Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

16. ՀԻՆ ՅՈՒՆԱՑ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵԼԻ ԿԷՏԵՐԸ
(Աթէնք եւ Սպարտա [1] )

Հին Յունաց մէջ տիրող գաղափար մ’էր թէ Պետութեան (Etat) պարտքն էր ապագայ քաղաքացւոյն դաստիարակութիւնն ապահովել եւ միանգամայն թէ անոր իրաւունքն էր ուղղութիւն տալ այդ դաստիարակութեան։ Սպարտայի մէջ Լիկուրգեան օրէնքը իր մանրամասնութեանց մէջ ճշդած ու սահմանադրած էր մանկանց տրուելիք կրթութիւնը եւ զայն ամբողջապէս յանձնած էր Պետութեան ձեռաց, որ ինքն կը մատակարէր կրթութիւնը հասարակաց կրթարաններու մէջ ուր կը ժողովէին եօթ տարեկանէն սկսեալ բոլոր տղայքը։ Ծնողք մինչեւ այս հասակը միայն իրաւունք ունէին իրենց քով պահելու եւ անձամբ մեծցնելու իրենց զաւակները. այնուհետեւ պէտք էր որ զանոնք կառավարութեան յանձնէին որ միօրինակ եւ ընդհանուր դրութեամբ մը կը ձուլէր զանոնք մի եւ նոյն կաղապարին մէջ։

Աթէնք միեւնոյն իրաւունքը կը ճանչէր Պետութեան։ «Օր մը, կը գրէ Ֆիւսդէլ տը Գուլանժ [2], Աթէնք օրէնք մը դրաւ որով կ’արգիլէր առանց կանխաւ ատենակալաց հաճութիւնն ստանալու ուսում աւանդել պատանեաց, եւ ուրիշ օրէնք մ’ալ որ մասնաւորապսէ արգելք կը դնէր փիլիսոփայութիւն ուսուցանելու»։ ԲԱյց Աթէնքի մէջ պետութեան այս իրաւունքը իր բոլոր խստութեան մէջ չգործադրուեցաւ երբեք։ Սողոն, անոր օրէնսդիրը, բաւականացաւ օրինաց մէջ ճշդելով միայն ծնողաց պարտականութիւնքն ի մասին իրենց որդւոց կրթութեան. նա պարտաւորեց ծնողները որ իրենց զաւակաց սովրեցնեն արհեստ մ’որով նոքա կարող ըլլան իրենց ապրուստը ճարելու։ Կրթութեան մասին օրէնք դրաւ որ տղայք ուսնին լողալ եւ կարդալ. հարուստք պարտաւոր էին օրինօք իրենց որդւոց աւելի զարգացեալ կրթութիւն մը տալու։ Այս լայն սահմանք ընդարձակ ազատութիւն կը թողուին ծնողաց տնօրինել իրենց զաւակաց կրթութիւնը ինչպէս որ կ’ուզէին։ Ուսուցումը միշտ ազատ մնաց Աթէնքի մէջ։ Քերականներ, երաժշտութեան եւ մարմնակրթանաց ուսուցիչներ իրենց հաշուոյն դպրոցներ կը հաստատէին եւ իրարու հետ կը մրցէին յանկուցանելու համար ուսանող մանկութիւնը։ Իշխանութիւնը միայն մարմնակրթանաց համար շէնքեր կը դնէր այդ ճիւղին ուսուցչաց տրամադրութեան տակ եւ կը հսկէ որ ո՛ր եւ է անկարգութիւն չպատահէր եւ կանոնաւորապէս մարզարանք (palestre, gymnase) բացուէին ու փակուէին օրուան հետ։ Ուսուցչաց աւանդած ուսման գնահատումը թողուած էր ծնողաց։

