Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ

ՀԱՃԸՆ

ԳՈՒԼՊԱՅԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆ. Գուլպայի աշխատանոցին մէջ 42 մեքենայի վրայ կը բանին 100ի չափ այրիներ. բացի անոնցմէ որ տուներուն մէջ բուրդ կը մանեն փոքր վարձքի մը փոխարէն։

Բուն իսկ մեքենայի վրայ աշխատողները բաղդատաբար երիտասարդ այրիներն են, եւ աւելի տարիքոտները ճախարակները կը փաթթեն, ինչ որ աւելի դիւրին է։

Առաջինները իրենց շինած զոյգ գուլպային վրայ որոշ վարձք մը կը ստանան, օրական 6-8 մէթալիք, իսկ ճախարակ բաթթողները անխտրաբար կը ստանան օրական 5 մէթալիք։

Նախապէս 7 օսմ. ոսկի ամսաթոշակով Պոլսէն ղրկուած վարպետուհիին հարկ չէ մնացած այլեւս, եւ տեղացի երկու այրիներ գործը սովրած ըլլալով՝ կը կառավարեն աշխատանոցը, մասնաժողովին անմիջական հսկողութեան տակ։

Ամէնէն մեծ դժուարութիւնը կը կայանայ շինուած գուլպաները սպառելուն մէջ, որովհետեւ Հաճըն պզտիկ տեղ մը ըլլալով, կարելի չէ հոն ծախել՝ օրական 300 զոյգի հասնող արտադրութիւնը։ Քննիչ-պատուիրակը Ատանա գտնուած միջոցին, յաջողեցաւ 120 ոսկի արժողութեամբ գուլպայ ծախել։ Իսկ անկէ ի վեր Հաճընի Առաջնորդին եւ մասնաժողովին կողմէ ջանքեր կ’ըլլան, Կեսարիոյ կողմերը սպառելու իրենց արտադրած գուլպաները։

Սոյն մասնաժողովը յաջողած է Ատանայի Օսմ. որբանոցին եւ Սուլթանիէի վարժարանին պէտք եղած գուլպաներուն յանձնարարութիւնները ստանալ։ Բանակցութեան մէջ էին նաեւ Ատանայի զինուորական գուլպաներուն պատրաստութիւնն ալ ստանձնելու, եւ ատիկա վերջնական եզրակացութեան մը յանգեցնելու համար, Տ. Պետրոս Ծ. վրդ. պատրաստուած էր անձամբ Ատանա երթալու, սակայն իր թեմական գործերը ստիպեցին յետաձգել այդ ճամբորդութիւնը։

Յանձնաժողովս ապսպրանքներ ձեռք բերած է նաեւ Ազգ. հիւանդանոցի եւ Հայ Տիկնանց Միութեան վարչութիւններէն։

ԲԱՑ. Հաճընի գուլպայագործարանը, իր մինչեւ 1912 Օգոստոսի վերջ մատակարարութեան մէջ ունեցած է 260 Օսմ. ոսկիի մօտ բաց մը, որ գործին սկզբնական շրջանին մէջ, այրիներու ընձեռնուած օգնութիւնը եւ մանաւանդ անոր բարոյական կողմը նկատի ունենալով, մեծ բան մը չէ, եւ միայն այդ շրջանին մէջ 258 Օսմ. ոսկի օրավարձ վճարուած է այրիներուն։

ՄԱՔՍԻ ԽՆԴԻՐ. Ինչպէս քննիչ-պատուիրակի տեղեկագրին մէջ յիշուած է, յանձնաժողովս քանիցս Քաղ. ժողովին միջոցաւ դիմում կատարեց որ Այրիախնամի մեքենաներէն ու բերած նախնական նիւթէն մաքս չառնուի։ Սակայն դժբաղդաբար, Կեդր. կառավարութիւնը անհետեւանք թողուց այդ դիմումը։ Իբր նպաստ տրուած դրամէն մաքս առնելու այս դրութիւնը եթէ վերնար, տարակոյս չի կայ թէ սոյն աշխատանոցին բացը զգալապէս պիտի նուազէր։

 

