Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Pedagogy  Fiction  

8. ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԵՐՃԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Պերճախօսութիւնն իւր սեռերն ունի ըստ նիւթոյն. մին ի նոցանէ է Կրօնական կամ Նուիրական Պերճախօսութիւնն։ Կրօնի հաւատալիք եւ բարոյական պատուէրք. ահա՛ նիւթք եկեղեցական ճարտարախօսին, ահա՛ իւր յատուկ դաշտն ու սահման։ Բայց ո՜րչափ անսահման է այդ սահման. տիեզերքն ամէն, երկինք եւ երկիր կը բովանդակէ իր մէջ։ Հաւատքն ո՞չ ապաքէն այն շղթայն է որ միմեանց հետ կը կապէ մարդն ու Աստուած, ոչնչութիւնն ու յաւիտենականութիւնն, մահն ու անմահութիւնն. ուստի եւ երբ այդ անհուն շղթային վրա՛յ է որ կ’երթեւեկէ կրօնի վարդապետին խօսքն՝ կրնայ ինքնին ըմբռնուիլ թէ ի՜նչ անեզր է իւր ասպարէզն եւ ո՜րպիսի խորութիւններէ ո՜րպիսի բարձրութեանց կրնայ խոյանալ այն։ Վսե՜մ խնդիրներ՝ անոնք զորս կը յուզէ, բարձրագոյն շահեր՝ անոնք զորս կը պաշտպանէ։ Եւ յանուն մարդկային բանականութեան, յանուն մարդկային օրինաց չէ՛ որ կը խօսի. մարդոց գիտութիւնը տգիտութիւն եւ արդարութիւնն անիրաւութիւն է իւր աչաց առջեւ. կը կոխէ զանոնք արհամարհոտ ոտքով, եւ աստուածային յայտնութեան մը վրայ յեցած, կ’ելնէ կը կանգնի անոնցմէ վեր եւ կը հռչակէ յաւիտենական իմաստութեան պատգամներն։ Երկնից ու երկրի մէջտեղ կը կենայ բեմն որոյ վրայէն կը խօսի սրբազան ատենախօսն. ու այդ բեմի առջեւ հաւասար են ամէն մարդիկ. հարուստ ու աղքատ, տէր եւ ծառայ, իշխան եւ հպատակ անդ են խառն ի խուռն, հաւասարապէս խոնարհած տիեզերաց Աստուծոյն կամաց տակ զոր կը թարգմանէ կրօնի պաշտօնեայն։ Այդ բարձրութենէն աշխարհ աննշան կէտ մը կ’երեւի եւ իւր համայն ճոխութիւնք իբր ստուեր մի թեթեւ, մինչ միւս կողմանէ երկնից՝ ուր կը մօտի մարդ՝ փառքերն աչքը կը շլացնեն եւ զմայլմամբ կը յափշտակեն հոգին։ Բեմբասացին բիբն, հաւատոյ լուսով ողողուն, կը թափանցէ ժամանակին անդունդներն, կը նշմարէ իրաց սկիզբն ու վախճանն, ովկիանոսի առաջին կաթիլին ու հաստատութեան առաջին աստղին գոյանալն եւ վերջին շիթին ցամքիլն ու վերջին ճառագայթին մարիլն կը տեսնէ, եւ, մերկանալով յաւիտենից խորքն, ցոյց կուտայ՝ աւետաւոր կամ սպառնալից՝անվերջանալի կեանքն անվերջ երանութեամբ կամ տանջանօք։ Չկայ գաղտնիք մը զոր չկարենայ լուսաւորել, չկայ վիշտ մը զոր չկարենայ մխիթարել, չկայ զօրութիւն մը զոր չկարենայ փշրել։ Այդ գերափայլ լոյսն, այդ համաբոյժ սփոփանքն, այդ ամենայաղթ զօրութիւնն կը քաղէ նա մի գրքուկի մէջէ, անսպա՜ռ աղբիւր իւր ճառերուն, որ Աստուծոյ մը խօսակցութիւնն է մարդոց հետ եւ, պարզ ու վսեմ միանգամայն, հասկանալի