Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Pedagogy  Fiction  

20. ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ [1]

 

Մինչ մէկ կողմէ ժամանակի այն մասը որ մեր կեանքն ըլլալու սահմանուած է՝ կտոր կտոր կը ցնդի կ’անհետի անցնող վայրկեաններուն եւ օրերուն հետ, միւս կողմէ կարողութիւն ունի մարդ ժողովելու այդ տկորուանքնը, ու իրարու հետ կեցլով՝ եթէ ոչ այլ եւս արդի ու իրական, բայց մտաւոր կեանք մը վերաշինելու, անցեալ օրերու համառօտեալ մէկ շղթան, համադրական մի պատկերը կազմելու հաստատելո իր մէջ, ու կերպով մը նորէն ու միշտ, երբ ուզէ ու չուզէ ալ, ապրելու իր անգամ մը ապրա օրերը. կարողութիւն ճակատագրային, որ օրէնքն է իր գոյութեան, եւ ուրկէ չի կրնար խուսափիլ իր մտքին առողջ ու սովորական վիճակին մէջ։

Այդ կարողութիւնը իր յիշողութեան զօրութեամբ ունի. վերյուշումներ, յիշատակներ ունենալու կարողութիւնն է այդ։ Անո մարդը ներկայ վայրկենին մէջ կը խտացնէ սահած գացած օրերն ու տարիները, ու անոնց մշտաճուն բեռը միշտ իր կռնակը՝ կը յառաջանայ ամէն րոպէ դէպ ապագայն։ Այդ կարողութեան շնորհիւ, կ’ուսնի մարդը, սովորութիւններ կը կազմէ զգացման, մտածման ու գործողութեան որք հետ զհետէ շեշտուող յատկութիւններ, սրուող տաղանդներ, կատարելագործուող յաջողակութիւններ կ’ըլլան իր մէջ, ինչպէս, ասոր հակառակ, անո՛վ է դարձեալ որ թերութիւններ կ’արմատանան, պնդացած անընդունակութիւններ ու անդարմանելի ապիկարութիւններ կը յառաջանան։ Անո՛վ կը նորոգուին մարդուն անցեալ տպաւորութիւնները, զգացողութիւնք եւ զգացմունք՝ որք երբեմն իր զգայնութիւնն յուզած էին՝ կրկին կուգան իր սրտի թելերը ցնցել, երբ անոնց շարժառիթ առարկայները կամ դէպքերը վաղուց կորուսած են իրենց այժմէութիւնը։ Բայց յուշն ասոնց ալ պատկերքը պահած է իր մէջ, որք կարող են իրականութեան մօտ կամ անոր իսկ հաւասար վերկենդանութիւն մ’ստանալ եւ անոր ազդած երբեմնի յուզմունքն ազդել վերստին, յաճախ շրջաբոլոր իրականութիւնները մոռցնելու եւ անցելոյն մէջ ապրելու ցնորքը տալու աստիճան։

Ու յիշատակը մեր անցեալ արարքներուն՝ հո՛ն է, մեր մէջ. զմեզ գործող կը տեսնենք մի եւ նոյն գործերը, մի՛շտ պատասխանատու կ’զգանք զմեզ անոնց, մեզ կը վերագրենք անոնց արժանիքը կամ ամօթը, այսօ՛ր ալ հպարտութիւն մը կ’զգանք մեր անցեալ պատուաբեր վարմանց համար, ու բազմաթիւ տարիներ վերն ջալ շառագունանք մը կ’ելնէ մեր ճակտին վրայ՝ երբ մեզմէ գործուած անազնիւ գործի մը յիշատակը կը զարթու մեր մէջ, արթնցնել իրեն հետ հին խայթն ալ որ չէ՛ ջնջուած։ Այսպէս մեր եսը, մեր բարոյական ու մտաւոր էութիւնը անկորուստ կը պահէ մեր անցեալը. անոր տարրերովն իսկ շինուած է նա մանաւանդ, եւ ոչ միայն կարեւոր մասունքն այդ անցեալին, այլ եւ ամենէն աւելի անկաերուր երեւցածներ իսկ, կը պահեն անոր մէջ ամէն վայրկեան գիտակցական ըլլալու պատրաստ գոյութիւն մը, եթէ չեն դարձած ամենօրեայ առարկայներ մեր մտածութեան, սովորական վիճակներ մեր սրտին։ Յաւէտ անգիտակցական դարձած շատ մ’անցեալ տպաւորութիւններ արդէն մեր հոգւոյն ալուց մէջ խտացած նստած՝ մեր բնաւորութեան արմատները սնուցանող թագուն գետինը եղած են ու անոր իր ընդհանուր դիմադծութիւնն ընծայած։ Մեր մարմինն անգամ, թէ եւ անոր նիւթական ամէն մասունք աւելի կամ նուազ ժամանակի մէջ փոխւոին ամբողջովին, չի՞ դրոշմեր իր մէջ մեր անցեալը, իր զօրութեանց ու տկարութեանց մէջ, իր ձեւերուն եւ սովորական շարժամանց ու դրից մէջ։

Մեր յիշտականերով մեզմէ դուրս եղող անձերն ու իրերն ալ աւանդապահները կ’ընենք մեր անցեալ էութեան, որուն շփումը կրած են անոնք, եւ ուրկէ բան մը կապուած կը մնայ անոնց հետ։ տեղերն ուր ապրեցանք, տառապեցանք կամ վայելեցինք, գործիները ո րոցմով աշխատեցանք, տունը զոր շինեցինք, ծառը զոր տնկեցինք, էակները զորս սիրեցինք, անոնք որոց հետ կամ որոց համար լացինք կամ խնդացինք, առարկայները որք անոնցն եղան, այս ամէնքը մեր կեանքին պատառները կը կրեն իրենց վրայ, ինչպէս մացառները որոց վրայ անցնող հօտը իր գեղմին ծուէններ կը թողու, ու իրենց տեսքը կամ մտապատկերը մեր կեանքի այս կամ այն դրուագն է որ մեզ կը վերբերէ՝ յարակից տխուր կամ զուարթ յուզումներով։ Մեր անցեալին հետ՝ մեր յիշատակներուն միջոցաւ՝ նաեւ մեր ճանչցածներուն եւ մեր սիրածներուն անցեալը կ’ապրի մեր մէջ։ Մեր զաւակներուն մանկական խաղերը կը կարծենք տեսնել տակաւին՝ երբ անոնք մեծցեր են արդէն, եւ երբ մեր սիրոյ առարկայները արդէն անցեալ մ’են եղած բոլորվին, մեր երբեմնի կենակցութիւնը կը կարծենք ապրի, լ ու անոնց անոյշ փարելի մարմնոյն հպիլ, թէեւ, աւա՜ղ, մեր արցունք մեզ կ’ըսեն թէ ա՛լ արձագանգ մը չի կրկներ այդ ձայները, ա՛լ մէկու մը չ’ուղղուիր այդ ժպիտը, ա՛լ այդ մարմնոյն գերեզմանի որդերը միայն կը հպին…։

Աւա՜ղ, յիշատակի այդ կարողութիւն ո՜րքան չարչարիչ է յաճախ եւ ի՛նչ անփարատ սեւ մութով կը պատէ շատ անգամ մարդկային կեանքը։ Այդ մութին մէջ անցեալին ցոլացուցած հաճոյալից պատկերներն իսկ ցաւագին կը դառնան, զի ո՜րքան դառն է երջանկութեան անցեալ մի յիշել՝ որուն կ’ընկերանան իւր տխուր վախճանին յիշատակը ու ներկային մէջ երկարաձգուող սրտակսկիծ մորմոքանաց զգացումը։ Բայց, թէ եւ անսպառ արցունքի պատճառ, պիտի ո ւզէի՞նք որ այդ յիշատկը սրբուէր մեր սրտէն ու կորսուած մրմոմքելի անցեալը հետք մը չունենար մեր յիշողութեան մէջ։ Մոռացումը մահուան լրումը չ՞պիտի ըլլար մեր անհետացած սիրելիներուն ու մեզ ալ համար։ այդ յիշատակը չէ՞ մահուան դէմ մեր վերջին ապաւէնը, ու երբ ան մեր գրկէն կը խլէ մեր սիրելին, ուժին մնացորդ մը յիշատակին մէջ չէ՞ դարձեալ որ կը մնայ մեզ, անմեռ յիշատակին՝ զոր կ’ուխտենք իրեն ու մեզ՝ պահել իրմէ, իր կեանքէն, իր մեզ հետ կենակցութենէ, ն իր գործերէն, իր խօսքերէն, յուշոյ կեանքին զոր կ’ուխտենք շինել իրեն մեր մտքին, մեր սրտին, մեր երազներուն, մեզ մնացած կեանքին մէջ, պաշտամունքին զոր կը նուիրենք այն ամէն անշունչ առակայներուն իսկ որոց իր ձեռքերը հպած էին եւ որոց իր յիշատակը կպած է։

