Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՆՊԱՍՏԻ ԽՆԴՐԱՆՔՆԵՐ. Յանձնաժողովս իր առաջին նիստին մէջ (15 Սեպտ. 1910) նկատի առաւ, գաւառներէն հասնելով սեղանին վրայ գտնուած գրութիւնները եւ դիտեց որ անոնք. առ հասարակ նպաստի խնդրանքներ կը ներկայացնէին՝ ինչ որ գլխովին կը հակասէր Քաղ. Ժողովէն իրեն գծուած ուղղութեան հետ։

Հետեւաբար, որոշեց իր ընդգրկած սկզբունքները եւ հետեւելիք ուղղութիւնները յստակօրէն պարզել Պատ. Քաղ. Ժողովին հետեւեալ գիրով, խնդրելով նաեւ որ, աղէտի վայրը անձամբ այցելող պատուիրակներու տեղեկագիրները տրամադրուին իրեն՝ որպէս զի ըստ այնմ որոշէ իր գործունէութեան մանրամասնութիւնները.

 

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

Կ. Պոլիս, 15 Սեպտ. 1910

Այրիախնամ Յանձնաժողով

 

ՀԱՄԱՐ 1

 

Ամենապատիւ

Տ. Տ. Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան

Նախագահ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Քաղ. Ժողովին

 

Այրիախնամ Յանձնաժողովս ստացած է Պատ. Ժողովիդ կողմէ յղուած 6 սեպտ. թուակիր գիրը, որով Ատանայի Քրիստոնեայ զանազան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը ինչ ինչ առաջարկութիւններ կը ներկայացնէին, պետական նպաստի գործածման եղանակի մասին։

Յանձնաժողովս առաջին օրէն դիտած ըլլալով որ, ողորմութեան ձեւով նպաստ տալու դրութիւնը յոյժ աւերիչ դեր մը կատարած է մեր աղէտեալ վայրերու ժողովուրդին բարոյական ըմբռնումներուն մէջ, աստիճանաբար զանոնք վարժեցնելով անաշխատ կեանքի, իրեն սկզբունք ընտրեց երբէք նպաստի դրութիւնով դրամ չի ղրկել անոնց՝ սկզբունք որ Պատ. Ժողովիդ որոշման ոգւոյն կը համապատասխանէ՝ այլ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, միջավայրի տեղական պայմաններու համեմատ, արտածութիւններու եւ բանուկ արհեստներու վրայ լուրջ ու գործնական գաղափարներ ստացած, աշխատանոցներ բանալ, գործ հայթայթելու համար հացակարօտ ժողովրդեան, ու այսպէսով վարժեցնել զանոնք աշխատութեան, իրենց իսկ ոյժերով օրապահիկնին հայթայթելու։

Այս ծրագիրները կարենալ յաջողցնելու համար Յանձնաժողովս ընդհանուր սկզբունքներու վրայ կը խորհի, ու լրջօրէն կ’ուսումնասիրէ զանոնք, իր ծրագրին իբր ատաղձ գործածելու, եւ անոր աւելի նպատակայարմար ուղղութիւն մը տալու համար, ահաւոր թշըւառութեան մօտէն գիտակ անձերու ու զանազան մարմիններու կարծիքները ստանալով անմիջապէս պիտի ձեռնարկէ գործի, եւ առաջին առիթով նկատի պիտի առնէ հոգեւոր պետերու այս գիրն եւս։ Եւ որպէս զի, Յանձնաժողովս Կիլիկիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան մասին բազմակողմանի ծանօթութիւններ ունենայ, կը խնդրէ Պատ. Ժողովէդ որ բարեհաճի վարչական պատուիրակներու եւ այլոց կողմէ աղէտի օրերէն մինչեւ այսօր իրեն մատուցուած բովանդակ տեղեկագիրերը յղել մեզ։

Համբուրելով Ամենապատիւ Սրբազնութեանդ Ս. Աջը

Կը մնանք որդիական ակնածանքով

ի Դիմաց Այրիախնամ Յանձնաժողովի

Ատենադպիր
Գր. Մալխաս

Ատենապետ
Յակոբ Ն. Պօյաճեան

 

ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ԱՐՀԵՍՏԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Յանձնաժողովս, այսպէս իր ընդգրկած ծրագրին եւ հետեւելիք ուղղութեան ընդհանուր գիծերը Քաղ. Ժողովին պարզելէ ետքը, այրիներուն աշխատութիւն հայթայթելիք գործերուն ու ծրագիրներուն վրայ սկսաւ խորհիլ։