է ամենէն խոնարհ մտքին ու սխրալի վեհախորհուրդ իմաստասիրին։ Եւ ի՜նչ դիւցազներգութիւն այն, ի՜նչ ողբերգութիւն. իւր պարզութեան մէջ քանիօ՜ն գերազանց է Հոմերի Իլիական էն եւ Եսքիղեայ Պրոմեթեւս էն. նոցա աստուածային դիւցազնին առջեւ քանի՜ կ’աղօտանան Աքիլլէս եւ Պրոմեթեւս։ Պելիսածինն առիւծներու ծուծով սնեալ վայրագ պատերազմիկ մ’է որ արեան մէջ կը լուղայ, դիակներ կը բզքտէ ու կը մեռնի՝ Ելլադայի ճակտէն նախատինք մը սրբելու համար. Յիսուս, Անեղածին Որդի, հեզութեան եւ սիրոյ քաղցրահամբոյր հրեշտակ մ’է որ անմահութեան աւետիսը կը բերէ, գութ եւ կեանք կը ծաւալէ իւր շուրջ եւ կը մեռնի փրկելով զմարդկութիւն։ Կովկասի վրայ գամուած զոհէն քանի՜ բարձր է Գողգոթայի վրայ խաչուած զոհը. նա հուրը բերաւ յաշխարհ, իսկ սա ճշմարտութիւնը. նա երկնից ու երկրի ատելութեան նշանակ, սա Աստուծոյ եւ մարդոյն հաշտութեան միջնորդ։ Եւ այդ հրաշապատում մատեան հսկայ յառաջաբան մ’ունի որ է Հին Կտակարանը, եւ կը շարունակուի եւ կը մեկնուի այն Առաքելոց գործոցն ու բանից, Սրբոց ու Վկայից վարուց եւ Հարց ու Հայրապետաց կենացն եւ քարոզութեանց մէջ։­ Անհո՜ւն բանագործութիւն, որոյ առաջին վարագոյրըկը բացուի աներեւոյթ եւ անպատրաստ տիեզերաց Թոհուբոհին վրայ, ուր խեռ հրեշտակներու կայծակնահար բանակ մ’երկինքէն կը գահավիժի մթին տարտարոսի անյատակ խորոց մէջ,, ուր ջուրերն մեղապարտ աշխարհ մը կը կլնեն, ուր Եհովայն կը խօսի ամպոց ծոցէն ու Սինայի կայծականց մէջէն, ուր Մովսէս՝ ծովերուն ու ժայռերուն իշխանաբար հրամայելէ եւ ժողովուրդ մ’իւր ետեւէն հուրէն ու ջուրէն անցընելէ յետոյ՝ կը մեռնի լեռան մը գլուխն՝ հեռուէն դիտելով երանաւէտ աշխարհի մը հոգեզմայլ տեսիլն, ուր Յեսուներ ի մի նշան մատին արեւը կ’ոտնակապեն երկնից եզերաց վրայ, ուր սուսերազէն հրեշտակ մը մէկ գիշերուան մէջ հարիւր ութսուն եւ հինգ հազար թշնամեաց կեանքեր հնձելով՝ անկորուստ յաղթութիւն մը կը պարգեւէ ընտրեալ ժողովրդեան, ուր հրալեզու խստաբան մարգարէներ կը գոռան սպառնալից ու ապականեալ հզօր պետութեանց անկումը կը նախանկարեն ահեղատիպ, ուր քառասուն դարերէ հետէ նախածնողաց ստունգանութեամբ Աստուծոյ եւ մարդկութեան մէջտեղ բացուած անդունդը կը լնու Աստուածորդի մը՝ հոն նետուելով առ սէր մեղաւորին եւ մահուամբն որչափ իւր խօսքերով գերագոյն քարոզն կը լինի հաշտութեան եւ սիրոյ, ուր երկնադղորդ շարժմանց ու փայլատականաց մէջ՝ Հոգւոյն Սրբոյ այցմամբ՝ լեզուախօսութեան ձիրքը կ’ընդունին յանկարծ տգէտ անգրագէտ ձկնորսներ՝ որք կ’երթան ապա Հելլենական ու Հռոմէական իմաստասիրութիւնն յաղթահարել ու Ողիմպոսէն մէկիկ մէկիկ վար առնուլ աստուածներն, ուր Դամասկոսի ճամբայներ կան որոց վրայ հալածիչն ի ջատագով եւ Սողոսն ի Պօղոս կը կերպարանափոխի յեղակարծ, ուր խարոյկներու բոցին մէջ վսեմակերպ լուսաժպիտ կը կանգնին մարտիրոսք եւ մարտիրոսուհիք ու վկայութիւն կու տան խաչին, ուր փափկամարմին կոյսեր հսկայներու ոյժը կը ծաղրեն ու Գրիգորներ տասն եւ հինգ տարիէն յետոյ իժուտ ու մութ վիրապներու խորէն դուրս կու գան անարատ, եւ ուր վերջապէս ապագայ դարուց եւ ժամանակաց անորոշ հեռաւորութեան մէջէն կանխաւ կը նշմարուի ու կը կերպարանի ահաւոր տեսարան մը, տիեզերական վերջին դատաստան մը՝ ուր նա՝ որ մերթ եկած էր յաշխարհ հեզ եւ խոնարհ՝ պիտի բազմի դատաւոր անաչառ՝ դատելու բոլոր ազգերն ու ազինք որք նախամարդէն ի վեր ապրեցան երկրի վրայ եւ որք՝ հրեշտակապետին փողէն արթնցած՝ գերեզմանաց դարաւոր փոշին թօթափելով՝ մարմնազգեցիկ պիտի հաւաքուին երկնից դաշտաց մէջ ներկայելու իրենց գործոց համարն, օ՜ր ճակատագրային, օ՜ր վճռական ուր աստղերը պիտի թօթափին, ովկէանը վերստին պիտի խորտակէ իւր թումբերն, ուր կործանեալ աշխարհաց վրայ պիտի որոտայ միայն Արդարութեան անողոքելի ձայնն՝ անհամար դատապարտեալներու վայերուն ու ողբումներուն մէջէն որք պիտի խեղդեն սակաւաթիւ ընտրելոց բերկրութեան ձայներն։

Այսպիսի դէմքեր, պատկերներ ու պատգամներ կը լնուն Ս. Գիրքն ու Սրբոց մատեանքն որք իւր նիւթերն ու բնաբանքն կը մատակարարեն քրիստոնեայ պերճախօսին։ Ի՜նչ առաւելութիւններ նորա համար, ի՜նչ վառարան ներշնչութեանց, ի՜նչ տուփ զարմանազան երանգաց, ի՜նչ բովք հոգին յուզող եւ երեւակայութիւնն ապշեցնող տեսիլներու։ Եւ ո՞ր այլ հրապակախօս ունի այն իշխանութիւնն որով կը զինի կրօնի քարոզն յենլով ո՛չ թէ մարդկային բանականութեան վճիռներուն վրայ՝ այլ իմաստութեան աղբիւր ամենակալ Էակի մը կամաց յայտարարութիւններուն, եւ ո՞վ կարող է այնպէս անջան ամէն վայրկեան ի վսեմն ամբառնալ բայց եթէ նա որ պաշտօն ունի խօսիլ անհունին եւ մարդկային հոգւոյն ճակատագրաց վրայ՝ ո՛չ ի կարծ դատելով՝ այլ հաւատոյ աներկեւան վստահութեամբ։ Արդէն Եկեղեցին նոյն ինքն քարոզիչն ժողովուրդէն որոշած ու դրած է հեռաւորութեան մ’ու բարձրութեան մը մէջ որք իրենց ներգործութիւնն ունին նորա խօսից ճոխութեան վրայ։ Յերկրի իբրեւ յերկնի, մարմնոյ մէջ իբր անմարմին պարտի նա կեալ. խզած է գրեթէ իւր կապեր աշխարհի հետ. ո՛չ կնոջ սէրն, ո՛չ զաւակաց գորովն կը կաշկանդէ զնա. աշխարհային հայրենիքներու զանազանութեան վերեւ կը նկատէ նա բարձրագոյն ընդհանրական հայրենիք մը, եւ սորա՛ քաղաքացին է մանաւանդ քան անոր որ ծնունդ տուաւ իրեն. հագուստովն իսկ կը զանազանի եւ կը զատուի նա՝ իբր արտաքին նշան թէ իւր սիրտն օտար է այն շահուց, հաճոյից ու փառաց