Այս ազատութիւնը սակայն անհաճոյ էր յաչս Պղատոնի եւ Արիստոտելի որք իրենց դաստիարակութեան ծրագիրներուն մէջ կը պահանջէին որ պետութիւնը բացարձակօրէն ստանձնէր ու վարէր աղիկամի կրթութեան գործը։ Այս մասին երկուքն ալ սպարտական դրութեան համամիտ էին։ Այս վերջինը կ’ըսէր. «Ըստ որում մի միակ վախճան կայ որ նոյն է բոլոր քաղաքային ընկերութեան համար, կը հետեւի թէ դաստիարակութիւնը պարտի ըլլալ մի եւ նոյնն ընկերութեան բոլոր անդամոց համար, եւ անոր ուղղութիւնն պարտի հասարակաց ըլլալ, եւ ոչ թէ իւրաքանչիւր մասնաւոր անհատի թողուած լքուած», ինչպէ կը գտնէր իւր օրերուն մէջ ուր «անցնիւր ոք անձամբ կը վարէ ու կ’առաջնորդէ իր զաւակները եւ անոնց տալ կուտայ առանձինն ինչ կրթութիւն որ պատշաճ կը դատի, մինչդեռ հասարակաց եղող շահերու վերաբերեալ իրաց ուսուցումն ու գործադրութիւնն ալ հասարակաց պարտէն ըլլալ»։ Թէ ինքն Արիստոէլ եւ թէ Պղատոն, որք առաջին մանկութեան խնամքը, մինչեւ 6-7 տարեկան, կը թողուն ծնողաց, կը պահանջեն սակայն որ Պետութիւնն հսկողութիւն ի գործ դնէ այդ մասին ալ, եւ այդ՝ սկսեալ նոյն իսկ ծնողաց ամուսնութեան վայրկենէն։ Պէտք է որ այրերն ամուսնանան, ըստ Պղատոնի, 25-35 տարեկան հասակներուն մէջ եւ կանայք՝ 16էն մինչ 20 տարեկան. ըստ Արիստոտելի՝ այրը պարտի ամուսնանալ 37 տարեկան եւ կինը՝ 18 տարեկան։ Պղատոն կը պահանջէ մինչեւ իսկ որ ամուսինք տաս տարիէն աւելի չկենակցին միմեանց հետ, որպէս զի, ծնողք իրենց առոյգ տարիքին մէջ միայն զաւակաց տէր ըլլալով, քաջառողջ սերունդ մ’ապահովուի քաղաքին։

Պետութեան ի գործ դրած ու պետութենէն պահանջուած այս կրթական հոգածութեան հիմն, ի Յունաստան, այն սկզբունքն էր թէ անհատը ընկերական ամբողջին կը վերաբերի եւ անոր օգտին տեսակէտով պարտի պարտասոտւիլ։ Սպարտա բացարձակապէս անհատին մէջ քաղաքացին միայն կը տեսնէր, անհատը կը զոհէր ամբողջին, կ’ընկղմէր անոր մէջ։ Անոր դաստիարակութեան իտէալն էր ֆիզիքապէս ուժեղ, տոկուն, հոգւոյ աներկիւղ մարդը որ, միանգամայն քաղաքին պետերուն հրամանց հլու եւ անոր պաշտպանութեան անձնուէր, երկրրին սէրէն դուրս սէր չունենար եւ պատրաստ ըլլար զոհել իր կեանքը Պետութեան պահպանութեան եւ բարւոյն համար։ Անհատին ուրիշ ամէն զգացմունք եւ յօժարութիւնք եւ իրաւունք զոհուած էին անոր քաղաքացիական պարտաւորութեանցն առջեւ։ Մտաւոր մշակութիւնը Սպարտացւոյն կրթութեան կարեւոր մաս չէր համարուեր. Սպարտացի քաղաքացին չէր կարող ինքզինք զարգացնել իւր ճաշակաց համեմատ եւ իւր յալազան կարողութեանց մէջ։ Կանանց պարկեշտութեան բնական զգացումն իսկ չէր յարգուած. հարկ էր որ երիտասարդաց նման իրենք եւս մարմնակրթական ամէն մարզանք ի գործ դնէին՝ ֆիզիքապէս զօրանալու, երկանց ցաւերու տոկալու եւ քաջառոյգ զաւակաց ծնունդ տալու համար։