Իբր դիւրին եւ գաւառի այրիներուն արդէն քիչ թէ շատ ծանօթ կը ներկայանային գորգագործութիւնը եւ մանուսայագործութիւնը, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու համար խորհրդակցութեան հրաւիրեց այդ ապրանքներու առեւտուրով զբաղող, առեւտրական հրապարակին վրայ ծանօթ անձնաւորութիւններ, եւ Կիլիկիա գացող պատուիրակներէն Սարգիս Սուին եւ Խաչատուր Գռուզեան էֆէնտիները, ինչպէս նաեւ Աշխատանքի Տան ու Հայ Տիկնանց Միութեան վարչական խորհուրդները՝ որոնց առաջինը Պոլսոյ, եւ երկրորդը թէ Պոլսոյ եւ թէ Հաճընի մէջ այս ուղղութեամբ աշխատանոցներ բացած ըլլալով, կարելի էր անոնց փորձառութենէն օգտուիլ։ Այս բոլոր խորհրդակցութիւնները կատարելէ, բերանացի թելադրանքները, գրաւոր դիմումները լսելէ, եւ պատուիրակութիւններու գրաւոր տեղեկագիրները նկատի առնելէ յետոյ, Յանձնաժողովս որոշեց խիստ զգուշաւոր կերպով գործի սկսիլ, անհաշիւ ու յախուռն ձեռնարկներու մէջ չի վտանգելու համար՝ ներկայացուած պէտքին հետ բաղդատելով արդէն իսկ անբաւական դրամագլուխը, որպէս զի կարող ըլլայ տեւական օգնութիւն մը ընձեռնել տարաբաղդ այրիներուն։

Սակայն, Յանձնաժողովս դիտելով որ աշխատանոցներու բացման համար հարկ եղած ծրագիրներու, տեղեկագիրներու ուսումնասիրութիւնը տակաւին պիտի երկարի անորոշ ժամանակի մը համար, եւ նկատելով որ ձմեռուան խստութեան պատճառով, գրեթէ Կիլիկիոյ բոլոր վայրերուն մէջ անօրինակ թշուառութիւն մը կը տիրէ, նկատելով որ Սրբազան Կաթողիկոսէն սկսեալ ամենայետին գիւղի քահանան անընդհատ նպաստի պէտք ցոյց կուտան, Դեկտեմբերի վերջերը որոշեց՝ մինչեւ աշխատանոցներու բացումը մասնակի նպաստի բաժանում մը ընել, եւ Սուին էֆէնտիի ներկայացուցած այրիներու թուական համեմատութեամբ իւրաքանչիւր վայրի համար բաշխելի նպաստի գումարներ յատկացուց, ու, Առաջնորդարաններու ուղղուած հետեւեալ շրջաբերական հրահանգով որոշեց՝ բաշխումի օրինաւորութիւնը ապահովելու համար հարկ եղած մանրամասնութիւնները.

 

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

15 Դեկտ. 1910

Այրիախնամ Յանձնաժողով

 

ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ

 

Յանձնաժողովս Կիլիկիոյ մէջ աշխատանոցներ բանալու ծրագիրը մշակած ատեն՝ հոն գտնուող այրիները երեք դասակարգի բաժանեց, որոնք են.

Ա. Աշխատելու կարող բայց ամէն միջոցէ զուրկ այրիներ.

Բ. »        »           » գոյքեր կալուածներ ունեցող այրիներ, (օրինակ արտ, կալ, պարտէզ եւայլն)։