որոց համար հոգի կու տան մարդիկ ընդհանրապէս. կրնայ ապա բարձրէն նայիլ իւր առջեւ խռնուած ժողովրդեան վրայ, արգահատանօք դիտել նորա ճգունքն ստանալու անցաւոր վայելքներ եւ իշխանաբար խօսիլ զայն գերող կրից եւ ցանկութեանց դէմ։ Բաց աստի, ո՛չ ոք կ’ընդհատէ զինքն, ո՛չ ոք կը խռովէ, ո՛չ իսկ ծափահարելու համար­ (տաճարին մէջ զՈսկեբերան ծափահարող Յունաց օրինակն հետեւողներ չէ ունեցած գէթ)­, եւ իւր ձայն կը բարձրանայ առանձինն. լոկ մերթ ընդ մերթ կը լսուին վիրաւոր խղճմտանաց հեծկլտանք եւ դղրդեալ սրտից արտասուք՝ միակ այլ գեղեցկագոյն ծափք պերճախօսի յաղթանակին յայտարար։ Թէեւ այսու կը պակսի նմա այն գրգռում զոր ընդմիջումն ու ընդդիմութիւն կու տան քաղաքական կամ ատենական ճարտարախօսին, գրգռում յորմէ դուրս կը ժայթքէ յաճախ յանկարծաթափ հեղեղ մ’ափյափոյ պերճախօսութեան, բայց փոխարէն՝ նորա ճառը վեհափառութիւնն ունի այն գետերուն որք անմարդաձայն լերանց կողերէն բղխելով կը հոսին որոտագոչ, եւ այդ ձայնն՝ անընդհատ հնչելով նուիրական կամարաց տակ՝ կարծես լաւ եւս կը թափանցէ ունկնդրին հոգւոյն մէջ ու խորագոյնս կը դրոշմուի անդ։ Եւ թէպէտ մասնաւոր կուսակցութեան կամ անհատի դէմ ի պայքար չի մտներ՝ երբ ուզէ մեղաց կամ մոլորութեանց դէմ արձակել սուր սլաքներ, եւ իւր թշնամին վերացեալ բան մ’է, մոլորութիւն մը կամ վրէպ մը, եւ հետեւապէս որոշ հակառակորդի մը ներկայութիւնն ու ատելութիւնը չեն բոցավառեր զինքն, այլ չի՞ բաւեր իրեն այն սուրբ զայրոյթ զոր կ’ազդէ նմա ապականութեանց տեսիլն, այլ մի՞թէ մէն մի ախտ մէկ մէկ դժոխադէմ ճիւաղի նման անձնաւորեալ չի՞ կանգնիր իւր երեւակայութեան առջեւ, եւ չի՞ գիտեր քանինե՜ր պիտի ճանչնան զինքեանս այն մեղսագիծ տխուր պատկերներուն մէջ զոր կը ներկայէ…։

Է զի քրիստոնեայ ատենաբանն ի բեմ կ’ելնէ մեկնելու կրօնից վարդապետութիւնքն, պարզելու խորհուրդներն, բացատրելու Աւետարանի բարոյականն, հակակրօն կարծեաց դէմ պաշտպանելու հաւատքն եւ հակաքրիստոնէական բարուց ապականութեան դէմ երկնայի ցասման եւ վրիժուց սպառնալիքներով մաքառելու։ Այս է Քարոզն։ ­ Է զի, երբ Եկեղեցին կը տօնէ մին իւր սուրբերէն, իւր դիւցազներէն, նիւթ կ’առնու բեմբասացն նորա ճգնալից կեանքն կամ վկայական մահն. զայն զարդարող քրիստոնէական առաքինութեանց, յանուն Քրիստոսի նորա կրած տառապանաց եւ փոխարէն՝ երկնային Սիոնի մէջ նմա պարգեւուած յաւիտենական փառացն ու երանութեանց պատկերը կընկարէ հաւատացելոց առջեւ, նոցա զմայլումն ու խանդն կը գրգռէայդ սրբաբոյր վարուցն համար ու յորդոր կը կարդայ հետեւող լինել այդ երկնահորդ ասպարիզին։ Այս է Ներբողն։ ­ Մերթ եւս մի դագաղ կը հանգչի սրբազան խորանացն առջեւ, ու թախծադէմ վշտաբեկ շուրջ կը պատեն զայն ազգականք եւ բարեկամք. տխո՜ւր վայրկեան. մահն եկած զարկած է հաւատացելոյ մը դուռն եւ նորա ծոցէն խլած իւր սիրոյ առարկայն, ծնող կամ զաւակ մը կամ եղբայր մը. եւ կամ ժողովուրդ մ’է ամբողջ որ կ’ողբայ իւր փառքերէն միոյն մարիլն, իւր նեցուկներէն միոյն խորտակիլն, իւր յոյսերէն միոյն թառամիլն. կենաց ու մահու անլուծանելի գաղտնիքն իւր անողոքելի մթութեամբն պատած է մարդոց միտքն ու կը տանջէ հոգին. յուսահատութեան ճիրաններուն մէջ կը չարչարուին վիրաւոր սրտեր, եւ արտասուալից աչքեր՝ խոնարհած ահաւոր փոսի մը վրայ՝ ոչ եւս յերկին կը հային. բանականութիւնն ընկճուած, հաւատքն իսկ լքած, թանձրամած ստուերներուն մէջ մխիթարութեան նշո՜յլ մը կը խնդրեն սգաւոր մարդիկ։ Ահա՛ այն պահուն խօսք կ’առնու Աւետարանի պաշտօնեայն, կը ներկայանայ իբրեւ մխիթարիչ երկնառաք ոգի մը. ինքն եւս կ’ողբայ այն կորուստն որ կ’արիւնէ հաւատացելոյն սիրտն՝ խզելով սիրապինդ կապեր, բայց յանկարծ կը բախէ հաւատոյ թեւերն ու կը վերանայ երկրային սէրերէ ու զգացումներէ վեր, երկրէ վեր, աշխարհներէ վեր, հո՜ն ուր կորսուած ոգիներն կը գտնուին վերստին, հո՛ն ուր չիք այլ եւս վիշտ, արցունք եւ մահ, հո՛ն ուր ապականացու մարդն կը վերկենցաղի հրեշտակատիպ, ուր արդարոյն ճակատը կը պսակուի յաղթութեան բրաբիոնով, ուր պատրաստուած հեշտութեանց անսպա՜ռ բաժակին քով լեղի են աշխարհի քաղցրագոյն վայելք, եւ այդ անդրգերեզմանական աշխարհի մշտալոյս արեւէն յուսոյ ջահը վառելով՝ կը դառնայ յերկիր թօթափելու զայն դամբանի դանդիռին ու սրտերու սուգին մէջ, վերվերցնելու այդ երկրապիշ աչերն, վայրահակ գլուխներն, եւ մոխրէն վերակենդան հոգւոյ նորափետուր փիւնիկը մատնանիշ ընելու։     Փոյթ չէ թէ դոյզն աննշան ոք է մեռնողն կամ մի փայլուն անհատականութիւն. միոյն եւ միւսոյն մարմնոյն վրայ կրնայ մի՛ եւ նոյն հոգեշարժ շեշտերը գտնել, զի Աստուծոյ առջեւ հաւասար են մեծն ու փոքրը, եւ կ’անհետանան ընկերութենէ ստեղծուած խտիրք։ Նաեւ այդ դագաղէն դաս մը կը հանէ անոնց համար որք կը մնան. թէ առաքինի մ’է որ կը հանգչի անդ՝ ցոյց կու տայ առաքինութեանց յիշատակն միայն կենդանի յետ ամէն երկրաւոր իրաց ու կը խրախուսէ ի նմանութիւն. իսկ եթէ աշխարհի մեծութիւններէն մին՝ ի՜նչ առիթ ատենախօսին համար հռչակելու ունայնութիւնն փառաց ու փարթամութեանց, վայրկեան մ’առաջուան գրգեալ ու գգուեալ, մարդելոյզ շողոքորթներէ ու փոյթեռանդն սպասեակներէ շրջապատեալ իշխանասաստ մարդն բաղդատելու երկու տախտակի մէջտեղ անձայն անկենդան պառկող մարդուն հետ, ո՛ր Պօսիւէին պէս խօսելով՝ ընդ հուպ [1] «պիտի փոխուի բանի մ’որ այլ եւս ոչ մի լեզուի մէջ անուն ունի» եւ, որպէս Մասիյեօն Լուդովիկոս ԺԴ. ի կամ Ներսէս Վարժապետեան Ճէզայիրլեանի դագաղին վրայ, գոչելու «Միայն Աստուած մեծ է, եղբարք»։Ահաւասիկ Դամբանական ճառն. եկ ահա՛ եկեղեցական պերճախօսութեան վերաբերող ճառերու երել գլխաւոր տեսակներն։