ԱՏԱՆԱ

ԴԵՐՁԱԿԱՏՈՒՆ. Ինչպէս Այրիախնամի բոլոր աշխատոնցները, նոյնպէս Ատանայի դերձակատունը բացուած ատեն, Յանձնաժողովս գիտէր թէ, մանաւանդ առաջին մի քանի տարուան մէջ, բաց պիտի ունենար։ Արդէն բնական է որ Յանձնաժողովիս նպատակը շահ ակնկալել չէր, այլ այրիներուն արհեստ սորվեցնել, եւ, աստիճանաբար, աշխատանոցները այնպիսի վիճակի մը բերել որ, օր մը կարելի ըլլայ անոնց ելեւմուտքը հաւասարակշռել, որպէս զի երկար ատեն այրիները կարենան օգտուիլ անոնցմէ։

Այս նկատումներով, ժողովս միշտ քաջալերեց Ատանայի մասնաժողովին կողմէ դերձակատունը ընդարձակելու մասին եղած ձեռնարկները, եւ պատրաստ զգեստներ կարելու ճիւղ մըն ալ բացուելով՝ աշխատաւորուհիներուն թիւը պահ մը մինչեւ 80ի բարձրացաւ։

Սակայն, Սայապալեան էֆ. Ատանա հասնելուն տեսաւ որ, ինը ամսուան շրջանի մը համար 64, 000 ղրշի մօտ բաց մը ունի դերձակատունը, ինչ որ կործանարար էր անշուշտ եւ անկարելի կը դարձնէր գործին նոյն ձեւով շարունակութիւնը։ Քննիչ-պատուիրակը, աշխատանոցի տնտեսական սոյն վիճակին հետ, ժողովիս տեղեկագրեց նաեւ անոր պատճառներուն մասին իր տեսութիւնները, Ա. Կարուած պատրաստ զգեստներուն վնասով ծախուիլը։ Բ. Առաջին պատճառով պատրաստի կար կարելը դադրեցուցուած պահուն՝ գործաւորուհիներուն կէսէն աւելիին պարապ մնալը, եւ առանց աշխատութեան օրավարձ ստանալը։ Գ. Աւելորդ ամսականներու վճարումը։ Դ. Աշխատաւորուհիներու մէջ դէպքին հետ առնչութիւն չունեցող աղջիկներու ներկայութիւնը։

Այս բոլորը, մանաւանդ վերջին պարագան, համոզում գոյացնել տուին Յանձնաժողովիս թէ հարկ էր գործը պզտիկցնել, կարելի եղածին չափ դէպքին արկածեալներուն միայն յատկացնելով զայն, ու խնայողութիւններ ընելով։ Եւ այս ուղղութեամբ գործելու կատարեալ լիազօրութիւն տրուեցաւ քննիչ-պատուիրակին։

Սայապալեան էֆ. դէպքին հետ առնչութիւն չունեցողներուն մէկ մասը ճամբեց, գործաւորուհիներուն թիւը 30ի իջեցուց, պատրաստ զգեստեղենի ճիւղը փակեց, կարուած առարկաները ծախելու համար բացուած խանութը (որուն ամսական վարձքը վաճառումի գումարէն աւելի էր) գոցեց, եւ ամսականներու եւն. ի մասին հարկ եղած բոլոր խնայողական կարգադրութիւնները ի գլուխ հանեց, կարելիութեան սահմանին մէջ պզտիկցնելու համար պիւտճէի բացը։

Աշխատանոցին աղջիկները ճամբելուն մէջ որ եւ է անպատեհութիւն ալ չի կար արդէն, քանի որ Ատանայի մէջ, աշխատիլ ուզող որ եւ է այրիի կամ աղջկան համար գործը չէ որ կը պակսի։ Դերձակատուն բացուելուն բուն նպատակն էր արդէն՝ աստիճանաբար ընտիր կար ու ձեւ սորվեցնել այրիներուն, մէկ կողմէ սորվողները ճամբելով եւ նորեր առնելով անոնց տեղ, որպէս զի այդ կերպով՝ գէթ ընդունակները՝ կոշտ գործերու տեղ, աշխատութեան աւելի հեշտին եղանակի մը տիրացած ըլլան։

