Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
ԳԸՐԸԳ-ԽԱՆ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Այս գիւղը կը գտնուի Հալէպ-Իսկէնտէրունի ճամբուն վրայ, առաջինէն 18 եւ վերջինէն 9 ժամ հեռաւորութիւնով։ Կիլիկեան աղէտէն առաջ 80 տուն Հայ եւ հազիւ 30 տուն Իսլամ բնակչութիւն ունէր ան։ Ջարդէն քանի մը տարի առաջ 25 տունի չափ Իսլամ գաղթականներու գալուստը, ու յետոյ ջարդին հետեւանքները, նախկին թիւերը շրջած են, ու այսօր, Իսլամներու 80 տունին դէմ հազիւ 30 տուն կը ներկայացնէ Հայութիւնը հոս։

Գիւղը ձորակի մը մէջ է, պարտէզներով շրջապատուած, գեղեցիկ եւ օդասուն դիրքով, եւ գետակ մը կʼանցնի ճիշտ մէջտեղէն։ Հայերուն այրած տուներու մեծ մասը մնացած է աւերակ վիճակի մէջ, սակայն անտուն մնացած ընտանիք չկայ, որովհետեւ, տեղւոյն Հայերուն մեծ մասը Պէյլանէն եկած հոս հաստատուած ըլլալով, այրիներէն շատերը իրենց Պէյլանի ազգականներուն քով վերադարձած են հիմա։ Հայերուն ապրուստի գլխաւոր միջոցներն են շերամաբուծութիւն եւ խանութպանութիւն։ Իրենց տնտեսական վիճակը, որ դէպքէն առաջ շատ աղէկ ու իրենց Իսլամ դրացիներուն հետ բաղդատմամբ նախանձելի մակարդակի մը վրայ կը գտնուէր, հիմա ինկած է։ Ատոր վերականգնումին արգելք հանդիսացող գլխաւոր բանը՝ անապահովութիւնն է։ Դէպքէն ի վեր երբէք կատարեալ ապահովութիւն մը չէ տիրած. բայց մանաւանդ վերջին 6-7 ամիսներուն մէջ գերազանցապէս շեշտուած է նորէն կեանքի եւ ինչքի անապահովութիւնը։ Կրնամ անժխտելի դէպքեր ու անուններ մէջ բերել այդ մասին, եթէ պէտքը զգացուի։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Այսօր Գըրըգ-Խանի մէջ կը գտնուին միայն 12 կարօտ այրիներ, որոնցմէ աշխատելու կարող, ու երեք հատը անկարող, ծերութեան կամ հիւանդութեան պատճառաւ։

ԱՊՐՈՒՍՏԻ ՄԻՋՈՑ. Սոյն այրիներուն ապրուստի միջոց տալու, այսինքն աշխատութիւն մը եւ անոր փոխարէն վարձ տալու համար որ եւ է ձեռարուեստի հաստատութեան յարմարութիւն չունի Գըրըգ-Խան։ Որովհետեւ, նախ՝ ասոնք միայն դաշտային աշխատութիւններու վարժուած են եւ դժուար է իրենց նոր արհեստ մը սորվեցնել. երկրորդ՝ իրենց թիւը չի ներեր որ մասնաւոր վարպետ մը ղրկուի հոն, բան մը սորվեցնելու համար, ու իրենց կղզիացած դիրքին պատճառաւ կարելի չէ որ ուրիշ կեդրոններու մէջ գտնուող վարպետներէն օգտուին։ Ուստի իրենց փափաքն է որ թթաստան մը գնուի, այդ այրիներուն համար, եւ թաղ. խորհուրդի հսկողութեան տակ իրենք ատիկա մշակելով ու իրենց համար ծանօթ եղող շերամաբուծութիւնը ի գործ դնելով ապրուստնին հոգան, պայմանաւ որ աշխատելու անկարողներուն ալ պզտիկ բաժին մը ապահովուի հասոյթէն։ Իրենք կատարելապէս համաձայն են որ այդ թթաստանը գտնուի Ազգ. Պատրիարքարանի եւ կամ Կեդր. Այրիախնամի անուան, եւ ապագային, երբ անոր հասոյթին կարօտ այրիներ գոյութիւն չունենան, Այրիախնամը կամ Պատրիարքարանը իր ուզած կերպով տնօրինէ զայն։

Հալէպի այրիախնամ մասնաժողովը համամիտ է այս առաջարկին։

Գալով յարմար թթաստանի մը, արդէն իսկ հասած թթենիներով օժտուածները շատ սուղ են։ Պայման է նաեւ որ այրիներուն աշխատելիք այդ թթաստանը հեռու չըլլայ գիւղէն։ Այս պայմանը լրացնող ու դեռ նոր տնկուիլ սկսած արտ մը ցոյց տուին ինծի. գիւղին մէկ կողմի տուներուն անմիջապէս կից. 4 արտավար (շուրջ 6000 կանգուն) տարածութիւն ունի, թեթեւօրէն հակած գետնի մը վրայ, ինչ որ ամէնէն նպաստաւորն է թթենիի մշակութեան համար. գետակը կʼանցնի վերի կողմէն, որով ամէն վայրկեան կարելի է զայն ջրել, ուզուածին չափ առատօրէն։ Այս արտին տէրը Հալէպցի թուրք պաշտօնեայ մը, վերջերս մեռած ըլլալով կարելի է իր ժառանգորդներէն մօտաւորապէս 150 ոսկիի գումարով մը գնել զայն։ Մեծապէս հաւանական է որ քանի մը տարի ետքը այս գումարին կրկինին մօտ արժէք մը ստանայ ան։ Կատարած քննութեանս համեմատ գալ տարի 4-5 տուփ եւ երկու տարիէն 10-12 տուփ շերամի հունտ կարելի է բանալ հոն, ինչ որ համապատասխան պիտի ըլլայ տարեկան 4000 ղրշ. ի մօտ հասոյթի մը։

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆԸ. Խնդիր է թէ Կեդր. Պատ. Այրիախնամը պիտի կրնա՞յ 150 ոսկիի մօտ գումար մը տրամադրել Գըրըգ-Խանի 12 այրիներուն։ Գիտնալով կեդր. յանձնաժողովին սկզբունքները, Այրիախնամին միակ աղբիւրը կազմող տարեկան 5000 ոսկիի գումարէն կարելի չեմ նկատեր այդ զոհողութիւնը, քանի որ ատիկա անարդարութիւն մը պիտի ըլլար ուրիշ վայրերու այրիներուն հանդէպ։ Բայց եթէ յանձնաժողովը կը կարծէ որ Քէսապի, Սիւէտիոյ եւ Անտիոքի յատկացուած 3000 ոսկիին մէջ Գըրըգ-Խանցիներն ալ իրենց բաժինը ունին, այն ատեն կարելի կʼըլլայ գնել այդ գետինը, եթէ սակայն Հալէպի մէճլիսի-իտարէէն անցած 3000 ոսկիի գործածութեան կանոնագիրը չընդդիմանար արտի կամ շէնքի գնման։

Բացայայտ է որ, եթէ Կեդր. Այրիախնամը, Գըրըգ-Խանցիներուն համար խիստ նպաստաւոր եւ անոնց կողմէ շատ փափաքուած այս կարգադրութիւնը կարենայ ընել, իրենք երախտագէտ պիտի ըլլան ու կը խոստանան այլեւս որ եւ իցէ կերպով մտահոգութիւն եւ զբաղում չի պատճառել պատ. Այրիախնամին։