Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

17. ՄԱՏԹԷՈՍ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ ԻԲՐԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ
(Իւր մահուան 3րդ տարեդարձին առթիւ)

Կանգ առնուլ տարւոյն այն օրուան առջեւ որ մեզ կը վերադարձնէ անցելոյն մէջ երջանիկ կամ աղետաւոր իրողութեան մը թուականը՝ գիտակից կեանքի մը զարգացման յայտարար նշանակը պարտի համարուիլ իրաւամբ։ Բախտաւոր դէպքին վրայ անդրադառնալով՝ կը գնահատէ մարդ զայն, անոր առաւելութիւնները՝ ժամանակին բերած փորձառութեամբ աւելի լաւ կը դատէ, որ չափ անոր առթած բարիքը կը տեւէ ու կ’առաւելու՝ ա՛յնքան աւելի կ’ըմբռնէ կարեւորութիւնը պատճառներուն որք ծնունդ տուին անոր եւ զանոնք, եթ կարելի է, միշտ արդիւնաւորելու իղձը կը զօրանայ իր մէջ։ Դժբախտ իրողութիւններու պարագային մէջ, ինչպէս մեծանուն անձնաւորութեան մը մահուան տարեդարձին, յիշելով կորուստը զոր ըրած ենք՝ դարձեալ բարիքը, երախտիքն է որ կը գնահատենք, կը սովրինք աւելի լաւ ճանչնալ յարգը բարիքին զոր դեռ ի ձեռին ունինք, մեծ մտքին, մեծ հոգւոյն զոր բախտն ունինք մեր մէջ ունենալու տակաւին, եւ թէ ինչպէս անհատն եւ ընկերութիւնը իմաստնագոյն վարմունքով կրնան փոխանակել կորսուած առաւելութիւնները ու մեծագոյն արդեանց ակնկալել։ Տարեդարձները, իրենց արտայայտած զարգացուն գիտակցութեամբը ու թելադրած խհորհդածութիւններնովն, կրնան այպսէս օգտակար ըլլալ, բաց անտի որ յիշատակելը, յիշատակը տօնել կամ սգալը պատուաբեր է մարդկային իմացականութեան եւ զգայնութեան։ Մտքին դաշտը այնքան ընդարձակ է որքան անցելոյն հետ անոր կապերն աւելի շատ են, ու զգացումն ալ անմոռաց անցելոյն մէջէն կը քաղէ զինքն ընդլայնող ու մեծցնող տարրեր։

Ահա ինչո՛ւ ի վաղուց մարդկութիւնը սահմաներ է իր մէջ տօներ, տարելիցներ, տարեդարձներ, եւ, ըստ պարագային, զուարթ կամ տխուր ցոյցերով յայտնր է անցելոյն հանդէպ իր զգացումները։ Կրօնքները մանաւանդ այս մասին ունեցան հնութեան մէջ գլխաւոր դերը։ Ու քաղաքակրթութեան հետ կը յառաջանայ, կ’աշխարհականանայ յիշատակման այս սովորութիւն, ընյդլայնելով իր շրջանակը։ Հնութեան մէջ, յԱթէնս, Եպիկուրի աշակերտներն ա՛յնքան կենդանի ու խոր յիշատակ մը պահեցին իրենց վարդապետէն որ անոր մահուան տարեդգարձներուն կը խմբուէին անոր վրայ խօսելու անոր երախտեաց յիշատակները նորոգելու համար։ Յառաջացեալ մարդկութիւնը հետզեհտէ աւելի ուշադրութիւն կը դարձնէ իր մէջ ապրած ու ապրող հոյակապ անձնաւորութեանց կեանքի պարագայներուն ընծայած առիթներուն՝ իր յարգանաց ու երախտագիտութեան հարկը մատուցանելու համար անոնց կամ անոնց յիշատակն։ Կեանքի կամ գործունէութեան տարիներու որոշ շրջան մը, ծննդեան ու մահուան տարեդարձները, յիսնամեակները կամ հարիւրամեակները պատեհութիւններն կ’ըլլան նման ցոյցերու։ Վ. Հիւկօ Վոլթէրի մահուան հարիւրամեակին կը մասնակցէր անմոռանալի պերճ ատենախօսութեամբ մը, ու դեռ տարիէ մը քիչ աւելի յառաջ՝ համայն Գաղիա իրեն ծննդեան հարիւրամեակը կը տօնէր անհուն խանդավառութեամբ։

