Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԿՆԱՅ ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳԵՐ

 

Այն իմ հարըստի դըստրիկ, ծոցդ էգի, ծառդ արմաւենի.

Արմաւն քու ծառդ կու լընի, պիւլպիւլը քու ճեղդ կու թառի.

Քու ծառն ու ճեղըդ ոսկի, քու տերե՛ւը վարդ կու մանի.

Ես քո ծոցուն տէր պիտ՚ի, ճըղերուդ արմաւ քաղէի։

 

***

Հարսնո՛ւկ, քէ խըրատ մի տամ, թը տէօվլէթ ունիս նը մըռէ.

Զըտ ականջըդ իս արէ, զինչ ըսիմ նը ան արէ՛.

Որ գան ու հազար ըսին, հազրէն մէկ խօսքունկ մի խօսէ՚,

Ան ալ չիգիտեմ ըսէ՛, դուն հազար չարէ խալիսէ։

 

***

Մեր տունն Աստուծոյ շինած, Աստուծոյ շինած ու օրհնած,

Հայր Աբրահամի քարո՛ւկը մեր տան թէմէլն է դըրած։


ԵՐԳ ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱԳՈՒԵՑՆԵԼՈՒ

 

Ան բարձրը լեռներն ի վար, մեզի բարկ արեւ մն է ցաթեր.

Ըմմէնուն երդիքն ի վար, մեզի դուռն ի ներս ճառագեր։

Ըմէնդ ի վըրայ եկէք, թագւորին կապան կարեցէք.

Լուսընկան աստառ երէք, արեգակն երես ձեւեցէք.

Ան մոյ ու խոշոր աստղեր թեւերուն տիւկմէ կարեցէք։

 

Հա՜յ իմ պզտիկ Թագաւոր, կըլորեր ես մէջ ծըմերուն (?).

Ճովերդ (?) ի երդիքն ելեր, կախուեր է խոշոր ճիւղերուն։

 

Հովե՜ր, տարուբեր հովե՛ր, եղբօրմէս մէկ գըրիկ բե՛ր.

Թէ գըրին տալապ ջանէ, փարջամէն Թելիկ մի բե՛ր։

 

Հովե՛ր, տարուբեր հովե՛ր, գէշը տա՛ր՝ աղուորին բե՛ր.

Գէշին տէրն արեւ ջունի, աղուորին՝ գիշերն է արեւ։

 

Գացէք մեծ վարպետ բերէք, աղուորին խաբդան ձեւեցէք,

Արեգակն երես արէք, լուսընկան աստառ ձեւեցէք,

Ինչ սէր կայ՝ դըրէք սուզակ, ինչ անոյշ բաներ կան՝ կոճակ։