Գ. Աշխատելու բացարձակապէս անկարող ու նիւթապէս կարօտ այրիներ։

Առաջիններուն վիճակը նկատողութեան առնուելով՝ դիտուած է որ, նպաստի բաշխման դրութիւնը կը փճացնէ անոնց բարոյական զգացումները, եւ կը փթացնէ աշխատելու կարողութիւնները. այս իսկ պատճառներով, անոնց պարագան տեւականօրէն ապահովելու, եւ զանոնք աշխատութեան վարժեցնելու հաստատ առաջադրութիւնով, իւրաքանչիւր տեղին համեմատ բանուկ արհեստներն ու արտածութիւնները նկատի առնուած են, ու աշխատանոցներ պիտի բացուին շատ մօտաւոր ապագայի մը. իսկ երկրորդ դասակարգի այրիներուն համար ալ, ունեցած կալուածներն ու երկրագործութեան վերաբերող գոյքերը արդիւնաբեր վիճակի մը մէջ դնելու համար հարկ եղած միջոցները կը խորհուին, ու պիտի տնօրինուի պատշաճը, երբ ստացուին ձեզմէ՝ 30 համարով ղրկուած շրջաբերականներուն պատասխանները։ Բայց որովհետեւ նշանակուած այս երկու դասակարգէն դուրս կը գտնուին դժբաղդաբար այրիներ՝ որոնք բացարձակապէս անկարող են ու անյարմար ո եւ է աշխատանքի, եւ նկատելով որ, իրենց անկարող վիճակին բերումով, բացուելիք աշխատանոցներէն պիտի չկրնան նպաստաւորուիլ, որով իրենց վիճակը ապագային ո եւ է բարելաւում պիտի չի կրէ, նկատելով որ պետական նպաստի Այրիախնամի բաժինը յատկացուած է ընդհանրապէս բոլոր այրիներու խնամածութեան գործին, յանձնաժողովս յարմար դատեց որ աշխատելու բացարձակապէս անկարող ու նիւթական իսկական չքաւորութեան մէջ գտնուող այրիներուն այս տարուան պետական նպաստի իրենց բաժինէն գումար մը տրուի իրենց, իւրաքանչիւրին 40ական ղրշ. ի հաշուով, եւ յատկացուի ուղղակի իրենց։

Ձեր շրջանակին բաժին ինկած ....... ղրշ. ը այսօր իսկ Օսմ. պանքայի միջոցով կը ղրկենք Ձեզ, խնդրելով որ իւրաքանչիւր տեղի մէջ, առանց դաւանանքի խտրութեան նպաստաբաշխ մարմին մը կազմելով հաճիք բաշխել տալ առանց նշանախեց մը անգամ փոխելու մեր հրահանգներէն։

Իւրաքանչիւր այրիի բաժինը եղող նպաստի գումարը բաշխիչ մարմնին ներկայութեան պիտի յանձնուի իրեն. քահանան ու թաղ. խորհուրդը ինչպէս եւ բաշխիչ մարմինը պիտի հաստատեն նպաստընկալին ստորագրութիւնը եւ նպաստին օրինաւոր պայմաններու տակ կատարուիլը։ Պատ. Մասնաժողովդ եւ Գաւառ. Քաղ. Ժողովն ու անոր Նախագահը պիտի հաստատեն այդ ստորագրութիւններուն ճշդութիւնը։

Կը խնդրենք որ այս բոլոր բաշխումները կատարելով ստացագրերը փութացնել հաճիք մեզ անյապաղ։

Կը Մնանք խորին յարգանքով

Ի Դիմաց Կեդր. Այրիախնամ Յանձնաժողովի

Ատենադպիր
Գր. Մալխաս

Ատենապետ
Յկբ. Ն. Պօյաճեան

 

Միւս կողմէ, ի բուն նպատակին իրագործումին համար վերստին խնդրեց Կիլիկիոյ Առաջնորդարաններէն, որպէս զի փութացնեն մասնաժողովներու կազմութիւնը, եւ ներկայացնեն անոնց անդամներուն անունները կեդրոնիս վաւերացման, ու տեղական պայմանները ուսումնասիրելով տեղեկագրեն Յանձնաժողովիս թէ՝ ի՛նչ գործեր առաւելապէս կարելի է ներմուծել եւ ինչքան պիւտճէ կարելի պիտի ըլլայ յատկացնել իւրաքանչիւր վայրի մէջ բացուելիք գործին։ Ահաւասիկ նաեւ այդ մասին ուղղուած շրջաբերականը.

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

Կ. Պոլիս, 15 Հոկտ. 1910

Այրիախնամ Յանձնաժողով

 

ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ

 

Առաջուց ի վեր թէ՛ մեր եւ թէ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան փափաքն եղած էր Կիլիկիոյ աղէտի զոհերուն այրի կանանց աշխատութեան գործ հայթայթել, եւ միջոց ընձեռնել անոնց որ, կարենան առանց ողորմութեան դիմելու իրենց աշխատանքին արդիւնքով հոգալ իրենց ոգեպահիկը։ Այսպիսի կարգադրութեան մը պէտքը անհրաժեշտ է, վասն զի նախ ողորմութիւններ չեն կրնար մշտատեւ ըլլալ եւ յետոյ՝ ընտանիքներ չեն կարող ցվերջ նպաստով հոգալ իրենց բովանդակ պէտքերը, ուր թողունք այն բարոյական նուաստացումները որոնց կ’ենթարկուին, բանալով իրենց ձեռքը ի մոյր, եւ կորսնցնելով իսպառ ձեռներէցութեան եւ աշխատասիրութեան ոգին, որ աղբիւրն է բարութեան։