Քննիչ-պատուիրակին այս բոլոր կարգադրութիւնները ժողովիս հաւանութեան արժանացան։ Եւ դերձակատունը այդ հիման վրայ կը շարունակուի հիմա։ Պոլսէն ղրկուած դերձակուհիին դասաւանդութիւնով հաստատուած կարուձեւի դասընթացքէն, որուն գործնական մասն ալ յանձնարարութիւններու կատարումով կը սորվին, այս տարի շրջանաւարտ պիտի ըլլան 12 աշխատաւորուհիներ, եւ անոնց պիտի յաջորդեն նորեր։

Սոյն դերձակատան մէջ կան հիմա 21 կարի, մէկ boutonnière շինող եւ մէկ կոճակ շինող մեքենաներ. նաեւ ծալք (plissage) շինող գործիք մը։

Ատանայի դերձակատունը սկիզբէն, մինչեւ 1912 Օգոստոս 31 թուականը, 564 ոսկի օրավարձ վճարած է աշխատաւորուհիներուն։

 

ԳՕԶՕԼՈՒԳ

ԳՈՒԼՊԱՅԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆ. Տարսոնի վարպետուհին երկու ամիսի չափ հոն երթալով, արհեստը սորվեցուց։ Հիմա առանց վարպետուհիի Գօզօլուքիմէջ 17 այրիներ կը բանին 6 մեքենայով։

Դերձանը Տարսոնի մասնաժողովին կողմէ կը ղրկուի եւ շինուած գուլպաները նոյն մասնաժողողովին կը ղրկուին։

Գօզօլուքի մէջ այրիներուն համար ուրիշ գործ կը պակսի, հետեւաբար Յանձնաժողովս որոշած է շարունակել նոյն աշխատանոցը, զոր մեծցնելու հարկ ալ չիկայ, որովհետեւ հիմակուան աշխատողներէն ուրիշ աշխատելու կարող այրիներ չիկան հոն։

Աշխատանոցին համար ձրիաբար տրամադրուած է բողոքական եկեղեցիին կից սենեակ մը։

 

ՄԱՐԱՇ

ԳՈՒԼՊԱՅԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆ. Մարաշի գուլպայի աշխատանոցը բացուեցաւ, քննիչ-պատուիրակին կողմէ ցոյց տրուած եւ ժողովէս ընդունուած պէտքին վրայ, մեր պատուիրակին կազմած նոր մասնաժողովին հսկողութեան տակ, 1912 Մարտին։ Այժմ հոն կը բանին 9 մեքենայի վրայ 30ի չափ այրիներ։ Պոլսէն վարպետուհի ղրկել հարկ չէ մնացած, որովհետեւ տեղւոյն վրայ գտնուած է։ Ապրանքները հոն կ’սպառին։

 

ՍԻՒԷՏԻԱ, ՔԷՍԱՊ ԵՒ ԱՆՏԻՈՔ

Ինչպէս բացատրած ենք արդէն, Հալէպի մէջ կառավարական սնտուկէն գանձուած 300, 000 ղրշ. ին 130, 000ը Քէսապի եւ 170, 000ը Անտիոքի մէջ աշխատանոցներ բանալու համար էր։ Այն դրամը գանձելու համար, մեր քննիչ-պատուիրակը բացուելիք աշխատանոցները վարելու կոչուած մասնաժողովները կազմած եւ նոյն իսկ անոր առաջարկով անմիջապէս 17 գուլպալի մեքենաներ ղրկուած էին Յանձնաժողովիս կողմէ Անտիոք։ Սակայն դժբաղդաբար, քննիչ-պատուիրակին մեկնումէն ետքը, տեղական այդ մասնաժողովներէն ոմանք այլ եւ այլ պատճառներով ձգձգեցին աշխատանոցներուն բացումը, ու միայն Անտիոքի մէջ գուլպայագործութիւնը սկսուելով Սիւէտիոյ գիւղերուն եւ Քէսապի աշխատանոցներուն բացումը ձգձգուած էր։ Խնդրեցինք Հալէպի Առաջնորդ Տ. Ներսէս եպս. Դանիէլեանէ որ, իր թեմական այցելութիւնը փութացնելով, տեղւոյն վրայ անձամբ մղում տայ գործին։ 1912 Յուլիսին Տ. Ներսէս եպս. սոյն շրջանակները այցելելով՝ նախապէս Քննիչ-պատուիրակին ներկայութեան որոշուած կարգադրութիւնները լրացուց. այնպէս որ այս օր հետեւեալ աշխատանոցները կը գործեն հոն։