Յիշատակը… ա՛յն կը մնայ մեզ անցեալէն, ու այդ անցեալը մեր բոլոր կեանքն է. անով կ’ապրինք, զայն կ’ապրինք մանաւանդ, երբ «ապրիլ» կ’ըսենք։ Ներկայն անոր ու անորոշ ապագային մէջ տեղ ոքրիկ կէտ մ’է միայն, խուսափուկ վայրկեան մը, եւ ինչ որ ապագայէն պիտի կրնայ իրականանլ՝ դարձեալ շուտով այդ անցեալին փոխուելու համար է, ընդ հուպ նորէն իբրեւ յիշատակի բեկոր մը միայն մասն ըլլալու մեր կեանքի։ն Ա՛յն ենք ինչ որ ըրած է զմեզ այդ անցեալը, (բաց ի այն անցեալէն որ մեր հայրերունն է եւ որուն ազդեցութիւնը կ’երկարաձգուի մեր մէջ ժառանգուած հանգամանքներու ձեւին տակ), խմորելով մեր ամբողջ էութիւնը, մեր նկարագիրը շինելով, մեր կարողութիւնքն ու տկարութիւնքն հիմնելով, անջինջ ուրախութիւններու կամ անմխիթար տրտմութեանց աղբիւրը կամզելով մեր մէջ։ Ա՛յն է մեր արժանեաց չափը, մեր անցեալը. անով կը դատեն ու պիտի դատեն զմեզ մարդիկ, ու ալ ա՛յն պիտի տայ բացձրակ ու վերջնական տարազը աշխարհի վրայ մեր անցաւոր գոյութեան՝ երբ մեր շնչաւոր կեանքը վերջանայ իսպառ։

Այս խորհրդածութիւններէն կը բղխի բարոյական անդրադարձում մը, զոր մասնաւորապէս կ’ուզէի յանձնարարել երիտասարդներուն։ - Եթէ անցեալն է մանաւանդ մեր կեանքը, ու ներկայն է ու ապագայէն եկած տարերքն են զայն կազմողը, ի՜նչ մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ներկային ու ապագային որոնք օր մը, վաղը, մեր անցեալը պիտի ըլլան, մեր կեանքի պատկերը կազմող գծերը պիտի ըլլան եւ մինչեւ իսկ, իբրեւ ընդաբոյս տրամադրութիւններ, պիտի կրնան գտնուիլ մեր զաւակաց մէջ։ Եթէ չեմք կարող արգիլել բախտը ցաւեր բերելէ մեզ որք ա՛լ մեր մնացեալ օրերուն համար իրենց սայրսուր փուշերը պիտի ցցեն մեր հոգւոյն մէջ, բայց կարող ենք արգիլել խղճի խայթերու կազմութիւնը մեր գիտակցութեան մէջ։ Եթէ բախտիը մեր ձեռքը չէ, պարտքը մեր կամքէն կախում ունի. կրնանք մեր ապրած ու ապրելիք օրերուն տրուած ուղղութեամբ այնպէս ընել որ մեր անցեալը բարոյական գոհութեան յիշատակներ ընծայէ մեզ միշտ, պատուաւոր վկայութիւն մ’ըլլայ միշտ մեզ համար այլոց ու ապագային առջեւ, բարի ժառանգութիւն մը մեր յաջորդաց, ի չգոյէ երջանկութեան գէթ սփոփանքը մեզ տայ ու արիութիւնը ապրելու։ Կրնանք ընել մեր իմաստութեամբ որ ամաց բեռը բարոյական ու մտաւոր ներդաշնակ ուժերու պաշար մը ներկայացնէ, բարիք ընելու համար մեր տրամադրութեան տակ միշտ առձեռնպատրաստ, ու իր ճնշող ծանրութիւնը կարենայ թեւերու թեթեւութիւնն ըլլալ մեզ դէպ ի վեր սլացումներու համար։ Կրնանք ընել, միշտ հսկելով այն նոր տարերց վրայ զորս մեր մէն մի օրն կ’աւելցնէ հիներուն, որ երբ , աւելի կամ նուազ ընդարձակ, յանգ ելնէ մեր ասպարէզն այս աշխարհի վրայ, երջանկաւէտ թէ թշուառ, փայլուն թէ համեստ, ազնուական կեանքի մը պատմութիւնն ըլլայ, որ զայն ճանչցողին ներշնչէ սա՛ դատաստանը. «Մարդ մ’եղաւ ան»։

(Արեւ. Մամուլ, 1902, Թիւ 1)



[1]            Գրական այս յիշատակներէն յետոյ պատշաճ դատեցինք հոս դնել եւ այնու վերջացնել այս հատորը ընդհանրապէս Յիշատակներու վրայ գրուած մեր մի հոգեբանական Յօդուածը, որ հրտարակուած է Արեւ. Մամլոյ 1902 Յունվար թուոյն մէջ՝ իր Հիմնադրին յիշատակութեան նուիրուած, եւ որուն մէջ ուզած ենք բարոյական դաս մը դնել Երիտասարդութեան հասցէին։