Աթէնքի մէջ եւս, որպէս Սպարատայի մէջ, կը տիրապետէր այն սկզբունքը թէ «մանուկը երկրինն էր եւ պէ՛տք էր զայն ա՛նոր համար մեծցնել», բայց Աթենացին ընկերային կազմակերպութիւնը եւ անոր զօրութիւնը միջոց մը կը նկատէր մանաւանդ քան նպատակ մը, միջոց մը անհատից իրաւանց պահպանութիւնը եւ անարգել զարգացումն ապահովելու։ Ըստ այսմ Աթենական դաստիարակութեան իտէալն էր մարդոյն ամբողջական զարգացումը։ Սողոն կը յանձնարէր դիւրակեցիկ քաղաքացւոյց իրենց զաւակները հրահանգել ո՛չ միայն մարմնամարզից, այլ եւ երաժշտութեան, ուսուղութեան, բանաստեղծութեան եւ բանասիրութեան մէջ. յանձնարարութիւն որ ընդարձակօրէն ի գործ դրուեցաւ, վասն զի աթենական քաղաքակրթութեան գեղեցիկ օրերուն մէջ ամենէն աղքտաներն ալ իրենց որդւոց գիտութեանց ու գեղարուեստից դասեր տալ կու տային այս նպատակին համար յանձն առնլով ամէն տեսակ զոհողութիւն եւ զրկում։ Կային, որպէս ըսինք, քերականներ, երաժշիտներ, հռետորներ ու փիլիսոփայներ, առ որս կը յաճախէր Աթենացւոց մատաղ սերունդը 7էն մինչեւ 18 տարեկան, կրթութեան յաջորդական աստիճաններ փոխելով։ Մարզարանք (gymnase), որք ի սկզբան միայն պատանեաց մարմնակրթական վարժութեանց յատկացեալ շէնքեր էին, կամաց կամաց իմացական կեանքի փայլուն կեդրոններ եղան, նման արդի Համալսարանաց, վասն զի մաթեմատիկոսք, հռետորք, իմասասէրք անոնց մէջ [3] սկսան ուսուցանել, եւ ո՛չ միայն երիտասարդք, այլ եւ հասուն մարդիկ անոնց շուրջը կը ժողովէին զանոնք մտիկ ընելու համար։

 

***

Պղատոն, թէ եւ Սպարտական դրութեան զարմացող եւ իր իտէալ՝ «Հասարակապետութեա»ն [4] մէջ անհատը միայն պետութեան տարրը նկատելով անոր անհատական անկախութիւնը մեծապէս անձկացնելու եւ ջնջելու իսկ տրամադիր, շատ աւելի լայն կը գծէ կրթութեան սահմանը, իւր «Օրէնք»ին մէջ, իբրեւ ճշմարիտ Աթենացի։ Երկու մասի կը բաժնէ դաստիարակութիւնը. Մարմանակրթական (Gymnastique) եւ Մուսայական (Musique), առաջինը մարմնոյն եւ երկրորդը՝ մտքին զարգացման յատուկ, ինչպէս արդէն կ’ընէին Աթենացիք, Musique բառն առնլով շատ ընդարձակ իմաստով եւ անով ոչ միայն երաժշտութիւնն հասկնալով, այլ եւ ամէն ինչ որ իմացական մշակման կը ծառայէր գրագիտութիւն, գիտութիւն, գեղարուեստ եւ փիլիսոփայութիւն։ Որքա՜ն գեղեցիկ եւ կատարեալ է արդէն Պղատոնի դաստիարակութեան տուած սահմանը. «Դաստիարակութեան նպատակն է տալ մարմնոյն եւ հոգւոյն բոլոր այն գեղեցկութիւնն ու բոլոր այն կատարելութիւնն որոց ընդունակ են նոքա»։ Միայն թէ նա իր դաստիարակութեան ծրագրին մէջ անտարբեր կ’երեւի երկրագործաց ու արհեստաւորաց նկատմամբ։ Բայց քաղաքապահ ու պաշտօնատար դասուց համար կը պահանջէ խնամեալ կրթութիւն։ Պաշտօնատարութեան (magistrature) սահմանեալ հատընտիր երիտասարդք միւսներէն աւելի բարձր գիտական եւ իմաստասիրական կրթութիւն մը պիտի ստանան, որ կը պարունակէ տեսական ուսողութիւն, աստեղագիտութիւն ու երաժշտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, որ 20 տարեկանէն սկսեալ մինչեւ 25 տարեկան հասակը պիտի շարունակուի, եւ, իբրեւ բարձրագոյն ուսումն, պիտի յաջորդէ կրթութեան առաջին աստիճանին, որ կը պարունակէ մարմնամարզ, գրագիտութիւն, գործնական երաժշտութիւն եւ թուաբանական, երկրաչափական ու աստեղագիտական պիտանի գիտելիք։ - Արիստոտէլ ալ ուսման առարկայները երկուքի կը բաժնէ. 1. անոնք որք քաղաքային կեանքի յարմար կ’ընեն, եւ 2. անոնք որոց նպատակն է մարդուն զարգացումը։

***

Նշանակելի է Յունաց դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ անոնց մանկավարժ իմաստասիրաց գաղափարներուն մէջ, մարմնամարզի եւ երաժշտութեան ընծայուած մեծ կարեւորութիւնը։ Մարմնամարզը ֆիզիքական դաստիարակութեան կարեւոր միջոցը կը համարէին, եւ երաժշտութիւն՝ը բարոյականին։ Մարմինը՝ զօրաւոր, տոկուն, դիւրաթեք ու բարձեւե կ’ուզէին. ուժեղ, քաջառողջ ու գեղեցիկ կ’ուզէին որ ըլլային իրենց երիտասարդները, եւ մարմնական կորովոյ, ճապկութեան ու ճարտարութեան փորձերու եւ վարժութեանց մէջ կը գտնէին այդ արդիւնը ձեռք բերելու միջոցը։ Եօթ տարեկան հասակէն կ’սկէին այս հրահանգները եւ անընդհատ կը շարունակուէին ցվերջ դաստիարակութեան շջարնին։ ԵԹէ երգն ու պարը յաւելցնենք մարմնամարզին վրայ, արդէն սպարտական կրթութիւնը սահմանած կ’ըլլանք. եւ պարն ալ արդէն երգն ու մարմնամարզը յինքեաքն միացնող վարժութիւն մը չէ՞։ Յոյնք մարմնակրթանաց մէջ միայն օգտախնդիր նպատակ մը չէին դիտեր. գեղեցկագիտական նուրբ հոգածութիւն մ’ալ ունէին, ու մարմնամարզը ու պարը կը նկատէին նաեւ միջոց մը մամրնոյ շարժմանց ու ձեւոց տալու դիւրութիւն, շնորհ ու ներդաշնակ զարգացում։ Պիւթեան, Նեմեան, Իսթմեան եւ մանաւանդ Ողիմպեան խաղերը մարմնամարզիկ մրցութեանց աշխարհախումբ հանդէսներ էին, եւ կը ծառայէին ֆիզիքական կորովոյ եւ ճարտարութեան եռանդը ոգեւորելու ու մշտավառ պահելու յոյն երիտասարդութեան մէջ. հանդէսներ զորս այսօր Եւրոպա կը խորհի վերակենդանացնել մտաց եւ մարմնոյ դաստիարակութեան մէջ երկար ատենէ ի վեր իր կորուսած հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելու նպատակաւ։

