն ալ ուսուցանող ուսուցիչք փիլիսոփայութիւն գիտնան ու փիլիսոփայական ոգի ունենան։ «Ճշմարիտն այս է որ, կը գրէ, մեր դրական գիտութիւնք ինքնին միայն չեն կրնար փիլիսոփայութեան տեղը բռնել. ուստի փիլիսոփայական գաղափարաց, որք միանգամայն բարոյական եւ ընկերական գաղափարներ են, պարտի վերաբերիլ ուսուցման առաջնորդութիւնը»։ Դարձեալ. «Իմաստասիրութեան լուրջ ուսումներ պարտին ուրեմն ստիպողական ըլլալ բոլոր [4] աշակերտաց համար, եւ պսակաւորութեան բոլոր ճիւղերն ալ վկայականի քննութեան գրաւոր փորձերուն մէջ ունենան իմաստասիրական շարադրութիւն մը»։

Գոհունակութիւնն ունինք տեսնելու որ մեր երկար ատենէ ի վեր խորհած, կամ թէ ըսենք, նոյն իսկ տեսակ մը դէմյանդիման տեսութեամբ ըմբռնած ու ներքին խոր ու անդրդուելի համոզմամբ մերովսանն գործադրութեան դրած գաղափարներն հաստատութիւն կը գտնեն եւրոպացի խորհողներու նորագոյն յայտարարութեանց մէջ։ - Գրական ուսմանց, որոց հետ արդէն շատ անգամ կը շփոթեն կամ կը միացնեն իմաստասիրականները, դաստիարակութեան մէջ ունեցած դերին համար ալ նոյնպէս լրջօրէն կարելի չէ աննպաստ գաղափար ունենալ, աւելորդ կամ իբր զարդ ինչ համարիլ զանոնք։ Գրական ուսումներն՝ ի նպաստ դրական գիտութեանց՝ յապաւել կամ տկարացնել՝ տկարացնել պիտի ըլլար կրթութեան մարդկայնացուցիչ դերը։ Արդէն գրականութիւնը ընդարձակ հայելի մ’է ուր ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութիւնը կը ցոլանայ իր բարոյական, ընկերական, կրօնական, փիլիսոփայական, գիտական, ճարտարական ու գեղարուեստական ձեւերուն բարեշրջական այլ եւ այլ փուլերուն մէջ։ Ուստի եւ մեծ է գրականութեան դասերու ազդեցութիւնը մտքերն ու սրտերը յղկելու գործին մէջ։ Վերը տեսնուեցաւ անոնց կարեւորութիւնը իմացական կարողութեանց զարգացման մասին. անուրանալի է նաեւ նոցա մատուցած առանձին նպաստը երեւակայութեան ու գեղեցկագիտական ճաշակի, ու ամենէն աւելի բարոյական զգացումներու մշակութեան, երբ լաւ ու իմաստնաբար կ’ընտրուին ու կը մեկնուին ընթերցման, բացատրութեան, արտասանութեան ու գրագիտական դասերու եւ ուսումնասիրութեան ծառայելիք հեղինակներն ու հատուածները։ Մարդուն, կեանքին, ընկերական յարաբերութեանց, բնութեան եւ Աստուծոյ վրայ քանի՜ քանի՜ ընդհանուր գաղափարներ եւ ճշմարտութիւններ գրականութեան խողովակով կ’անցնին մեզ ու կը տարրանան մեր մէջ անզգալաբար, իրողութեանց ու պատկերներու պաշար մը կազմելով մեր մտքին մէջ, մեր զգայնութիւնը կռելով, մեր դատողութիւնը մարեզոլվ, մեր բարոյական գիտակցութիւնը լուսաւորելով։ Գրականութիւնը գլխաւոր միջոցն է յարաբերութեան մտնելու իմացական աշխարհին հետ եւ հոգիներու հետ շփուելու։ Ի՜նչպէս կ’ընդլայնէ այն կեանքը, ի՜նչպէս դարերն ու աշխարհները կը բանայ մեր առջեւ, խօսակից եւ ունկնդիր ընելով զմեզ այլազան ժամանակաց ու տեղեաց խորհողներուն, պատմողներուն, քերթողներուն, գիտուններուն եւ իմաստուններուն։ Ու ի՜նչ ընդարձակ ուսուցում տեւողութեան ու միջոցին այլազան կէտերուն վրայ կանգնուած դասաբեմերէն եկած, ի՜նչ հովեր ներշնչութեան՝ իմացական երկնքին չորս անկիւններէն փչած, հակառակ տարաձայնութեանց՝ ի՜նչ վեհապանծ համերգութիւն Գաղափարին, Ոգիին, Բացարձակին ի վկայութիւն եւ հոգիներու վերելքին ի քաջալերութիւն։

(Բիւզանդիոն, 1902, թիւ 1856, 1857, 1858, 1859։)



[1]            Education et Hérédité.

[2]            La Réforme de l’enseignement par la philosophie.

[3]            Le Bulletin médical, 4 հոկտ. 1902.

[4]            Հեղինակն է ստորագծողը։