***

Արեւելեան Մամուլ իւր հիմնադրին մահուան տարեդարձի օրը յիշատակութեան առարկայ կ’ընէ այսօր՝ ճոխացնելով իր պարունակութիւնը։ Յայտնի է որ սգոյ այս յիշատակը միայն ընտանեկան յարգանք մը չէ, լոկ թերթին տնօրէնին ու անոր ընտանիքին պատկանող, այլ կը շահագրգռէ ամբողջ Հայ Համայնքը, որուն մտքին լուսաւորութեան, ընկերային բարօրութեան ու բարուց ազնուութեան նուիրեց Մամուրեան իր բովանդակ կեանքը, իր բոլոր մտաւոր ոյժն ու գանձերը։ Որդւոյն այս բարեպաշտիկ գաղափարը արժանի է որ ընդգրկուի բոլոր Հայերէ, ու մեր ամենուս մտքերը այս առթիւ միահամուռ դառնան դէպ ի մեծ մարդը զոր կորուսինք 1901ի մուտքին մէջ։

Ի՞նչ էր Մամուրեն. Գրագէտ-Հրապարակգիր մը նախ, եւ հոս կ’ուզենք այս տեսակէտով դիտել զինքը մանաւանդ։ Բայց չէ կարելի դիւրաւ սահմանել ամբողջ Հասարակութենէ մը սիրուած ու ճաշակուած Գրագէտ-Հրապարակագրի մը կատարած դերը։ Տրուած չէ՛ ամէն գրողի տիրապետել հոգիներու ընդհանրութեան մը, եւ, որ աւելին է, իրար յաջորդող մէկէ աւելի մտաւոր սերունդներու միանգամայն յարգելի ու սիրելի մնալ։ Գաղափարի ու զգացման ու ձեւի առաւելութիւններու հազուագիւտ միաւորութիւն մը հարկաւոր է. եւ ահա՛ այդ միաւորութիւն Մամուրեանի գրչին մշտատեւ չքնաղ յատկութիւնն եղաւ։ Գաղափարը բարձր էր իր գրուածոց մէջ, նախապաշարման ու խաւարի թ շնամի, ուղղութեան ու ճշմարտութեան բարեկամ, իարունքի ու արդարութեան անձնուէր ջատագով. զգացումը մաքուր էր ու ազնիւ, ընտանեկան սուրբ կեանքին ու բնատոհմիկ լուրջ բարքերուն գեղեցկութիւնը կը սիրէր ու կը քարոզէր. լաւին ու գեղեցկին, հարազատին ու տոհմայնոյն խանդովն ու անձուկով բաբախած էր միշտ իր սիրտը։ - Իսկ ձեւը, արտայայտութիւնը՝ կենդանի, վառվռուն, նկարուն, այլազան ծաղիկներու գոյներէ, երփներագն գոհարներու շողերէ, ճառագայթներէ ու կայծակներէ կազմուած շլացուցիչ զէն ու զարդ մը՝ որ գաղափարին ու զգացման յաղթանակը կը շահի անվրէպ, միտք, սիրտ ու երեւակայութիւն միանգամայն գերելով, մոգելով, յափշտակելով։ Այդ յաղթանակները թուելու համար կարենալու է մտնել զինքն ընթերցող սերունդներու մտքին ու սրտին մէջ, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կայծեր վառեր, ի՛նչ սերմեր ցաներ, ի՛նչ վրէպներ ու կանխակալ կարծիքներ քանդեր, ընկերային ու բարոյական ի՛նչ խութեր ու վիհեր մատնանիշ ըրեր, ի՛նչ տկարութիւններ զօրացուցեր, ի՛նչ բաժակներ արբեցուցեր է։ Այո՛, տարակոյս չունիմ որ հայ ընթերցողներու ընդհանրութեան համար այսպէս եղած են իր հարաշալի Նամականիները, իր վիպական խանդոտ էջերը, իր երեսնամեայ Արեւ. Մամուլներուն պարունակած անթիւ տոհմային, ընկերական, կրթական ու իմաստասիրական խնդրոց լուսաւոր տեսութիւններն ու գրական արիստարքեան քննադատութիւնները։ Ամէնքս կը յիշենք տենդոտ անհամբերութիւնը որով կ’սպասուէին իր ՀԱնդէսին թիւերը, որոցմով, իբր առիւծի ծուծով, պիտի սնաէր մեր առօրեայ լրագրութիւնը՝ իմաստալից հիւթալից յօդուածներուն հայ մտաւոր խաւերուն մէջ ծաւալումն ընդլայնելով, որոցմէ մեր վարչական մարմինները իրենց ուղղութիւնն հաստատող կամ մերժող բարոյական հեղինակութեան մը պ ատգամը պիտի ընդունէին, որոցմէ նորաթեք խոստմնալից գրագէտը իր դեռաբոյս տաղանդը գգուող ու խրախուսող փայփայանքը պիտի ստանար, ինչպէս սնամէջ անհիւթ գրիչը իր ջախջախիչ հարուածը, ու ամենէն յառաջ ամենուն աչքերը պիտի վազէին դէպ ի Շահնուրը, որ՝ ըստ նշանակութեան բառին՝ լուսոյ արքայի մը, Ապողոնի մը պէս, հրափայլ լուսացայտ կառք մը պիտի վազցնէր Հայ համայնքի եթերին մէջ, շաչեցնելով խարազան մը ուսկից կայծեր պիտի թօթափէին մութ խորշեր լուսաւորող ու հալածական փախցնող խաւարասէր չղջիկներ։ Ճշմարտութիւն մը կը հաստատենք ըսելով նաեւ որ Մամուրեան գերազանցապէս մերազնեայ հանճար մ’եղաւ, մեր տոհմի հոգիին ազնուագոյն մասէն դուրս ցայտած, իր բոլոր գրուածներն համակ թրթռուն ըլլալով ցեղին հոգիովը, իրենց տարբեր ձեւերուն տակ անոր կեանքն ունենալով իրենց առարկայ, զայն պատկերելով, անոր հետ հրճուելով ու տխրելով, զայն ազնուացնել եւ ուղղել ձգտելով։ Թարգմանելու տենչն իսկ, որով չդադրեցաւ նա գեղեցիկ հայ աշխարհիկ լեզուի վերածելէ եւրոպական մատենագրութեան վարպետներու գործերը մասնաւորապէս վիպական ընտիր երկեր իր նախնեաց մէջ այնքան հոյակապ թարգմանիչներ ունեցող ազգի մը դարաւոր մէկ ձգտումը ի վեր չի՞ հաներ, ձգտում որվ հայ միտքը Սահակ Պարթեւէն մինչեւ Հայր Արսէն հետամուտ եղած է միշտ ճարտար հայացումով իւրուրոյն ճոխութիւն մ’ստեղծելու օտար գրականութեանց գանձերէն։

Ահա՛ ինչ որ եղաւ Մամուրեան իբրեւ գրագէտ հրապարակագիր, եւ ինչ որ իր յիշատակին նուիրուած թերթին ընթերցողք անոնք որ աւելի կամ նուազ ժամանակակիցներն եղան իրեն պիտի վերյուշեն։ Բայց նորահաս սերունդն ալ ու ապագայք ալ՝ կարդալով իր գործերը՝ անշուշտ համամիտ պիտի գտնուին մեզ անոր թողած գրական գործին փայլուն արժանեաց մասին, ու պիտի խելամտետն այն բեղմնաւոր ներգործութեան զոր ունեցաւ նա մանաւանդ իր ժամանակակից սերունդին վրայ։

Իր մահուան յիշատակին ազդած  տխուր զգացման քով՝ իր բարեկամներն ուրախութեամբ կը տեսնեն որ իր ազնիւ Որդւոյն գովելի ջանքովը իր յիշատակը կ’ապրի միշտ կենդանի նոյն իսկ անոր հիմնած պանծալի թերթին մէջ ու իր պատկերը կը փայլի հանապազ անոր կողքին վրայ։ Կը մաղթենք որ Որդին իր հայրարժան գործունէութեամբ առիթ լինի միշտ յիշեցնելու իր մեծանուն Հայրը, ու յաջողութեամբ ընթանալով անոր հետոց վրայ՝ իր դափնիները այլապէս հաճոյ արգադիր նուէր մ’ընէ Անոր շիրմին, զոր փառքով կը շրջապատէ արդէն Հայ Ժողովրդեան երախտագէտ յարգանքը։

(Արեւ. Մամուլ, 1904, Թիւ 2)