Ինչպէս գիտէք, այս վերջերս Տէրութեան կողմէ 10, 000 օսմ. լիրայի գումար մը յանձնուած է Ազգային պատրիարքարանի, այրիներու եւ որբերու ի նպաստ, եւ այս առթիւ Ազգային Կեդրոն. Վարչութիւնը Այրիախնամ Յանձնաժողով մը կազմեց, որ պաշտօն ունի նոյն գումարէն այրիներու պատկանող բաժինն ստանալ, եւ աշխատութեան գործ հայթայթելով ի վիճակի դնելու զանոնք, որ իրենց ուժերով՝ անկարօտ ողորմութեան՝ հայթայթեն իրենց ապրուստը։ Այրիախնամ Յանձնաժողովը ձեռնարկելով իր պաշտօնին, Ազգային Վարչութեան կողմէ ընդունուած այս սկզբունքին վրայ, որոշած է Կիլիկիոյ կարեւոր կեդրոններուն մէջ, աշխատանոցներ հաստատել, ուր բանուկ արհեստներ գործուին, տեղական արհեստագիտական պայմաններուն համաձայն, եւ շահաւոր արտադրութիւններ ձեռք բերուին։ Աշխատանոցները կազմակերպելու եւ վարելու գործը պիտի յանձնուին տեղական մասնաժողովներու, որոնց կազմութիւնն Կիլիկիոյ Վեհաշնորհ Կաթողիկոս Սրբազանին տալիք հրահանքներուն համաձայն, պիտի կատարեն վիճակներու Առաջնորդներն, քրիստոնեայ զանազան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն հետ համախորհուրդ, կոչելով այդ մասնաժողովին անդամակցութեան՝ առեւտուրէ հասկցող, արհեստի գիտակ, անշահասէր ու բանիբուն անձեր, եւ անմիջապէս պիտի տեղեկագրեն կատարուած ընտրութիւնը ինչպէս Ն. Բ. Սրբազնութեան, նոյնպէս եւ Կեդրոնական Վարչութեան։

Կիլիկիա ղրկուած վարչ. պատուիրակներն արդէն տեղական արհեստագիտութեան եւ արտածութեան վիճակն ուսումնասիրելով ներկայացուցած են ցանկը այն արհեստներուն որոնք կրնան կիրարկուիլ Կիլիկիոյ մէջ, այսու հանդերձ հարկ դատուած է միանգամայն ստանալ այս մասին մասնաժողովներու կարծիքն ա՛լ, որմէ կարելի լինի եզրակացնել թէ՝ առաւելապէս ո՞ր արհեստները կրնար կիրարկուիլ, ու առաջադրուած նպատակին ծառայել։

Հետեւաբար, Կիլիկիոյ Վեհաշնորհ Սրբազան Կաթողիկոսը պիտի հաճի ճշդել աշխատանոցներու այն կարեւոր կեդրոններն, ո՛ւր պէտք կայ զետեղելու եւ գործի ձեռնարկելու, եւ պիտի տայ անմիջապէս այն կարեւոր հրահանգներն՝ որոնց որ անկ է՝ կազմելու համար տեղական մասնաժողովները։

Հարկ չիկայ ըսելու թէ կազմուած մասնաժողովներու առաջին գործը պէտք է լինի, ուսումնասիրել եւ սահմանել տեղական բանուկ արհեստներն եւ շահաբեր արտադրութիւնները, նոյնպէս եւ աշխատանոցներու կազմակերպութիւններն ու մատակարարութեան կարգադրութիւնները, եւ ընդարձակ տեղեկագրով մեզ ներկայացնել իրենց ուսումնասիրութեանց արդիւնքը, որպէս զի անմիջապէս տնօրինուի կարեւորը եւ գործադրուի ու գործի ձեռնարկուի, դժբաղդ այրիներու վիճակը բարելաւելու համար հետզհետէ։

Յաջողութիւն մաղթելով Ձեզ՝

Մնամք Աղօթարար

Պատրիարք Կ. Պոլսոյ

Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան