Ատանայի եղեռնը. Տեղեկագիր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱԿՈԲ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

1909ի գարնան էր, երբ Մոնկոլեան սեւ թաթը կարմի՜ր էր ներկեր Կիլիկիոյ ամբողջ դաշտը եւ վերածեր էր զայն համատարած գերեզմանի մը. Սիհուն եւ Ճիհուն հայ արիւնի հեղեղներ էին ընդուներ։ Ու Երիտասարդ-Թուրքերը, յայտնի թէ ծածուկ, դիւանենգ ժպիտով, ձեռքերնին շփեր էին՝ գերագոյն պարտք մը կատարած ըլլալու բորենավայել լրբութեամբ, թքնելով այսպէս՝ Քաղաքակրթութեա՛ն ալ, իրենց պաշտած Ալլահի՛ն ալ երեսին։ Հին թէ նոր թուրք մտայնութեան արդիւնքն է եղեր այդ, որ չէ ուզած երբէք ըմբռնել թէ այս երկրին երէկուան եւ վաղուան տէրերն ալ կրնային իրաւունք ունենալ ապրելու։

Կը հասնին սակայն սթափումի օրերը, պէտք էր մոխի՜ր ցանել Մեծ Եղեռնին վրայ, դիաթաղը կատարել խաչուած Արդարութեան։ Օսմ. Երեսփ. Ժողովի թուրք մեծամասնութիւնը, սրտառուչ համերաշխութեամբ մը պաշտօն կուտար իր իսկ անդամակիցներէն «օսմանցիացած» Հայու մը՝ անոր բերելիք նպաստաւոր տեղեկագրութեան մը կանխահոգ մտածումով։ Այսպէս կ՚ենթադրէին գէթ Հայերն ալ, որ աղաղակ բարձեր էին այդ ընտրութիւնը բեկանելու համար։

Եւ ահա՛ Պապիկեան Պոլսէն կը մեկնէր անշշուկ՝ թախիծը կուրծքին մէջ։ Կը հասնի աղէտին վայրը, կը տեսնէ գործուած Ոճիրը, եւ, անոր դէմ աղաղակող ընդվզումն է որ կը փրփրի իր մէջ։ Ատոր ապացոյցն են նաեւ, տեղեկագրէն զատ, բնագրին ետեւը կցուած այն քանի մը հեռագիրները, որոնցմով անիկա ի զո՛ւր կ՚ոգեկոչէ ուշացած Արդարութիւնը։

Վերադարձաւ Պապիկեան՝ բովանդակ Հայութեան խռովքը կրելով իր մէջ, եւ, իր քննութեանց արդիւնքը կազմող այս սարսռալի տեղեկագիրը հազիւ թէ կ՚աւարտէ՝ սեւ ձեռքեր կուգան խորհրդաւոր մահով մը վերջ դնել իր կեանքին։

Մեռա՜ւ Պապիկեան, բայց իր անունը առ յաւէտ պիտի մնայ հայ անմահ հերոսներու պանթէոնին մէջ։

* * *

Պապիկեան ծնած է Էտիրնէի մէջ՝ 1856 Փետր. 23ին։ Աւարտած էր տեղւոյն ազգ. եւ Ֆրանս. վարժարաններու ընթացքը։ 1877էն սկսեալ երկու տարի Պոսնիայի մէջ վարած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Տեսչութեան օգնականի պաշտօնը։ Յետոյ երկու տարիի չափ ալ մնացած է իր ծննդավայրին Առեւտր. Դատարանի քարտուղարութեան պաշտօնին մէջ. 1881ին իրաւագիտութեան հետեւելով՝ երկու տարիի չափ դարձեալ Էտիրնէի մէջ պաշտօնավարած է իբր Վերաքննիչ Ատեանի անդամ։ 1891ին Պոլսոյ մէջ սկսած է գործելու իբր փաստաբան, եւ 1902ին կրկին պաշտօնով Էտիրնէ դառնալէ վերջ, 1908ին կ՚ընտրուի երեսփոխան օսմ. առաջին խորհրդարանին որուն մէջ Օսմ. Սահմանադրութեան Քննիչ Յանձնաժողովին անդամ կ՚անուանուի։ Կ՚անդամակցէր Իթթիհատի կուսակցութեան, սակայն երբէք չէ դադրած իբրեւ Հայ գործելէ։ Ատանայի եղեռնի մասին Երեսփ. Ժողովին համար իր պատրաստած այս տեղեկագրին իբրեւ հատուցում՝ Ժէօն-Թիւրքերու կողմէ թունաւորուելով կը մեռնի 1909 Յուլիս 20ին։ Պապիկեան կանխաւ այրիացած ըլլալով կը թողու 4 աղջիկ եւ 2 մանչ զաւակներ։ Իր փեսաներն են Ֆիլիպէի մէջ յայտնի վաճառական՝ Ռուբէն Աստարճեան, Պոլսեցի առեւտրականներէն՝ Վահան Տէր-Յակոբեան եւ վաճառական-դերձակ՝ Յակոբ Թռչունեան։ Իր մանչ զաւակներէն մին կը գտնուի Ամերիկա, իսկ միւսը իբրեւ պահեստի սպայ կը ծառայէ օսմ. բանակին մէջ։

Ահա տիպար մարդ մը, եւ ընտանիքի տիպար հայր մը։

Յակոբ Սարգիսեան

Բերա, 1 Փետր. 1919