Այս հաւասարակշռութիւնը, այս ներդաշնակութիւնը յոյն ցեղերէն Աթենացւոյն տեսլականն է։ր Գեղեցիկ բառ մ’ունէր նա որով կը բաց ատրէր զայն։ Այդ բառն էր  որ, գեղեցիկ () եւ բարի () բառերէն բարդուած, մարմնոյ եւ հոգւոյ կրկին գեղեցկութիւնքն ներդաշնակ միութեան մը մէջ համաձոյլ յանձին բերող մարդը կը նշանակէ, որ միանգամայն ֆիզիքական, իմացական եւ բարոյկան առողջ դաստիարակութեամբ, մարմնոյ, մտաց եւ սրտի յատկութեանց համընթաց զարգացմամբ կրնայ լոկ կազմուիլ։

Մարմնամարզին քով, ըսի, ընդհանուր յոյնք նաեւ երաժշտութիւնը կը դնէին իբրեւ անհրաժեշտ պայման դաստիարակութեան։ Սպարտայի մէջ մանկտին կը սովրէր երգել կրօնական ու ժողովրդական երգերը։ Աթէնքի մէջ ամէն քաղաքացիք պարտաւոր էին երաժշտւթիւն գիտնալու։ Անոր ամենէն ծաղկեալ շրջանին մէջ ալ երաժշտական գործիք մ’ածել չգիտնալ՝ խնամեալ կրթութեան մը մէկ կարեւոր լրացուցիչէն զուրկ ըլլալ կը նշանակէր։ Այսպէս, Թէմիստոկղէս կը նկատուէր իբրեւ անկատար դաստիարակութիւն ստացած անձ, վասն զի չէր գիտեր նուագել ո՛ր եւ է գործիքի վրայ։ Ուսանող մանուկը, որպէս քերականին, նոյնպսէ եւ կիթառի վարպետին (cithariste) քով յաճախել պարտաւոր էր։ Զբօսանքի նապատակւ չէր որ երաժշտութիւնը այսքան փութով կը մշակէին Յոյնք. ո՛չ, այլ յաւէտ իբրեւ բարոյական կրթութեան գործի մը։ Նոյնը կը համարէին երաժշտութիւնը հոգւոյն համար ինչ որ մարմնամարզը՝ մարմնոյն համար։ Պղատոն 18 տարեկանէն սկսիլ կու տայ երաժշտութեան ուսումը քնարի վրայ, եւ Արիստոտէլ գեղարուեստներուն մէջէն կը յանձնարարէ մանսաւորապէս երաժշտոտւթիւնը՝ հոգւոյն վրայ անոր բարոյական շինիչ ներգործութենն համար, եւ իբրեւ զբօսանաց ազնուացուցիչ։ Արդարեւ ուշագրաւ է հին Յոյներուն դաստիարակութեան մէջ երաժշտութեան կատարած այս դերը. ու ո՜րչափ իրաւունք ունէին ճաշակի բարւոքման, զգացմանց մաքրութեան ու բարձրացման եւ ազնուական տենչերու զօրացման մասին անոր քաղցր ու բարերար ազդեցութեան հաւատալու։