  Այս պերճախօսութիւն, դուստր հաւատոյ, ի նմանէ կ’ընդունի իւր ոյժ, նորա հետ կը զարգանայ եւ նորա հետ կը տկարանայ ու կը կորնչի։ Ուստի եւ այն ժամանակներն եղած են ամենէն աւելի նպաստաւոր նորա ծաղկման ուր հաւատքն տիրած է ընդհանուր հոգիներու, ուր նորա խանդիւ բորբոքած են սրտերն ու երեւակայութիւնք։ Եւ այս ո՛չ միայն խօսողին կողմանէ, այլ եւ ունկնդիր ամբոխին. վասնզի խօսողին եւ լսողին մէջտեղ հարկ է որ գտնուի ընդհանուր սկզբանց, բարձրագոյն համոզումներու նոյնութիւն մը. ճշմարտութիւններն՝ որոց կը հաւատայ եւ որոց վրայ կը յենու սրբազան ատենախօսն՝ թէ չե՛ն ունկնդրին մտաց եւ խղճին խորն, խզուա՛ծ է հաղորդակցութեան կապն այդ երկու հոգիներուն մէջ։ Այն ատեն նոյն իսկ ի զուր հաւատացեալ է խօսողն. երբ կը զգայ թէ իւր լեզուն այլ եւս իւր առջեւ կեցող ժողովրդեան սրտին լեզուն չէ, ամենուստ տկար, ամենուստ վիրաւորելի, իւր պերճախօսութիւն կը խոնարհի այն բարձրութիւններէն ուր կը թռցնէր զինք մերթ հաւատոյ շունչն, կը կորուսնէ իւր շողերն ու շանթեր եւ կ’իյնայ իբր արծիւ թեւատեալ։ Այն ատեն կրօնից քարոզն՝ թողլով հոգեկան յափշտակութեան երկնամերձ գագաթներն, խորհրդոց եւ վարդապետութեանց աղօտանշոյլ այլ հրաշալի մարզերն՝ կ’իջնէ մարդկային իմաստասիրութեան եւ բարոյախօսութեան կրկէսին մէջ, յօգնութիւն կը կոչէ իրեն փորձն ու գիտութիւնն, փոխանակ սրտին՝ մտաց կ’ուղղուի, փոխանակ յիշեցնելու՝ կը տրամաբանէ, փոխանակ նկարելու՝ կ’ապացուցանէ, փոխանակ յուզելու՝ կ’եզրակացնէ, փոխանակ գոռալու՝ երգելու՝պաշտելու, կը խօսի։ Եւ ատեն ո՛չ եւս կրօնական պերճախօսութիւնն է այն։ Ահա ինչո՛ւ համար բեմբասացական սեռն կը խոնարհի, կը նուաղի օր քան զօր. ­ ո՛չ եւս են այն ջերմեռանդն հաւատոյ դարերն ուր եկեղեցիները կ’անձկանային հաւատացելոց խուռներամ բազմութեան, ուր պաղատագին բազուկք եւ արտասուագին աչկունք կը բարձրանային հանապազ դէպ ի կապոյտ կամարն, ուր իրենց կուրծքը կը կռփէին մարդիկ «մեղա՜յ» գոչելով, ուր պահք կը պահէին եւ ծոմ կը բռնէին, ուր անծանօթ էր տարակոյսը, ուր ո՛չ մէկուն համար թափուր էր երկին ու ո՛չ մէկուն համար լուռ էր գերեզմանը. քննութեան ոգին փչեց, հաւատոյ ճրագին բոցն սկսաւ դողդոջել, մարիլ իսկ շատ հոգիներու մէջ, արթնցաւ բանականութիւնն, անողոք բանականութիւնն եւ հարցուց «ի՞նչպէս»։ Եւ եկեղեցին, համակերպելով նոր մտաց պահանջումներուն, փորձեց պատասխանել բանականութեան. սրբազան