 

ԱՆՏԻՈՔ

ԴԵՐՁԱԿԱՏՈՒՆ. –Անտիոքի այրիներուն մէկ մասը կ’աշխատին հոն, կարի մեքենաներով, տեղացի վարպետի մը հսկողութեան տակ։ Տարեկան 20 ոսկիով եկեղեցիին կալուածներէն մէկը տրամադրուած է այդ նպատակին։ Էրիկ մարդու բալթօներ կը կարուին։ Կանանց ժաքէթ կարելու ճիւղ մըն ալ պիտի հաստատուի որուն համար յարմար վարպետուհի մը փնտռելու վրայ ենք Պոլսէն։

ԳՈՒԼՊԱՅԻ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ. –Նկատելով որ այրիներուն ամէնքը կար ու ձեւի յարմարութիւն չունին, Սիւէտիոյ համար ղրկուած գուլպայի մեքենաներէն քանի մը հատը հոն վար դրուած են, եւ դերձակատան շէնքին մէկ սենեակին մէջ գուլպայ կը շինեն այն այրիները որոնք կար ու ձեւի յարմարութիւն չունին։

Անտիոքի մէջ պզտիկ խանութ մը եւս բացուած է ուր կը ծախուին տեղւոյն, Սիւէտիոյ եւ Քէսապի աշխատանոցներուն արտադրութիւնները։

 

ՍԻՒԷՏԻԱ

ՍԻՒԷՏԻՈՅ ԵՕՂՈՒՆ ՕԼՈՒԳ գիւղին մէջ բացուած է գուլպայի աշխատանոց մը ուր կ’աշխատին առ այժմ նոյն եւ մօտակայ գիւղերէն 25 այրիներ։ Սոյն աշխատանոցը աւելի ընդարձակելու համար ճամբայ հանած ենք 15 մեքենաներ եւս։ Երբ անոնք ալ հասնին՝ աշխատաւորուհիներուն թիւը պիտի կրնայ բարձրանալ մինչեւ 70-80։

 

ՔԷՍԱՊ

ՄԱՆՈՒՍԱՅԱԳՈՐԾԱՐԱՆ. Դեռ նոր կրցաւ բացուիլ 10 դեզկեհով մանուսայագործարան մը որ պէտքին համեմատ հետզհետէ պիտի ընդարձակուի։

ՍՈՅՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆԸ. Նկատելով որ տեղւոյն հեռաւորութիւնը շատ կը դժուարացնէ սոյն երեք շրջանակներու աշխատանոցներուն վրայ ըլլալիք հսկողութիւնը, նկատելով նաեւ որ անոնց դրամագլուխը (Հալէպի մէջ գանձուած 300, 000 ղրշ. ը) բոլորովին անջատ է Կիլիկիոյ միւս աշխատանոցներուն համար տրամադրուած դրամէն, Յանձնաժողովս յարմար դատած է, անոնց հաշիւները կեդրոնացնել Հալէպ, եւ Քննիչ-պատուիրակի առաջարկին համամիտ գտնուելով անոնց վերաբերեալ մանրամասնութիւններով զբաղելու հոգը յանձնել Հալէպի մասնաժողովին (իրեն վերապահելով միայն վերին հսկողութիւնը), որ արդէն ատոր համար կազմուած է, քանի որ բուն Հալէպի մէջ այրի չիկայ։ Հալէպի մասնաժողովը ջանադիր եղած է սոյն աշխատանոցներու արտադրութիւնը տարածել Քիլիսի, Այնթապի կողմերը, նոյն իսկ մինչեւ Ուրֆա։