***

Յունական Դաստիարակութեան մէջ յոյժ կարեւոր դեր մը տրուած էր նաեւ բանաստեղծութեան, որ ինքն ալ երաժշտութիւն մ’է գերազանցապէս կրթող ու ներշնչող։ Քերականք իրենց դպրոցաց մէջ, անմիջապէ որ տղայք քիչ շատ գրել կարդալ գիտնային, անոնց ձեռքը կուտային բանաստեղծները՝ առոգանութեամբ կարդալու, բաց ատրելու եւ ի բերան ուսանելու համար։ Հոմերի Իլիականն ու Ոդիսականը Յոյն տղոց ընթերցանութեան սովորական դասագրքերն էին, որոց վրայ կ’եւալնային Հեսիոդ, Ս ողոն, ուրիշ եղերերգակներ ու ողբերգակ բանաստեղծք։ Աոնց վրայէն կ’ուսոցուէր լեզուն, ու միանգամայն բարոյականը, զոր ուսուցիչը իր բացատրութեանց մէջ դուրս կը հանէր մեկնելի հատուածէն։ Պղատոն եւ Արիստոտէլ եւս քերթուածոց ընթերցումն եւ ուսումնասիրութիւնը կը յանձնարարէին, բայց Պղատոն ամբողջ երկասիրութիւններ տղայոց ձեռքը տալէն աւելի հատընտիր հատուածները նախամեծար կը համարէր, վասն զի կը խորհէր թէ առաջինք կրնան բարոյականի տեսակէտով խորշելի հատուածներ պարունակել։ Սպարտա, հակառակ իր բարուց հստութեան, չէր մերժեր բանաստեղծութիւնը. ընդհակառակն առնակալ լուրջ ու բարոյալից բանաստեղծութիւնը շատ կը յարգէր իր պատանիքն ու կուսանքը կը վարժեցնէր ոչ միայն երգելու վեհաշունչ երգեր, այլ եւ յօրինելու նոյնպիսի տաղեր ու նուագներ։ Բանաստեղծութիւնը այդ ժողովրդեան սնունդն էր իր բոլոր հասակներուն մէջ. առանց անոր կրթութիւն չկար, ո՛չ կրօնական տօն, ո՛չ ժողովրդական հանդէս, եւ իր զբօսանքներուն ու խաղերուն, երգին հետ ընկերացեալ կամ անջատ, կը խառնէր ան իտէալի արբեցութիւնը, ազնուարար աւիւնը գեղեցկին։

***

Վերջացնենք մեր սոյն համառօտ տեսութիւնը վեր առնլով հնոյն Ելլադայ դաստիարակ-փիլիսոփայից վարդապետութեանց մի քանի այլ ուշագրաւ կէտերն ալ։

Պղատոնի վարդապետը, Սոկրատ, իրեն յատուկ կերպ մ’ունէր ուսուցման, որ արժանացած է իրաւամբ ամէն ժամանակաց մանկավարժներու ուշադրութեան եւ սքանչացման. զայն ի գործ կը դնէր սոփեստից հետ իւր վիճաբանութեանց եւ իւր աշակերտաց հետ իր հրահանգիչ խօսակցութեանց մէջ։ Մեկնելով ամենայայտնի նախադասութենէ մը, ճարտարօրէն շարայարեալ հարցումներով, կոչում ընելով հակառակորդին կամ աշակերտին ուղիղի բանին ու դատողութեան, կ’ստիպէր հակառակորդը ետ առնուլ իր կարծիքը՝ տեսնելով զայն հետեւութենէ ի հետեւութիւն մի անհեթեթ նախադասութեան յանգած, ուստի եւ իբրեւ սուտ կամ սխալ խայտառակուած, եւ կամ իր աշակերտն կը բերէր ինքնին ընելու ճշմարտութեանց գիւտը։ Այս մեթոտը, թէ եւ ոչ ուսուցման ամէն նիւթոց պատշաճ [5], եւ սահմանի մը մէջ կիրառելի, ընտիր է աշակերտին իմացականութեան զարկ տալու, անոր մտաւոր ինքնաբեր գործունէութիւնը գրգռելու եւ քաջալերելու, ինքն իր վրայ անդրադառնալ վարժեցնելու եւ մտածել դրդելու համար զայն. աշակերտը ինքնի իր սխալամանց վերահասու կը լինի, եւ ինքնին կը վերլուծէ իր զգացողութիւնքն ու ըմբռնումները, եւ ընդհանուր կամ մասնաւոր իրողութեանց հետեւանքներուն կը թափանցէ ինքնին, եւ երբ միտքն ինքնին ճշմարտութեան մը կը խելամտէ, ա՛լ ան իր սեփականութիւնն է, ոչինչն կրնայ կորզել զայն անկէ։ Ահա՛ ասոր համար արդի մանկավարժութիւնը ջերմապէս կը յանձնարարէ Սոկրատեան մեթոտը։

