Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԻ «ՑԱՅԳԱԼՈՅՍ»Ը [1]


Էսաեան սանուց միութեան չորրորդ Գրական ասուլիսը՝ նուիրուած Ռուբէն Զարդարեանի Ցայգալոյսին վերլուծութեան՝ տեղի ուեցաւ կիրակի, 5 մայիս 1913, Բերայի Էսաեան վարժարանի մէջ, նախագահութեամբ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏի:

Յաջորդաբար խօսք առին Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ՝ որ ներկայացուց Զարդարեանի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը, ՏԻԿ. ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ եւ Պ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆ՝ որոնք Զարդարեանի գործին վերլուծումը ըրին, Պ. ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ՝ որ խօսեցաւ գաւառի գրականութեան եւ այդ տեսակէտով Զարդարեանի գործին մասին, եւ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴ. ՝ որ իր փակման խօսքին մէջ ներկայացուց գաւառի հոգին, եւ անոր մօտենալու անհրաժեշտութիւնը:



[1]            Ռուբէն Զարդարեան, Ցայգալոյս: Արձակ էջեր: Հրատ. «Արծիւ» ժող. գրավաճառանոցի: Մատենաշար «Ազդակ», թիւ 4: Կ. Պոլիս, տպ. Օնիկ Արզումանի, 1910, 230 էջ: