Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՀԻՆ ԱՍՏՒԱԾՆԵՐ»ՈՒ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ
(Ամփոփում ՏՕՔԹ. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆի բանախօսութեան)

Ես համաձայն չեմ նախորդ ատենախօսներէն մէկուն որ յայտարարեց թէ տռամ մը վերլուծելու կամ քննադատելու ատեն հասարակական տեսակէտէն խնդրին մօտենալը անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ տռամայի նիւթը կեանքն է ճիշտ այնպէս, ինչպէս հասարակագիտութեան նիւթը կեանքն է. հետեւաբար ըսել թէ՝ տռամայի քննութեան ատեն հասարակական տեսակէտը կրնայ նկատի չառնուիլ, կը նշանակէ տռամայի բաղկացուցիչ մէկ տարրը զանց ընել:

Բանախօսներէն մէկուն կարծիքով Վանահօր տիպարին չի յարմարիր որ ան յայտնած ըլլայ մօտաւորապէս այն միտքը թէ մենք միշտ պէտք է շինենք մեր տաճարը եւ միշտ զանազան ձեւափոխութեանց ենթարկենք զայն, որովհետեւ շինուելեն ետք եթէ անփոփոխ մնայ, կռատան կը վերածուի: Ընդհակառակը այդ միտքը շատ լաւ կը յարմարի Վանահօր բերնին, որովհետեւ ան իր կեանքի բովանդակութիւնը դարձած է արդէն:

Չափազանցութիւն է այն կարծիքը թէ Հին աստւածները զուտ հայկական գրուածք չէ, այլ համամարդկային, ու ան կրնայ միեւնոյն հետաքրքրութիւնը արթնցնել ինչպէս ռուսական եւ վրացական, այնպէս եւ եւրոպական հասարակութեանց մէջ: Այո՛, խնդրոյ առարկայ եղող տռամայի նիւթը ընդհանուր մարդկային է, բայց յարմարեցուած հայկական կեանքին ու միջավայրին: Եւրոպան, նոյն իսկ կաթոլիկ Եւրոպան, նմանօրինակ վանական կեանք մը ոչ միայն չունի, այլ եւ դժուար կրնայ ըմբռնել:

Աբեղայի աչքին առջեւ «ունայնութեան» փոսը լեցուելէն ետք Աբեղան համարել անյուսութեան մէջ կանգնած եւ համեմատել այդ երեւոյթը Ֆաուստի հետ, սխալ պիտի ըլլար, քանի որ Աբեղայի առջեւ բացուած փոսը լեցուելէն ետք իր կեանքը, այլ եւս ունայնութիւն չըլլար, այլ սէրով լեցուած, ինչպէս եւ Ֆաուստը չի վերջանար անյուսութեամբ, այլ կեանքի բովանդակութիւնը հասարակութեան ծառայելու մէջ փնտռելով:

Շանթի լեզուի մասին արտայայտուած կարծիքը, անկանոն, ռամիկ եւ գռեհիկ, անհիմն ու անիրաւացի է. ճիշտ է որ Շանթի լեզուն ունի որոշ զարտուղութիւններ ժամանակակից քերականական կանոններէն, սակայն ընդհանուր առմամբ, անոր լեզուն լաւ է եւ բովանդակութեան համաձայն փոփոխուող:

Երկու քննադատներու ուշադրութենէն վրիպած է գրուածքի գնահատութիւնը՝ հոգեբանական տեսակէտէն. կան ինչ ինչ փաստեր, որոնք կ’ապացուցանէին Վանահօր եւ Աբեղայի տիպարներուն որոշ թերութիւնները՝ հոգեբանական տեսակէտով: Վանահօր անտեղեակութիւնը իշխանուհիի մասին, երբ ան կը սկսի եկեղեցին շինել, անըմբռնելի է: Վանահայրը շատ լաւ գիտէր անշուշտ իշխանուհիին զգացումները, հետեւաբար այդ զգացումներուն իշխանուհիին բերնով արտայայտութիւնը չէր կրնար առիթ ըլլալ շինուած եկեղեցին քանդելու:

Աբեղայի մէջ սիրոյ զարգացումը նոյնպէս կը ցուցնէ հոգեբանական որոշ թերութիւններ. ճիշտ է որ իր կրթութիւնը վանքի մէջ ստացած է եւ իր ամբողջ պատանեկութիւնը անապատի մէջ անցընող մէկը անհամեմատ շատ կը ցնցուի աղջկան մը մարմնի հպումէն, սակայն այդ դէպքը, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք դէպքի վայրն ու պայմանները, չէր կրնար այդքան մտապատկերներու պատճառ ըլլալ. սէրը սնուցանող նոր երեւոյթներ բոլորովին կը պակսին, քանի որ միւս կողմէն Աբեղան անշուշտ պիտի աշխատէր մարել իր մէջ ինկած նոր կայծը:

Գրուածքի ամբողջ բովանդակութիւնը զգացմունքի եւ բանականութեան պայքարն է. սակայն անոնց յարաբերութեան մէջ համաչափութիւն չկայ. կը կարծեմ թէ աւելի հոգեբանական պիտի ըլլար, եթէ զգացմունքն ու բանականութիւնը գէթ հաւասարաչափ երեւային Շանթի երեւան բերած այս երկու տիպարներուն մէջ: