Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.
ԱՅՆԹԱՊ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Հալէպի վիլայէթին մէջ Հայ-Բողոքական եւ Հայ-Լուսաւորչական կրթական հաստատութիւններովը ծանօթ այս կեդրոնը, 16000 տուն բնակիչով մեծ Գազա մըն է, Հալէպէն 18 ժամ դէպ ի հիւսիս, լեռնային առողջ օդով, հիանալի այգիներով ու պարտէզներով շրջապատուած։

Հայ բնակչութիւնը կը բաղկանայ՝ 3000 տուն Լուսաւորչական, 1000 տուն Բողոքական եւ 150 տուն Կաթոլիկէ։

Կայ նաեւ 200 տունի չափ Հրեայ. մնացածը Թուրք է։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Արտածուող գլխաւոր բերքերն են, մանուսա (տարեկան 200, 000 ոսկիի չափ), օճառ (տարեկան 600, 000 օխայի մօտ), պիստակ, չամիչ եւ ռուբ։ Գրեթէ բոլոր արհեստները, մանուսայագործութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, պղնձագործութիւն եւն. եւլն, Հայերուն ձեռքն են։

ՋԱՐԴԻՆ ՎՆԱՍԸ. Այնթապ, որ 1895ի դէպքին աւերներէն ալ մասամբ զերծ մնացած է ինքնապաշտպանութեան շնորհիւ, վերջին դէպքէն ալ ուղղակի վնասի չէ ենթարկուած բարեբաղդաբար։ Ուրիշ արկածեալ վայրեր գտնուող 30ի չափ Այնթապցիներ սպաննուած են։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Վերջին դէպքերէն այրիացած 26 կիներ կան Այնթապի մէջ, երկու հատը միայն աշխատելու անկարող։ Տարակոյս չկայ թէ Այնթապի պէս մեծ կեդրոնի մը մէջ, աշխատող այրիները կրնան իրենց ապրուստը ճարել։ Իսկ աշխատելու անկարողներուն թիւը, Հայ բնակչութեան հետ բաղդատելով, բարեբաղդաբար, այնքան աննշան է որ, անշուշտ տեղւոյն այնքան լաւ կազմակերպուած աղքատախնամ մարմինները արդէն կեդրոնին վրայ չեն ձգեր անոնց հոգը։ Այնթապցիներու պէս կրթական հաստատութիւններով ու միութիւններով բեղուն Հայութիւն մը շատ դիւրաւ կ’ըմբռնէ թէ Կեդր. Այրիախնամը պէտք եղածէն աւելի ծանրաբեռնուած է արդէն՝ ուրիշ անհամեմատ կերպով աւելի վնասուած ու աղքատ վայրերով։