բեմերն գիտական դասախօսութեան ամպիոնի կերպարանք ստացան, բնագիտութիւնն ու բնալուծութիւնն գործածուեցան հրաշից ի հաստատութիւն։ Այս է իննեւտասներորդ դարու նուիրական պերճախօսութիւնն, սեռ խառնածին, խորթ, անկենդան։ Սորա համար արդէն Պօսիւէ կը գանգատէր Մասիյեօնի մասին, ու Ֆէնըլոն կ’ըսէր թէ «Այլ եւս Աստուծոյ խօսքը չէ. այլ մարդո՛ց խօսքն եւ գիւտը», եւ Հայր Ռավինեան՝ այս դարուս մէջ՝ թէ «Բազումք կան որք իրենց գլխէն կը խօսին, սակաւք, յոյժ սակաւք որք խօսին ի սրտէ, աղեաց խորերէ»։ Սորա համար ուր որ Գրասէր Ատոմ բարձրացում կը տեսնէ՝ խօսելով մեր եկեղեցականաց վրայ եւ հաստատելով թէ այնքան Յիսուսի վրայ կը խօսին այսօր որքան (լռելեայն) Տարուինի վրայ, ես անկում կը տեսնեմ, գէթ հաւատոյ եւ եկեղեցական ճարտարխօսութեան նկատմամբ։ Եթէ Շահնազարեան, Վարժապետեան, Խրիմեան, Մուրատեան, Նարպէյ պերճաբան եւ հզօր եղած են յաճախ, անշուշտ ո՛չ այնպիսի քարոզներու մէջ ուր խօսէին աւելի երկրի վրայ քան երկնի, աւելի Սոկրատայ վրայ քան Քրիստոսի, աւելի բնութեան վրայ քան Աստուծոյ, ուր ներշնչուէին օրաթերթից ընթերցմանէն մանաւանդ քան Ս. Գրոց ուսումնասիրութենէն, եւ անշուշտ առաւել իւրեանց ասպարիզին սկիզբն յորում ջերմեռանդութիւնն մեծագոյն էր ժողովրդեան մէջ քան վերջերն ուր եւ ի մեզ սկսաւ շնչել կրօնային անտարբերութեան ոգին եւ տարբեր ուղղութիւն ու ոճ տալ քարոզութեանց։

Այո՛, պէտք է ետ ետ երթալ, դէպ ի վեր ելնել ժամանակին մէջ գտնելու համար քրիստոնէական պերճախօսութեան հրաշակերտներն. պէտք է երթալ Ժէ դարն, ուր Տէքարդի գործերն արգելեալ գրոց ցանկը կ’անցնէին ի Հռոմ եւ Լուդովիկոս ԺԴ. կ’արգիլէր մեծ փիլիսոփային դագաղին վրայ դամբանական արտասանել, եւ ունկն դնել ի Գաղիա Պօսիւէի, որոյ ձայնն Սինայի խորերէն գոգցես կու գար մրմռալով եւ որ աստուածպետական գաւազանաւ կը թուէր արդէն երկրի վրայ գերագոյն ատենի մ’առջեւ դատել մահացեալ իշխաններն եւ իշխանուհիներն, Պուռտալուի որ՝ ըստ վկայութեան Տիկին Սէվինեէի՝ իւր ճառից պնդակազմ շղթայէն կը կախէր ունկնդիրն՝ շնչառութիւնն իսկ բառնալով ի նմանէ, Ֆէնըլոնի որոյ անպատրաստ՝ այլ հոգելից քարոզներուն մէջ կը վերակենդանանար Հարց բարբառն. Մասիյեօնի որ դեռ կարի կրօնական էր հակառակ Պօսիւէի տագնապներուն եւ Վոլթէրի հիացման եւ որ՝ երբ Ընտրելոց սակաւաթուութեան վրայ իւր քարոզին մէջ կը գոչէր «Արդարք, ո՞ւր էք»եւ «ո՜վ Աստուած, ո՞ւր են քո ընտրեալք եւ ի՞նչ կը մնայ քեզ ի բաժին»՝ խղճի տագնապներով կը պաշարէր եւ երկիւղիւ կը համակէր իւր համայն ունկնդիրներ որք ակամայ շարժումով յոտն կ’ելնէին՝ խուսափելու համար կարծես դատապարտութեան ճիրաններէն, եւի ի Լա­հէ բողոքական