Դիտելի է որ մայրական դպրոցներու, մանկապարտէզներու զբաղմանց գաղափարը կայ Պղատոնի խօսքերուն մէջ, երբ կ’ըսէ որ երեքէն վեց տարեկան տղայք, աղջիկ եւ մանչ ի միասին, իրենց մայրերուն եւ ստնտուներուն հսկողութեան տակ ազատօրէն պիտի ընեն այնպիսի զբօսանքներ որք յարմար ըլլան ֆիզիքապէս եւ իմացականապէս զանոնք զարգացենոլւ։

Նոյնպէս նշանակելի է որ Պղատոն, որդէն իր ժամանակին մէջ, Քրիստոսէ չորս դար յառաջ, իրագիտական, առարկայական դասեր կը յանձնարարէ, երբ կը պատուիրէ որ, թուաբանական գործողութեանց նախնական վարժութիւնները դիւրացնելու համար, տղոց մէջ բաժնուին խնձորներ ու պսակներ, ոսկիէ, արծաթէ կամ արոյրէ եւ ուրիշ նման նիււթերէ շինուած փոքրիկ շիշեր, որպէս զի պարտաւորուին զբօսնլով թուոց գիտութեան դիմել։

Երբ մէկ կողմէն Սպարտական դաստիարակութեան արդեանց մէջ կը տեսնենք նոյն իսկ դաստիարակութեան մեծ զօրութիւնը, վասն զի Լիկուրգոս կրթութեան միջոցաւ կրցաւ իւր դիտման համապատասխան սերունդ մը պատրաստել, թէ եւ անձուկ իտէալի մը համեմատ եւ յաճախ բռնազբօսելով մարդուն բնական հակամիտութիւնները, - ինչ որ եւս աւելի պայծառօրէն ցոյց կու տայ կրթողական գործողութեան ազդեցութիւնը, դժուարին ըլլալով իրեն դէմ ունենալ բնութիւնը, - միւս կողմանէ կը տեսնենք որ դաստիարակութեան ալ մեծագոյն նեցուկը, արդիւնաւորութեան ապահովագոյն պայմանը սովորութիւն կամ ունակութիւնն է, որ կ’ստացուի մի եւ նոյն գաղափարաց եւ զգացմանց շրջանակին մէջ միտքն ու սիրտը յաճախագոյնս բերելով ու մի եւ նոյն գործողութիւնները կրկնել տալով, մանաւանդ բարոյականի տեսակէտով որ վերջնանկան նպատակն է դաստիարակութեան։ Պղատոն եւ Արիստոտէլ երկուքին եւս կը պնդեն սովորութեան մեծ զօրութեան վրայ, խստիւ պատուիրելով խնամով ընտրել ամէն ինչ որուն հետ մանուկը պիտի ունենայ ամենօրեայ կամ յաճախակի շփում, դաստիարակ, ընկեր, գիրք։ «Անտարբեր բան մը չէ, կ’ըսէ Արիստոտէլ, մատաղագոյն հասակէն այս կամ այն կերպ գործելու սովորիլ. ընդհակառակն յոյժ կարեւոր բան մ’է այն, կամ մանաւանդ, ամէն ինչ է այն, ամէն բան անոր մէջն է»։

(Մասիս, Մանկավաժական Հանդէս, նոր շրջան, ԹԻւ 9-10, 894։)



[1]            Յունական միւս քաղաքներն իրենց ընկերական ու քաղաքային կազմակերպութեան մէջ աւելի կամ նուազ կը մերձենային այս երկուքէն մէկուն։

[2]            La cité antique, par Fustel de Coulange.

[3]            Որք այս առթիւ գեղեցկացան եւ ընդարձակուցեան։

[4]            Տրամախօսութիւն Պղատոնի։

[5]            Ընդհանրապէս ընդհանուրէ մասնաւոր հետեւութիւններ հանել եւ զգայարանաց ըմբռնումներու եւ փորձառական ծանօթութեանց վրայ վերլուծման, բաղդատման ու հանրացման գործողութիւններ կատարել տալու յարմար է։