Սորէնի ոյր մի ճառն՝ յորում գթութիւն կը հրաւիրէր գաղիացի պանդխտեալներու թշուառութեան վրայ՝ այնպէս ուժգին կը ցնցէր եւ կը խանդաղատէր հոգիներն՝ որ ամէն ոք անդէն կը մերկանար իւր զարդերն ու գոհարներ եւ յօժարափոյթ կը նուիրէր մերկերու եւ քաղցեալներու ի նպաստ. ­ պէտք է երթալ ԺԴ դարն ի լուր մեր Երզնկացւոյն՝ երբ Սեպհոյ բարձանց վրայ կը ներբողէր զՍ. Լուսաւորիչ, «Յարազուա՜րճ խնդութեամբ բերկրեալ ցնծա՜, եկեղեցի՜ սուրբ, նորահրաշ եւ պայծա՜ռ երկին» աղաղակելով հոգեզուարճ եւ ինքն ու Սրբոյն հետ դրուատելով, երգելով նորա ճգնութեանց հանդիսարան վայրերն ալ. «Ուրա՜խ լեր գեղով գեղեցիկ երկիր ցանկալի, Դարանաղեաց գաւառ գովելի, լերամբք ծաղկաւէտ, ձորովք ջրաբուխ, եւլն». ­պէտք է երթալ ԺԲ դարն ու մտիկ ընել Տարսոնի ժողովոյն մէջ Լամբրոնացւոյն Կիկերոնեան ճարտարխօսութեան, եւ Շնորհալւոյն՝ երբ յետ հայրապետ ողջունուելու իւր եղբօրմէն ու ամբողջ ներկայ եկեղեցականութենէն՝ կը լուծէր իւր քաղցրաբան լեզուն ի ճառ երկնազդեցիկ եւ ցոցյ կու տար մեծութիւնն ու դժուարութիւնն հովուապետական պաշտաման. ­ պէտք է ելնել ի Ե դար եւ լսել Սահակն որ տիրանենգ նախարարաց կը պատմէ իւր խորհրդաւոր տեսիլն Վաղարշապատու տաճարին մէջ, Խորենացին որ իւր դիւցազներգակ գրիչը կը գործածէ մի այլ կերպ դիւցազնի՝Եկեղեցւոյ ամազոնի մի՝ Հռիփսիմեայ ի գովեստ, եւ Յովհան Մանդակունին որ՝ Վահանայ յաջողութեանց աւետիսն առնլով՝ կը թռչէր ի բեմ եկեղեցւոյն եւ, զերդ Մովսէս յետ կարմիր ծովու անցքին, իւր Եկեղեցւոյն եւ հաւատոյն փրկութիւնը կը տարփողէր՝ « Յեկեղեցիս օրհնեցէ՛ք զԱստուած. եւ զՏէր յաղբերացն Իսրայելի» ձայնելով խնդագին. ­ ու պէտք է վերջապէս ելնել ի Դ դար, դարն այն ոսկի քրիստոնէական պերճախօսութեան, դարն այն բազմաբեղուն ուր Եկեղեցին ծնաւ իւր հայրեր, ու Լիպանիոսի՝Պրոյերեսիոսի հռետորական դասարանաց լրացուցիչն էր անապատն, եւ ուր միայնութենէն դուրս կը ցայտէր յանկարծ հրալեզու քարոզն կրօնից որպէս լռին հորիզոններու ծոցէն կը պայթի յեղակարծ որոտումն շանթարձակ, եւ թռչիլ Անտիոքէն ի Բիւզանդիոն, Աղեքսանդրիայէն ի Կեսարիա, խառնուիլ այն հաւատացելոց խռան որ դիզուած է ծովակոյտ՝ Աթանասներու, Բարսեղներու, Նազիանզացիներու եւ Ոսկեբերաններու բեմերուն առջեււ, նոցա մերթ ահաւոր, մերթ գգուալի, մերթ սպառնացայտ, մերթ սփոփածու, հզօր ու անդիմադրելի, նկարուն ու փրփրուն լեզուին տակ գալարելով, խոնարհելով՝ կանգնելով, յուսալով՝ յուսահատելով, արտասուելով՝ զուարթանալով, միշտ յափշտակուելով, եւերբեմն ալ ծափահարութեանց գոռմամբ թնդացնելով նուիրական կամարները։

(Երկրագունտ, 1885, Մարտ)



[1]            Դամբանական Անգղիոյ Հանրիէդայի։